ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Քրիստոսի Տնօրինական տեղերէն մին կը նկատուի Յորդանան գետը, ուր մկրտուեցաւ մեր Տէրը Յովհաննէս Մկրտչէն, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը: Յորդանանը կը բղխի Լիբանան եւ Հերմոն լեռներէն եւ ընդարձակ դաչտերը թրջելով կը թափի Մեռեալ ծովը: Հին Ուխտի մէջ անուանի է ան հրաշագործ անձերու եւ դրուագներու պատմուածքներով: Իսրայէլի համար ան կը նկատուէր երկրորդ Կարմիր ծով մը. մարգարէից գրուածքներուն մէջ անպակաս են ակնարկութիւններ` որ այլաբանական իմաստներով կը հասկցնեն գետին յորդումնրեը, ընթացքը, անոր ջրվէժներուն եւ հոսանքներուն արագութիւնը եւ այլն. բայց հոգեւոր իմաստով ամէնէն խորհդաւորը Զաքարիա մարգարէին ակնարկութիւնն է (ԺԱ. 3), «Ձայն ողբալոյ հովուաց, զի թշուառացաւ մեծութիւն նոցա, ձայն գոչելոյ առիւծուց, զի թշուառացաւ բարձրութիւն Յորդանանու»: Թշուառացած Յորդանանու բարձրութեան վրայ ուրիշ առիւծ մը պիտի գոչէր, եւ պիտի ըլլար մեղսաքաւիչ աւազան մը ուրկէ վերստին պիտի ծնէին մարդիկ: Մեր Տէրը իր մկրտութեամբ նուիրականացուց Յորդանանի ջուրերը որոնց վրայ արձանագանգեցին քրիստոնէական երկու մեծագոյն խորհուրդներու` Ս. Երրորդութեան եւ Փրկագործութեան վարդապետութիւնները, որոնց վրայ դրուեցաւ աստուածային կնիք մը աղաւանակերպ իջումովը Ս. Հոգիին: Տէրունական այս սուրբ գործերով պանծալի գետը աննշմար չպիտի անցնէր սրբազան բանաստեղծներուն գեղեցիկ արտադրութեանց մէջ եւ պիտի փառաբանէին Յորդանանը, փառաբանած ըլլալու համար Անիկա` որ մկրտուեցաւ հոն լուալու մարդոց մեղքին արատները եւ իբր Գառն Աստուծոյ բառնալու աշխարհի մեղքերը, ինչպէս կը գոչէր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ: Քրիստոնէական մտքին մէջ ալեւս Յորդանանը «թշուառացած բարձրութիւն» չէր, այլ մաքրութեան, սրբութեան եւ ազատութեան յաւերժական աւազան մը` որուն մէջ դարերու սրունդները պիտի գային սրբուելու համար:
       Քրիստոնեայք չէին կրնար մոռնալ մեր Տիրոջ Տնօրինական տեղերը. իրենց հոգիին սփոփանքն էին անոնք, եւ թշուառացած անձեր ոյժ եւ կազդոյր գտնելու համար կը կտրէին անհուն տարածութիւններ` հակառակ մեծամեծ արգելքներու եւ վտանգներու, բազմութեամբ կը յաճախէին Ս. Երկիր, ի գոհացումն իրենց բեկեալ սրտերուն, եւ արտասութաթուրմ աչքերով կը համբուրէին Ս. Տեղիքը եւ կը փութային երթալ Յորդանան լսելու այն աստուածային ձայնը որ տակաւին կ՚արձագանգէր ըսելով. «Դա է որդի իմ սիրելի, ընդ որ հաճեցայ»: Ջրի մէն մի կաթիլ այդ ձայնին ոյժը կը կրէր եւ անոր մէջ սրբուող կամ լուացուողը պիտի ունենար Աստուծոյ որդեգրութիւնը, եւ իր առաքինական գործերովը պիտի ստանար Բարձրելոյն հաճութիւնը:
       Այս հաւատքով կու գային քրիստոնեաներ հատստուելու Յորդանանի եզերքը, ուր իրենց հակատքի ցոլքը եւ ջերմեռանդութեան արդիւնքը կը ցուցադրէին հոգեւոր ձեռնարկներով: Յորդանանի երկու անապատացեալ եզերքներուն վրայ` այն տեղը` ուր մեր Տէրը մկրտեցաւ, քրիստոնէական ջերմեռանդութիւնը մանաւանդ Դ. դարէն սկեալ շէնցուցած է նախ մենակեացներու բազմաթիւ խուցերով, յետոյ հոյակապ վանքերով եւ եկեղեցիներով: Նոյն իսկ Քրիստոսի մկրտուած տեղւոյն վրայ կառուցուած է փառաւոր եկեղեցի մը: Արդարեւ սրտառուչ եւ հիացական են դարերու ընթացքին մէջ այլ եւ այլ ազգաց այն ուխտաւորական բազութիւնները որ կը դիմէին դէպի նուիրական գետը լուացուելու կամ մկրտուելու համար:
       Մենք այս տողերով պիտի ջանանք գրել նախ այս ուխտաւորութեանց
       եւ անոնց սովորութիւններուն պատմականը, ուղեգիրներու վկայութիւններով. յետոյ ականատեսի մը վկայութեամբ պիտի նկարագրենք գետին հանդիպակաց կողմը Քրիստոսի մկրտուած տեղւոյն վրայ շինուած եկեղեցին, եւ ապա պատմական ապացոյցներով պիտի ճշդենք Յորդանանու եզերքը գտնուած Հայոց Ս. Յովհաննու Կարապետի վանքը: Իբր ծանօթութիւն սա աւելցնենք թէ գետին աջ կողմը կամ արեւմուտքը ըսելով պէտք է հասկնանք Յիսուսի մկրտուած տեղւոյն մօտ գետին այն եզերքը որ կը գտնուի Երիքովի դիմացը, տսը ձախ կողմ կամ արեւելքը գետին անդիի կողմը, այսինքն միւս ափուննքը:
       1 . Ուխտաւորութեանց պատմական վկայութիւնները Յորդանանու երկու կողմերուն վերաբերութեամբ գրուած են, նմանապէս վանքերը երկու կողմին վրայ հաստատուած են: Մենք երկու մասին պիտի բաժնենք, երկու կոմղի վկայութիւնները, քաղելով զանոնք ուրիշ ուղեգիրներէ ժամանակագրական կարգաւ: (Տե'ս F. Vigourouxի Dictionaire de la Bible հատորներուն JOURDAIN - BETHABARA անունները:
       Ա . Բլէզանսի Ատոնիոնոսը կը պատմէ թէ իր ժամանակը . դար) ժողովրդեան մեծ բազմութիւն մը Աստուածայայտնութեան օրը կ՚երթար գետին եզերքը, արշալոյսին լուացուելու համար: Ան կը պատմէ թէ փայտէ խաչ մը կար գետին մէջտեղը եւ երկու եզերքները մարմարով ծածկուած էին: Իւրաքանչիւրը գեի կը մտնէր սաւանով, զոր ամէն ոք կը պահէր իր մահուան օրուան համար: Տուրացի Գրիգոր եւս կը յիշէ թէ բորոտները Յորդանան կ՚երթային բժկուելու համար: Ուխտաւորներէ առնուած տեղեկութեանց համաձայն մկրտութեան նշանակուած տեղն էր Յունաց Ս. Յովհաննէս Մկրտչի վանքին մօտերը: Նոյն վանքը Արաբները կը կոչեն Քասր էլ - Եեհուտ, «Դղեակ Հրէից», եւ Քրիստոնեայք` «Ս. Յովհաննու վանք»: Շատ հին ուխտաւորներ կը կարծեն թէ ան շինուած էր նոյն իսկ այն տեղը ուր Յովհաննէս կը մկրտէր, բայց աւելի հաւանական է որ քիչ մը հեռի էր անկէ, վասն զի Յորդանանի անմիջական եզերքները չէին կրնար տանիլ այդպիսի հաստատուն շինութիւն մը: Ուխտաւորներուն այցելած գետին տեղը ժամանակի ընթացքին փոխուած է: Դարձեալ 530ին Թէոդոսիոս ուխտաւոր ուղեգիրը կը գրէ. «Այն իեղը ուր Տէրը մկրտուած էր տեսայ մարմարէ սիւն մը` որուն վրայ կար երկաթէ խաչ մը: Հոն էր Ս. Յովհաննու Մկրտչի եկեղեցին` Անաստաս կայսեր կողմէն շինուած որ կամարներու վրայ բարձրացուած էր Յորդանանի ջուրերուն շատ մօտ ըլլալուն պատճառաւ: Տիրոջը մկրտուած տեղէն մինչեւ ա'յն տեղը ուր, Յորդանանը Մեռեալ ծովը կը թափի, հինգ մղոն է»: 780ին Վիլլեպալտ կ՚այցելէ եւ կը վկայէ թէ «Յորդանանի աջ կողմը կը գտնուէր եկեղեցի մը որ քարէ սիւներու վրայ բարձրացած էր. հոս այն տեղն է ուր Տէրը մկրտուեցաւ եւ կար բայտէ խաչ մը եւ ջուրի փոքր դարձուածք մը»: 1112ին Ռուսազգի Դանիէլ վանական կը գրէ թէ «Յորդանանը եկու նետընկէց հեռի էր Ս. Յովհաննու հին վանքէն եւ Ս. Կարապետին ի պատիւ շինուած եկեղեցիին աւերակներէն»: 1170ին Թէոդորիք Երիքովի մօտ երեկոյ մը տեսաւ վաթսուն հազար անձեր` մեծաւ մասամբ վառուած լապտեր ի ձեռին: 1187ին յոյն վանական Փոկասը կը գրէ թէ Ս. Յովհաննու եկեղեցին երկրաշարժէ մը քանդուած ըլլալով նորոգուեցաւ Մանուէլ Կոմնենոս կայսրէն: Յիշեալը կը յաւելու. «երկու նետընկէց հեռուէն կը հոսի Յորդանանը: Ափունքին մօտ, քարընկէց մը հեռի, կայ չորս կամարներու վրայ բարձրացուած շէնք մը, որուն բոլորտիքէն առաջ կը հոսէր Յորդանանը»: Արաբներու տիրապետութեան ժամանակ ալ, 1217ին Աստուածայայտնութեան տօնին շատ հեռի տեղերէ տղաքները կը բերէին մկրտելու Յորդանանի մէջ: 1309ին Ricoldi ուղեգիրը հանդիպեցաւ տասն հազար անձերու` որոնք Յորդանան կ՚երթային լուացուելու եւ մկրտուելու համար: 1480ին Ֆապրի կը գրէ թէ իսլամ արաբներ մակաղատեղի ըրած էին Ս. Յովհաննու Յունաց վանքը: 1552ին լատին ուխտաւորներ կ՚երթային աղօթելու վանքին եկեղեցին եւ կ՚այցելէին Յորդանանը, որ վանքէն գրեթէ երկու մղոն հեռի էր: Մկրտութեան եկեղեցին այլեւս ծանօթ չէր եւ կը կարծուէր թէ ան Ս. Յովհաննու ԿԱրապետի եկեղեցին էր, որմէ յորդանանը հեռացած էր:
       Վերեւ յիշուած ուղեգիրներուն Յորդանանի աջ կողմը յիշած Ս. Յովհաննու վանքը, երկու ուրիշ վանքերու հետ, կը վերաբերի Յունաց: Անտարակոյս անոնք շատ հին վանքեր էին, ինչպէս կը վկայեն հին մոզայիքները եւ յունական արձանագրութիւնները: Երկրաշարժի եւ յարձակումներուն հետեւանքով բոլորովին աւերակ դարձած էին, մին միայն 1882ին կը նորոգուի եկեղեցիով եւ հիւրանոցներով:
       Յունաց Ս. Յովհաննէս Մկրտչի վանքին ճիշդ դիմացը Բեթաբրան է ուր կը բնակէր Յովհաննէս եւ ուր մեր Տէրը մկրտուեցաւ. «Այս ի Բեթաբրա եղեւ յայնկոյս Յորդանանու, ուր էր Յովհաննէս եւ մկրտէր (Յովհ. Ա. 28): Բեթաբրան` որ կը նշանակէ «անցք», այն ծանծաղուտն էր` ուրկէ կարելի էր հետիոտն երթալ, այդ տեղը կը կոչուէր էլ - Կորանիէ, որուն վրայ ի հնումն շինուած էր քարէ կամուրջ մը` ինչպէս յայտնի է մօտի գետեզերեայ աւերակէն, եւ այժմ ալ կը գտնուի փայտէ կամուրջ մը. նոյն տեղէն է որ կ՚երթային մէկ եզերքէն միւսը: Քրիստոսի մկրտութեան տեղւոյն քրիստոնէական հին աւանդութիւնը բեթաբրան ցոյց կու տայ, ինչպէս Աւետարանը: Յորդանանի անդիի կողմն էր որ քրիստոնեայ ուխտաւորներ կը յաճախէին: Հոգեւոր եւ վանական կեանքը հոն առաւելապէս զարգացած էր շատ հին դարերէ սկսեալ: Եւսեբիոս իր Պաղեստինի տեղերու անուանց գիրքին մէջ (Onomasticon) Բեթաբրա անունին տակ կը գրէ, եւ անոր կը ձայնակցի Յերոնիմոսն ալ թէ` Կոստանդիանոսի ժամանկէն սկսեալ բազմաթիւ նորադարձներ Յորդանանի անդիի կողմը կը յաճախէին մկրտուելու Բեթաբրայի մէջ. հետագայ դարերու հաւատացեալք կ՚ընէին նոյնը: Պորտոյի անանուն ուխտաւորը 333ին իր Ուղեգրութեան մէջ մեր Տիրոջ մկրտութեան տեղը Մեռեալ Ծովէն հինգ մղոն վեր է, եւ այն բլուրին մօտ` ուր Եղիա մարգարէն գրկինք վերացաւ: Յովհաննէս Մոսքոս իր Մարգ Հոգեւոր գեիրքին մէջ մանրամասն կը յիշատակէ այն մենակեացները որ Յորդանանի անդիի կողմը գետեզերեայ այրերու մէջ բնաւոթիւն հաստատած ու հետեւած են անապատական կեանքի: Նոյն իսկ անոնցմէ մին` Յովհաննու Մկրտչի այրին մէջ բնակելով յաջողած է շինել նոյն սուրբին անունով եկեղեցի մը, ուր պիտի կառուցուէր յետոյ Ս. Յովհաննու Մկրտչի վանքը, այլ անուամբ Սափսայի (Sapsas) վանքը: Մի ուրիշ շինած է Քոփրաթայի (Copratha) վանքը, որուն վանքականները կը պահպանէին Քրիստոսի մկրտութեան եկեղեցին, Յորդանանի անդիի կողմի եզերքին վրայ շինուած (Տե'ս Migne, P. G. Հտր 3, Pratum Spirituale, Ա. ՂԱ. ՂԲ. ): Պաղեստինագէտ մատենագիր Guerin կը գրէ (Samarie, Հտր Ա. էջ 114) թէ «ԺԶ. դարուն ուխտաւորները Յորդանան կ՚երթայինլուացուելու Քասր էլ-Եէհուտի արեւելքը գտնուած Մաքքատէթ էլ - Կորանիէ անունով պանըթ ծանծաղուտին մէջ. այժմ ընդհակառակն կ՚երթան նոյն աւերակներուն հարաւ - արեւմտեան Մաքքատէթ էլ-Հաճլա: այս ծանծաղուտը իրապէս կրնայ ըլլայ Բեթաբրան` ուր Յովհաննէս կը մկրտէր, եւ հետեւաբար ներելի է մտածել թէ հոն էր որ մեր Տէրն ալ մկրտուեցաւ իր կարապետին ձեռքովը: Այժմ լատին ուխտաւորնրը Մաքքատէթ էլ - Կորանիէ ծանծաղուտը չեն երթար լուացուիլ` սա պատճառաւ որ անոնք ընդհանրապէս Մեռեալ Ծովուն եզերքը պտոյտ մը ընելու նպահակը կ՚ունենան, եւ որպէս զի անոնց ճանապարհը չերկարի` առաջնորդները զանոնք կը տանին առաւելապէս Յորդանանի այնպիսի մէկ տեղը` որ Մեռեալ Ծովէն նուազ հեռի ըլլայ»:
       2 . Կ՚արժէ գիտնալ թէ ո՞ւր շինուած էր մեր Տիրոջ մկրտուած եկեղեցին: Տիրող աւանդութեան մը համաձայն, նոյն եկեղեցին շինուած էր Յորդանանի անդիի կողմը, Բեթաբրայի մօտ. այս մասին Արգուլֆ եպիսկոպոս` որ 670ին այցելած է Յորդանան` ունի շահեկան տեղեկութիւններ: Յիշեալին տեղեկագրական բոլոր յուշերը նաւաբեկութեան մը պատճառաւ կորսուած էին. երբ Եւրոպա վերադարձաւ Սկովտացի Ադամնեան վանականի մը գրի առնել տուաւ իր բլորո յուշերը Պատմութիւն Ս. Տեղերու խորագրին տակ (Տե'ս Orient Latin. Հտր. Ա. ):
       Արգուլֆի նկարագրած մկրտութեան եկեղեցին կը գտնուի Coprathaի արեւմուտքը, 150 քայլ հեռի, գետին մէկ փոքր թեւին կամ ջրանցքին վրայ: Արգուլֆ հետեւեալ կերպով կը յիշատակէ նոյն եկեղեցին. «գետին եզերքին վրայ կը գտնենք քառակուսի փոքր եկեղեցի մը որ, կ՚ըսեն թէ` շինուած է այն տեղը ուր կը պահուէին զգեստները մեր Փրկչին` որ մկտուեցաւ: Այս եկեղեցին հաստատուած էր չորս սիւներու եւ քարէ կամարներու վրայ. բայց ջուրին վրայ ըլլալով բնակելի չէր, վասն զի ջուրերը ներքեւի կողմէն պատած էին: Կղմինտրով ծածկուած էր ան, եւ հիմը շինուած էր կամարակապ քարերով»: Ճամբորդները կ՚ըսեն թէ այս մատուռին ստորին բոլոր մասերը մինչեւ այժմ կ՚երեւնան:
       3 . Հայերը Յորդանանի եզերքը վանք կամ եկեղեցի ունէի՞ն . պատասխանս հաստատական է, քանի որ, ինչպէս յայտնի է յիշատակարաններէն, Յոյները եւ Վրացիները հոս վանքեր եւ եկեղեցիներ հիմնած էին, որոնցմէ մի քանին գոյութիւն ունին մինչեւ ցայսօր: Հայերը որ Ս. Քաղաքին մէջ եւ շրջակաները հոյակապ վանքերով եւ եկեղեցիներով ճոխացած էին եւ որոնց ուրացումը կարելի չէ, անտարակոյս պիտի փափաքէին վայելելու Յորդանանու օրհնութիւնները: Մենք վերեւ յիշատակեցինք Յովհաննէս Մոսքոսի մէկ վկայութիւնը որուն համաձայն կը հաստատուէր թէ Բեթաբրայի այրերուն մէջ հաստատուած էին անապատականներ` եւ անոնցմէ մին Յովհաննէս` իր բնակած այրը փոխակերպած է եկեղեցիի` անուանելով զայն Ս. Յովհաննօս Մկրտիչ: Ինչպէս աջ ափունքին` նոյնպէս ձախ աբանց գեիեզգերքը զարդարուած էր այլեւայլ ազգաց վանքերով եւ եկեղեցիներով: Մեր հին մատենագրութեան մէջ Մովսէս Կաղանկայտուացի առաջին անգամ կը յիշատակէ հայկական վանք մը եւ եկեղեցի մը Յորդանանի քով (Տե'ս Պատմ. Աղուանից, էջ 423) «… ուր Փրկիչն մկրտեցաւ, յորում եկեղեցի սագաշէն խադանման յարմարեալ` 80 կանգուն երկայն 80 լայն, երեք սեղան խորհրդոյ, եւ պատարագ մատչի…». ասոնք ականատես ուխտաւորի խօսքերն են. եկեղեցին շինուած է որրանաձեւ, խաչանման եւ երեք սեղաններով: Ի՞նչպէս պէտք է ճշդենք նոյն եկեղեցւոյ շինութեան թուականը: քաղկեդոնական խլրտումներուն պատճառաւ Երուսաղէմի հայ Միաբանութեան մէկ կարեւոր մասը երբ Ս. Տեղերէն ցրուեցաւ, կարեւոր հատուած մ՚ալ հաստատուեցաւ Յորդանանի եզերքը: Անաստաս հայազգին իր Վանօրէից Ցուցակին ներածական մասին մէջ կը գրէ. « եւ նոցա ոչ կարացեալ համբերել` թողին զտեղիս իւրեանց. եւ ԺԵ. վանք միայն մնացին. եւ կէսք ի լերին Ձիթենեաց եւ այլք մերձ ի Բեթղեհէմ, եւ Սիւնական (Սինէական) կրօնաւորք, եւ ի յեզր սուրբ գետոյն Յորդանանու, եւ ի լերինն Փորձութեան, յԱնապատ Փրկչին. եւ ի Թափօրական լեառն, եւ ի Հերմոն` հանդէպ Թափօրայ, եւ այլ եւս ի նոյն կողմանս Ինբերական ծովուն …»: Եթէ, ըստ Կաղանկայտուացիին յիշատակարնին, չենք կրնար աւելի հնագոյն թուականի մը տանիլ Յորդանանու հայկական վանքը, վտսահաբար պիտի ընդունինք թէ Է. դարու կիսուն քաղկեդոնական խնդրով Երուսաղէմէն ցրուող հայ կրօնաւորները Յորդանանու եզերքը շինած պէտք է ըլլան հայկական վանք մը: Այս հայկական հաստատութեան մասին Ս. Տեղեաց արձանագրութեանց մէջ յիշատակարան չունինք եւ այժմ աւանդութիւնն ալ մոռցուած է: Միայն մէկ դար առաջ 1813ին Յունաց հետ տեղի ունեցած դատավարութեանց առթիւ Պոլսի Փոխանորդ Անդրիանուպոլսեցի Պօղոս վարդապետէն (յետոյ պատրիարք Կ. Պոլսոյ եւ ծայրագոյն կառավարիչ Ս. Աթոռոյ) եւ ամիրայից կողմէն Բարձրագոյն Դրան մատուցուած յիշատակագրին մէջ Հայոց անյայտացած ու յափշտակուած վանքերու ու ստացութեանց յիշատակութեանց առթիւ հետեւեալ տողերը կը գրուին. «… բայց հետզհետէ յայլեւայլ պատճառաց ամայի մնացեալ, օտարաց յափշտակեալ եւ անհետ եղեալ են. որպէս եւ յեզր Յորդանանու ի տեղի մկրտութեան Տեառն մերոյ Յովհաննու Կարապետին կառուցեալ վանք մի ազգի մերում յատկացելոյ աւերակն վկայէ …» (ձեռ. թ. 893): Ասկէց աւելի զօրաւոր փաստ մը չի կրնար ըլլալ հաստատելու համար հայկական վանքի մը գոյութիւնը Յորդանանու եզերքը յանուն Ս. Յովհաննու Մկրտչի, եւ միեւնոյն ժամանակ ապացուցանելու թէ ան շինուած էր մեր Փրկչին մկրտուած տեղւոյն մօտ. վասն զի Աւետարանիս աւանդութեան եւ ուղեւորաց` մասնաւորապէս Արգուլֆի նկարագրութեան համաձայն մեր Տէրը մկրտուած էր Յորդանանի անդիի կոմղը. հետեւաբար Հայոց վանքն ու եկեղեցին ալ շինուած էին գետին ձախ ափունքին վրայ, այսինքն մօտը այն վանքին` որուն կրօնաւորները կը պահպանէին մկրտութեան եկեղեցին: Հայկական վանքին բուն տեղւոյն համար յիշատակարն կը պակսի. բայց հաւանական իբր փաստ կրնանք յառաջ բերել Բրօֆ. Goussenի 1923ին գերմաներէն թարգմանութիւնը Ս. Տեղեաց այն ծիսարանին որուն վրացերէնը . 3) կը գտնուի Բարիզի Ազգ. Մատենադարանին մէջ: Նոյն ձեռագրին հետ (ԺԱ. -ԺԲ. դար) բաղդատուած է Երուսաղէմի Ս. Խաչ եւ Վրաստանի Սադպերդ վանքերէն բերուած ձեռագիր Տաղարաններուն . դար) մէջ բովանդակուած ծիսարաններու տարբերակներուն հետ: Նոյն ծիսարանին մէջ կը կարդանք հետեւեալ հատուածը. «Ս. Յովհաննէս ի Յորդանան. մեծ տօնակատարութիւն Յունվար 6ին, մինչ ըստ Սադպերդի օրինակին, Յունվար 6էն մէկ խաբաթ առաջ մեծ տօն կը տակարուի գետին անդիի կողմը (Սափսա, Քարրար օժանդակ գետին վրայ), միեւնոյն ծիսարանը Ս. Յովհաննու տօնակատարութիւն ցոյց կու տայ 3 եւ 7 Յունվարին Տիբերական Լճին ափանց վրայ» (Տե'ս R. B. 1924, էջ 611-623):
       Երուսաղէմի ծիսարանի այս հատուածը մել հորհրդածել կու տայ թէ Դեկտ 25ին Ծննդեան տօնը կատարող եկեղեցիները Յունավար 6ին Յորդանանի մէջ կը կատարեն Աստուածայայտնութեան տօնին հետ Ս. Յովհաննու տօնը, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր Յոյները, Ղպիտիները, Ասորինրեը եւ Հապէշները Յունվար 6ին Յորդանան կ՚երթան նոյն տօները կատարելու համար: Պայերը Յունվար 6ին Յորդանան չեն երթար, այլ պէտք է երթային կա'մ Ծնունդէն առաջ կա'մ վերջը: Արդ, երբ Դեկտ. 25ին Ծնունդ կատարողները Յունվար 6ին Աստուածայատնեւոթիւն եւ Ս. Յովհաննու տօնը կը կատարեն Յորդանանի եզերքը, որո՞նք են որ նոյն օրը Ծնունդ կատարելով Բեթղեհէմի մէջ Յորդանան չեն կրնար երթալ. պատասխանը որոշ է` Հայերն են անոնք, որոնք փոխանակ Յունվար 6ին` մէկ շաբաթ առաջ կը կարաէին նոյն տօները Յորդանանի անդիի կողմ ի Սոտսա, Քարրարի օժանդակին վրայ: 1316ին Երուսաղէմի Ս. Հրեշտակապետաց վանքին մէջ Ստեափնոս երկայն գրիչը Երուսաղէմի պատրաիրք Դաւիթ եպիսկոպոսի համար կ՚ընդօրինակէ Ճայոց մը . 271) որ ունի զանազան Տաղեր ալ հին խազերով: Ձեռագրիս յիշատակարանին նայելով` երբ Միաբանութիւնը Աստուածայատնութեան տօնին Յորդանան կ՚երթար` կամ ուրիշ Ս. Տեղերը` պաշտամունքի համար կը հետեւէր այս տաղարանին. շահեկանութեան համար հոս կը դնենք նոյն յիշատակարանին ընդօրինաւոթիւնը.
       «Ով սուրբ եղանակողք զմեղաւք դատապարտեալ աշխատողիկս ստեփանոս յիշեցէք յեզր սբ. Յորդանան գետոյ միով տր. ողորմեայիւ աղաչեմ». «… վասն այնորիկ գրեցի զայլ աւելի կարդացմունք դ եւ զգանձերդ եւ զտաղերդ զի յորժամ պատահեսցին ի տնաւրինական սբ. տեղիսն Քրիստոսի, ի Բեթղեհէմ, ի Յորդանան, ի Համբարձումն, ի սբ. Վերնատունն, ի Խաչելութիւնն, ի Գեթսեմանի, ի Փոխումն Տիրամաւրն առ ձեռն պատրաստ գտցին զամենայն աւուր պատշաճ լիով ի սմա առանց աշխատանաց»: Երուսաղէմի մէջ տօնին օրէն առաջ ոեւէ տօնակատարութիւն անսովոր չէ. ուխտաւորական կեանքի պահանջ էր ան, ինչպէս մինչեւ այժմ Զատկի տօնէն առաջ Համբարձման տօն կը կատարենք Տնտեսին Կիւրակէին` Ձիթենեաց լերան վրայ: Նման պայմաններու տաը թերեւս վերոյիշեալ տօնը Յունվար 3ին եւ 7ին ալ կը կարաուէր Տիբերական ծովուն շուրջը շինուած վանքերու մէջ` ուխաւորաց համար: Այս տողերը գրեցինք Յորդանանու մեր հայկական վանքին իսկական տեղը ճշդելու համար. վերեւ պարզուած տօնակատարութեան մը տարբեր ժամանակի մէջ գործադրուելուն հետեկանքով հաւանական կը նկատենք որ Սափսայի Ս. Յովհաննու նախնական եկեղեցին Հայոց յատկացուած էր իբր վանք, եւ այն աւերակը որուն Հայերը 1813ին կ՚ակնարկեն Բ. Դրան մատուցած իրենց յիշատակագրին մէջ` Սափսային վանքին տեղւոյն աւելի կը յարմարի վերեւ մէջ բերուած տուիքներուն հմաաձայն:
       Սափսան կը գտնուի, Մատապայի ծանօթ մոզայիք քարտէսին համաձայն, Յորդանանի անդիի կողմը, Քարրար օժանդակին վրայ: Սափսան ճիշդ դիմացն է Յունաց Յովհաննու վանքին եւ քովը ունի Քոբրատայի վանքը զոր վերեւ յիշեցինք: 1902ին Երուսաղէմի Ս. Աննայի վանքին մեծաւորը Հ. Ֆէտէրլէն աշակերտներով հնախօսական շրջագայութիւն մը կատարած է Սափսա եւ մերձակայ տեղերը: Սափսայի գետնին վրայ գտած է աւերակներ, վանքին կարծ քարէ սեամին երկու մասերը, երկու կողմերով ծակեր բացուած, մոզայիքի տկորներ, բիւզանդական ժանգոտած երկու դրամներ, 800-1000 քառակուսի մէթր տարածութեան մը վրայ շէնքերու հետքեր, եւ այլն: Յիշեալը կը յարէ թէ` եթէ պեղումներ կատարուին կարլի է հանել վանքին յատակագիծը, (Տե'ս La Terre Sainte, 1902): Ուրիշ մէկ պաղեստինագէտ մ՚ալ, Barnabe Meistermann, կը գրէ թէ Սափսայի աւերակները յայտնապէս կ՚ապացուցանեն Կաղանկայտուացիին մէջ յիշատակուած Հայոց Ս. Յովհաննէս Մկրտչի վանքին գոյութիւնը (Nonveau Guide de la Terre Sainte, էջ 275):
       Այս եւ ուրիշ աւերակներու մէջ կատարուած պեղումները եւ հետազօտութիւնները անտարակոյս երեւան պիտի բերեն յիշատակարաններ` որ առաւելապէս պիտի հաստատեն այս վանքերուն ազգային հանգամանքը, բացատրելով պատմութեան անորոշ մնացած կէտերը եւ պարզելով մոռցուած անցեալը` որուն մէջ աւա՜ ղ, շատ արժէքներ անյայտ կը մնան: