ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Յարութեան գաւիթին մէջ Ղպտոց Ս. Միքայէլ եկեղեցիին դրան ուղղութեամբ 6 կամ 7 մէթր դէպի հարաւ` գաւիթին արեւելեան կողմ` Հայոց սեպհական Ս. Յովհաննու Աւետարանչի մատուռը կայ երեք սեղանով. աւագ սեղանն է յանուն Ս. Յովհաննու Աւետարանչին, աջակողմինը` Չարչարանաց եւ Կապանաց Քրիստոսի, ձախակողմինը` յանուն Հօրն Աբրահամու եւ զենման Իսահակայ: Աջակողմեան փոքր սեղանին մէջ կը գտնուի Չարչարանաց սիւնին մէկ կտորը` որուն վրայ Յիսուսը կապեցին Կայիափայի տան մէջ, եւ զոր հաւատացեալք կը համբուրեն ի յիշատակ չարչարանաց Քրիստոսի:
       Աւանդութիւն է թէ Քրիստոսի չարչարանաց եւ խաչելութեան ժամանակ այս մատրան տեղւոյն վրայ կը կենար Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչը, երբեմն միայնակ եւ երբեմն ալ Ս. Կուսին հետ. եւ Քրիստոս խաչին վրայէն իր մօրը ըսաւ. «Կին դու` ահա որդի քո: Ապա ասէ ցաշակերտն, ահա մայր քո» (Յովհ. ԺԹ. 26-27): Այս եկեղեցիին երկայնութիւնն է արեւելքէն արեւմուտք 11 ոտնաչափ, եւ լայնութիւնը` հիւսեիէն հարաւ` 28:
       Ս. Յովհանէս Աւետարանչի այս եկեղեցին կը յիշատակուի Սալահէտտինի կողմէ Հայոց տրուած հրովարտակին մէջ (Տե'ս Սաւալանեանց Պատմ. Երուսաղէմի. Ա. Հտր. էջ 410), որով եւ Խաչակրաց ժամանակ եւ ալ աւելի կանուխէն կը պատկանէր Հայոց: Մեր այս կարծիքին ապացոյցը սա էր որ Անաստաս վրդ. իր Ցուցակին մէջ կը յիշէ այս եկեղեցին, իբր վանք, «Ս. Յովհաննու վանքն ի դրանն Յարութեան» խօսքերով. երեք բառերով ալ կը հասկցնէ այն ոտնձգութիւնը, զոր Վրացիները նոյն թուականին սկսած էին կատարել հայկական սրբավայրերու մէջ: Հաննէի պատմութեան համայն (էջ 216), 1631ին Գրիգոր Պարոնտէր պատրիարք մեծ նեղութեամբ եւ աշխատութեամբ եւ յատուկ հրովարտակով շինած է այս եկեղեցիին կամարները, եւ դարձեալ նոյն պատմիչը կը յարէ` թէ «Առաջին դրան սրբոյ եկեղեցւոյս` այլազգիքն այրեալ են զոմն վկայեալ վասն ի Քրիստոս հաւատոյն, եւ տակաւին երեւի հետ ոտիցն որ տպեցաւ ի վրեայ քարանց ի նշան հրաշից. ոմանք ասեն վասն Բագոսի որ թաղեցաւ ի Սիոն»:
       Այս եկեղեցիին վերաբերութեամբ Հայք հետեւեալ վէճը կ՚ունենան Յունաց հետ. Յոյները կը ձեռնարկեն նորոգել իրենց Հայր Աբրահամու վանքը` որ նախագոյն Հապէշաց սեպհականութիւն էր եւ սահմանակից Ս. Յովհաննէս Աւետարանչի Հայոց եկեղեցիին: Այս նորոգութեան ժամանակ կը քակեն Ս. Յովհաննէս Հայոց եկեղեցիին տանիքը եւ վերջնոյս քարերն ալ կը վերցնեն, իրենց տանիքին հաւասարցնելու համար զայն. վասն զի Ս. Յովհաննու տանիքը մէկ կանգունի չափ բարձր էր ուրիշներէն, եւ բնական էր որ հաւասարած ժամանակ` եկեղեցիին առաստաղը պիտի ննրբանար եւ ձմրան եղանակին անձրեւները քանդում եւ աւերումն յառաջ պիտի բերէին: Զաքարիա պատրիարք այս անիրաւ յափշտակութեան համար բողոքեց դատաւորին եւ բդեշխին. վերջինս մերժեց պատրիարքին պատգամաւորները պատճառելով թէ նորոգութեանց ծախքերը պետութենէ են. այսպիսի հնարքով Յունաց գործը յառաջ կը տանի եւ Յոյները ծածուկէն կը վճարէին ծախքերը: Հայերը տեսնելով բդեշխին հնարքները, դիմեցին դատաւորին եւ վաւերական գիրերով ցոյց տուին իերնց տրաւոնքն ու սեպհականութիւնը եւ ժամանակ ժամանակ իրենց կատարած ներքին ու արտաքին նորոգութիւնները: վ Դատաւորը երկու անգամ տեղւոյն վրայ գնաց բազմութեամբ քննութեան հմար. մանրամասն քննութիւն կատարեց. անոնց թէ' վաւերական գիրերով եւ թէ տեղին գիրքէն: Յոյներէն ալ գիր պահանջուեցաւ. անոնք բան մը չկրցան ներկայացնել, այլ կը պնդէին թէ եկեղեցիին տանիքը եւ օդը իրենցն է, իերնցղ տանիքին կից ըլլալուն համար. թէպէտ եւ զնջան տեղը ընկերակցութեամբ շինելու, բայց Հայերը յանձն չառին. գատաւորը Հայոց հէօճէթ տուաւ ըսելով թէ եկեղեցին անոնց սեպհական է եւ նորոգութիւնն ալ իրենց կը պատկանի. եւ օրէնքը կը հարմայէր Յունաց վանքէն անարգել եկեղեցիին տանիքը ելնել, սակայն Յոյները եւ բդեշխը ասոր չհաւանեցան, այդ պատճարաւ վէճը օրէ օր կ՚աւելնար: Հայերը տեսնելով որ Երուսաղէմի մէջ խնդիրը չի վերջանար` դիմեցին Ազգային Պատրիարքարան եւ Սիւրիոյ կուսակալին եւ խնդիրը պարզեցին իր բոլոր պարագաներով: Մատթէոս պատրիարք գրով մը եպարքոսին տեղեկեգրեց պատրիարքին եւ Միաբանութեան դիմումը: Կայսերական դիւանի արձանագրութեանց մէջ եկեղեցիին նորոգութեան մասին Յոյներուն տրուած ո'եւէ հրաման մը չգտնուեցաւ, ուսին գրուեցաւ Սիւրիոյ կուսակալին, Երուսաղէմի դատաւորին եւ շինութեանց վերատեսչին` տեղւոյն վրայ խնդիրը քննելու եւ արդիւնքը տեղեկագրելու Բ. Դրան: Անոնք յետ քննութեան գրեցին ապօրինութեանց մասին, վասն զի ան օրէնքի հակառակ եւ առանց մէկու մը հարցնելու իննագլուխ հրաման տուած էր Յունաց` իրենց վանքերը նորոգլու, մինչդեռ այդ պարագային անհրաժեշտ էր կայսերական հարմանը. երբեք տեսնուած չէր որ վանքերու նորոգութեան ծախքը հոգացուէր արքունիքէն, որուն համար ան կը պարծենար. եւ այս կերպով բդեշխը Հայոց աղաչանքները չլսելով` մեծ վնասներու ենթարկած է զանոնք. թէ նոյն եկեղեցին Հայոց սեպհական է եւ այլն: Քննիչներու գիրեը Բ. Դրան մատուցուեցան. Զաքարիա պատրաիրքն ալ հին վաւերական գիրերու պատճեները դատաւորին իրամին հետ ղրկեց Կ. Պոլիս. Մատթէոս պատրիարքն ալ իր գրովը ղրկեց Մեծ Եպարքոսին: Նոյն ատենները պաշտօնանկ եղան բդեշխը եւ Սիւրիոյ կուսակալը: Եպարքոսը ղրկուած գիրերը յղեց Մուգթազային` արձանագրութիւնները վերստին հետազօտելու համար. գտնուեցան երկու հրովարտակներ` տրուած Հայոց եւ Յունաց հիճրէթի 1228ին, որոնց մէջ յիշատակուած էր Ս. Յովհաննէս եկեղեցին. իսկ հիճրէթի 1257ին Ս. Յարութեան եւ Բեթղեհէմի եկեղեցիին նորոգութեան համար տրուած տրովարտակին մէջ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մասին բառ մը անգամ չգտնուեցաւ. բայց Յոյները անդադար կը յուզէին այս խնդիրը Կ. Պոլսի մէջ, ուսին հարկ եղաւ վերստին հարցում ուղղել Երուսաղէմի նոր բդեշխին` լաւ կերպով քննել նոյն եկեղեցին այլազգիներուն, հայ եւ յոյն միաբաններուն ներկայութեան, եւ ստուգել թէ արդարեւ Հայերը իրե'նք կը նորոգեն իրենց սեպհական տեղերը եւ իրենց վանքերը, եւ թէ Յոյները ի՞նչպէս ձեռնամուխ եղան վանօրէից շինութեան եւ նորոգութեան, առանց բարձրագոյն հրամանի. եւ վերջապէս Յոյները թոյլ չտուին Հայոց վերաշինելու իրենց եկեղեցիին տանիքը, եւ մնաց այնպէս, ինչպէս որ էր (Տե'ս Ա. եպս. Տ. Յովհաննէսեան, Պատմ. Երուսաէմի, Բ. Հտր. էջ 528-530):
       Հոս կը դնենք Ս. Յովհաննու Աւետարանչի եկեղեցիին մէջ այլ եւ այլ թուականներուն զետեղուած յիշատակարանները.
      
       Դրան ճակատը.
       «Յիշեցէք եւ Աստուած ողորմի ասացէք Ջուղայեցի Խանոնց մհի. Մարգարին եւ իւր ծնողացն եւ կողակցին եւ որդւոցն եւ ամենայն արեան մերձաւորացն որ օգնութիւն արար տրաւք ողորմութեամբ վասն նորոգութեան Ս. Յովհաննէս Առաքելոյն աւետարանչին Յիսուսի Քրիստոսի. Տէր Աստուած իւրն վարձահատոյց լինի եւ երկնից արքայութեան արժանի լիցի հանդերձ ամենայն ընտանեօք. ամէն. թվ. յամին Հայոց ՌՄ (=1751)»:
       Երկաթեայ դրան վրայ.
       «Յիշատակ է երկաթեայ դուռս Թէքիրտաղցի Քիրազեան մհի. Սարգսի կենդանի արեւուն եւ որդւոյն մհի. Սերոբէին հոգւոյն ի դուռն սրբոյն Յովհաննու եկեղեցւոյն որ ի սուրբ Երուսաղէմ. թվին ՌՄԻԷ (=1778)»:
       Դրան պղինձին վրայ. «Յիշատակ է դուռս Տիրացու Պաշարաթին եւ իւր ծնողացն հաւրն Միրիջանին եւ մաւրն Մարգարտին ի թվին ՌՁ (=1631), սուրբ Յովհաննէս Աւետարանչի դրանս. Յիշեցէք զմեզ ի Քրիստոս եւ Աստուած ողորմի ասացէք որք հանդիպիք. եւ Տէր Աստուած ձեզ ողորմեսցի եւ նմա փառք յաւիտեանս. ամէն»:
       Դրան պղինձէ երկու օղակներուն վրայ.
       «Յիշատակ է օղս այս սարկաօգ Պաշարաթին նպաստաւոր ի սուրբ Երուսաղեմայ, Տէր Գրիգոր Հայրապետին»:
       «Յիշատակ է օղս սարկաօգ Մեղօոր եւ անպիտան գգ Յիշատակ դուռս Տիրացու Պաշարաթին որ թարգմանի Յաւետիք. թվ. ՌՁ (=1631)»:
       Ներսը` դրան վերեւը.
       «Ի պատրիարգութեան Տ. Կիրակոսի Վեհի ի նորոգութեան սրբոյ տաճարի. բոլոր մարմարեայ քարինք պատկերօք արար յիշատակ Պուլանըխցի Թադէոս վարդապետն վասն հոգւոյն թնողացն Աւետիսի եւ Նուպարի եւ համայն պարագայիցն. ի 1849 սեպտ. 10» (Տե'ս Սաւալանեանց, անդ, Բ. Հտր. էջ 1296-97):