ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Շատ կանուխէն ցամաքէն եկող հայ ուխտաւորաց համար Նապլուսի մէջ հաստատուած էր Ս. Մկրտչի անուամբ վանք մը. այդ վանքին անունին կը թանօթանանք միայն հին յիշատակարանէ մը զոր կը գտնենք Սաւալանեանցի Երուսաղէմի Պատմութեան մէջ (էջ 261) ուր, սակայն, միայն կը յիշատակուի Ս. Յովհաննէս, որ կրնայ շփոթուիլ Յովհաննէս Աւետարանիչի անուան հետ, եթէ մօտը չգտնուէր Սեբաստիա գիւղը, ուր էր Յովհաննէս Մկրտչի բանտը եւ ուր ան գլխատուեցաւ եւ հոն էր որ շինուեցաւ յանուն Ս. ԿԱրապետի հոյակապ եկեղեցի մը, որ այժմ աւերակ է: Ս. Յովհաննու Մկրտչի գերեզմանին ու եկեղեցիին մերձաւորութենէն օգտուելով Նապլուսի Հայոց վանքը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ կոչուած է եւ յիշատակարանը Ս. Յովհաննէս ըսելով կ՚ուզէ հասկցնել Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ: Հակառակ որ շատ հնագոյն վանք մը եղած է Նապլուսի Ս. Յովհաննու Մկրտչի վանքը, բայց ան դժբախտաբար պատմութիւն չունի, կամ մենք չհանդիպեցանք անոր մեր պրպտումներուն հակառակ: Նոյն վանքը կը յիշատակուի Սալահէտտինի կողմէն Աբրահամ պատրիարքի տրուած հրովարտակին մէջ (Սաւալան, էջ 410), ինչպէս նաեւ Սուլթան Սէլիմ Ա. ի արաբ. 923 թուին Սարգիս պատրիարքի տրուած (անդ, էջ 881) եւ օսմանեան կայսրերէն Ս. Աթոռոյ գահակալներուն տրուած բոլոր պէրաթներուն մէջ յիշատակուած է Նապլուսի եկեղեցին, իբր Հայոց սեպհականութիւն. բայց կ՚երեւի որ տեղացիները ԺԶ. դարուն վերջերը գրաւած են եկեղեցին ու վանքը ու մզկիթի վերածած են, արգիլելով ո'եւէ քրիստոնեայ ուղեւորի հոն մտնել: Մենք կը հանդիպինք ծանօթագրութեան մը (անդ, էջ 625) ուրկէ կ՚իմացուի թէ Աստուածատուր պատրիարք Տարոնեցիի (1645 -1664) խնդրանքով հիճրէթի 1058 (= 1648) թուականին տորւած տրամանգիր մը կը պատուիրէ Նապլուսի գիւղացիներուն` չվնասել Ս. Յակոբի վանքին սեպհական ձիթենիներուն ու ծառատունկերուն: Այս հրամանագիրին մէջ խօսք կ՚ըլլայ միայն Նապլուսի Հայոց ձիթենիներուն եւ ծառատունկերուն. վանքի կամ եկեղեցիին խօսք չկայ. կամ այն է որ 1648ին վանքը արդէն գրաւուած ու մզկիթի փոխուած էր, եւ կամ այս թուականէն յետոյ, ինչպէս ձիթենիները ու պարտէզները գրաւուեցան, նոյնպէս եկեղեցին մզկիթի վերածուեցաւ. այսպիսի դարաւոր հաստատութեան մը մասին, որպիսին էր Նապլուսին վանքը, պատմական ծանօթութիւն կը պակսի թէ քաղաքին ո՞ր կողմը շինուած էր եւ ի՞նչ էր նկարագրութիւնը. Ս. Աթոռոյ գիւաններուն մէջ ո'եւէ մեծ կամ փոքր յիշատակարանի մը հետքը չգտանք: ՔՐիստոնէական այսպիսի սրբավարյի մը գրաւումը անտարակոյս յանկարծական կերպով կատարուած չի կրնար ըլլալ, տեղացիներուն սկզբնական ոտնձգութիւնները անշուշտընդդիմութեան բաղխած են, ինչպէս կը տեսնուի նման հաստատութեանց գրաւման պարագաներուն առթիւ. անշուշտ վանքը ունր տեսուչ մը եւ միաբաններ` որոնք իրենց բողոքն ու գանգատը լսելի պիտի ընէին ուր որ պէտք էր. բայց այս ամենուն հակառակ ո՚եւէ յիշատակարան չերեւիր. ըս՞նք թէ ժամանակը անհետացուցած է զայն, եթէ կար: Նապլուսի վանքին պատմութիւն չունենալէն կը հետեցնենք թէ ան երկար դարեր յառաջ վերածուած է մզկիթի, եւ անգամ մը եւս կարելի չէ եղած յիշել կամ յիշատակել զայն այցելութեան մը եւ կամ ուրի շ ոեւէ պարագայի մը առթիւ, քանի որ տեղացիք բացարձակ կ՚արգիլէին ո'եւէ քրիստոնէի մուտքը այն հաստատութեանց մէջ, որոնք փոխուած էին մզկիթին, ինչպէս վերեւ ալ յիշուեցաւ:
       Բայց մենք պիտի կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը Նապլուսի մէջ գտնուած մզկիթի մը յօրինուածքին վրայ զոր տեսած է Camille Enlart եւ կը յիշէ իր գիրքին մէջ (էջ 289). հոս կը դնենք իր խօսքերը. «Մեծ մզկիթին արեւմտեան կողմը, գլխաւոր պողոտային վրայ, տեսայ իսլամ սրբավայր մը, որ բիւզանդական հին եկեղեցի մ՚է. չորս գեղեցիկ սիւներ կը կրեն կեդրոնական գմբէթ մը եւ ութը ցցանկիւն կամարներ: Արգիլուեցայ մտնել մզկիթին մէջ»:
       Նկատի առնելով թէ նկարագրած եկեղեցին ունի չորս սիւներու վրայ կեդրոնական գմբէթ մը կամարներով, եւ այս կերպ եկեղեցիները բիւզանդական ըլլելէ աւելի` հայկական են, ինչպէս նկատած ենք այլուր, շատ հաւանական կը գտնենք թէ Նապլուսի գլխաւոր պողոտային վրայ գտնուած սրբավարյն էր Հայոց վանքը ու եկեղեցին, ուր այժմ կը գտնուի Շէյխ Պատրանի դամբարանը:
       Երուսաղէմի երկու հայ պատմիչները` Հաննէ եւ Մկրտիչ վրդ. Արծրունեան հակիրճ տողերով միայն կը յիշատակեն Նապլուսի եկեղեցին. առաջինը կը գրէ (էջ 299) «իսկ քաղաքն Սամարիա որ է Նէյուպոլիս, եւ այժմ ասի Նապլուս` սա քաղաք էր թագաւորացն Իսրայելի, եւ է ջրաւէտ: Աստ գոյր եկեղեցի մի ազգիս մերոյ, այժմ ի ձեռս այլազգեաց է: Եւ Սամարացի Հրէայք գտանին ՚ի քաղաքս որք են աղանդաւորք»: Իսկ երկրորդը կու տայ (էջ 278) վերնոյն մի եւ նոյն տեղեկութիւնը:
       Իսկ Թադէոս Միհրդատեանց իր մէկ գիրքին մէջ (Տե'ս Նկարագիր աղետից Երուսաղէմի, (էջ 60) կը գրէ` թէ «նոյնպէս եւ Նապլուսի եկեղեցինիս ալ` որ շատ ժամանակէ ի վեր քայքայուած ու ամայի մնացած է, եւ որուն հրովարտակներն ալ (ինչպէս կը լսեմք երեսի վրայ կեցած են, ու ժողովուրդը ցրուած եւ կամ յունադական եղած է»: