ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
(Կրին վանքը)
       1 . Վերնագրիս կրտի բառը սեռականն է կուրտ բառին` զոր կը գործածեն Ոսկեբերանի Եսայեայ մեկնութեան հայ թարգմանիչը, Մխիթար Գօշ` իր Դատաստանագիրքին մէջ, Ոսկեփորիկ, Վարդան Պատմիչ, Ուռհայեցի եւ Սանահնեցի: Կուրտ կը նշանակէ ներքինի. թէ ինչու համար Երիքովի այդ վանքը կրտի կը կոչուի, ստորեւ պիտի բացատրենք:
       Կրտի վանքին ծագումը բացատրող երկու աղբիւրներ ունինք
       Ա . Կիւրեղ Սկիւթուպոլսեցիին Եւթիմիոսի եւ Մար - Սաբայի կենսագրութիւնը, որուն մէջ յիշեալը հետեւեալ կերպով կը գրէ Կրտի վանքին ծագման պատմութիւնը: Երուսաղէմի Մարտիրոս պատրիրաքին ընկերն ու յաջորդն էր Եղիա` որ առանձնացաւ Յորդանանի դաշտը, Երիքովի առջեւ: Ան շինեց հոն խցիկներ` ուր իսկոյն հաւաքուեցան աշակերտներ: Վերջնոցս համար Եղիա շինեց կրկին վանքեր` վանահօր մը հսկողութեան տակ: Եղիա` իր կենդանութեան` երբեք չներեց որ իր հաստատած կրկնակ վանքը բաժնուի: Ան իր մահուան ժամանակ նոյն իսկ կտակեց որ չբաժնեն զայն. բայց չյարգուեցաւ անոր կտակը: Եղիայի վանքերուն աւերակները կը ճանչցուին Րուճմ էլ Էմկաֆիր անունով որ կը գտնուին Երիքովի հարաւային արեւելքը: Նոյն աւերակները կը պարունակեն ճոխ շինուածանիւթեր` որ գործածուած են Երիքովի արդի շինութեանց, ու անոնց ամենէն գեղեցիկ քարերը մտած են Երիքովի ռուսական նորակերտ հիւրանոցին մէջ:
       Կարելի չէ հաւատալ թէ Եւթիսիոսի աշակերտը` Եղիա պատրիարք` նախանձախնդիր կրօնական աղքատութեան` այնքան ճոխութիւններ տուած ըլլայ իւրակերտ վանքին. հաւանական է որ կրկնակ վանքերու վանահայրերէն առաւելապէս իր կամքը չյարգող վանահայրն եղած պիտի ըլլայ վանքը նորանոր ճոխութիւններով օժտողը: Այժմ գանք Մար - Սաբայի կենսագիր Սկիւթուպոլսեցի պատմագրին խօսքերուն. «Յուլիանիա պատրիկին մահուանէն յետոյ իր ներքինիները Երուսաղէմ եկան: Եւ որովհետեւ անոնք Պոլսի մէջ իեսակցած էին Մար - Սաբայի հետ, գնացին գտան զինքը իր վանքին մէջ: Անոնք շատ դրամ ունէին, աղաչեցին Սաբայի ընդունիլ զիրենք իր վանքին մէջ: Ծերունին մերժեց ընդունիլ զանոնք ինչ ինչ զգուշուիւններու համար, զանոնք առ որ անկ է: Ներքինիները ըստ բաւականին ծանօթ ըլլալով վանական կեանքի` դիմեցին Երուսաղէմի պատրիարք Պետրոս արքեպիսկոպոսին (524-544) խնդրելով անորմէ որպէս զի իրենց յարմար տեղ մը փութայ յատկացնել: Արքեպիսկոպոսը յանձնարարեց Երիքովի մօտ գտնուած Եղիայի վանքերուն վանահօր Աղեքսանդր անուն մէկու մը` յաջորդն Նէսդապոսի եւ Զաքարիայի` որպէս զի մէկ քանի օրուան համար այս ներքինիները ընդունի իր վանքին մէջ: Աղեքսանդր տեղի տալով ագահութեան կամ սին բառքերու` հակառակ Եղիա արքեպիսկոպոսին հրամանին` բաժնեց վանքերը: Այն ատենէն սկեալ բաժնուած վանքը Կրտի վանք կոչուեցաւ» (Տե'ս Raymond Genierի Vie de Saint Euthyme le Grand, էջ 35-36): Հաւանաբար այս վանքին անունը Եղիա պատրիարքին օրէն սկսեալ Ս. Ստեփանոս կը կոչուէր: Լատին յիշատակարանը` Commemoratorium de Casis Dei անուամբ, թերեւս այս վանքն է որ կը յիշատակէ ըսելով` «Ս. Ստեփանոսի վանքը Երիքովի մօտ (Եղիայէն?) շինուած» (Տե'ս Itinera A. Descriptiones. Հտր. Ա. էջ 303. Revue de l'Orient Chretien, 1899, էջ 530):
       Բ . Յովհաննէս Մոսքոսի (mosch) Մարգ Հոգեւոր (Pre Spirituel) գիրքը: Կ՚արժէ հոս տեղեկութիւն մը տալ հեղինակին եւ անոր գիրքին մասին: Յովհաննէս Մոսքոս ծնած է Դամասկոս, Զ. դարու կիսուն. ան Ս. Թէոդոսի վանքին վանականներէն էր, բայց յետոյ մեկնեցաւ Փառան, Երուսաղէմի մօտ, ուր մնաց տասը տարի, 567-578: Մոսքոս ձեռնարկեց մեծ ճամբորդութեան մը, դէպի Եգիպտոս, Թեպայիտի եւ Սինայի վանքերը, եւ վերջնոյս մէջ մնաց տասը տարի Յովհաննէս պատրիարքի օրով (575-593): Յիշեալը դարձեալ համբորդեց Պաղեստինի բոլոր վանքերը եւ ուսումնաեիրութիւններ կատարեց: Մօրիկի սպանութեան եւ Պարսից արշաւանքին հականականութեան պատճառաւ 603ին վերջնականապէս թողուց Ս. Երկիրը, այցելեց Անտիոքը եւ Կիլիկիան ու մեկնեցաւ Եգիպտոս: 615ին երբ պարսիկները Ս. Երկիրը արշաւելէ յետոյ, Եգիպտոսի վրայ պիտի յարձակէին` Հռովմ մեկնեցաւ եւ հո'ն լրացուց իր գիրքը` Մարգ Հոգեւոր կոչուած` զոր իր մահէն առաջ յանձնեց իր աշակերտին եւ բարեկամին Սոփրոնիոսի: Վախճանեցաւ կամ 619ին եւ կամ 634ին, եւ Սոփրոնիոս իր ուսուցչին ոսկերոտիքը փոխադրեց Երուսաղէմի մօտ Ս. Թէոդոսի վանքի գերեզմանատունը:
       Մոսքոսի գիրքը Migneի Հայրախօսութեան մէջ հրատարակուած է յունարէն եւ լատիներէն, Pratum Spirituale խորագրով, զոր հայերէն անուանեցինք Մարգ Հոգեւոր: Ունի 219 գլուխներ, որոնց մէջ կը յիշուին իր անձնական յիտշատակները եւ իր երիտասարդութեան յուշերը: Ոճը յանկուցիչ է եւ յստակ, պատմուածքները ժողովրդականացնելու գաղտնիքը ունի. շատ ճշգրտօրէն կը պատկերացնէ իր ժամանակաի վանքական կեանքը. պարսկական եւ արաբական արշաւանքներէն յառաջ Պաղեստինի բազմաթիւ վանքերուն պատկերը կու տայ մեզի տեղեկագրական մանրամասն պարագաներով. յայտնի է թէ քանիցս այցելած է այդ վանքերը: Կրտի վանքի մասին տեղեկութիւններ կու տայ իր Մարգ Հոգեւոր գիրքին ԺԹ. ՃԼԵ. ՃԼԶ. ՃԼԸ. ՃԿԵ. գլուխներուն մէջ . կը գրէ ըօ Կրտի վանքը կը գտնուի Երիքովի մէջ, Յորդանանի մօտիկ. կը յիշատակէ նոյն վանքին վանահայրերէն Եղիա` որ իբր թէ Երուսաղէմի Մակար արքեպիսկոպոսին հետ յարաբերութիւն չընելու համար յաշուած է այս վանքը. Նիկողայոսը` որ երբեմն ալ Կիլիկիոյ կուսանոցներէն միոյն մեծաւորն եղած է. Յովհաննէսը` որուն առակաւոր պատմութիւնները եւ կեանքին հետաքրքրական դրուագները կու տայ: Կ՚երեւի որ թէ' Կրին վանքին եւ թէ ուրիշ վանքերու մասին իր գրաթները զանազան ժամանակի իր այցելութեանց ծանօթագրութիւններն են. այդ պատճառաւ իր գիրքին մէջ չէ պահուած դէպքերու եւ դէմքերու ժամանակագրական կարգը. բայց պէտք է խոստովանիլ թէ իր դարու վանքերու տեղագրութեան համար կարեւոր գիտելեաց ծաղկաստան մ՚է, ըստ իր յորջորջման:
       2 . Կրտի վանքիին ծագման պատմական ճշդումներ պարզելէ յետոյ հարկ է անոր հայեցի հանգամանքն ալ ճշդել. եւ որպէս զի մեր ձեռքը գտնուած համառօտ յիշատակարանին ոյժը եւ ճշգրտութիւնը կարենանք արժեցնել, պէտք է որ Կրտի վանքին գնման եւ վաճառման դարուն Երուսաղէմի եկեղեցիին դաւանական վիճակը եւ շեղումները փութանք պարզել:
       Ծանօթ է եկեղեցական պատմութենէն թէ Քաղկեդոնի ժողովը շեղելով երեք Տիեզերական ժողովներու դաւանական սկզբունքներէն` պատճառ դարձաւ կարգ մը հերձուածներու եւ եկեղեցեաց պառակտումին: Երկաբնակութեան խլրտումներէն Արեւելքի քրիստոնեաները դժգոհ մնացին: Մարկիանոսի զինու զօրութեամբ Երուսաղէմի եկեղեցիին հանդէպ կատարած ոչ - կանոնական ձեռնարկները վտանգ մը նկատուեցան: Եգիպտոս, Սիւրիա, Միջագետք եւ Հայաստան շարունակեցին իրենց Կիւրեղեան բանաձեւի համաձայն միաբնակ դաւանանքի վաղնջական սկզբունքներուն մէջ. սակայն բիւզանդական պետութեան յարատեւուոթեան համար վտանգ մը կը նկատուէր նոյն երկիրներէն դաւանական տեսակէտով անջատ մնալը: Ուստի բիւզանդական ինքնակալներէն մասնաւորապէս Զենոն (474-491) եւ Անաստաս (491-518) Կայսրերը պետութեան բարոյական միութիւնը եւ ոյժը պահպանելու համար հրովարտակներով հաստատեցին Տիեզերական ժողովներու հակատքը եւ միաբնակ դաւանութիւնը: Առաջնոյն Հենետիկոսնը (482) եւ երկրորդին անոր հետեւողութեամբ հրատարակած հրովարտակը սիրով ընդունուեցան Արեւելքի եկեղեցիներէն, մասնաւորապէս Հայ Եկեղեցիէն: Հենետիկոնը եւ Անաստա կայսեր դաւանական պաշտօնագիրը շշատ կանուխէն հայերէնի թարգմանուած են, եւ կը գտնուին մասամս «Գիրք թղթոց»ին եւ ամբողջութեամբ «Կնիք հաւատոյ» կոչուած հաւաքածոներու մէջ:
       Երուսաղէմի եկեղեցին ալ մինչեւ Քաղկեդոնի Ժողովը Հայ Եկեղեցւոյ նման դականանք մ՚ունէր. ուղղափառ միաբնակ էր: Յոբնաղ նենգութեամբ անցաւ հակառակ կողմը, եւ Մարկիանոսի քաղաքական դիտաւորութիւններուն ծառայելով` ուղղափառութեան հակառակ շարժեցաւ, ոտնակոխ ընելով Տիեզերական ժողովներու դաւանական սկզբունքները եւ Երուսաղէմի մէջ պատճառ դարձաւ ծանր արիւնահեղութիւններու եւ անկարգութեանց: Երուսաղէմի կղերն ու վանականութիւնը մեծ մասամբ միաբնակ էին: Յոբնաղի յաջորդները, սակայն, չմնացին քաղկեդոնականութեան մէջ: Թէոդորոս, Անաստաս, Մարտիրոս, Սալուստիոս, Եղիա, Յովհաննէս եւ Պետրոս մինչեւ 518, Երուսաղէմի եկեղեցիին պատրիարքական ասորերէն անանուն Ժամանակագրութեան մը անգղ. թագրմանութիւնը` The Sirac Chronicle known as that of Zachariah of Mitylene խորագրով, քաղկեդոնական վէճերու ժամանակ գրի առնուած եւ անոնց վերաբերեալ կաեւոր ոթւղթերու բովանդակութեամբ: Նոյն գիրքը գլխաւորապէս կը ցոլացնէ Երուսաղէմի եկեղեցւոյն հաւատքը եւ Յոբնաղի յաջորդէն մինչեւ 518 գահակալող եպիսկոպոսներուն դաւանութիւնը: Առհասարակ անոնք, բացի Եղիայէն` որ աքսորուած է, եւ Յովհանէսէն` որ ուխտադրուժ մը եղած է, ամէնքն ալ դաւանութեամբ զուտ միաբնակներ են: Նոյն իսկ ըստ նոյն Ժամանակագրութեան, Մարտիրոս պատրիարք մաիբանութիւնը ջատագովող յայտարարութիւն մը ունի, ինչպէս նաեւ թուղթ մը` Աղեքսանդրիոյ Պետրոս պատրիարքին: Երոսաղէմի մէջ միաբնակութեան դէմ հալածանքը կը սկսի Յուստինոս կայեր օրով (518-521), որուն գործադրողը կ՚ըլլայ ւկայսեր օգնականը Յուստինիանոս, Յովհաննէս պատրիարքի ձեռքով: Այդ ժամանակին էր որ մեծ տագնապ յառաջ եկաւ Երուսաղէմի հայ վանականներուն մէջ, ինչպէս յայտնի կ՚ըլլայ մասնաւորապէս նոյն Յովհաննէս պատրիարքին Աղուանից Աբաս կաթողիկոսին վրած նամակէն, որուն հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1896ին Վաղարշապատի մէջ: Յուստինոսի յաջորդը` Յուստինիանոս իր արեւմտեան քաղաքականութեանը համար ա'լ աւելի յառաջ տարաւ հալածանքը Երուսաղէմի մէջ եւ շարունակուեցաւ ան մինչեւ Արաբաց արշաւանքը:
       Գրեցինք այս տողերը հասկցնելու համար թէ ներքինիները Երուսաղէմ այցելեցին Անաստաս կայսեր օրով: Անոնք Զենոնէն սկսեալ միաբնակ դաւանանք ունէին, եւ կը դիմէին Երուսաղէմի եկեղեցիին որ նոնյն ժամանակ գլխովին միաբնակ էր, ինչպէս ցոյց կու տայ ասորի Ժամանակագրութիւնը: Ուրեմն պարզապէս կը հասկցուի թէ Եղիայի երկու վանքերէն մին գնող բիւզանդական արքունիքէն եկած ներքինիները միաբնակ էին եւ թէ անոնք քաջալերութիւն եւ պաշտպանութիւն կը սպասէին Երուսաղէմի եկեղեցիէն, որ տակաւին չէր արձակած մոլեռանդութեան եւ դրժումի շանթերը ընդդէմ Հայ Եկեղեցւոյ եւ այլ միաբնակ արեւելեան եկեղեցիներուն:
       3 . Վերեւ յիշատակուած ասորերէն Ժամանակագրութենէն կը հասկնանք նաեւ որ Պետրոս վրացին վանքին հիմնադրութեան օգնողը ներքինի մ՚էր, Յովհաննէս անուն, որ միեւնոյն ժամանակ անոր նքահայրն էր: Նոյնպէս Զաքարիա հռետորի այս երկուքն ալ դաւանութեամբ միաբնակ էին: Հանգիտութեան կանոնվ կը տարուինք մտածել թէ «բարեպաշտ եւ ուղղափառ թագաւորաց» որով բիւզանդական պալատին այն ներքինիները, որոնք Երուսաղէմ եկան եւ Զ. դարու սկիզբները Եղիայի վանքերէն միոյն տիրացան, հաւատքով միաբնակ էին եւ դաւանակից ՀԱյոց: Eloisaի մօտ միայնակեաց (555-558) վանական Պօզոս Հելլատիկոսի (Paul Helladique) նամակին մէկ հատուածը ցոյց կու տայ այս ներքինեներուն պետը որ կը կոչուէր Եւտրոպէ (Eutrope): Այս անձն էր որ գնեց Եղիա պատրիարքին երկրորդ վանքը եւ հոն հաստատուեցաւ իր ընկերներով եւ Երիքովի շուրջը գտնուող իրեն յարմար մարդերով (Տե'ս Societe Russe de Palestine, 1891, էջ 25, Revue de l'Orient Chretien, 1899, էջ 533): Կրտի վանքը ուրեմն իր ծագումով միաբնակներու կը վերաբերէր. այնպէս որ սեպհականատէր ներքինիներու մահէն յետոյ կը ժառանգէին զայն մեռնողներուն դաւանակիցները, այսինքն Հայերը: Հայ Երուսաղէմի վանքերուն ցուցակը կազմող Անաստաս վարդապետ Երիքովի Կրտի վանքը ՀԱյոց սեպհականութիւն կը ճանչնայ, եւ այդ պատճառաւ իր Ցուցակին մէջ կը գրէ հետեւեալ յիշատակութիւնը. «Կրտի վանք, Չորրորդ Հայոց, յարեւելից կուսէ կայ»: Կրտի վանքի մասին ասկէ զատ ուրիշ յիշատակութիւն մը չունինք դժբախտաբար: «Յարեւելից կուսէ կայ» խօսքը պէտք է հասկնալ Երուսաղէմի արեւելեան կողմը, որ է Երիքովի մօտ: Դ. դարէն մինչեւ Զ. դար Երիքովի մէջ ծաղկած էր քրիստոնէութիւնը: Այցելած են հոն Պորտոյի Անանուն ուղեւորը (333ին), Արգուլֆ եպս. ը Է. դարու սկիզբը, եւ կը նկարագրեն անոր դրախտանման վիճակը: Կային հոն շատ մը եկեղեցիներ եւ ուխտաւորաց բնակարաններ: Հեռուէն կ՚երեւնար Եղիսէի աղբիւրին վրայ կառուցուած քարտէսէն կը հասկցուի թէ Երիքովը արմաւենիներէ շրջապատուած գեղեցիկ քաղաք մ՚էր: 637-1099 թուականները Երիքովի մէջ քրիստոնէական կեանքը բոլորովին ոմանց անուննեծրը կը յիշատակուին ժողովական արձանագրութեանց մէջ: Կրտի վանքը հաւանաբար մինչեւ Թ. կամ Ժ. դար գոյութիւն ունեցած է, եւ յետոյ քանդուած է արաբական արշաւանքներէն, եւ անոր աւերակոյտի ճոխ շինուածանիւթէն կարելի է դատել թէ ան կարեւոր վկայէ սեպհականատէրերուն բարձր դիրքին եւ նոյն վանքին վարչութիւնը ստանձնողներուն գործունէութեան ոգւոյն մասին:
       Գանք Անաստաս վրդ. ի յիշատակութեան, Չորրորդ հայոց խօսքին` որով կը հասկցուի թէ Կրտի վանքը կը վերաբերէր Չորրորդ Հայոց: Նոյն գաւառի հայերը տիրացած էին անոր եւ կը մատակարարէին զայն իրենց նուէրներով կամ տուրքերով տեղացի պաշտօնէից ձեռքով: Չորրորդ Հայք ըսելով ՀԱյաստանի ո՞ր կողմի ժողովուրդը պէտք է հասկնալ:
       Հռովմայեցիք, յետոյ Բիւզանդացիք Հայաստանը գաւառներու բաժնած են, Հայք բառին քով դնելով թիւ մը: Անոնցմէ վերջ Արաբներն ալ բաժանումին միեւնոյն դրութիւնը ընդունած են: Հայերն ալ գործածած են իրենց տիրապետողներուն դրութիւնը: Լատին, յոյն, արաբ եւ հայ գրուածքներուն մէջ, անխտիր կը պատահին Ա, Բ, Գ, Դ Հայք բաժանումներուն:
       536ին, Յուստինիանոսի օրով, Չորրորդ Հայք ըսելով կը հասկցուէց Մելիտինէի դիմացի երկիրը մինչեւ Տիգրիս եւ մինչեւ »»«Մարտիրոսաց քաղաքըթ» (=Նփրկերտ=Մֆարղին), այս գետէն անդին:
       591ին Մօրիկ կայսրը Հայսատանը Պարսից հետ բաժնելէ յետոյ երկրին տուաւ վարչական նոր բաժանում մը: Այս կերպով Յուստինիանոսի օրով կատարուած Չորրորդ Հայքը պահուեցաւ եւ կոչուեցաւ Միջագետք. բայց անոր վրայ աւելցաւ երկրորդ Չորրորդ Հայք մը կամ Չորրորդ Յուստինիանա մը, Դաղեմի, Արշամոսատի եւ Քիթարիզոնի հետ: Այս վերջին Չորրորդ Հայքն է որ երկար ժամանակ այս իմաստով կը հասկնային Բիւզանդացիք եւ Հայք (Տե'ս L'Armenie entre Byzance et l'Islam, depuis la conquete Arabe jusqu'en 886, J. Laurentի. էջ 303): Իսկ մեր Վարդան վրդ. ը իր աշխարհագրութեան մէջ Դ. Հայք ըսելով կը հասկնայ «Մոկս` Հիզանով մինչեւ ի Յամիդ»:
       Ուրեմն, ըստ այս բացատրութեան, Երիքովի Կրտի վանքը կը հոգային իրենց տուրքերով եւ ուխտաւորութեամբ Չորրորդ Հայքի սոյն քաղաքները, որք են Եփրատէն անդին Խարբերդ, Արշամոսատ , Նփրկերտ, Ամիդ, Տիգրտսէն անդին Արզանէն , թերեւս նաեւ Տարոն եւ Սասուն: