ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Վերեւ գրեցինք որ Քոզիբայի վանքը Քոզիբացի Յովհաննէսի օրով ( 532) տակաւին խուցերէ բաղկացեալ հաստատութիւն մըն էր, Է. դարուն էր որ հոն կը շինուի վանք ու եկեղեցի, կը ծաղկին նշանաւոր վանականներ` Քոզիբացին Գէորգ ( 625) եւ Անտոն, որ գրած է առաջնոյն վարքը: Քոզիբան` Է. դարոն իր պայծառութեան զէնիթին վրայ կը գտնուէր, յետոյ տակաւ առ տակաւ անշքացաւ ու մինչեւ ԺԲ. դար թէեւ գոյութիւն ունէր, սակայն նոյն ժամանակէն սկսեալ քայքայուեցաւ եւ վերջին տարիներուն միայն նորոգուեցաւ: Վանքին պատմական գերեզմանատան մէջ ամփոփուած ննջեցելոց արձանագրուած անուններէն կը հետեւնենք վանքին զարգացման թուականը, որ ժամանակ հաւաքուած էին բազմաթիւ երկիրներէ ու ազգութիւններէ վանականներ, որոնք թէեւ ապաստանած օտար հաստատութեան մը հովանիին տակ, բայց կը պահէին իրենց կրօնական դաւանութիւնը: Վերոյիշեալ հեղինակին այն կարծիքը թէ անոնք յունադաւանութիւնը ընդունած էին ու այդ հանգամանքով միայն կը մնային Քոզիբայի մէջ, ուղիղ չենք գտներ ա'յն փաստերով որ իրեն ալ անտարակոյս անծանօթ չեն: Սիոնի մէջ եւ այլուր մեր հրատարակած յօդուածներով ըստ բաւականի պատմականօրէն հակցուցինք թէ Հայոց Եկեղեցին Երուսաղէմի եւ շրջակայից օտար վանքերու մէջ` ի հնումն ունեցած է հայ միաբաններ, որոնք իրենց դաւանութեամբն ապրած են, իրենց լեզուովն աղօթած ու սաղմոսած են ուրոյն եկեղեցիի մը եէջ, թոյլտուութեամբ օտար վանքերու առաջնորդներուն: Այս մասին ամենէն հին վկայութիւնը կու տայ Յերոնիմոս: Ընթերցողը երբ կը կարդայ Սիոնի անցեալ տարուան էջերուն մէջ մեր յօդուածներով պարզոաւծ եւ գրքիս մէջ ամփոփուած պատմական աստերը, պիտի տեսնէ որ Գաթիզմայի (Սիոն, 1927, էջ 109-112), Սաբայի (անդ. 1927, էջ 366-372, 1928, էջ 16-19). Թէոդոսի (անդ. 1928, էջ 42-46), Եւթիմոսի (անդ. 1928, էջ 364-367), Սինայի (Արեւ, 1926, Թ. 2338-39) վանքերու մէջ յանուանէ յիշելով հայ միաբանները` նկարագրած ենք անոց պատմական կենցաղը ու դաւանական վիճակը: Երուսաղէմի օտար վանքերու մէջ հայ վանականութեան այս որոշ հանգամանքը` հայ եկեղեցական մատենագրութեան համար յիշատակելի պարագայ մըն է եւ պատմական նորստաց տեղեկութիւն մը, որ անտարակըոյս ուշադիր պրպտումներով եւ աշխատանքներով պիտի ճոանայ ի պատիւ հայ քրիստոնէութեան:
       Քոզիբայի գերեզմանատան ննջեցելոց արձանագրութիւններէն հասկցուած ղ թէ հոն ուրիշներուն հետ խառնուած եւ թաղուած են հայազգի երկու միաբաններ եւս, հայ քահանայ մը եւ Յովհաննէս անուն հայ սարկաւագ մը: Հաւանական է որ հոն ուրիշ հայ միաբաններ ալ թաղուած ըլլան, բայց արձանագրութիւն չունին: Այս երկու հայ միաբաններու մասին Կղէոպա սարկաւագ հետեւեալ կարծիքը կը յայտնէ, ըսելով թէ նոյն գերեզմանատան մէջ թաղուած հայ միաբանները ո'չ թէ Քաղկեդոնի ժողովէն առաջ, այլ յետոյ թաղուած են, երբ դեռ իրենց հերձուածը(?) ոչ ընդհանրացած եւ ոչ ալ դրութեան մը վերածուած էր իրենց մէջ: Յիշեալը անոնց մասին կը մտածէ երկու բան, անոնք կամ ա'յն հայերէն են որոնք հակատարիմ մնացեր են օրթոտոքս եկեղեցիին ծոցին մէջ, երբ միաբնակութեան դէմ հալածանքը սկսաւ Պաղեստինի մէջ եւ հերձուածը դադրեցաւ մեծ վանահայրերուն` Եւթիմիմոսի, Թէոդոսի, Սաբայի եւ ուրիշներուն շնորհիւ, եւ կա'մ անոնցմէ էին, որոնք բիւզանդական պետութեան սահմաններուն բնակիչներ ըլլալով` Հերակլի օրերուն մտան կաթողիկէ եկեղեցին, երբ կայսրը յաղթանակաւ դարձաւ Պարսկաստանէն եւ Կարնոյ մէջ 628ին գումարեց ա'յն ժողովը որ կարճ ժամանակի մը համար միայն երկու կողմերը միացուց:
       Այս բացատրութիւնները մեր կարծեօք բնաւ հիմնաւոր չեն, վասն զի Քոզիբայի հայ վանականներուն եւ նոյն իսկ անխտիր բոլոր վանականներուն համար այն ատեններ անծանօթ էին վարդապետական իմաստներու տարբերութիւնները, անոնք ամենքն ալ եղբայրացած էին մէկ յարկի տակ: Եւ յետոյ վերեւ մեր թուած գրուածքներուն մէջ պատմականօրէն պարզած ենք թէ հայ վանականներ Պաղեստինի օրթոտոքս վանքերուն մէջ բնակելով` խառնուած են տարբեր ազգութեանց վանականներուն հետ, բայց անոնք իրենց սեպհական եկեղեցիներուն մէջ իրենց լեզուովը կը կատարէին պաշտամունք, կ՚աղօթէին, կը սաղմոսէին, կը հետեւէին ձեռական աշխատանքի եւ գրչութեան արհեստին, եւ ասոր կը վկայեն ա'յն բազմաթիւ գրչաեիրները, որ կը մնային Երուսաղէմի, Մար - Սաբայի, Սինայի եւ վերին Եգիպտոսի անապատներուն մէջ, ինչպէս այլուր գրած ենք (Տաթեւ, 1929, էջ 39-50). ամուր կերպով կը պահէին Հայ Եկեղեցիին դաւանութիւնը, առանց զատուելու ընդհանուր եղբայրակցութենէն. անոնք հայ կը մնային միեւնոյն նուիրական յարկին տակ. եւ այս պարագան տարօրինակ երեւոյթ մը չէր կրնար ըլլալ, քանի որ հին օրերէ սկսեալ այլեայլ ազգերու վանականները թէ' Երուսաղէմի եւ թէ' շրջակայից Տնօրինական Ս. Տեղերու մէջ կը պահէին միեւնոյն քրիստոնէական եղբայրակցութիւնը, անխտօրէն մասնակցելով օրուան պաշտամունքներուն եւ արարողութեանց:
       Այս եղանակաւ էր որ ի հնումն Քոզիբայի վանքին նաւակատիքի տօնադարձը, ըստ Երուսաղէմի ծիսարանին, հանդիսաւորապէս կը կատարուէր Յունուար 18ին (R. B. 1914, էջ 461): Ի զուր Abbe Martigny իր Dictionnare des Antiquites chretiennes գիրքին մէջ (էջ 318) կը պնդէ թէ Ս. Կուսի ծնողաց անունը Է. դարէն առաջ միայն աւանդավէպ մը կը նկատէ. բայց յիշեալ հեղինակը եթէ տեղեակ ըլլար Արեւելեան եկեղեցիին դարաւոր աւանդութեան եւ Քոզիբայի վանքին պատերուն վրայ նկարուած Ս. Յովակիմայ պատկերներուն եւ անոր անուան կառուցուած հնադարեան վանքին եւ եկեղեցիին, ապահովաբար պիտի չհամարձակէր գրել այդ տողերը: