ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գազայի բնակիչները շատ տրամադդիր չէին քրիստոնէութիւնը ընդունելու, վասն զի այս քաղաքը հելլենական հեթանոսութեան կեդրոն մ՚էր եւ իր գլխաւոր մեհեանը Marneion անուամբ կը մրցէր Serapeionի հետ: Ընդհակառակն Մաեումայի բնակիչները չէին ընդդիմանար քրիստոնէութեան. այդ պատճառաւ էր որ Կոստանդիանոս հրամայեց Մաեուման բաժնել Գազայէն: Մաեուման դարձաւ անկախ քաղաք մը Կոստանդիա անուամբ, մինչ ցգահակալութիւն Յուլիանոս ուրացողի, որ դարձեալ զայն միացուց Գազայի: Դ. դարու վախճանին հեթանոսութիւնը վերջ գտաւ Գազայէն Իլարիոնի հրաշքներով, Ս. Պորփիւրի ջանքերով եւ զինու զօրութեամբ: Գազայի գաւառը ունէր երեք եպիսկոպոսներ,, մին` ի Գազա, միւսն` ի Մաեումա, եւ երրորդն յԱնթէտոն. Գազա եւ Աթէտոն այժմս ալ ունին անուանակիր եպիսկոպոսներ: Գազայի քրիստոնէական դպրոցը Ե. եւ Զ. դարերուն նշանաւոր եղած է Զոզիմի, Պրոկոպոսի, Կորիքիոսի, Իզոտորի, Ենայի, Տիմոթէոսի եւ Յովհաննէսի շնորհիւ:
       Նոյն ժամանակները Գազայի մէջ կային առնուազն հինգ եկեղեցիներ, որոնցմէ մին էր EUDOXIANA` Marneionի տեղ. հաւանաբար այժմու մեծ մզկիթը: Տօները կը կատարուէին մեծ հանդիսաւորութեամբ: Քաղաքը պալատներով լեցուն էր այն ատեն, երբ Արաբները կ՚իշխէին հոն Գազայի մօտ, Թատունի պատերազմէն վերջ (635):