ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1. Թէոդոսի վանքին տեղագրութիւնը.
       Ինչպէս ակնարկած ենք, մեր նախընթաց տողերուն մէջ, Մար-Սաբայի մեր ուղեւորութեան առթիւ, հանդիպեցանք նաեւ Աբբա Թէոդոսի վանքը, Մար-Սաբայէն դէպ արեւմուտք վեց քիլօմէթր, իսկ Բեթղեհէմէն նոյն չափ հեռի կը գտնուի դէպ ի արեւելք: Մար-Սաբայի զառիվերէն 10-20 վայրկեան յետոյ, ուղեւորը կարող կ՚ըլլայ տեսնել Թէոդոսի վանքը, շինուած արդարեւ սարահարթի մը վրայ, հիանալի դիրքով մը եւ ակնապարար տեսարաններով: ՎԱնքին սարահարթերէն` աչաց առջեւ, գեղեցկօրէն կը պարզուի Մեռեալ Ծովը: Եթէ Մար - Սբան հաստահիմն շէնքերու խոր վիրապը մը դիրքն ունի, ընհակառակն Թէոդոսի վանքը գեղազարդ թաղկաբլուրի մը հմայքը կ՚ընծայեէ: Վանքին շուրջը գտնուած ընդարձակ բացաստանը եւ այլ տեղագրական գեղեցկութիւններ ճշդօրէն կ՚արդարացնեն բոցակիզեալ խորհրդաւոր խնկամանի մը սիրուն զրոյցը, որուն համաձայն, Աբբա Թէոդոս ընտրած է իր շինելիք վանքին տեղը, իրաւի խունկով ու մոմով փնտռուած վայր մը: Դժուարին վերելքներեէն պարտասած ուղեւորին համար, ան յարմարագոյն վանքն է, ուր կրնայ գտնել հանգիստ եւ կազդոյր: Վանքին այժմու շէնքերը արժէք մը չեն ներկայացներ, թէեւ յայտնի է որ բազմաթիւ ուխտաւորներ եւ վանականներ պարունակող շէնքերու հիմեր դեռ կ՚երեւան: ՎԱնքին արտաքին դռնեէն դուրս, դէպ ի Բեթղեհէմ տանող ճանապարհի մուտքըունի գեղեցիկ ծառուղի մը, եւ սակաւաթիւ պարտեզնէր զարդարանքն են այս վանքին. պատերազմէն յառաջ նորոգութիւն մը սկսաուած է, բայց կէս մնացած, եւ այժմ ալ աւելի մեծ նորոգութեան մը պէտքը զգալի է, մանաւանդ սա պատճառաւ որ պատերազմի ընթացքին այս վանքը պատնէշ եղած է Պաղեստինը գրաւող անգղիական յաղթապանծ բանակին` որուն մէկ ջոկատը հո'ս ապաստանած` կռիւ մղած է ընդդէմ թրքական զինուորներուն, որ իրենց ռմբաձգութիւններով աւերներ պատճառած են վանքին: Արդէն ոչինչ մնացած է վանքին վաղնջական շէնքերէն, բացի Մոգերու Քարայրէն եւ Մայր Եկեղեցիէն, որուն գմբէթը դարեր յառաջ քանդուած էր, բայց հնօրեայ պատերը կը մնան, իբր նմոյշ գեղեցիկ ճարտարապետութեան մը: Ինչպէս տսեանք, միայն 3-4 վանականներ կային, եւ կը զբաղէին վանքին անկարեւոր նորոգութիւններով. վերջինոցս ծախքը կը հոգացուէր վանքին պարիէզներուն եւ արտերուն արդիւնքովը, պակասածը կ՚ստանային Երուսաղէմի Յունաց պատրիարքարանէն: Այս վանքին կրճատեալ արաբերէն անունն է Տէյր Տօզի, կը կոչուի նաեւ` Տէյր Իպն Ապէյտ: