ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քոզիբայի գերեզմանատունը գտնուած է վերջին դարու կիսուն, բայց դժբախտաբար պէտք եղած ուշադրութիւնը չէր ընծայուած անոր: Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանի մատենադարանապետ եւ աւագ սարկաւագ Կղէոպա Քօյիքիլիտէս ( յետոյ եպս. Նազարէթի, բայց այժմ վախճանեալ) միայն 1901ին ուսումնասիրութիւն մը գրած է անոր նկատմամբ: Այս գերեզմանատունը ստորերկրեայ բնակարան եկ ընդարձակ քարայր մըն է, ուր փորուած են գերեզմաններ: Գրեթէ 150 մեռելներու անուններ դրոշմուած են նոյն գերեզմաններու առաստաղին ու պատերուն վրայ, հոյակապ մեռելամատեան մը` որուն մէջ գրեթէ իւրաքանչիւր անունի քով նշանակուած է մեռեալին տիտղոսը, ազգատոհմը, տարիքը եւ մահուն թուականը, յիշատակելով ամիսը եւ ընդիկտիոնը (indiction), բայց ոդ երբեք տրաին: Այդ անուններուն մէջ կը գտնուին եպիսկոպոսներ, պարզ վանականներ, նոյն իսկ երեք սարկաւագուհիներ: Յիշատակարանին թուականը գտնելու համար Կղէոպա աւագ սարկաւագը կը դիմէ հնագրութեան (paleographie) եւ միեւնոյն ժամանակ մէջ կը բերէ զանազան պատմական փաստեր, որոնցմէ այս եզրակացութեան կը հասնի թէ նոյն գերեզմանատունը Ե. դարու վախճանէն սկսեալ վանքին յատկացուած էր մինչեւ ԺԲ. դարու սկիզբը:
       Կղէոպայի հրատարակած մենագրութիւնը ունի Ներածութիւն մը` ուր կը համառօտէ Քոզիբայի խցական եւ վանական վիճակներուն պատմութիւնը, յետոյ կը գրէ կենսագրութիւննրը Քոզիբացի Յովհաննէսին եւ Գէորգ Կիպրացիին, որոնք վանական այս մեծ կեդրոնին երկու գլխաւոր բառքերը եղած են, եւ նոյն վանքին վերաբերութեամբ հատուածներ մէջ կը բերէ Յովհաննէս Մոսքոսէն, Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցիէն ու Եւագրէն: Գերեզմանատունօն զատ, Կղէոպա կը խօսի Ուատի Քէլդէն Քոզիբա բերուած ջրի ճանապարհի մասին: Ան կը մատնանշէ այլ եւ այլ լեզուով արանագրութիւններ, որոնց մէկ քանին ասորերէն են եւ շատ հին կը թուին: Նոյն հեղինակը քանի մը տարի առաջ ալ հրատարակեց Քոզիբայի մէջ գտնուած մոզայիք մը, որ կը կրէր յունարէն արձանագրութիւն մը:
       Յարգելի հեղինակին այս ուսումնասիրութիւններէն կը հասկ ցուի որ Քոզիբայի գերեզմանատան մէջ թաղուած են զանազան ազգութիւններէն այլ եւ այլ ննջեցեալներ, որ մահուամբ եղբայրացած ու հոն ամփոփուած են. այսպէս, Հայեր, Իսաւրացիներ, Կիլիկեցիներ, Միջագետացիներ, Արաբներ, Հռովմայեցիներ, Դազացիներ, Ասկաղոնացիներ, Մայումցիներ, Տիւրացիներ, Անտիոքացիներ, Դամակացիներ, Եգիպտացիներ, Կապադովկիացիներ, Ելլադացիներ, ինչպէս նաեւ մէկ Թեսաղոնիկեցի, մէկ Հնդիկ, մէկ Սարակինոս եւ մէկ Արեթուսացի: