ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Խաչակիրները 28 Մայիս 1099ին Ռեմլէ եւ Լիւդ հասան. բոլոր մերձաւոր դրացիները եւ տեղւոյն բնակիչները փախուստ տուին. վասն զի անոնք չէին կրնար պաշտպանուիլ: Լիւդի մէջ (Լիւդդն, Դիոսպոլիս) Յուստինիանոս հոյակապ եկեղեցի մը շինել տուած էր Ս. Գէորգի գերեզմանին վրայ. թշնամին քանդած էր զայն այրելով տանիքին մեծ գերանները. նոյն եկեղեցիին շինութեան աշխատած էինն ընտիր քաահատներ: Անապատացեալ երկու քաղաքները գրաւուեցան. նախ կողոպտեցին զանոնք, յետոյ հոն հաստատեցին Ռուէնի բնիկ Րոպէրդ լատին եպիսկոպոսը: Ռամլէն, կ՚ըսեն Gestes des Ciprois, մեծ եւ հարուստ եպիսկոպոսութիւն մ՚էր. անոր ժողովուրդը Երուսաղէմէն աւելի բարգաւաճ վիճակ մը ստացած էր մշակութեան եւ հիւուածեղէնի պարապելով: Ի փոխարէն ռազմական դիրքը շատ վտանգաւոր էր, եւ Պաղտին Բ. 1102ին անոր փորձը առաւ. եթէ իսլամ էմիրներէն միոյն օգնութիւնը չըլլար` քիչ մնաց հոն պիտի պարտուէր: Քաղաքը այն ատեն յարձակումով գրաւուեցաւ եւ աւարտի տրուեցաւ: Ի լրումն դժբախիտութեանց, Ռեմլէն 1177ին հրդեհի մը պատճառաւ աւերակ դարձաւ : 1187ին Սալահէտտին գրաւեց զայն: 1204ին ան քրիստոնէից ձեռքը անցաւ եւ անոնք հոն իշխեցին կէս դարու չափ: 1214ին Ռաուլ եպս. ը գերի ինկաւ. 1266ին Պիպարսը գրաւեց թէ Ռեմլէան եւ թէ Լիւդը:
       Լիւդի մայր եկեղեցին աւերեցաւ, իսկ Ռեմլէինը` մզկիթի վերածեցին: Հիւսիսային դրան վրայ զետեցուած արաբերէն արձանագրութիւն մը կ՚ըսէ թէ ան շինուած է Փրկչական 1298ին: Այս բացատրութիւնը չափազանցուած է: կատարուած է վերաշիութիւն չէր, այլ նորոգութիւն եւ իսլամական պաշտամունքի յարմարուն: Շէնքին այս ժամանումէն ծանր փոփոխութիւններ յառաջ եկան, բայց ոչ արմատական:
       1613ին Levaillant, Փիլիպպոս Գեղեցիկէն (1285-1314) շինուած փոքր հիւրանոցը յիշելէ յետոյ, Le Pelerin Veritableի մէջ կը նկարագրէ «երկու գեղեցիկ եկեղեցիներ խիստ ամբողջական, բայց մզկիթի վերածուած են, մին դուրսը, միւսը քաղաքին մէջ. մին նուիրուած էր Ս. Յովհաննէս Մկրտչի, միւսը` Քառասուն Վկաներու, որոնց մասունքը Հայաստանի Սեբաստիայէն փոխադրուելով` ծանօթ է թէ ստուգիւ զետեղուած են այս եկեղեցիին սեղանին ներքեւ»:
       Քառասուն Վկանրու մզկիթը աւերակ է: Գալով Ս. Յովհաննու հին մայծր եկեղեցին` իր մուտքը երկար ատեն ագիլուած էր քրիստոնէից եւ տակաւին դժուար է ներս մտնելը: Ասպետ Arvieux մեզ կը պատմէ թէ 1695ին դրան մեսէն կրցաւկ ներսը նայուծք մը նետել եւ հոն տեսակ «Չորս կարգ սիւներ, իւրաքանչիւրը տասներոկւ սիւն, որ կը բռնեն կամարները»: Ան կ՚աւելցնէ «այսքան կարողացայ տեսնել, ա'յն ալ շատ նեղութեամբ»:
       Ուրիշ ուղեւորներ մզկիթը միայն տեսան: Մարքիզ De Vogue պարտաւորուեցաւ հեու կենալ: Max Van Berghem դրսի կողմէն կրցաւ տեսնել եւ լուսանկարել: Clermont Ganneau երկրորդական ծանօթութիւններ միայն կրցաւ առնել: Սակայն 1885ին Conder կարողացաւ Survey of Western Palestine աշխատասիրութեան մէջ Ռէմլէի մայր եկեղեցիին մասին հրատարակել երկու նկարագրութիւններ, յատակագիծ մը եւ ստուերագիրներ աւելի միջակ մանրամասնութիւններով: 1922ին Camille Enlart կը յաջողի յատակագիծը հանլ եւ լուսանկարել (Տե'ս Les Monuments des Croisws dans le Royaume de Jerusalem, ՊՀԱտ. Բ. 329-331):
       Քառասուն Վկաներու աշտարակ ըսուածը եւ Տաճարականաց հին վանքը Ռեմլէի արեւմուտքը կը գտնուի: ն Աշտարակը լաւ պահպանուած է եւ ճարտարապետական գեղեցիկ ոճ մի ունի հարիւր քսան աստիճաններով: Անոր պատին վրայ զետեղուած արձանագրութիւն մը կ՚ըսէ թէ` ան շինուած է 1318ին Ապուլ Ֆէտա-Մուհամմէտ սուլթանէն. այս արձանագորւթիւնը վերջէն գրուած է, քանի մի նորոգութիւններու առթիւ: Աշտարակին մէկ կողմը Տաճարականաց վանքին խիստ տարածուն աւերակները կան. հոն կ՚երեւան եկեղեցիի մտ հիմերը, եւ երեսուն աստիճփաններէ իջնելով` երկու նաւով ստորերկրեայ եկեղեցի մը կը գտնենք: Տաճարականները վանքին յարակից շէնքերը ընդարձակած եւ յատկացուցած են ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներուն (Տե'ս Mislin, Les Saints Lieux, Հատ. Բ. էջ 163): Բայց, ըստ արաբերէն արձանագրութեան, աշտարակին կամ մինարէին նորոգիչն է Քալաուն էս - Սալիհ սուլթանը, ոչ թէ Ապուլ Ֆէտա-Մուհամմէտ սուլթանը, ինչպէս կը գրէ Mislin: Իսկ մզկիթին նորոգիչն է Սուլթան Պիպարս պինը Ապտիւլլահ Գասիմ, համաձայն նոյն մզկիթին արաբերէն արձանագրութեան: Աշտարակը շինուած է, թերեւս վանքն ալ, Խաչակրաց ժամանակ, եւ այս պարագան յայտնի կերպով կկը հաստատուի վերջին ժողովրդապետին կողմէն գտնուած եւ նոյն աշտարակին պատին շաղախին մէջ ագուցուած Խաչակրաց ժամանակի մէկ դրամովը: Աշտարակին վրայ զետեղուած արաբերէն արձանագրութենէն կը հասկցուի թէ ան շինուած է 1318ին Քալաուն էս - Սալիհի կողմէն (Տե'ս Huide-Indicateur, Ա. Մաս. էջ 144): Աշտարակին կամ մինարէին ու մզկիթին պատին մէջ զետեղուած երկու արաբերէն արձանագրութիւններուն ընդօրինակութիւնը տեսնել Ա. եպս. Տ. Յովհաննէսեանի (Պատմ. Երուսաղէմի, Ա. Հատ. էջ 199):