ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մենք տեսանք արդէն եկեղեցիները թէ ԺԵ. դարուն կործանուած էին Թէոդոսի վանքին եկեղեցիները եւ ուրիշ հաստատութիւնները. աւերակի կոյտ մը դարձած էր ան եւ վերջին ժամանակները միայն սրտացաւ միաբաններ ձեռնարկած են կործանումէ ազատ մնացած Ս. Աստուածածնի մայր եկեղեցւոյ չորս պատերն եւ եկեղեցին իր ամբողջութեամբ կառուցուածքի հին ոճովն վերաշինել, բայց գործը երեսի վրայ մնացած է անտարակոյս հայազգի Սոփրոնիոսի շինել տուածն է, զոր կը յիշաակէ իր կենսագիրը: Սոյն եկեղեցիին ճարտարապետական յօրինուածքէն յայտնի է թէ հայու ձեռքով շինուած է, ճարտարապետը հայ մըն է, ի՞նչպէս . արդէն վերի թարգմանուած հատուածէն տեսանք, պատմականօրէն վանքին վանահայրութեան, եւ անոր առատաձեռնութեամբ նոյն մայր եկեղեցւոյն շինութիւնը. Սոփրոնիոսի նման Հայաստանցի մը պիտի փափաքէր որ իր ձեռակերտը ըլլար հայեցի, հայաշէն. ուստիայն ճարտարապետական ոճը` զոր տեսած էր իր հայրենիքին` Սեբաստիոյ մէջ, պիտի մշտնջենաւորէր իր վանքին մէջ ալ: Անշուշտ այս բացատրութիւնը շատ համոզիչ պիտի չը թուէր, եթէ աւելի զօրաւորագոյն փաստ մը կամ գիտական ապացոյց մը տ ձեռին չունենայինք. այդ փաստը կը հայթայթէ մեզ Աւստիրացի գիտնական մը` J. Strzygowski: Ան 1901ին Երուսաղէմ եկած, այցելած է մեր վանքը. տեսակցած է հանգուցեալ Վեհապետեան Յարութիւն պատրիարքին հետ. տեսած է Ս. Յակոբեանց վանքին ձեռագրաց մատենադարանը եւ հիացում յայտնած է վանքին եւ անոր հնութեանց մասին. յիշեալ գիտականը անտարակոյս այցելած է նաեւ Թէոդոսի վանքը եւ ուսումնասիրութեան համար գրի առած է նոյն վանքին յատակագիծը, զոր զետեղուած կը տեսնենք «Հայկական Ճարտարապետութեան» վերաբերեալ իր մէկ գերմաներէն հոյակապ ուսումնասիրութեան մէջ (էջ 502), զոր հարատարակած է 1918ին, ծանօթ հայ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի գործակցութեամբ: J. Strzygowski իր նոյն գրքին մէջ (էջ 502-4) մեզ կը լուսաբանէ թէ Թէոդոսի կիսակործան եկեղեցին հայ ճարտարապետի ձեռքով շինուած է, եւ ունի հայկական մասնաւոր ոճ մը: Հետեւեալն է անոր լուսաբանութեանց իմաստը. Եգիպտական, Ասորական, Միջագետեաց եւ Արեւմտեան ճարտարապետութեան մէջ եւեղեցիին արեւելեան կողմը, կոզակին եւ դասին մօտերը, եւ կամ արեւմտեան մողմը` շէնքին անդաստակին վրայ. իսկ հայ ճարտարապետը` եկեղեցւոյ հիմնարկութեան չսկսած, լրջօրէն կը մտածէ գմբէթին շինութեան վրայ. այդ պարագան, անոր համար օրէնք մը, էական սզբունք մըն է, որպէս զի «գմբէթը շէնքին մէջ տեղը» ըլլայ (Der kuppel du Mitte). դարձեալ, հայ վարպետին համար, գմբէթը շէնքին ջիղն է. Թէոդոսի վանքին Ս. Կուսի մայր եկեղեցւոյն գմբէթը ճիշտ «մէջ տեղն» է, նման Հայաստանի եկեղեցիներուն, ուստի նոյն եկեղեցիին շինել տուողին հայազգի ըլլալը, եւ հայ ճարտարապետութեան օրէնքին համաձայն, եկեղեցւոյ գմբէթը ճշդօրէն «մէջ տեղը» ըլլալը նկատի անելով` J. Strzygowski կը հարցնէ թէ չէ՞նք հակիր ընդունել թէ նոյն եկեղեցին շինողները Հայեր էին. եկեղեցին հայաշէն էր: Յիշեալ գիտունին յատակագիծը բաղդատելով մեր Մայր Մաշտոցին եկեղեցեաց «հիմնարկութեան» յատակագծին հետ, ըստ ամենայնի իրաւունք կու տանք յարգելի գիտնականին լուսաբանութեանց եւ գիտական ճշդումներուն, մեր ականատեսի վկայութեամբ եւս հաստատելով թէ Թէոդոսի վանքին եկեղեցին շինող ճարտարապետը հայ մըն է եւ ճշդօրէն հայա շէն:
       Մենք գրեցին այս տողերը, որքան քրիստոնէական այս հին հաստատութիւնը ծանօթացնելու տենչով, նոյնքան եւ աւելի հայ պատմագրութեան սեպհական ծիրանին հագցնելու մեծին Սեբաստիոյ զաւակներէն միոյն` հայազգի Սոփրոնիոսի` որ իր հազմակերպիչ ոգւովն եւ հանճարովը յաջողած է ոչ միայն մեծ ծառայութիւն մատուցանել պատկանած վանքին եւ Երուսաղէմի Անապատին, այլ նաեւ իր հայրենի երկրին հոգեւոր կեանքը եւ գեղարուեստի գեղեցկութիւնները շքեղօրէն պայծառացնել մինչեւ Պաղեստինի խորը, ի պանծացումն այն ցեղին որմէ սերած է ինքը: