ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Եւթիմիմոսի համբաւը հետզհետէ տարածուեցաւ Երուսաղէմի Անապատին մէջ եւ շրջակաները, ինչպէս գրեցինք. անոր անունը հմայք մը եղաւ եւ բազմաթիւ աշակերտներ սկսան դիմել դէպի Սահէլ. մասնաւորապէս բարձր դասակարգէ երիտասարդներ` հոգեւոր կեանքի եւ կրօնական ուսման փափաքողներ կը դիմէին անոր. Կապադովկիայէն եւ Արաբիոյ խորերէն եկող աշակերտները Մեծ Անապատականին լուրջ կրթութեան շնորհիւ տիրացան բարձր դիրքերու, ոմանք բազմեցան Երուսաղէմի ու Անտիոքի պատրիարքական աթոռները, այլք Պաղեստինի եպիսկոպոսութիւններուն զարդերը եղան. Ս. Երկրի քրիստոնէութիւնը ա'լ աւելի ծաղկեցաւ շնորհիւ Եւթիմիոսի աշակերտաց եռանդագին ջանքերուն:
       Նոյն աշակերտներուն մէջ մեծ տեղ մը կը գրաւէին Հայերը: Եւթիմիոսի անունը սիրելի էր Մելիտինեցի հայերուն. անոր հոգեւոր գործունէութեան արդիւնքները առաջին անգամ տեսնուեցան հայկազն Ս. Պողիկտոսի դամբարանին շուրջը. ան հո'ն ստացած էր Աստուծոյ հոգիին ներշնչումը. հայ նահատակին գերեզմանէն արձագանգող ձայնը ծնունդ տուած էր այդ Մեծ Անապատականին, որուն անունը երկար ժամանակ պաշտումի տեղ մը ունէր բոլոր Մելիտինեցիներուն սրտին մէջ: Անոր ուսուցիչներէն մին Սիդոնիոս հայ մ՚էր, ուսեալ եւ բարձր իմացականութեան տէր, որ կարողացաւ երկար տարիներ վարել Մելիտինէի ընծայարանը եւ եպիսկոպոսութիւնը: Ուսուցչին եւ աշակերտին մէջ կանուխէն գոյացած սէրը ներշնչած էր ուսուցչին գալ անապատին խորը ու տեսնել փառքը իր աշակերտին, որ այլ եւս կը նկատուէր երբներանգ եւ հոտաւէտ ծաղիկ մը` Անապատի հոգեւոր բուրաստանին մէջ: 430ին Սիդոնիոս Մելիտինէէն այցելութեան կու գար Սահէլ, Եւթիմիոսի մօտ. ան կը տեսնէր Անապատականին մեծ յաջողութիւնները, թէեւ վերջինս կը ջանար ծածկել զայնս իր համեստութեան պատմուճանին տակ: Քիչ ժամանակ յետոյ, Մելիտինէէն ժամանեցին Սիդոնիոսի եղբօրորդիները, երեք համարիւն եղբայրներ, Ստեփանոս, Անրդէաս եւ Գայիանոս, որոնք անտարակոյս իրենց հօրեղբօր աշակերտած էին Մելիտինէի ընծայարանին մէջ եւ ուսած էին այն ուսումները, զոր արդէն Եւթիմիոս ստացած էր նոյն դպրոցին մէջ: Հայրենակցութեան կը միանար համանման ուսման մը եղբայրակցութիւնը. այդ պատճարաւ Մեծ Անապատականին սէրն ու գորովը աւելի օգտակար պիտի ըլլային հայազգի նորեկ Մելիտինեցիներուն նկատմամբ: Այս երեք եղբայներուն անդրանիկը Յամնիայի (ծովեզրեայ քաղաք Յոպպէի եւ Գազայի մէջ տեղ) եպիսկոպոս կը ձեռանդրուի, երկու տարի սարկաւագ մնալէ յետոյ. կրտսերը` Գայիանոս կը գրաւէ Արաբիոյ մէջ, Մատապայի եպիսկոպոսական աթոռը. իսկ երկրորդ եղբայրը` Անդրէաս` վանահայր կը նշանակուի Երուսաղէմի Ս. Մինաս վկային մատրան. ինչպէս կը հաւաստէ Սկիւթուպոլսեցին. մանաւանդ հայազգի Անդրէաս կրօնաւորին Ս. Մինասի մատրան վանահայրութիւնը Ե. դարու կիսուն, կ՚ապացուցանէ Հայոց Ս. Մինաս մատրան գոյութիւնը Ս. Յակոբի եկեղեցւոյն մէջ, ուր կը մնայ ան մինչեւ ցայսօր, իր ճարտարապետական հնամենի կառուցուածքովն. ուրեմն արժանի է դիտել թէ որ թուականէն կ՚սկսի Ս. Յակոբի ուխտին յարակից Ս. Գլխադրին եւ Ս. Մինասի դամբարանաց յիշատակը: Եւթիմիոսի վանքին մէջ հայ ուսուցչի մը եւ երեք հայազգի եղբայրներուն ներկայութիւնը չէ միայն որ մեզ խանդավառութիւն կը պատճառէ. հոն տեղի ունեցած է նաեւ ոչ նուազ պատմական իրողութիւն մը, որ կրնայ նկատուիլ ազգային փառք մը կամ պարծանք մը: Հինգերորդ դարու կիսուն Մելիտինեցի չորս հարիւր ուխտաւոր Հայեր կ՚այցելեն Երուսաղէմի Ս. տեղերը, կը յիշեն Մելիտինեցի իրեն հայրենակիցը ու կ՚իջնեն Յորդանան. այս ճամբորդնրեը Երիքովի ճամբուն վրայ Խան էլ - Ահմարէն կը տեսնուին 8-10 քիլոմէթր հեռաւորութեամբ. անոնք ուղիղ կ՚երթային Սահէլ` տեսնելու իրենց հայրենակիցը. Եւթիմիոս հեռուէն կը տեսնէր հայ ուխտաւորները ու կ՚ըսեէր վանուց մատակարարին որպէս զի եկողներուն համար ուտելի պատրաստէ, մատակարարը կը պատասխանէ. հա'յր, հազիւ տասն անձերու ուտելիք ունի, ի՞նչպէս կրնամ այսքան բազութեան հաց պատրաստել. Եւթիմիոս մարգարէական ոգւով մը լեցուած կ՚ըսէ անոր. գան', ինչպէս քեզ հրամայեցի, վասն զի Ս. Հոգին ըսած է, կերին ամենեքեան եւ յագեցան. մատակարարը գնաց այն փոքր մառանը, ուր քանի մը հացեր կային, եւ ան չկրցաւ դուռը բանալ. աստուածային օրհնութիւնը հացով լեցուած էր մառանը, քանի մը վանականներու օգնութեամբ մատակարարը դուռը բացաւ եւ հեցարը դուրս թափեցան մառանէն: Միեւնոյն օրհնութիւնը տարածուած էր գինիին եւ իւղին վրայ: Ուխտաւոր հայերը կերան եւ կշտացան, եւ երեք ամիս անկարելի եղաւ մառանին դուրը գոցել: Մատակարարը Եւթիմիմոսի ոտքը ինկաւ եւ ներողութիւն խնդրեց. Սուրբը ըսաւ անոր. «Զաւակս, այն որ օրհնութեանց մէջ կը ցանէ, նմանապէս օրհնութեանց մէջ կը հնձէ»: Մելիտինեցի հայոց այս ուխտաւորութիւնը անտարակոյս այս առաջին անգամը չէր, եւ ոչ ալ վերջինը: Ս. Քաղաքին մէջ հիմնուած Ս. Պողիկտոսի գեղաշուք դամբարանը ու դարձֆեալ Մելիտինեցի Մեծ Անապատականին վանքը հայ քրիստոնէութեան նախնական դարերուն հայ ւոխտաւորութեան հմաար մխիթարութեան եւ հոգեւոր զուարթութեան կեդրոններ էին. մանաւանդ որ առաջինը հայկական հաստատութիւն մըն էր, եւ երկրորդը քրիստոնէական սրբավայր սմը եւ պարունակէր իր մէջ սուրբ հաւատքին ու կրօնաւորութեան ծառայող բարձր իմացականութեամբ օժտուած հայ եկեղեցականներ:
       Այս տողերուն խմբագրութեան առթիւ օգտուած ենք Fr. Raymond Genierի Vie de Saint Euthyme le Grand377-473 գիրքէն: