ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սալահէտտին երբ Նապլուսը գրաւեց, եկեղեցիներուն տիրացաւ եւ զանոնք վերածեց մզկիթի. նոյն գրաւուած եկեղեցիներն են.
      
       Ա. Ճամի էն-Նասըր
       Այս եկեղեցին Ճամի էն - Նասըր անունը տրուած է. եւ Clermont-Ganneau հրատակարեց անոր նկարագրութիւնը յատակագիծովը: Բիւզանդական եկեղեցի մ՚է աս, յատակագիծը կը պարունակէ ուղղանկիւն գերանամիջով յառաջացած կոզակ մը, եւ նաւի հինգ գերանամէջեր խադաթեւերով, ամբողջ ցցանկիւններով կամարակամպ:
       Երկու կողման աղեղները եւ փոքր պատուհանները կամարաձեւ են: Նաւին ամենամեծ պատուհաններն ալ նմանապէս կամարաձեւ են: Կամարները կը հանգչին ուսերու (console s) վրայ, արեւելքի եւ արեւմուտքի վերջին սիւները քառակուսի են, միւսները գլանաձեւ:
      
       Բ. Էլ-Քատրա
       Արեւմտեան ճարտարապետութեամբ շինուած միւս մզկիթին նկարագրութիւնը չէ հրատարակուած, եւ պէտք է յատակագիծը հանել: Այս մզկիթը կը կոչուի Էլ - Քատրա, Երկինքի մզկիթը: Ըստ աւանդութեան, այս մզկիթը այն տեղն է, ուր Յակոբ լացաւ Յովսէփին վրայ, երբ անոր մահը ստութեամբ իրեն հաղորդուեցաւ: Իսլամները նոյն տեղւոյն մէջ կը յարգեն սոյն յիշատակը: Գոթական յիշատակարան մ՚է աս, եւ Իսլամ տիրապետութեան տակ շինուած է, հաւանաբար 1242ին: Ոմանք տարակուսելի կը գտնեն այս մզկիթին եկեղեցի մկ ըլլալը:
       Էլ - Քատրայի մզկիթը կը գտնուի քաղաքին ամենէն ծայրը, Քարիզիմ լեռան զառիվայրին վրայ, ոչ շատ հեռի Սամարացիներուն տաճարէն: Ան ծածկուած է պարտէզներու խորքին մէջ, դէպ ի հարաւային արեւելք: Երեք գերանամէջերու պարզ ուղղանկիւն մ՚է, բաժնուած որմայեցերով, որոնց մէջ կը բացուին հիւսիս - արեւելք ճակատին վրայ կամարձեւ դռներ:
       Դռները կամարքիւ ունին հորիզոնական լարով մը կապուած. իրենց լայն շեղեզրը զարդարուած է թերահարթ սիրուն սաղարդանկարներով. բայց այս քանդակագործութիւնը արաբական է:
       Այս կամարները, ընդհակառակն, գաղղիական սրակամարներ են շեղեզրային բարաւորներով կիսասիւներու վրայ ինկող աղեղներով. որմայեցերն ալ գոթական են: Մէկ խօսքով, այս շէնքը երեք դռներով գոթական մզկիթ մ՚է:
      
       Գ. Ս. Յարութեան եկեղեցին (Մեծ Մզկիթը)
       Մեծ Մզկիթը յաջողած է Ս. Յարութեան եկեղեցիին որ աւարատած է 1169ին: Ան շինուած է այն գետնին վրայ զոր ընծայած է Ամորի թագաւորը: Vogue, որ իր "les Eglises de la Terre Sainte " գործին մէջ կը յիշէ զայն, չէ կարողացած տեսնել զայն եւ ոչ ալ յատակագիծը հանել: Հազիւ թոյլ տրուեցաւ իրեն դուռը տեսնել. յետոյ է որ Bonfils լուսանկարեց: 1881ին գնդապետ Conder կարողացաւ տեսնել զայն եւ անոր նկարագրութիւնը հրատարակել. Camille Enlart յաջողեցաւ ստանալ քանի մը նօթեր, գծագրութիւններ եւ լուսանկարեր, բայց ներքին մսաին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները կը պակսին:
       Մեծ Մզկիթը տես ակ մը պազիլիքա է արեւելքէն արեւմուտք երկարած, ան գրաւած է այն տեղը հանդիպումովը հարաւի կողմէն մեծ պողոտային եւ հիւսիսի կողմէն պազարի փողոցին:
       Շէնքը կամարաձեւ չէ: Շատ մը հատածներու (profils) բարաւորներով պսակուած ուղղանկիւն սիւներու վրայ կամարաձեւ աղեղներով պսակուած ուղղանկիւն սիւներու վրայ կամարաձեւ աղեղներու երկու կարգեր ունի, որ կը թուի թէ յարմարած են հին եկեղեցիին թուականին եւ ոճին հետ: իր նա՞ւն է արդեօք: Խնդիրը լուծելու համար պէտք է հանդարտօրէն եւ ուշադրութեամբ ուսումնաիսրել այս սրբավայրը որ վերին աստիճան փոփոխուած է եւ ծեփերով ծածկուած:
       1881ին գնդապետ Գոնտէր արեւմտեան երեք դերանամէջերուն մէջ կարծեց թէ գտած էր հին պազիլիքայէն մնացորդ մը, տեսաւ հոն սիւներ` որոնց խոյակները շատ կը նմանէին Բեթղեհէմի եկեղեցիին խոյակներուն, բաց ի մէկէն, որ բաղկացած էր նեղ լուտսաի (l0tus) երկայն տերեւներէն: Աս իրապէս գոթական կեռճանաւոր խոյակ մ՚էր 1242ին կարճ գրաւման թուականին:
       Արեւելեան կոմղը գտաւ Խաչակիրներէն շինուած մաս մը, հին սիւնագլուխներու խմբաւորումէն կազմուած երկուորեակ սիւներու հետ, այս խումբերէն մին կրէր միակ գոթական խոյակ մը: Եկեղեցիին դասը կրնար ըլլալ աս, միեւնոյն թուականին նորոգուած:
       Ան նկատեց նաեւ որմնագիրներու երկու նշաններ մին A եւ միւսն B տաշուած քարերուն վրայ գծագրուած:
       Մզկիթը ունի դէպ ի հիւսի, կողմնակի երկու դռուներ, պազարին փողոցին վրայ, հին սիւներ եւ աղբիւրներ ունեցող բակերուն առջեւը: հիւսի - արեւելքի մուտքը ունի բիւզանդական դուռ մը. Պէրութի Ս. Յովհաննէսի դրան նման: Գլխաւոր մուտքը արեւմտեան կողմն է, տրապիզաձեւ բակի մը մէջ, ուր կայ աղբիւր մը: Տրապիզին փոքր մասը դուռը գրաւած է մզկիթի վերածման ժամանակ մեծ այլանդակութիւններու եւ փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Այսպիսի փոփոխութիւններ Խաչակիրներու գործին ուրիշ շատ մը գեղեցիկ կտորներուն ողբալի պատմութիւնը կը յիշեցնեն:
       Ս. Յարութեան եկեղեցիին խոյակները բիւզանդական կեռանտի նման խիստ գեղեցիկ խոյակներ են, ինչպէս որ Ֆրանսայի մէջ ԺԳ. դարու բազմաթիւ դուռներու վրայ կը գտոնւին, մասնաւորապէս Mantesի դուռներուն վրայ, որ մեծ նմանութիւննր ունին այս եկեղեցիին հոյակներուն հետ: Անոնցմէ մին ունի տեսակ մը փոքր տերեւներով գօտի մը, որուն նմանները կը տեսնուին Mantesի եւ Charliauի մէջ: Ուրիշ մը ունի փոքր ծակերով կիտանիշ կողմով տերեւներ. մանրամասնութիւն մը` որ կը գտնուի Saint-Lomer de Bloisի մէջ:
       Այս խոյակները կողովաձեւ մասին մօտ ունին հազիւ նշմարելի ուռոյց մը: Կոճերը (astragales) սիւնագլխի մասերը կը կազմեն:
       Թակաղակները ունին ցցուակակիր վերին եզերք մը եւ նեղ շեղերը մը քանդակագործեալ, բայց շատ ստորին խոյակներու քանդակներէն: Հոն կը տեսնուին սաղարթանակարներ եւ խոյօղներ. հիւսիսի կողմը` պտուղ մը, կեռանտի խոյօղ մը, ուրիշ խոյօղ մը, մարդկային գլուխ մը, կարիճ մը: Հարաւի կոմղը` կը գտնուին պատկերներ բոլորովին նման անոնց` որ կը զարդարեն Chatillon-Sur-Cher ի թակաղակներու խորոփը: Կտրատուած գլուխ մը, թռչուն մը եւ գառնուկ մը կը յիշեցնեն գլուխները այն խոյերուն որ կը զարդարեն Կ Պոլսի, Վենետիկի Ս. Մարկոսի թանգարաններուն բիւզանդական շատ մը խոյակներու անկիւնները:
       Բայց տսենուած այս գառնուը հոս ունի խորհրդանշական իմաստ մը, վասն զի թակաղակին երեսներուն վրայ, ձախին կեցած յուշկապարիկ մը իր ժպիտովը կը ջանայ մոլորեցնել զայն, մինչ առջեւն առիւծ մը կը ջանայ վախցնել զայն իր մռնչիւններով. այսպէս սպառնալիք եւ մոլորանք կը ճգնին քրիստոնեան ուղիղ ճանապարհէն մոլորեցնել: Այս գառնուկը` քիչ մը կոշտ շինուածքով, կը թուի օժտուած ըլլալ աւելի շատ նուազ ոգիով քան թէ առաքինութեամբ:
       Այս նիւթը իր նմանը ունի. Chadenac (Deux-Sevres) եկեղեցիին ճակատին վրայ բարձրահասակ երեք անասուններու քանդաները երեւան եկած են. դառնուկ մը` որուն կ՚սպառնան երկու առիւծներ, եւ Գորսիքայի մէջ Մարիանայի հին մայր եկեղեցիին դրան կամարին վրայ ցոյց կը տրուի սպառնացող կատաղի անասուններէն շրջապատուած գառնուկ մը, թերեւս այլաբանւոթիւն մը աւետարանական խօսքին համաձայն, «իբրեւ զոչխարսի մէջ գայլոց»:
       Սիւներու միջեւ դրանդիներուն ցցանկիւնները քանդուած են եւ իրենց շեղեզրները խորոփիկներով (conge) նուազած են:
       Խողովակաձեւ պատուանդանները տափունջ խմբարդով պսակուած են եւ բարձրացուած ստորեզրի մը վրայ: Որմախարիսխներուն այս կարեւորութիւնը եւ ակօսաձեւ փորուածքները իրենց նմանութիւննրը ունինMantesի, Chalonsի, Etampesի եւ Chartres դուռներուն կալուածներու շէնքերուն ոճը. բայց թակաղակները քիչ մը կը շեղին այս ոճէն, եւ կամարները ունին մի ուրիշ նկարագիր. կարելի է աւելի մօտեցնել զանոնք իտալական ոճին քան թէ ֆրանսական տիպարներուն եւ անոնց փոքր գծաքանդակումները կը թուին ըլլալ բաժինը արաբ ձեռքի մը որ կարծեր է գեղեցկացնել արեւմտեան յօրինաւոածը եւ դրած է միայն անպէստ բան մը: Ամբողջութիւնը սակայն, կը պահէ ամրութիւնը, ողջմտութիւնը, յստակութիւնը եւ գեղեցկութիւնը որոնք այս թուականին նշանաւոր կ՚ընեն ֆրանսական գործերը (Տե'ս Camille Enlart, Les Monuments des Croises de Jerusalem. էջ 284-289):