ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պատմութենէ գիտենք թէ Յորդանանի անդիի կողմը զանազան տեղեր` մանաւանդ Խաչակրաց ժամանակ, հայ գաղութներ հաստատուած էին. մասնաւորապէս սոյն աշխատասիրութեանս մէջ (էջ 47-58) գրեցինք Քէրէկի հայ գաղութին ու անոր եկեղեցիին պատմութեան մասին մէջ բերելով կարեւոր յիշատակարաններ: Հ. Ալիշան իր Սիսուանին մէջ (էջ 482) Քէրէկի հետ կը յիշէ Շոբակ (Shaubak), Մոնրէալ բերդաքաղաքները եւ կը յարէ յարէ է այդ անունով կը կոչուէին եօթը բերդերը Քէրէկի տէրութեան որ սահմանորդ էր Եգիպտոսի, Արաբիոյ Անապատին եւ Ծովու. եւ յետոյ կ՚աւելցնէ «Այլ զանց արարեալ զայլովք փոքրագոյն սահմանօք, անմոռաց կացցէ եւ մնայ իսկ» խօսքը: Այս տողերէն մենք կը հասկնանք թէ Քէրէկի տէրութեան, ինչպէս իր կեդրոնին` Քէրէկի, նոյնպէս Շոբակի եւ Մոնրէալ բերդաքաղաքներուն մէջ կային հայ գաղութներ, որոնց վրայ ծանօթութիւններ կը պակսին: Նոյն տէրութեան սահմանին մէջ էր նաեւ Սալթը` Յորդանանին անդիի կողմը, ճիշդ Երիքովի դիմացը, ըստ Ապուլ- Ֆէտայի, Սալթը երկու օրուան ճանապարհ հեռի էր Քէրէկէն:
       Գլխաւորաբար աւանդութենէ կ՚իմանանք թէ Սալթի մէջ կար հայ գաղութ մը, որ նմանապէս պատմութիւն չունի. տեղւոյն վրայ մինդեւ այսօր ցոյց կը տրուի փոքրիկ եկեղեցի մը Ս. Գէորդ անունով, որուն համար կ՚ըսուի թէ կանուխէն Հայոց կը վերաբերէր, բայց յետոյ հայ գաղութին ցրուումին կամ ցուլման հետեւանքով Յոյները գրաւած են, եւ կը կարծուի թէ այս առթիւ ջնջուած են նոյն եկեղեցիին հայեցի յիշատակարանները: Թ. Միհրդատեանց իր մէկ գիրքին մէջ (Տե'ս Նկարագիր Աղետից Երուսաղէմի, էջ 59) կը գրէ թէ «Յոյնք յափշտակած եւ յունադաւան ըրած են Գազայի մեր ժողովուրդը` Գերեկի, Երիքովի եւ Սալթի ժողովուրդներուս նման…» . տարակոյս չկայ որ ժամանակի խառնաշփոթութենէն եւ Հայոց տկարութենէն օգտուելով դրացի քրիստոնեայք` շատ անգամ առ նախանձու զանազան նեղութիւններով ստիպած են Հայերը յարելու ուրիշ եկեղեցիներու եւ ի վերջոյ ձուլուելու օտար ազգութիւններու մէջ. այսպէսի վիճակի ենթարկուած են ընդհանրապէս Անդրյորդանանի երբեմնի բարգաւաճ հայ գաղութները, որոնց մէջ կը գտնուէր Սալթի գաղութը: Գաղութին ցուումէն յետոյ Սալթի Յոյները կը տիրանան Հայոց եկեղեցիին` որ մօտիկն էր իրենց մեծ եկեղեցիին. տեղագրութիւնն իսկ կը վկայէ թէ եկեղեցին Յունաց չէր պատկանէր. քով քովի երկու յոյն եկեղեցիներու գոյութիւնը չ՚արդարանար. արդէն փոքրին մէջ ժամերգութիւն չեն կատարեր. հայոց կը վերաբերէր փոքրը որ յետոյ բռնարգաւուած է, ինչպէս Քէրէկի Ս. Գէորգը, որ նոյնպէս գոյութիւն ունի մինչեւ ցարդ: Սալթի Ս. Գէորդի եկեղեցին կը գտնուի քաղաքին հիւսիսային կողմը, երկայնութիւնը 15 մէթր, տանիքը հարթ հաւասար, եւ քարուկիր է, պատուհան դունի, լոյսը կ՚առնէ սեղանին կամարի վրայի երկու փոքր պատուհաններէն, միափեղկ փայտեայ դուռը կը բացուի հարաւային կողմէն, եկեղեցին դէպ ի արեւմուտք հեիզհետէ կը բարձրանայ եւ արեւմտեան կողմը ապառաժի վրայ շինուած է. նոյն կողմը` պատին ներսի կողմէն կայ քարայր մը:
       Երուսաղէմէն յօդուածագիր մը «Քանի մը խօսք սաղիմական հայ հնագրութեան մասին» խորագրով գրուածք մը ունի 1898ի Հանդէս Ամսօրեայի մէջ (էջ 161) ուր կ՚ըսէ թէ «մասնաւորապէս կարող եմ յիշել Սալթի եկեղեցին, որոյ գմբէթի վարի մասերուն վրայ հայկական վրեր ցարդ անաղարտ մնացած են»: Ինչպէս յիշեցինք վերեւ, Սալթի եկեղեցին գմբէթ չունի հետեւաբար գմբէթին վրայ հայկական գիրերու գոյութիւնը սխալ տեղեկագրի մը վրայ հաղորդագրուած ըթ թուի, միայն ուրիշներ ինձ հաւաստեցին թէ եկեղեցիին դրան վրայ կէս կանգուն մեծութեամբ յիշատակարան քարին հայերէն գիրերը ջնջուած կամ տաշուած կ՚երեւնան: