ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քոզիբայի վնիխը սխալ սովորութեամբ մը` իններորդ դարուն Ս. Աստուածածնի, եւ յետին ժամանակներու մէջ, Ս. Գէորգի անունով կ՚անուանակոչեն. վանքին արաբական անուն է Տէյր էլ Քէլդ: Վանքին մէջ, հին դարերէն սկսեալ, պատերուն վրայ գոյութիւն ունեցող Ս. Կուսի հօր Ս. Յովակիմայ պատկերները կը վկայեն թէ վանքը կառուցուած է անոր անունով: Յակոբոս Առաքելոյն անվաւերական համարուած աւետարանին մէջ կը կարդանք թէ Ս. Կուսի հօր` Յովակիմայ անզաւակութեան եւ մօր` Աննայի ամլութեան պատճառաւ սրտաբեկութիւն մը կը կար Ս. Կուսի ծնողաց տան մէջ: Յովակիմ, երբ զոհ մատուցանելու համար տաճար կը դիմէ, հակառակ իր բարեպաշտութեան, կը մերժուի. ան տխրութեամբ համակուած` կ՚ուզէր անապատ քաշուիլ եւ առանձնանալ: Ինքը Երուսաղէմացի էր եւ Յուդայի ցեղէն. հարուստ էր եւ ունէր բազմաթիւ հօտեր: Հրեշտակը անապատին մէջ աւետեց Յովակիմայ Ս. Կուսին ծնունդը. միեւնոյն ներշնչմամբ լեցուած` Աննան աք անոր կ՚սպասէր տաճարին դրան առջեւ. ամլութեան եւ անզաւակութեան նախատինքը այլեւս վերցուած էր անոնցմէ:
       Երուսաղէմի եւ շրջակայից մէջ գտնուած վանքեր ու եկեղեցիներ ընդհանրապէս կառուցուած են Քրիստոսի Տնօրինական Ս. Տեղերու եւ կամ մարտիրոսներու դամբարաններուն ու սրբոց փոխադրուած նշխարներուն ամփոփուած տեղերուն վրայ: Յակոբու նախաւետարանը, թէեւ եկեղեցին վաւերական չէ նկատած ու մերժած է զայն, բայց ինչպէս կ՚երեւի քրիստոնէական հնախօսութեան պատմութենէն, նախնի քրիստոնեայք օգտուած են այդ անվակերականին ինչ ինչ հատուածներէն, որոնց պատմուածքները ոնեցած են իրենց չնչին կողմերը, ու անոնք անվարան օգտուած են անոնցմէ ու համաձայն անոնց իմաստներուն եկեղեցիներ ու վանքեր ալ հաստատած են. այս պարագան անժխտելի է պատմականօրէն: Մենք ասկէ յառաջ գրած ենք այս մասին ու հաստատած ենք «Հայոց Ս. Աստուածածնի վանքը, Բեթղեհեմի ճանապարհին վրայ» հատուածին մէջ (տեսնել աշխատութեան էջ 6-12), ինչպէս նաեւ Տաթեւի մեր յօդուածը, Ս. Գրոց անվաւերական գրեանք անուամբ, 1928, էջ 111-20, եւ պարզած ենք թէ նոյն անվաւեր գրուածքներն ալ ներշնչած են նախնի քրիստոնեաները կառուցանելու վանքեր եւ եկեղեցիներ: Քոզիբայի վանքը այդ կարգի վանքերէն մին է եւ շատ հին ժամանակներու մէջ կառուցուած: Երիքովի ճանապարհին վրայ` Ս. Կուսի հօր Ս. Յովակիմայ առանձնացած անապատն էր Քոզիբան: Յովակիմ քանի որ Երուսաղէմացի էր, անկասկած ան մեկնած էր Երիքովի ուղղութեամբ: Ը. դարու եպիսկոպոս մը, Յովհաննէս Եւփեայ, իր մէկ քարոզին մէջ այս պարագան կը յիշէ ու կը խօսի Աւետումն Յովակիմայ կոչուած տօնին վրայ, որ բիւզանդացւոց օրերուն հաստատուած տօնախմբութիւն մըն էր, ու ան չի կրկներ Յովակիմայ առանձնացած տեղւոյն նկատմամբ յիշուած անապատ բառը, այլ կու տայ անոր նաեւ լեռ բառը. վասն զի Քոզիբայի դիրքին համար խիստ լաւ կը յարմարին անապատ եւ լեռ բառերը: Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ընդունիլ թէ Քոզիբայի վանքը շատ հին է ու անոր ծագումը` անյայտ: Եւագր եկեղեցական պատմիչը . 7) կը յիշէ Քոզիբացին, Զ. դարուն սկիզբը, որ առաջ անապատական էր նոյն վանքին մէջ (յետոյ եպս. Պաղեստինի Կեսարիոյ): Եւագրի խօսքերը սակայն, չեն բացատրեր Քոզիբայի ծագումը, եւ նոյն իսկ Յովհաննէս Քոզիբացիին օրով տակաւին եկեղեցի չէր հաստատուած հոն, այլ միայն միայնակեացներու բնակավար մըն էր ան (laure). բաց աստի, Քոզիբան աւելի հին էր Եւթիմիոսի, Թէոդոսի եւ Սաբայի վանքերէն: Է. դարուն համաքաղաքացի երկու կրօնաւորներ, Սոփրոնիոս եւ Յովհաննէս Մոսքոս, բարեպաշտական ուխտաւորութեամբ մը կ՚այցելեն Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի վանքերը, մասնաւորապէս կ՚այցելեն Քոզիբայի վանքը, որ նոյն դարուն այլ եւս իր խցական վիճակէն դուրս ելած` վանքական հաստատութիւն մըն էր եկեղեցիով, գերեզմանատունով եւ վանականաց բնակարաններով. ուրեմն պէտք կ՚ըլլայ ընդունիլ թէ Քոզիբան, թէեւ անապատականներու իբր ճգնարան հնագոյն ժամանակաց մթութեան մէջ մնացած է, բայց իբր մենաստան սկզբնաւորուած է Է. դարուն: Ս. Յովակիմայ անունը կ՚երեւնայ վանական Եպիփանի հետ: Ս. ԵՐկրի վերաբերեալ իր նկարագրութիւնը գրեթէ կ՚սկսի ԺԲ. դարէն. ինքը Երուսաղէմացի էր, հետեւաբար եկեղեցիին աւանդութիւններուն վրայ ճշգրիտ տեղեկութիւններ կրնար տալ: Եպիփան` երկրաւոր դրախտը կը դնէր Քոզիբայի դիմացը. «Բեթանիոյ արեւելեան կողմը, տասներկու մղոն հեռի, կար եկեղեցի մը, այն տեղին վրայ` ուր Ադամ եկած էր նստիլ, ողբալու համար երկրաւոր դրախտը կորսնցուցած ըլլալուն հետեւանքով»: Ան յետոյ կ՚աւելցնէ թէ «այս եկեղեցիին մօտ էր Յովակիմայ տունը, որ է վանքը: Վանքին արեւելեան կողմը չորս մղոն հեռաւորութեամբ կը գտնուէր Եր իքովը». այս նկարագրութեան ճիշդ տեղը կը գտնուէր Քոզիբան, եւ այս աւանդութիւնն ալ շատ հին է: