ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ս: Ղունկիանոսի սեղանէն երկու մէթր հեռաւորութեամբ կը գտնուի Հանդերձից բաժանման սեղանը` որ հայոց սեպհական է. նոյն ուղղութեամբ քիչ մը յառաջ երթալով դէպ ի արեւմուտք անփեղկ դուռ մը կը տեսնուի, ուրկէ 29 աստիճանաւ կ՚իջնուի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին: Հաննէ (էջ 191-93) հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ նոյն եկեղեցին «գունելով չորս մարմարեայ սիւնբ ազնիւս, որոց վերայ կառուցեալ կաթողիկէ մի փառաւոր. վեց պայծառ լուսամտօք, եւ յարեւելս աւագ խորանն հրաշալի սեղանիւ եւ դասիւ. եւ յաջակողմն եւս գոյ սեղան մի ազնիւ: Այդ այս սուրբ եկեղեցիս է շինեալ ՚ի Հեղինէէ յանուն կենսունակ սրբոյ Խաչին: Զմեծ աւագ սեղանն եւ զաջակողմեան միւս սեղանն` նուիրեաց յանուն բարի աւազակին Դեմասայ: Իսկ յորժամ Լուսաուրիչն մեր եկեալ աստ ճգնեցաւ Է ամ. որ ունէր ընդ ինքն զմասն ինչ ՚ի նշխարաց սրբոյ Կարապետին Քրիստոսի որ առ ինքն կրէր. վերակոչեցաւ սբ. եկեղեցիս յանուն սրբոյն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին եւ միւս խորանն յանուն սրբոյն Յովհաննէս Կարապետին մինչեւ ցայսօր ժամանակի: Իսկ միւս ազգքն անգիտացեալ կոչեն զեկեղեցիս յանուն Հեղինէ թագուհւոյն, որ եւ է յոյժ անպատշաճ, զի Հեղինէն ինքն է շինող եկեղեցւոյս, եւ զիա՞րդ կոչեսցէ յանուն իւր ի կենդանութեան զեկեղեցիս. որ յամենայնի խոնարհակերպ եւ աստուածասէր էր. զի քաղաք եւ կան գիւղ իցէր` աւատալի էր կոչիլ յանուն շինողին. իսկ զեկեղեցին որ տուն է Աստուծոյ զիարդ ժպրհի ոք յիւր անունն մակագրել: Ուրեմն չէ յանուն հեղինէին. այլ յանուն սրբոյ խաչին սկիզբն անուանակոչեալ, եւ ապա ի մէնջ յանուն լուսատուին մերոյ նուիրեցաւ սուրբ եկեղեցիս եւ է ի ձեռս մեր: Որ եւ ի ՌՃԿԸ (= 1719) թուին` մերձ աստիճանին զերկու կամարն որ լցեալք էին հողով եւ բլրացեալ էր աղբիւսն յառաստաղէ կամարացն մինչեւ ցյատակն` Աստուծով յստակեալ տ դուրս հանախ զհողն զամենայն: Եւ յամի շինութեան սրբոյ Յարութեան` զտեղին զայն նորոգեալ կատաղունիս (երկու բայտաշէն սենեակներ?) շինեցին յերկուց կողմանց, եւ կաթուղիկէի զվեց լուսամուտն որ բնաւին փակեալ էին քարիւ եւ ծեփով` նոր բացաք, եւ երկաթիւ ամրացուցաք ի փառս սրբոյ խաչին Քրիստոսի: Եկեղեցւոյ երկայնութիւնն ԽԵ ոտք է, եւ լայնութիւն ԽԱ ոտք է:
       Գոյ մերձ խորանին պատուհան մի որ հայի ի յայր Խաչգիւտին, ուր ասի թէ` աստ նստէր դժխոյն Հեղինէ եւ տայր պեղել զհողն որ էր ի վերայ խաչափայտին Քրիստոսի: Յահեկէ եկեղեցւոյ սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ` գոյ աստիճան մի ԺԱ ոտք եւ է քարափոր կռածեալ. եւ իջեալ այնու առ տեղի իւր կայր կենսատու խաչն Քրիստոսի, ըստ երկուց խաչերացն աւազակաց: Ուստի ի վերին խնամոցն` դշխոյն Հեղինէ գտաւ զխաչն ածընկալ. ձեռամբ Յուդայի Կիւրղի»:
       Հաննէ այս տողերը կը ցոլացնեն գլխաւոր երկու տեսակ աւանդութիւններ, Գիւտխաչի եւ Ս. Լուսաուրչի. աւանդութեան համաձայն Հեղինէի գտած խաչին տեղը Ս. Լուսաուրչի եկեղեցիին ներքեւ է, ուր կ՚երթուի սանդուխով մը եւ կ՚երեւի որ եկեղեցին ի սկզբան, ինչպէս կը գրէ Հաննէ, Ս. Խաչի անուն նուիրուած էր եւ յետոյ որ Ս: Լուսաւորչին նոյն տեղւոյն մէջ եօթը տարի ճգնողութեան հմաար Հայք վերակոչած են զայն Ս. Լուսաւորիչ: Այս եկեղեցին կը վերաբերի Հայոց. ան կը յիշատակուի Սալահէտտինի Հայոց պատրիարքին տուած հրովարտակին մէջ: Օտարները սակայն` մանաւանդ եւրոպացիները Ս. Հեղինէին անունով կը ճանչնան զայն, անտարակոյս վերեւ պարզուած պատճառով. վերջապէս աւանդութիւնը Ս. Լուսաւորչի եկեղեցին ու Գիւտխաչի այրը իրարու կապած է փրկչական խաչի յիշատակներով:
       Եկեղեցին այժմ թէեւ հինցած ու նշուք, բայց յայտնի է թէ ունեցած է եւ ունի ճարտարապետական գեղեցկութիւն. անոր չորս սիւներու խոյակները կը կրեն բիւզանդական քանդակագործութեան հետքեր. շէնքին հայկականութիւնը կը շեշտուի եկեղեցիին ճիշտ մէջ տեղը չորս սիւներու վրայ սիրուն կաթուղիկէի մը կառուցումով. եկեղեցիին արեմտեան կողմի յատակը աւելի բարձր է եւ յանկարծ կը ցանկայ եւ կը հաւասարի ատեանին. երկու կողմի մեծ պատերը շեղակի կը միանան արեւմուտի գտնուած միջին դարու երոկւ փոքր կոզակներու հիման: Կ՚երեւի որ Խաչակիրները անփոփոխ պահած են այս եւեղեցիին հին կառուցուածքը, միայն մեծ յարգանքով մը նորոգութիւններ կատարած են անոր մէջ: Շատ զարմանալի երեւոյթներ կը ներկայացնէ այս եկեղեցին, գեղաքանդակ խոյակներով սիւները` կը տեսնուի որ` հաստատուած են պարզ քարերով հիւսուած պատուանդանի վրայ: ճարտարապետութեան եւ գեղարուետի տեսակէտով շէնքը իր ամէն կողմերովը համեմատական չէ:
       Ուղեգիրները կը ծանօթագրեն թէ (Տե'ս Hanauerի "Walks in and Around Jerusalem", էջ 101-3), ըստ ժողովրդային զրոյցներու, այս եկեղեցիին հիւսիսային պատին վրայ, աջակողման սեղանին մօտ, նախապէս կար բացուածք մը ուրկէ յստակ կերպով իբր թէ դժոխքէն կը լսուէին պատիժի ենթարկուած տառապող հոգիներու հառաչանաց եւ աղաղակներու ձայները, բայց յետոյ այդ բացուածքը գոցուած է: Այս զրոյցին մէկ տարբերակն կը թուի Գեթսեմանիի Առաքելոց այրէն մինչեւ լեռը երկարող ստորերկրեայ ուղիէն լսուած դժոխոց ձայնը զոր տեղացիք պատմած են Արգուլֆ եպիսկոպոսին եւ զոր համիամասի տողերով կը յիշատակէ Գրիգոր վրդ. Տաթեւացին իր «Հարցմանց» գիրքին մէջ Օէջ 504):