ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քրիստոսի Այլակերպութիւնը կը պատմեն Մատթէոսի (ԺԷ. 1-3), Մարկոսի . 1-12) եւ Ղուկասու . 29-36) աւետարանները: Անոնք չեն յիշեր անունը լերան` ուր այլակերպեցաւ մեր Տէրը: Աւանդութիւնը եւ առաքելական դարու մօտ ապրող եկեղեցական մատենագիրները կը հասկցնեն թէ Փրկչին այլակերպած լեռը Թաբորն էր: Առաջին դարու վերջերը կամ Բ. դարու սկիզբը խմբագրուած Եբրայեցւոց կոչուած անվաւեր ակետարանին մէկ հատուածը կը պամտէ թէ` Յիսուս Ս. Հոգիէն առաջնորդուեցաւ «Թաբոր լերան վրայ». սոյնին յաջորդ հմաարը կը պակսի. բայց, ըստ քննադատներու, պիտի պատմուէր թէ Յիսուս պիտի այլակերպէր հոն Մովսէսի եւ Եղիայի ներկայութեան: Որոգինէս (185-254) կ՚ըսէ. «Թաբորը Գալիլիոյ այն լեռն է` որուն վրայ Քրիստոս այլակերպեցաւ» (Մեկն. ՁԸ. Սաղմոսի, 13): Գ. էն Դ. դար խմբագրուած «Ննջումն Ս. Կուսին» գրուածը երկիցս կը պատմէ թէ ՓՐկչին Այլակերպութիւնը տեղի ունեցած է Թաբոր լերան վրայ: Կիւրեղ Երուսաղէմացի «Կոչումն Ընծայութեան գիրքին ԺԲ. ճառին մէջ կ՚ըսէ. «նոքին իսկ էին (Մովսէս եւ Եղիա), որ ի ժամանակին յայլակերպսն լինելոյ եկին կացին ի լերինն Թաբոր…» :
       Պրոկղ` Պատրիարք Կ. Պոլսի ( 447), Անդրէաս Երուսաղէմացի, Յովհաննէս Դամասկացի եւ այլք իրենց Այլակերպութեան ճառերով կը վկայեն, ինչպէս Դ. Ե. եւ Զ. դարերու ուխտաւորներն աք կը հաստատեն, թէ Թաբոր լեռը եղաւ Փրկչին Այլակերպութեան լեռը:
       Կ. Պոլսի Ե. ժողովը 553ին Թաբորի վրայ հաստատեց եպիսկոպոսութիւն մը: Դ. դարէն սկսեալ ան եղաւ նշանաւոր ուխտատեղի մը: Դ. դարու լատին Ուխտաւորուհին եւ այլք ուխտի գացած են Թաբոր լեռը:
       Մեր այս գրուածքը պիտի ունենայ երեք մաս . Ա. Թաբորի եկեղեցիներուն պատմութիւնը, Բ. Անոնց նկարագրութիւնը, եւ Գ. Թաբորի մասին մեր ազգային յիշատակարանները:
       Ա . Քրիստոնէութեան շատ կանուխ թուականներուն Թաբորի վրայ կառուցուած էր ընդարձակ եկեղեցի մը, յարակից երկու եկեղեցիներով: Ե-Է դար Թաբորի եկեղեցիներուն ամնէն պայծառ ժամանակն էր եւ ամէն ազգէ կրօնաւորութիւն մը հասած ր իր զարգացեալ վիճակին: Նոյն ժամանակին կ՚այցելեն Բլէզանսի (Իտալիա) Անտոնինոս, եւ Արգուլֆ եպիսկոպոս: Նոյն եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վանքերը եւ հիւրանոցները կը քանդուեին եւ Խաչակիրք կը նորոգեն զանոնք:
       Թանկրէտ երբ 1099ին տիրացաւ Գալիլիոյ` գրաւել տուաւ Թաբորի ամրութիւննրը: 1101ին իր զինուորները պարպեցին զայն, թշնամւոյն սպառնալիքին տակ մնացած Յոպպէի պարիսպներուն քով ուրիշ զինուորներու հետ կատարելու համար իրենց կեդրոնացումը: Թանկրէտ Գալիլիոյ իշխանապետութեան խաղաղ ստացողթ եղածին պէս, Թաբորի վրայ հիմնեց վանք կը եւ օժտեց զայն առատաձեռն նպաստներով. այս վանքը իր առատաձեռնութեանը եւ ռազմական կարեւորութեանը պատճառաւ բերդի մը վերածուեցաւ: 1101ին աբբայ Ժէրար կը վարէր զայն եւ վանական մը հոն կ՚ընդօրինակէր Կիկերոնի յօրինած Սկիպիոնի ԵՐազը խորագրով ձեռագիրը, որ պահուած է Կանդի մատենադարանին մէջ: Միեւնոյն տարին Պաղտին Ա. հաստատեց Թանկրէտի կողմէն Ս. Փրկիչ եկեղեցիին տրուած պարգեւները: 1102ին Ժէրար եպիսկոպոսական տիտղոսով ներկայ կ՚ըլլայ Երուսաղէմի ժողովին (Mansi, Ժողովք ԻԱ): 1103ին Փասգալ Բ. կոնդակով մը կ՚ընծայէ անոր Գալիլիոյ արքեպիսկոպոսութեան տիտղոս եւ Պալլիում: Պահուած է այն կապարեայ կնիքը` որով կը կնքէր իր գրութիւնները: 1107ին Պաղտին Թաբորի եկեղեցւոյն ընծայեց նոր պարգեւ մը: Լատին վանքը ունէր երկու եկեղեցիներ - Ս. Փրկչի եւ Մովսէսի: Շատ հեռի չըլլալով` հին եկեղեցիին մօտը յունական վանք մը կար յանուն Ս. Եղիայի: Ի յիշատակութիւն Այլակերպութեան կառուցուած այս երեք եկեղեցիներն են` որոնց այցելեցին SՋwulf 1103ին, եւ 1113ին` Դանիէլ ռուս վանականը:
       1113ին Խորասանին եկած արկածախնդիր ակազակներ, հակառակ զինուորական պաշտպանութեանց, ակերեցին Գալիլեան, Թաբորը կողոպտեցին, եւ սպաննեցին կրօնաւորները: Երբեմն Ara Coeli վանքին մէջ Հռովմ) պահուած ԺԵ դարու ձեռագիր մը կ՚ապահովէ - չի գիտցուիր ո'ր աղբիւրներու համաձայն - թէ այս կրօնաւորները գերմանացիներ էին, եւ թէ զոհերուն թիւն էր 72: Յովհաննէս Փոկաս 1185ին այցելեց եկեղեցիները եւ նշանակեց պղնձէ այն վանդակները (chancels) որ շրջապատած էին դասը, կեդրոնը, սեղանին առջեւ: Խաչով մը նշանակուած սպիտակ մարմաէ բոլորակ քարայատակ մը ցոյց կու տար ճիշդ այս տեղը` ուր Քրիստոս այլակերպած էր:
       1187ին Սալահէտտինի բանակը կործանեց եկեղեցիները եւ վանական հաստատութիւնները: Կրօնաւերները ցրուեցան Անտիոք, Աքքեայ եւ այլուր: 1228ին Ֆրէտէրիկ Բ. Թաբորի վրայ եկեղեցի մը նորոգեց, բայր ան չկրցաւ գտնել իր նախկին պայծառութիւնը: 1263ին Պիպարս վերջնականապէս քանդել տուաւ վերաշինուած հաստատութիւնները: Նոյն թուականէն մինչեւ 1745 Թաբոր աւերակոյտ մ՚էր. այցելող ամէն ազգի ուխտաւորները տխուր շեշտերով եւ սրտի բեկումով կ՚արձանագրեն Ս. Լերան վրայ տիրող ամայութիւնը եւ այրեցաւեր վիճակը: ԺԱ. դարու վերջն էր որ Ֆրանչիսկեանք շինեցին իրենց նոր եկեղեցին հին սրբավարյին տեղւոյն վրայ (Camille Enlartի, Les Monuments des Croises. Բ. Հտր. էջ 380-385):
       Բ . Թաբոր լերան կրօնական յիշատակարաններու գլխաւոր աւերակները կեդրոնացած են սարահարթին արեւելքը, քառակուսի շրջափակի մը մէջ,: Հոն մտած ժամանակ, ձախին կը գտնւին մնացորդները փոքր եկեղեցիի մը որուն պատերը կատաւնա կանգուն են մէկէն մինչեւ երկու մէթր բարձրութեամբ: Այս ռաջին եկեղեցին է, որ քառասուն տարի առաջ սարահարթին աւերակները մաքրուած ժամանակ երեւան ելած է, եւ de Vogue կարողացած է ուսումնասիրել. «Թաբորի վրայ դիզուած աւերակներուն մէջ, կը գրէ ան, երկու եկեղեցիներուն աւերակները կ՚որոշուին. անոնցմէ մին շատ հին է եւ միւսն Խաչակրաց ժամանակ շինուած: Առաջինը ունի մոզայիքներով յատակ մը, եւ կը կրէ Դ. եւ Ե. դարերու եկեղեցիներու նկարագիրը. ըստ իմ կարծեաց, չեմ վարանիր ըսելու` թէ ան Ս. Երկրի եկեղեցիներուն հնագոյններէն մին է»: Այս եկեղեցիին արեւմտեան դիմացը աւելի հին են: Այս վանքին դուռը կը բացուէց եկեղեցիին մէջ, հարաւային կողմէն: Ինչպէս յայտնի կ՚երեւի, սոյն դւոռը նորոգուած է Խաչակրաց ժամանակ: Այս եկեղեցիէն դուրս, ըստ Նիկոփոր Կալիքսդի, Հեղինէ թագուհին ի պատիւ Աայլկերպութեան շինած է հոյակապ եկեղեցի մը, ինչպէս նաեւ Թաբոր լեռը ելնելու համար չորս հազար երեք հարիւր քառասուն երեք աստիճաններով սանդուղ մը: Դէպի արեւելք, քիչ մը հեռի, գտնուած են ակերակները երեք նաւով (nef) եկեղեցիի մը` որուն երկու կոմղերը կան մէյմէկ մատուռներ: Բացայայտ ապացոյցներ կան թէ սոյն ակերակներու քանի մը մասերը աւելի առաջի են քան լատին յիշատակարանները, եւ ստուգիւ Զ. դարու հնութիւն ունին: Այս եկեղեցին ի հարկէ պէտք էր ունենար իր նախագաւիթը, որ Զ. դարուն հաւանաբար գաւիթի վերածուած է. ի հարկէ այժմ ոեւէ հետք մը չի տսենուիր, բայր աապացոյց մը մնացած է: Եկեղեցիին հարաւային կողմը, գաւթին համապատասխանող տեղէն դուրս, կը գտնուին մնացորդները քառակուսի մկրտարանի մը` որ ներսի կողմէն չորս մէթր է: Յատակը կազմուած է երկշրջանակեայ գեղեցիկ մոզայիքով մը, եւ ունի կոր գիծերով մէկտեղ սպիտակ, կարմիր եւ սեւ խորանարդներ: Կեդրոնը կը գտնուի մէւ մէթր տրամագիծով առանց մոզայիքի շրջանակ մը, որ մկրտարանին տաշտին տեղն է: Արդ, հնախօսութիւնը մեզ կը սորվեցնէ` թէ եկեղեցիին առաջին վեց դարերուն, մայր եկեղեցիներուն մկրտարանի մատուռը միշտ կը գտնուէր հարաւի կողմը, մերձավայրքի մը մէջ, նախագաւիթէն դուրս եւ գաւիթէն դուրս: Մասնաւոր խնամքով մը պահուած է այս աւազանը, նոյնպէս Մովսէսի եւ Եղիայի եկեղեցիները, ինչպէս կը գրեն Է. Ը. դարերու մատենագիրները: Գլխաւոր եկեղեցիին առջեւը կը տեսնուի ակերակները երկու փոքր եկեղեցիներուն, որոնց մին աջ կողմը` նուիրուած է Մովսէսի, միւսթ ձախին` Եղիայի: Այս երկու մատուռները շինուած են մի եւ նոյն ժամանակ եւ գլխաւոր եկեղեցիին յատակագիպով: Գլխաւոր եւեղեցիին աւերակներուն մէջ գտնուած են սպիտակ մարմարէ խոյկներ, ամէնքն ալ մի եւ նոյն ճարտար ձեռքով քանդակուած: Այս խոյակներէն մին շատ լաւ պահպանուած է, եւ կորնթական է, թէպէտեւ յետին ժամանակի գործ, եւ Բեթղեհէմի եկեղեցիին խոյաներուն նման: Հնախօսները կարծիք կը յատնեն թէ Մեծն Կոստանդիանոսի ժամանակի հնութիւն կրնայ ըլլալ:
       Սարահարթին արեւմտեան կողմը Յոյները մատուռի վերածած են այր մը` որ ԺԲ. դարուն նշանաւոր եղած է: Թէ' Դանիէլ վանականին եւ թէ յոյն կրօնաւոր Փոկասի եւ ուրիշ ուխտաւորներու Յոյնք ցոյց տուած են զայն` իբր բնակարան Մելքիսեդեակ թագաւորին: Ոմանք կը կարծեն թէ Մելքիսեդեկ Աբրահամու հանդիպեցաւ Թաբորի ստորոտը, կամ այն լեռնէն երկու մղոն հեռի, դէպ ի Հերմոն: Բայց անոր բնակութեան մասին պատմուածք մը չկայ: Թաբորի վրայ գտուած են յունական եւ արաբական արձանագրութիւներ . վերջիններս կը խօսին տեղւոյն ամրութեանց. շինութեան մասին:
       P. Barnabe իր le Mont Thabor, Notices historiques et descriptives խորագրով մնեագրութեան մէջ, ինչպէս Թաբորի սրավարերուն աւերակաց, նոյնպէս տեղւոյն բերդին, աղօրիքին, գերեզմանատան այրերու, Թաբորի վրայ գտնուած արձանագրութիւններու, հողէ ամանէ շինուած արաբական ձեռակերտ ռումբերու եւ այլ հնութեանց վրայ կու տայ մանրամասն տեղեկութիւններ, որոնցմէ մենք ալ օգտուած ենք:
       Գ . Հայա ստանեայց Եկեղեցին շատ կանուխէն ըմբռնած է թէ Թաբորն է Քրիստոսի Այլակերպութեան լեռը. այդ պատճառով իր շարականներուն, տաղերուն եւ երգերուն մէջ պանծացուցած է նոյն լեռը: Այլակերպութեան կամ Վարդավառի մասին ճառեր եւ աղօթքներ ունին Յուստոս եպս. Երուսաղէմի, Բարսեղ Կեսարացի` որուն աղօթքը կը կարդացուի Վարդավառի երեկոյին, Յովհ. Ոսկեբերան իր Մատթէի մեկնութեան մէջ, Մովսէս Խորենացի, Զաքարիայ կաթողիկոս եւ այլք, որոնք կը փառաբանեն ԹԱբորը: Մեր մատենագրութեան մէջ վերեւ յիշուածներէն դուրս` կը գտնուի նաեւ ուրիշ ճառ մը` «Սրբասիրի Տեառն Եղիշէի քահանայի եւ ճգնաւոր կրօնաւորի եւ միայնակեցի ի Թաբոր լերին յատյնութիւն Տեառն առ Հետրոսեանց եւ ի մեծի ակոկր Վարդավառի» մակագրութեամբ: Եղիշէ քահանան հականաբար Վարդանանց պատերազմին պատմիչը ըլլայ, վասն զի Արծրունի Թովմայ վարդապետն ալ իր Պատմութեան մէջ (էջ 27) նոյն անունով կը յիշէ զանի: Եղիշէ քահանայ նշանաւոր մենակեաց մ՚էր, որ պիտի փափաքէր ուխտի գալ Քրիստոսի Տնօրինական Ս. Տեղերը, եւ ինչպէս կը գրէ ճառին մէջ, ուրիշ համակրօն եղբայրներու հետ հետիոին Թաբոր լեռը ելած ու աննման գրիչով մը նկարագրած է` ինչ որ տեսած է նոյն լերան վրայ: Ճառին վերջին հատուածին մէջ կարճ տեղագրական մաս մը կը խօսի լերան սրբավայրերու, կրօնաւորներուն կենցաղին եւ պաշտամուոնքի մաստի. կը յիշէ որ իր ընկերակիցներէն ոմանք փափաքած են հոն մնալ եւ հետեւիլ անապատականութեան: Եղիշէ քահանային այցելութիւնը կը պատահի թուականի մը` երբ լերան կրօնաւորական կեանքը եւ եկեղեցիներուն պայծառութիւնը հասած էր իր զենիթին: Իր տողերէն կը հասկցուի թէ եկեղեցիները, զոր կը յիշէ յանուանէ, կը պատկանէին ընդհանուր քրիստոնէութեան, եւ իւրաքանդիւր համայնք ունէր իր ուրոյն վանքը եւ հիւրանոցը: Ընդհանուր եկեղեցիներէն զատ կային նաեւ մասնաւոր եկեղեցիներ: Եղիշէ քահանային ճառին վերջին հատուածը թանկարժէք յիշատակարան մ՚է, որուն մէջ` եթէ ո'չ յանուանէ, բայց պարազօրէն կը հասկցուի գոյութիւնը հայ վանքերու եկ եկեղեցիներու: Նոյն հատուածին խխիստ կարեւոր մասերը աշխարհաբարի վերածելով կը դնես հոս, իրենց շահեկանութեան համար:
       « Մենք անձամբ գալով մեր աչքովը տեսանք, ոչ թէ առանջին` այ շատ ընկերակիցներով, որոնցմէ ոմանք փափաքեցան հնո մնալ ի սէր Քրիստոսի, վասն զի հոն կար բազութիւն մը սքանչելի եղբայրներու, որոնք աւելի հոգիով կ՚ապրին քան թէ մարմնով: Թաբորը Գալիլիոյ ընդարձակ դաշտին մէջ բարձրացած է. ան շատ բարձր է եւ բոլորանիստ, եւ իր շուրջը կը տգնուին ջրհորներ եւ ծառաստաններ, որ կը բերեն քաղցրահամ պտուղներ. կային այգիներ, որոնցմէ կը շինեն թագաւորական գինի, ձիթենիներ եւ եղջիւրենիներ: Լերան գագաթէն բոլոր դաշտը առհասարակ յայտնի կ՚երեւի. արաւելքի կաղմէն` Յորդանան, արեւմուտքէն` Ծայդանացւոց աշխարհին ծովը, հիւսիսէն` Տիբերիոյ ծովը, հարաւէն` նաբովթի այգին. բոլոր երեւցած տեղերուն մէջ կը գտնուէին գիւղեր, ագարակներ եւ քաղաքներ: Լերան արեւելեան կողմը` ուր Քրիստոս այլակերպեցաւ, Պետրոսի խօսքին համաձայն, իրարմէ հեռի երեք եկեղեցիներ շինուած են, եւ անոնք ունին շատ պաշտօնեաներ. առաքինիներ են` որոնք մարմնոյ կարօտութեան համար չէ որ կ՚աշխատին, վասն զի անոնք մէկէ մը չեն ստացած ոսկի կամ արծաթ կամ հանդերձ: Անոնմցէ իւրաքանչիւրը երկմտանի փայտատով մը հողը կը խարխարէ եւ անոր մէջ կը սերմանէ ցորեն, գարի եւ ուրիշ սերմեր մարդոց ապրուստին համար. հասկերը երբ հասուննան, ոտքերով կը շփեն, եւ շեղջերուն արդիւնքը հոսելով` հովին կու տան եւ ապա կը շտեմարանեն. իրենք` որ ցորենը երկանով կ՚աղան, եւ մեծ տաժանքով կը պատրաստեն ամէն օրուան կերակիրկը, լոկ հաց եւ ջուրը աղով կը համեմեն եւ ատոր հորտիկ անունը կու տան: Ձմեռ ատեն լերան նիւը (բանջար մը) կը քաղեն եւ աղով, ջրով եւ զոպայով կը թթուեցնեն եւ, ինչպէս իրենք կ՚ըսեն, տաք օրերուն շատ օգտակար ըմպելի մ՚է: Իւղը կերակուրի համար չեն գործածեր, այլ երեք եկեղեցիներուն մէջ մշտապէս վառուող ակնթեղներուն համար: Իրենց սափորին գինին միայն տէրունեան բաժակին կը գործածեն: Հանապազ չեն ճաշակեր, այլ ի բնէ սովորութիւն ունին` ամառ ատեն հանգչիլ եւ երեկոները միայն ճաշել, իսկ ձմեռները շաբթուան մէջ չեն ճաշակեր: Եթէ հեռի տեղերէ մէկը նոյն եղբայրներուն մօտ երթայ` անոնք սովորականը զանց կ՚ընեն: Հոգեւոր կերակուրին համար շատ զգոյշ են, եւ չեն ուզեր դադրիլ ճաշակելէ. թէպէտեւ ամէն ատեն անյագութեամբ կ՚ուտեն, բայց աւելի կ՚անօթենան եւ ծարաւ կ՚զգան: Ոչ միայն հարիւր յիսուն սաղմոսները ձայնով կը կարդան, այլ նաեւ եկեղեցւոյ բովանդակ սուրբ կտակարանները, եւ փառաւոր եւ բարձր ձայներով լերան սուրբ եկեղեցիները կը շքեղացնեն: Աբեղաները երեք եկեղեցիներու կը բաժնուին եւ անդադար փոխն ի փոխ կը կատարեն ցերեկուան եւ գիշերուան պաշտման կարգը. իսկ երեկոյեան եւ առակօտեան ժամերգութիւնը կը կատարեն միաբանութեամբ: Երեք եկեղեցիներէն մին մեծ է միւս երկուքէն, եւ Տէրունական կը կոչուի. երկու փոքր եկեղեցիներուն մէջ պահուած են նշխարները ա'յն առաքելոց` որ հիմնարկեցին այն օրը` երբ խօսեցան երեք տաղաւարներու մասին, եւ զանոնք կ՚անուանեն սուրբ վկայարաներ եւ կը յիշատակեն Մովսէսի եւԵղիայի: Կիւրակէ օրուան աղօթքը կը կատարեն մեծ եկեղեցիին մէջ եւ փառաբանութեան համար կը յաճախեն նաեւ միւս երկու եկեղեցիները: Ամէնքն ալ մաշկազգեաց են, ձեռնակերտիկ արուեսի ալ գիտեն. մէկը կը շինէ սփիւրիդ (կողով), ուրիշներ` սապատ, եւ ինչ որ պէտք է: Իրենց շինածն ու շահածը մշտավառ կանթեղներու լուսավառութեան համար կը գործածեն, ինչպէս նաեւ իրանց հագած ոչխարի կաշիէ շինուած հանդերձներուն համար. նոյնպէս իրենց վաստակովը կը հայթայթեն հողաբիր գործիքները: Շատ սիրով կ՚օգնեն իրարու եւ կը հոգան զանոնք մանաւանդ` որ իբր պանդուխտ կը մնան հոն: Բարոյապէս տկարներուն մօտ շուտով կը հասնին, եւ կը խրատեն, եւ կը փարատեն անոնց վիշտը ու կը հասկցնեն թէ որովայնի պապարումը բազմագլուխ գազաին մ՚է, որմէ պէտք է զգուշանալ, որպէս զի նոյն լերան վրայ երկրաւոր բարձրութենէն դէպի երկնաւոր բարձրութիւն, այսինքն Տիրոջը մօտ կարենան հասնիլ, ինչպէս Մովսէսը եւ Եղիան նոյն լերան վրայ Տիրոջը առջեւ փառօք երեւցան…» :
       Այս տողերը կատարեալ պատկերացումն են Թաբորի վանական նախնական կեանքին, որ առաւելապէս զարգացած էր Ե. եւ Զ. դարերուն, լատինական կամ խաչակրական դարերէն շատ յառաջ:
       Անաստաս վրդ. ի Վանօրէից Ցուցակին ներածական մասին մէջ կը տգնենք հետեւեալ տողերը. «Արդ, բազումք յԵգիպտոս եւ յԱղեքսանդրիա եւ Թեպայաիտ եւ ի լեառն Սինէական կային մենաստանք Հայոց, նաեւ ի սուրբ լեառն Թաբոր, եւ ի յեզր ծովուն Տիբերիա եւ յայլ սահմանաս ՊԱղեստինոյ, զոր յոլովս իմովին իսկ աչօք տեսեալ. զամս բազումս կայի` լինելով յաշխարհին յայնմիկ եւ ամենայն աստուածաշունչ եւ հոգեպատում պատուիրանք անպակաս գոյր ի հայկեան լեզուս յամենայն մենաստանս Երուսաղեմի եւ որ նովաւ շուրջ զԵրուսաղիմաւ»: Յիշեալը իր նոյն ներածութեան մէջ կ՚աւելցնէ նաեւ թէ քաղկեդոնական խնդրոց պատճառաւ երբ հայ վանականք ցուեցան ու Հայոց վանքերէն շատերը գրաւուեցան, մաս մը վանականներ գացին Ձիթենեաց լեռը, Բեթղեհէմ, Յորդանանի եզերքը, Փորձութեան լեռը, Փրկչի անապատը, Թաբորական լեռը եւ Հերմոն` որ կը գտնուէր հանդէպ Թաբորի, եւ այլն: Պարզ է թէ սոյն հայկական վանքեր եւ Երուսաղէմէն մեկնողները գնացին հոն ապաստանելու:
       Տ. Հ. Թ. Սաւալանեանց իր Պատմ. Երուսաղէմի գիրքին մէջ . Հատ. էջ 247) կը գրէ թէ Զ. դարէն սկսեալ Պաղեստինի եւ շրջակայից մէջ հայոց վանքերը անշքացած կամ գրաւուած էին, բայց մինչեւ տա սն եւ հինգերորդ դար հայկական մենատաններ կը գտնուէին Եգիպտոսի, Սինայի եւ Թաբոր լեռներու վրայ եւ այլուր: Ասոնց մասին մեր վարդապետներէն մին իր յիշատակարանին մէջ կը գրէ որ 1520 թուականին` այցելած էր այդ վանքերուն: Սաւալանեանց ո'չ յիշատակարանը կը յիշէ եւ ոդ ալ այցելու վարդապետին անունը կուտայ. հաւանական է որ ինքը տեսած ըլլայ այդպիսի յիշատակարան մը. բայց տասնեւհինգերորդ դարուն արդէն Թաբորի վանքերը աւերակաց կոյտ մը դարձած էին, ինչպէս նաեւ իր յիշած միւս վանքերը: 1520ին այցելու վարդապետը աւերակները միայն տեսած կրնայ ըլլալ եւ հին վանքերուն ու եկեղեցիներուն տեղերը:
       Հարիւր տարի վերջ, Գրիգոր վրդ. Դարանազցի իր Ժամանակագրութեան մէջ (էջ 536-540) կը գրէ թէ 1626ին Ս. Յակոբայ մենակեացներէն մին (իր բառով ապտալ) Գրիգոր պատրիարք Պարոնտէրին կողմէ նուիրակութեան կը ղրկուի Հալէպ ու այդ առթիւ մենակեացը, ինչպէս սովորութիւն ունէր, ուխտի կ՚երթայ Թաբոր լեռը, ուր կը տեսնէ միայն տաճկահաւատ եւ սեւադէմ պարսիկ մը` որ տարիէ մը ի վեր հոն կը մնար: Կը թուի թէ մենակեացը դիրքի տէր մէկն էր, ու կը խօսէր տաճիկ, ֆրանք, քանանացի լեզուներն, ինչպէս նաեւ պասրկերէն: Մենակեացը տասեակցութենէ յետոյ իր յորդորներով քրիստոնեայ դարձուց պարսիկը ու Քրիստոսի Այլակերպութեան խորհուրդը անոր բացատրած ժամանակ ցոյց կուաւ Քրիստոսի, Մովսէսի, Եղիայի եւ Առաքելոց կեցած տեղերը, «որ են հրախաազան եկեղեցիք եւ եկեղեցբեկք»: Մենակեացի մեկնելէն վերջ, նորահակատ պարսիկը շրջակայ գիւղերու մէջ քրիստոնէական քարոզութիւն ըրած ժամանակ կը նահատակուի: Մենակեացին բացատրութեան նայելով` Թաբոր լերան վրայ տակաւին շատ անխախտ տուներ կային, թերեւս քանի մը եկեղեցիներ ալ. բայց Դարանաղցին իր շինած եկեղեցբեկք բառով կը հասկցնէ թէ տեղւոյն եկեղերիներուն շատերը կործանուած էին:
       Վերագոյն բոլոր տողերուն մէջ տեսանք արդիւնքը հաւատքին այն քաջահաւատ անձերուն որ Քրիստոսի Այլակերպութեան փառքին համար Թաբորի վրայ բարձրացուցին ամենէն հոյակապ յիշատակարանները` զոր քանդեց թշնամիին ձեռքը. եւ հոն դարերէ ի վեր սրբավայրերու աւերակները շեղջակուտուած են եւ ամայութիւն կը տիրէ: Բայց մենք առանց Թաբոր բարձրանալու եւ աւերակները տեսնելու կրնանք զմայլիլ դարեր յառաջ հոն ապրող կրօնաւորներուն կեանքին, եւ անոնց նման կրկնել սրբազան քերթողին սա սրտառուչ երգը.
       «Համբարձցես զմեզ, Տէր, առաւել քան զգալի զԹաբորական զլեառն, յերկնաբերձ եւ յիմանալի խորանսդ»: