ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
(«յարտեւան լերինն. » Ղուկ. Դ. 29).
      
       1 . Հին Կտակարանը եւ Յովսեպոս Նազարէթի վրայ տեղեկոթիւն մը չեն տար. միայն Նոր Կտակարանի Աւետարանները հարեւանցի տեղեկութիւններով կը ծանօթացնեն Գալիլիոյ սոյն քաղաքը: Նազարէթ նշանաւոր հա նդիսացաւ աւետումովը հրեշտակին առ Ս. Կոյսն` որուն հաղորդեց Քրիստոսի Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան մեծ խորհուրդները. անտարակոյս այս աւետարանական դէպքը աննշմար չպիտի մնար հին քրիստոնէից մօտ: Ուղղակի Նազարէթէն մեկնեցաւ Ս: Կոյսը իր խօսեցեալին հետ գալու Բեթղեհէմ, Դաւթի քաղաքը, ուր ծնաւ Յիսուս` մեր Տէրը: Տիրոջ քառասնօրեայ տաճարին թնծայումէն եւ Եգիպտոսի պանդխտութենէն յետոյ Յիսուս Նազարէթ կը մեկնի իր ծնողաց հետ. հոն էր որ աճեցաւ եւ զօրացաւ լի իմաստութեամբ «եւ շնորհք Աստուծոյ էին ի վերայ նորա»: Անոր ծնողքը ամէն տարի Զատկի օրը Երուսաղէմ կ՚երթային: Յիսուս տասներոկւ տարեկան էր երբ անոնքբ ըստ սովորութեան տօնին, Երուսաղէմ գացին եւ ուխտերնին կատարելով դարձան: Յիսուս հոն կը մնար, բայց չէին գիտեր իր ծնողքը եւ կը կարծէին թէ ուղեկիցներուն հետ կը գտնուէր. մէկ որուան ճամբայ եկան ու տեսան որ Յիսուս ուղեկիցներուն հետ չէր գտնուեր. ետ դարձան Երուսաղէմ ուր գտան պատանի Յիսուսը տաճարին մէջ: Ան վարդապետներուն հետ կը խօսէր որոնք կը զարմանային Անոր իմաստութեան եւ տուած պատասխաններուն վրայ: Յիսուս` ծնողքին հետ միանալով գնաց Նազարէթ «եւ էր նոցա հնազանդ»: Ան հոն կը զարգանար իմաստութեամբ եւ հասակաւ «եւ շնորհօք յԱստուծոյ եւ ի մարդկանէ»: Մեր Փրկիչը կը թեւակոխէ երեսուն տարեկանին` Նազարէթէն կու գայ Յորվանան` ուր կը մկրտուի Յովհաննէս Մկրտչէն, եւ «նոյն ժամայն Հոգին հանէ զնա յանապատ»: Տէրը Քառասնօրեայ փորձութենէն յետոյ, դեռ Գալիլիա չվերադարձած` կ՚ընտրէ իրեն աշակերտները` որոնք պիտի ըլլային իր Աւետարանին քարոզիչները. ընտրեալներէն մին` Փիլիպպոս` Նաթանայէլը կը գտնէ ու կ՚ըսէ անոր թէ` Անիկա` որուն համար գրած էին Օրէնքը ու Մարգարէք, գտանք - Նազարէթցի Յովսէփի որդին Յիսուսը. Նաթանայէլ կ՚ըսէ. «իսկ ի Նազարէթէ մարթ ի՞նչ իցէ բարւոյ իմիք լինիլ»: Այս խօսքը ակնարկութիւն մ՚է Նազարէթի աննշան վիճակին կամ տեղացիներու անոպայ վարուց եւ կամ ուրիշ պատճառի մը` որուն վրայ լռութիւն կը պահէ Աւետարանը: Նաթանայէլ ի վերջոյ կը հետեւի Յիսուսի: Յիսուս կ'ուզէր քարոզել եւ գործել նաեւ իր ծննդավայրին` Նազարէթի մէջ, բայց իր հայրենակիները, ինչպէս Նաթանայէլի խօսքերէն ալ կը հասկցուի, եւ Յիսուսի անձին արարքն ալ ապացոյց է ատոր, արժանի չէին Անոր քարոզութեան եւ հրաշքներուն: Այդ պատճառաւ կ՚ըսէ Աւետարանը Յիսուսի համար թէ «զարմանայր վասն անհակատութեան նոցա»: Մեր Տէրը կը շարունկէր իր քարոզութիւննրը Գալիլիոյ ամէն կողմերը եւ կը փառաբանուէր ամենուն կողմէն: Եկաւ Նազարէթ «ուր սնեալն էր»: Տեղւոյն ժողովարանին մէջ Եսայի Մարգարէն մէկ հատուածը կը բանայ ու կը բացատրէ Նազարէթցիներուն, որ կը զարմանային Անոր իմաստութեան եւ կը վկայէին անոր շնորհաց խօսքերուն: Բայց Յիսուս հոն հրաշք չի գործեր, վասն զի արժանի չէին, անհակատներ էին եւ թէ «չէ մարգարէ ընդունելի ի քաղաքի իւրում»: Կոչումներ կ՚ընէ կեանքէն Եղիա եւ Եղիսէ մարգարէներուն` որոնք Իսրայելի անարժանութեան համար Աստուծոյ գթութեան տուրքը շնորհեցին Սարեփթացի այրի կնոջ եւ ասորի Նէեմանին: Մարգարէից այս շնորհընկալները օտարներ էին, բայց կ՚արժանաւորէին նիւթական պարգեւներու եւ բարոյական շնորհաց. Յիսուս Նազարէթի մէջ այս վճռական քարոզութեամբ հասկցուց թէ Աստուած կը կոչէ արժանաւորները առանց ազգի խտրութեան եւ իր շնորհը պիտի ծաւալէր առ հասարակ բոլոր մարդոց, եւ իր Աւետարանը պիտի քարոզուէր բոլոր տիեզերքի մէջ եւ բոլոր ազգերը պիտի կոչուէին երկնից արքայութեան. այս խօսքերէն զայրացան Նազարէթցիները «եւ յարուցեալ հանին զնա արտաքոյ քաղաքին, եւ ածին զնա մինչեւ յարտեւան լերինն` յորոյ վերայ քաղաքն նոցա շինեալ էր, գահավէժ առնել զնա: Եւ նա անցեալ ընդ մէջ նոցա` գնայր»: Իր գաւառին անունով Յիսուս կը կոչուէր «Նազարթի Մարգարէն» եւ կը յորջորջէին զԱնիկա «Նազովրեցի» եւ Փրկչին խաչելութեան տախտակին վրայ Պիղատոս գրեց «Յիսուս Նազովրեցի` թագաւոր Հրէից»: Աւետարանական այս պատմուածքներէն կը հասկցուի որ մեր Տէրը երեսուն տարի Նազարէթի մէջ ապրած, սկսած ու աճած էր իմաստութեամբ ե'ւ հասակաւ, եւ անկէ սկսաւ իր քարոզութիւնները: Նազարէթ քաղաքին Յիսուսի կեանքին եւ Մարդեղութեան խորհուրդին հետ այս սերտ կապակցութիւնը քրիստոնեաներուն ներշնչած էր բացեպաշտական զգացումներ` որոնմցով անոնք փափաքած են յաւերժացնել Յիսուսի յիշատակները նոյն քաղաքին` մէջ` հաստատութիւնով զանազան յիշատակարաններու` որոնք դարէ դար մերծ պայծառ ու շքեղ եւ մերթ յարձակումներու հետեկանքով անուք կամ աւերեալ կը մնային, ինչպէս ցոյց կըու տայ պատմութիւնը: Քրիստոսի տնօրինական գրոծերը առաւելապէս տեղի աունեցան երեք լաղաքներու մէջ, որոնք են Երուսաղէմ, Բեթղեհէմ եւ Նազարէթ: Վերջինս հակառակ իր տեղագրական ու պատմական անշքութեան եւ Քրիստոսի քարոզութեան առթիւ տեղւոյն ժողովրդեան դաժան վարմունքին` եղաւ, ըստ Յերոնիմոսի, «Գալիլիոյ ծաղիկը» ինչպէս կը գրէ ան իր նամակներէն միոյն մէջ: Ուրիշ լատին մատենագիր մը Նազարէթ անունին նկատմամբ ունի գեղեցիկ պատկերաւոր խօսք մը. «ինչպէս որ, կ՚ըսէ, վարդը զինքը շրջապատող ծաղիկներով կը գեղեցկանայ, նոյնպէս Նազարէթը վարդի մը կլորակ ձեւը ունենալով կարծես թէ շրջապատող եւ զինքը զարդարող լեռները կը թուին ըլլալ վարդին տերեւները»:
       Նազարէթի նկատմամբ Աւետարանի այս պատմուածքներէն վերջ թէեւ մեր նիւթէն դուրս, բայց պատմական կարեւորութեան եւ շահեկանութեան համար կ՚ուզենք հակիրճ տողերով նկատարգել բուն իսկ քաղաքին ընդհանուր քրիստոնէութեան վերաբերեալ մեծ սրբավայրերը, յետոյ պատմագրել քաղաքէն դուրս շատ կանուխէն Գահավիժման լերան գագաթը շինուած հայոց վանքը:
       2 . Առաջին եկեղեցին որ շինուած է Նազարէթի մէջ Աւետման Եկեղեցին է` կառուցուած Ս. Աստուածածնի տան տեղւոյն վրայ: Եպիփան երբ Տիբերիացի Կոմս Յովսեպոսի վրայ տեղեկութիւն կու տայ, հետեւեալ կերպով կը գրէ. «ան կայսերական հրաման մը ընդունեց Հրէից քաղաքներու եւ աւաններու մէջ եկեղեցիներ շինելու: Ոչ մէկը կրնար եկեղեցի շինել նոյն տեղերը, վասն զի անոնց մէջ չէին գտնուեր ո'չ յոյն, ո'չ սամարացի եւ ո'չ ալ քրիստոնեայ. մանաւանդ Տիբերիայի, Դիոկեսարիոյ` որ է Սեֆորիս, Նազարէթի եւ Կափառնաումի մէջ ուրիշ ազգէ մէկը չկար (Patr. Gr. Հտր. ԽԱ)»: Որչափ որ, ըստ Եպիփանի, Հրեայք Նազարէթի եւ յիշեալ քաղաքներուն մէջ բազմաթիւ էին եւ քրիստոնեայք չէին կրնար հոն բնակիլ, բայց աս չի նշանակեր թէ վերջիններս բոլորովին յարաբերութենէ դադրած էին, ընդհակառակն անոնք կ՚այցելէին Նազարէթի տնօրինական տեղերը եւ կը պահպանէին զանոնք: Որքան որ դժուարութիւններ ըլլային Հրէից կողմէն` այսու հանդերձ 359ին Կոմս Յովսեպոս յաջողած էր պետական օգնութեամբ կառուցանել Նազարէթի եկեղեցին, ինչպէս Սկիւթուպոլսի մէջ ան պատմած էր Եպիփանին: Նազարէթի եկեղեցիներու մասին պիտի տանք միայն քանի մը վկայութիւններ: 670ին Արգուլֆ եպիսկոպոս Նազարէթ այցելած էր եւ ծանօթագրած էր թէ «Նազարէթ քաղաքը կափառնաումի նման պարիսպ չունէր, շինած էր լերան մը վրայ: Սակայն ունէր քարաշէն մեծ շէնքեր. հոն կը գտնուին երկու մեծ եկեղեցիներ, մին քաղաքին մէջ, որ կը կենար երկու կամարներու վրայ, եւ ուր երբեմն կը գտնուէր այն տունը որուն մէջ մեր Փրկիչը ապրեցաւ: Այս եկեղեցին կամարներով միացած սիւներու վրայ կը կենար, իր ստորին մասին մէջ նոյն սիւներուն տակ կը գտնուէր ականակիտ աղբիւր մը, բոլոր ժողովուրդը հոս կը յաճախէ ջուր առնելու հմաար: Միւս եկեղեցին շինուած է այն տան տեղւոյն վրայ որուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակապէտը միայնակ գտաւ Ս. Կոյսը եւ անոր տուաւ աւետիսը»: Միեւնոյն վկայութիւնը կը կրկնեն 720ին Պիտա, եւ 1137ին Քասսին լերան Պետրոս վանականը: Տիւրացի Կիյեո կը գրէ թէ «Թանկրէտ Գալիլիոյ իշխան կարգլուելով` մեծ խնամքով հիմնարկեց այս գաւառին եկեղեցիները եւ օժտեց զանոնք մեծամեծ կալուածներով, մասնաւորապէս Նազարէթի եւ Թաբորի եկեղեցիները» (Տե'ս Recueil des Histories des Croisades, Occident, Հտր. Ա. էջ 384): Պատմիչին այս խօսքին հիմնարկել բացատորւթիւնը պէտք է հասկնալ ոչ միայն նորոգել, այլ ամբողջութեամբ վերաշինել: Անկլօ - Սաքսոն Soewulf` որ 1102ին Յոպպէ հասած է, յստակօրէն կը գրէ թէ «Նազարէթ քաղաքը Սարակինեսներու կողմէն ամբողջութեամբ քանդուած է, սակայն խիստ գեղեցիկ վանք մը ցոյց կու տայ աւետման տեղը» (Recuel des voyages et des memoires publies la Societe de Geographie. 4839. հտր. Դ. էջ 550): Ռուսազգի Դանիէլ վանական 1106-1107ին կը գրէ (Գլ. 89) իր այցելութիւնը հետեւեալ կերպով. «Նազարէթ փոքր աւան մ՚է լեռներէ շրջապատուած. երեք սեղաններով բարձր եւ մեծ եկեղեցի մը կը բարձրանայ աւանին մէջ. հոն մտնելով` ձախին կը տեսնուի փոքր սեղանի մը առջեւ խորունկ այր մը, որ ունի երկու նեղ դռներ. մին` արեւելք եւ միւսն` արեւմուտք, որ կը տանին այրը. արեւմտեան դռնէն մտնեողը աջին կը տանին այրը. արեւմտեան դռնէն մտնողը աջին կը տեսնէ խուց մը որուն մուտքը փոքր է եւ հոն կ՚ապրէր Ս. Կոյսը Յիսուսի հետ: Նոյն նուիրական խուցը կը պարունակէ այն մահիճը` որուն վրայ Յիսուս ըթ հանգչէր. խուցը գրեթէ հողին հաւասար էր»: «Նոյն այրին մէջ, արեւմտեան դռնէն մտած ժամանակ, ձախէն կը տեսնուի գերեզմանը Ս. Յովսէփի: Ս. Կոյսին խօսեցեալը հոն թաղուած է նոյն իսկ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով» (Գլ. 90): Յիշեալը 91, 92 եւ 93 գլուխներու մէջ կու տայ ուրիշ երկրորդական թանօթութիւններ: Յար եւ նման ծանօթութիւններ կու տան 1172ին Թէոտորիք, 1177ին յոյն Յովհաննէս Փոկաս: 1187ին Երուսաղէմ Սալահէտտինի ձեռքով գրաւուեցաւ եւ Խաչակիրները վտարուեցան Պաղեստինէն. բայց ծովեզերեայ քանի մը տեղեց պահպանեցին, մասնաւորապէս Աքքեան` որ մինչեւ 1291 քրիստոնէութեան մեծ ամրութիւնը եղաւ: Անոնք քանիցս յաջողեցան Գալիլիոյ զանազն կողմերը այցելել, եւ 1229ին վետր. 20ի դաշնագրութիւնը նրենց ապահովեց Նազարէթի ճանապարհը: Նոյն թուականէն քիչ վերջ 1252ին Ս. Լուդովիկոս այցելեց Նազարէթ եւ Թաբոր լեռը: 1263ին Եգիպտոսի Սուլթան Պիպարս Պինտըքտար յարձակելէ յետոյ Աքքեայի վրայ, Պէյսան եկաւ եւ անկէ արշաւախումբ մը ղրկեց Նազարէթ եւ Թաբոր լեռը, եկեղեցիները եւ վանքերը քանդելու համար: Պիպարս ո'եւէ քրիստոնէական շէնք կանգուն չձգեց եւ ամէնքն ալ հողի հաւասար ըրաւ: Նազարէթի սրբավայրերը դարերով մնացն աւերակ վիճակի մէջ. հոն յաճախող ուխտաւորները ամէնքն ալ սրտի ճմլումով մը կը նակարգրեն տիրող տխուր վիճակը: 1620ին էր որ Ֆրանչիսւեանք Էմիր Ֆախր - էտ - Տինէն գնեցին աւերակ գետինները եւ 1889ին տեղւոյն տեսուչ Prosper Viaudի ձեռքով պեղումներ եւ հետազօտութիւննր կատարուեցան նոյն աւերակներուն մէջ. երեւան ելած են կիսաքանդ պատերն ու հիմերը, ինչպէս նաեւ շինուածքին մնացորդները որոնք կ՚ապացուցանէին Նազարէթի արբավարյրեուն կառուցուածքը: ՎԱնքը ընդարձակութիւնը եւ Խաչակրաց թուականին հոյաւապօրէն կատարուած նորոգութիւնները, որոնցմէ կը հասկցուի թէ արեւմտեան քանդակագործութիւնը մեծ չափով գործադրուած է սրբավայրերու կամարներուն, սիւներուն եւ ամբողջ շինուածքին տարածութեան վրայ, տեղական արուետէն դուրս, Խաչակիր վարեպտներու ճարտարութիւնը կը փայլեցնէին պեղումներէն դուրս բերուած քանդակազարդ բեկորներուն մէջ: Անակնկալօրէն պեղումներէն դուրս ելած պատկերաքանդակ ու զարդարուն հինգ հոյակները քանդակագործութեան պատմութեան հայելիներ են` որոնց մէջ կը տեսնուին արեւմտեան արուեստին նրսութիւնը, ճաշակն ու զարգացումթ. հինգ հոյակներէն մին աւելի մեծ էր քան միւսենրը, որոնք ութանկիւնային են. երեքին քանդակները կը հատկերացնեն Փրկչին ու առաքելոց մասին Աւետարանէն եւ Գործք Առաքելոցէն քաղուած դրուագներ, իսկ միւս երկուքը ցոյց կու տան Յակոբոբ Զեբեդեան եւ Մատթէոս միւս առաքելոց նահատակութիւնները, որոնց քանդակները ճարտարօրէն շինուած են անվաւեր վկայաբանութիւններու հիման վրայ: (Տե'ս Prosper Viaudի "Nazareth et ses deux Eglises" գիրքը: )
       3. Հիմակ պիտի նկարագրենք Ս. Զաքարիայի հայոց վանքը որ շինած էր Նազարէթի մօտ գտնուած լերան գագաթը` ուրկէ Նազարէթի մօտ գտնուած լերան գագաթը` ուրկէ Նազարէթցիները ուզեցին գահավիժել մեր Տէրը: Աւետարանիչը լերան գագաթը կը հասկցնէ «արտեւան լերին» բառերով. չի գիտցուիր ինչ պատճառով մեր մատենադրութեան ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն Զաքարիա Կաթուղիկոս . դար), Մագիստրոս իշխան (ԺԱ. դար), Իգնատիոս Մեկնիչ (ԺԲ. դար) արտեւան բառը յատուկ անուն կ՚իմանան, ինչպէս կ՚երեւի իրենց գրուածքներէն: Միայն Վարդան Վարդապետ (ԺԳ. դար) շատակ կը հասկնայ ու կը գրէ «հանին զնա յարտեւան լերինն, այսինքն ի գլուխ լերինն, յաւարտն» (Սիոն. 1929. էջ 12): Նազարէթի սրբավայրերու մասին ոչ մի յիշատաւոթիւն չունիք մեր նախնեաց մօտ: Մատթէոս Ուռհայեցին (էջ 23-27) մէջ կը բերէ հայազգի Յովհաննէս Չմշկիկ կայսեր (969-976) առ Աշոտ Գ. Ողորմած գրած նամակը` որուն մէջ (էջ 27) Չմշկիկ տ մէջ այլոց կը պատմէ թէ իր արշաւանաց ժամանակ գացած է Նազարէթ. «ուր զաւետիսն իսկ ի հրեշտակէն լուաւ Աստուածածին Սուրբ Կոյսն Մարիամ»: Տարակոյս չկայ թէ ի հնումն հայ ուխտաւորները այցելած էին նաեւ Նազարէթ: Այսպէս այցելած է Վարդան վարդապետ Մարաթացին ԺԲ. դարուն, եւ հոն իր աղօթքներէն մին յօրինած է, ըստ խնդրանաց Ս. Յակոբայ վանքին մէկ վանականին: Նազարէթի աւերակներուն մէջ կը տեսնուին նաեւ երկու հայ անուններ` մին Յակոբ, խոշոր սիւնի մը անկիւններէն միոյն վրայ քանդակուած թանձր ու հաստ գրերով. միւսն` որ անընթեռնլի է` կը տեսնուի եկեղեցիին գաւթին հարակւային պատին ագուցուած քարի մը վրայ: Նոյն անուան գրերը մենատառի գրերու նման րարու կապուած են: «Յարտեւան լերինն» կառուցուած Ս. Զաքարիայ անուն հայ վանքի նկատմամբ լ ոդ մի հայկական յիշատակութիւն չունինք դժբախտաբար. բայց մենք ըստ կարելւոյն պիտի ջանանք օտար աղբիւրներով հաստատել նոյն հայկակն վանքին գոյութիւնը:
       Գահավիժման լեռը` տեղական աւանդութեան մը համաձայն, Նազարէթէն լերան գագաթը քառասուն վայրկեան հեռի կը գտնուի. նոյն լերան գագաթը ժայռի մէջ փորուած եկեղեցիի փոքր կոզակ մը կ՚երեւնայ, հոն կան նաեւ հիմեր, մոզայիքներ եւ ջրհորներ, անտարակոյս ասոնք վաղեմի վանքի մը մնացոդրներն են: Տեղւոյն հայոց Ս. Զաքարիայի վանքըկ ունի պատմական երկու յիշատակարաններ. մին` անանուն լատին ուխտաւորի մը յիշատակութիւնը` իր 1231ին գրի առած Pelerinages por aler en Iherusalem հին ֆրանսերէն լեզուով Ուղգրեութեան մէջ, որուն լեռը մէկ մղոն է. լերան վերի ճանապարհին վրայ կը գտնուին Ս. Զաքարիա անուամբ մատուռ մը որ Հայոց կը վերաբերի եւ շատ գեղեցիկ տեղ մ՚է» (Հրատարակիչք` H. Michelant et G. Raymond, Itineraires a Jerusalem. Geneve, 1882, էջ 100): Միւս աղբիւրն է Ս. Տեղեաց արաբերէն նկարագրութիւն մը ԺԳ. դարուն, վերինէն բոլորովին անկախ. անոր մէջ կը յիշատակուի արաբերէն Ճէպէլը էլ - Քաֆզէ բառը, որ կը նշանակէ Գահավիժման լեռ: Նկարագրութեան հեղինակը կը գրէ թէ նոյն լերան վրայ կը գտնուի հայկական վանք մը. այս իեղեկութիւնը խիստ համաձայն է ԺԳ. դարու լատին ուղեգիրներու, մասնաւորապէս վերեւ յիշուած ծանօթ հնախօս Clermont Ganneauի Archeologie Orientale ըսուած գործէն . Հտր. էջ 340): Նոյն հակաքածոյին հեղինակը կը գրէ թէ ձեռագիրը իր մօտն է եւ անտիպ, ու կը խոստանայ տպագրել, եւ կը յարէ թէ հաւանաբար այս վանքին ու եկեղեցիին կը գերաբերէին լերան վրայ տեսնուած ու ժայռի մէջ փորուած կոզակները, հիմերը, մոզայիքները, ջրհորները եւ այլն: Այս վանքին աւերակները կը տեսնուէին մինչեւ 1882 թուականը, որմէ վերջ Ֆրանչիսկեանք տիրանալով նոյն տեղւոյն շինած են Ս. Կւոսի անուամբ մատուռ մը: Ան կը շարունակէ գրելով թէ հաւանական է որ այս վանքը կապակցութիւն մ՚ունենար այն Ս: Աստուածածնի եկեղեցիին ու վանքին` որուն տասներկու վանականները կը յիշուին 808ին գրի առնուած "Commemoratorium de Casis Dei" խորագրով լատին յիշատակարանին մէջ (Tobler, Descriptiones Terrae Sanctae, էջ 81): Նոյն տեղը աւելի որոշ կը յիշուի ԺԲ. դարուն Յովհաննէս Վըրզպուրկցիէն որ Գահավիժման լեռը կու տայ մէկ մղոն Նազարէթէն դէպի հարաւ: Ganneauի ասյ բացատրութիւններէն Ս. ԶԱքարիայ վանքին թուականն ալ կրնա ճշդուած նկատուիլ. որով ըսել է ըօ այն արդէն Թ. դարու սկիզբէն գոյութիւն ունէր: Նոյն լերան գագաթը եւ ճանապարհին վրայ ուրիշներ ալ, ինչպէս լատինք յոյնք եւ հապէշք, վանքեր ունէին եւ ունին այսօր ալ: Ի հնումն հոն կար նաեւ վանք մը Տէյր էլ Պէնաթ ըսուած, որ կը նշանակթ կուսանոց: Հայ բարեպաշտութիւնը անտարակոյս ետ չպիտի մնար իր սեպհական վանքը ունենալէ նոյն լերան վրայ: ԲԱյց կը տարուինք պհարցնել թէ Գահավիժման լերան աւետարանական պատմուածքին նշանակութիւնը յայտնի ըլլալով` ի'նչ պատճառներէ մղեալ Հայք իրենց հիմանարկած վանքը անուանակոչեր են Ս: Զաքարիայի վանք: Այս հարցման պատասքանը կու տայ մեզ Ernoul լատին քրոնիկագիրը (ԺԲ. դար) որ իր Ժամանակագրութեան մէջ կը գրէ թէ տեղւոյն քրիստոնէից մէջ աւանդութիւն կայ որ Ս. Կոյսը Զաքարիայի տան մէջ նոյն կողմերը այցելած է Եղիսաբեթի: Ուրեմն այդ տեղական աւանդութեան վրայ յենլով է որ ՀԱյք Ս. Զաքարիայի վանքը կառուցած են Նազարէթի մօտը` յարտեւան լերինն: Անտարակոյս այս տեղական աւանդութիւն մ՚է որը կը տարբերի Աւետարանի պատմութենէն (Ղուկ. Բ 39) եւ որուն համաձայն կը հասկցուի թէ` Ս. Կոյսը Եղիսաբեթը ողջունելու համար Նազարէթէն կը մեկնի «լեռնակողմ ի քաղաքն Յուդայ»: Իգնատիոս` Ղուկասու մեկնիչը եւ շատերը «քաղաքն Յուդայ» ըսելով կը հասկնան Երուսաղէմի մօտիկ Այնքեարիմ ըսուած տեղը, ուր նմանապէս Հայեր կռուցած են փառաւոր վանք ու եկեղեցի (Տե'ս Այնքեարիմ գիւղի Հայոց վանքը ու եկեղեցին, էջ 0-46): Փա՜ ռք մեր նախնիքներուն` որ բարեշահտօրէն կը յարգէին աւետարանական բոլոր աւանդութիւնները եւ կը յատյնէին իրենց սէրը եւ կը կոթողէին իրենց հաւատքը տիրանուէր յիշատակարաններով: