ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ռուսազ գի Դանիէլ կրօնաւորին Ուղեգրութեան համաձայն, Երուսաղէմէն մինչեւ Յորդանան քսան եւ վեց վերստ է. իսկ մինչեւ Քոզիբա` տասն եւ հինգ վերստ. ան կը գտնուի խորունկ հեղեղատի մը մօտ, ճանապարհին ձախ կողմը: Քոզիբայէն մինչեւ Երիքով հինգ գերստ է, եւ Երիքովէն մինչեւ Յորդանան` վեց վերստ: Հեղեղատը կը թաւալի սեպացեալ ժայռերէ կազմուած մթաստուեր ձորի մը մէջ: Այդ ժայռերու մէջ քարայրներ կան, ուր երբեմն կը բնակէին անապատականներ, որոնք հաստատած են հոն վանք մը, զոր Յոյներ կ՚անուանեն Քոզիբա: Այս վանքը անդունդի մը վրայ գոգցես ծիծեռնակի բոյնը մը նման կառչած է լերան կողքին: