ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մեր պատմագրական աշխատանքներուն առիթով ծանըթացած էին որ, ի հնումն, Մար-Սաբայի վանքին մէջ գոյութիւն ունեցած է Հայ Միաբանութիւն մը: Այս մասին մեր պատմական տեղեկութիւններն ու յիշատակարանները հաղորդելէ յառաջ, փափաքեցանք գաղափր մը կազմեր այդ վանքին մասին, տեղագրական եւ պտմական տեսակէտով. ուստի, այս նպահակաւ սեպտ. 23ին, Բեթղեհէմի մեր տեսուչ Տ. Աշոտ վրդ. ի (այժմ հանգուցեալ) եւ տեղւոյն ուսուցիչ Պ. Յակոբի հետ, դէպ ի Մար - Սաբա ճամբորդութիւն մը ուզեցինք կատարել: Բեթղեհէմէն երկուքուկէս ժամ պէտք էր ձիով ճամբորդել դժուարին ճանապարհէ մը, որուն անընդհատ ելենէջները մինդեւ Մար - Սաբա, ճամբորդի մը համար բաւական յոգնեցուցիչ էին: Մար - Սաբ, Բեթղեհէմէն դէպ ի արեւելք, 2. 30 ժամ հեռաւորութիւն ունի, Մեռեալ Ծովէն ալ, դէպ ի արեւմուտք 1. 30 ժամ: Որոշեալ ժամուն հասանք Մար - Սաբա, որուն համառօտ իեղագրականը ընելէ յառաջ, պէտք է որ անոր հիմնադրին նկատմամբ քանի մը պատմական տեղեկութիւններ տանք: Մար - Սաբ Կապադովկիացի էր, ծնած է 439ին, եւ Երուսաղէմ եկած է 456ին, երիտասարդութեան սկիզբը. քիչ ժամանակ ետքը կը կերկայանայ համաբաւոր անապատական Եւթիմիոսի եւ անոր յանձնարարութեամբ կը մտնէ Թէոկտիտոսի մերձակայ վանքը եւ կը հաստատուի հոն: Մար - Սաբայի կենսագրութիւնը 556ին գրած է իր աշակերտը, Սկիւթուպոլսեցի Կիւրեղ կրօնաւոր: ՍԿիւթուպոլսեցին ստուգապատում պատմիչն է Երուսաղէմի Մեծ - Անապատին այն հոյակապ վանականաց, որ Դ. եւ Ե. դարերուն կարեւոր դեր մը կատարեցին Երուսաղէմի եւ շրջակայից կրօնական եւ եկեղեցական կեանքին մեջ. ան ո'չ միայն Եւթիմիոսի եւ Մար - Սաբայի նման մեծ դէմքերու կեանքը ուրուագծած է, այլ նաեւ պատկերացուցած է իր ապրած դարուն դաւանաբանական վէճերը եւ վանական յարաբերութիւնները, շահեկան տեսութիւններով. այդ պատճառաւ ձեռնհասներ Սկիւթուպոլսեցին նմանցուցած են Պլուտարքոսին: Այս սիւնակները չեն ներեր Կիւրեղի գրած կենսգրութեան բոլոր մասեը ծանօթացնելու, որուն յունարէն բնագրէն զատ կը գտնուի նաեւ լատիներէն թարգմանութիւնը, հին տպագրութեամբ: Սկիւթուպոլսեցիին համարձայն, Մար - Սաբա վերջապէս իր դատիարակութիւնը կ՚ընդունի Եւթիմիոսի վանքին մէջ, եւ մեծ համբաւ կ՚ըստանայ իր սրբակեաց վարքին, բնական ուշիմութեան եւ անխոնջ գորթուէութեան պատճառաւ. տարիքին կատարելութեամբն `ան կ՚ըլլայ մեծ կազմակերպիչ մը Երուսաղէմի Անապատին եւ ղեկաւար մը հազարաւոր անապատականաց: Ս. Քաղաքի պատրիարքները մասնաւոր համակրանք մը կը տածեն անոր հանդէպ եւ կը յանձնեն անոր զանազան առաքելութիւններ: Բայց իր մանսաւոր վանքէն, զոր շինած է 483ին, քառասուն եւ հինգ տարեկանին, կը հիմնէ նաեւ ուրիշ եկեղեցիներ, այլ եւ այլ առիթներով, ինչպէս կը վկայեն մեր Յայմաւուրքը եւ պատմիչները: Իր ստացած կայսերական առատաձեռնութիւններն ու մասնաւոր նպաստնարը կը յատկացնէր միմիայն աղքատաց եւ եկեղեցիներու շինւոթեան. անոր հրաշակերտ մեծ վանքը, որ մինչեւ այժմ գոյութիւն ունի, կը մնայ իբր հոյակապ կոթող մը` հիմնադրին եկեղեցանուէր կեանքին եւ անխոնջ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ անոր արտակարգ ազդեցութեան, որ կը տարածուէր մինչեւ բիւզանդական արքունիքը:
       Բախտն ունեցանք նոյն անապատասուն ծերունիին հինաւուրց վանքին այցելութիւն մը տալու. հիացումով դիտեցին եւ քննեցինք նոյն փառաւոր հաստատութեան ամէն կողմերը. վանքը` հոյակապօրէն` եւ լայնանիստ բերդի մը նման նստած է մեծազանգուած ժայռի մը գագաթը, լայնշի մասերով իբր աշտարակ կը բարձրանայ Կեդրոնի Ձորին վրայ: Վանքին երկաթեայ դուռը չմտած հանդիպակաց շէնքը, ուր կը հիւրընկալուին կին ուխտաւորները, վասն զի Մար - Սաբայի վանքը հինէն ի վեր արգիլուած է ընդունիլ կին ուխտաւորները: Երկաթեայ դրան քովն ի վեր շինուած է Եւդոկսիա Աշտարակը, ի յիշատակ Եւդոկսիա թագուհիին` Եւթիմիոսի տուած այցելութեան. ունի եկեղեցի մը յանուն Ս. Սիմէոն Սիւնակեացին եւ կը ծառայէ իբր դիտանոց մը վանքի դռնապանին համար: ԵՐկաթեայ դռնէն` կրկնակի աստիճաններով կը հասնին գաւիթ մը, ուր կայ ութանկիւնի գմբէթաւոր փոքրիկ շէնք մը: Այս շէնքին ներքին մասը գեղեցիկ զարդարանքներ ունի եւ նորակերտ պատկերներ. հո'ս է Մար - Սաբայի գերեզմանը եւ տապանը, որուն վրայ քանդակուած է յիշատակարան մը. այժմ սրբոյն մարմինը հոն չի գտնուիր, վասն զի փոխադրուած է Վենետիկ, ինչպէս կը վկայէ Պարոնիոս իր Յայմաւուրքին մէջ: Մար - Սաբայի գերեզմանին հիւսիսային արեւելեան կողմն է Ս. ՆԻկողայոսի մատուռը, ժառի մը մէջ փորուած եւ յատակը մոզայիք. երկաթաթել վանդակի մը ետեւը, ինչպէս նաեւ մասնաւոր երկու բայտէ սնտուկներու մէջ, հոս ցուցադրուած էին կուտակւոած գանկերն ա'յն վանական քառասուն վկաներուն, որ նահատակուած են Է. դարուն, Պարսից արշաւանքին ժամանակ: Նոյն մատրան աջ կողմը կայ չափահասներու յատուկ մարմարեայ մեծ աւազան մը: Մեզ առաջնորդող փոխ տեսչին բացատրութեան համաձայն, Մար - Սաբան այս մատուռը յատկացուցած էր Հայ միաբաններուն` ժամերգութեան եւ պատարագի համար: Գաւիթին արեւելեան կողմը կը բարձրանայ վանքին խաչաձեւ եկեղեցին, որուն գմբէթը հաստատուած է մեծազանգուած կամարներու վրայ. գմբէթը սիւներ չունի. միայն հարաւային եւ հիւսիսային պատերուն մէջ շինուած են կամարներուն իբր յենարան` հնգական սիւներ, որ եկեղեցւոյ արտաքին կողմէն ալ կ՚երեւան լայնանիստ շինուածքներով: Այս գեղատեսի եկեղեցին, որուն երկարութիւնն է 24 մէթր եւ լայնութիւնը 9 մէթր, ծածկուած է որմանկարներով, որոնցմէ ոմանք շատ հին, ոմանք աք շինուած 1865ին: Դասը կոնքէն (nef) բաժնող մասը ունի ոսկեզօծ փայտէ ճարտար քանդակագործութիւններ. եկեղեցւոյն ճարտարապետական կառուցուածքը արժանի է գնահատութեան: ԱՅս եկեղեցիին հիւսիսային դռնէն դուրս ելնելով աստիճանէ մը վեր ելանք դէպ ի տանիք, որ 150 մէթրէ աւելի բարձրութիւն ունեցաող կիրճի մը չորցած հեղեղատին վրայ կը ծռի: Ձորին միւս կողմը քարաժայռին մէջ կը տսենուին Ե. եւ Զ. դարուց ճգնաւորներու բնակած բազմաթիւ այրերուն բացուածքները: Այցելեցինք նաեւ Յովհաննէս Դամասկացի նշանաւոր վարդապետին գմբէթազարդ եւ յատակը մոզայիք մատուռը, նախապէս քարայր մը, ուր ան ապրած էր Ը. դարուն, եւ հոն ցոյց տուին մեզ անոր գերեզմանը: Ոմանց ըսածին նայելով` Դամասկացիին մարմինը փոխադրուած է Մոսկուա: Յետոյ երկու հարիւր աստիճաններէ վար իջանք, դէպ ի հեղեղատը, ուր Մար - Սաբա սառնորակ ջուր մը բղխեցուցած է. ջուրի ահագին ապառաժէ մը կաթկթելով այլ եւ այլ տեղերէն` կը լեցնէ երկու փոքր աւազաններն եւ աւելորդը դուրս կը հոսի ճամբորդներուն համար: Ձախէն կը տեսնուի ա'յն հնամենի արմաւենին զոր Մար - Սաբան իր ձեռքովը տնկած է ժայռի մը պատռուածքին մէջ, անկորիզ են անոր արմաւները. աւանդաբար կը պատմուի թէ երբ ծառը կը չորնար ուրիշ մը կը ծլէր անոր արմատէն: Փափաքեցանք այցելել Մար - Սաբայի բուն իսկ ճգնարանը. կեդրոնական գաւիթէն աստիճանով մը իջանք փոքրիկ պարտէզ մը, ուրկէ բարձրանալով տանիք` հասանք Մար - Սաբայի մատուռը, ամբողջութեամբ փորուաթ ժայռի մը մէջ: Դուռ մը որ կը բացւոի մատրան անջրպետին մէջ, հաղորդակցութիւն ունի այն քարայրին հետ, ուր Մար - Սաբան կէս դարու միջոց անցուցած է իր ժամանակը աղօթքով եւ մեծ խստակրօնութեամբ: Այս քարայրին հետ կապակցութիւն ունի սիրուն աւանդավէպը ա'յն առիւծին, որ երկար տարիներ բնակակից եղած է Մար - Սաբայի, որուն մէկ մեծադիր նկարը` առիւծին հետ միասին, ճգնարանին դրան վրայ զետեղուած է: Ճգնարանին իբր առաստաղ կը ծառայն իրարու վրայ դրուած վիթխարի քարեր, յատակն ալ ամբողջութեամբ մոզայիք: Աւարտելով մեր այցելութիւնը, շնորհակալութիւն յատնեցինք մեզ առաջնորդող տեսչին եւ ասպնջական վանականներուն, եւ երեք ժամ միայն մնելով, Տէյր Տօղի վանքն ալ հանդիպելէ յետոյ, վերադարձանք Բեթղեհէմ: Մեր առած տեղեկութեան նայելով Մար - Սաբայի միաբանութիւնը պատերազմէն առաջ կը բազղկանար 70 վանականներէ, ներկայիս անոնցթիւն է 30: Իրենց տարեկան ծախքն է 500 ոսկի, որ կը հայթայթուի վանքին ձիթաստաններէն եւ այգիներէն: Իրենք սակաւապէտ են եւ աշխատաւո. բնաւ միս չեն ուտեր, կը գոհանան ձկնեղէնով եւ բանջարեղէնով. հայցը իրենք կը պատրաստեն զուտ ցորենէ: Վանքին 700 հատորի չափ ձեռագրերը փոխադրուած են Յունաց Երուսաղէմ պատրիարքարանի մատենադարանը: