ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՆ ՎԱՆՔԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա. Պատմութիւնը.
       Խաչակրաց յաղթանակով գրաւուեցաւ կեսարիան եւ դարձեալ ան եղաւ կեդրոն բարգաւաճման եւ զարգացման. նորոգուեցան բիւզանդական շրջանէն մնացած եւեղեցիները եւ շինուեցան նորեր արեւմտեան ճարտարապետական ոճով: Անոր նաւահանգիստին դիւրութիւնները կը հարպուրէին զանազան ազգերէ վաճառականներ` որոնք իրենց առեւտրական ձեռնարկներով ծաղկեցուցին քաղաքը:
       Պաղտին Ա. էր որ 1101ին գրաւեց Կեսարիոյ նաւահանգիստը Ճեմովացիներու նաւատորմին օգնութեամբը: 1148ին Ալֆոնս - Ժուրտէն` Թուլուզի կողմը հազիւ ոտք կոխած Սուրբ Երկիրը` ուր ան ծնած էր եւ կու գար պաշտպանել զայն` ապրիլին մեռաւ Կեսարիոյ մէջ եւ հոն թաղուեցաւ: 1187ին Սալահէտտին գրաւեց այս հին քաղաքը եւ քանդեց ամրութիւնները: Անոր կողմէն 1192ին յանձնուեցաւ քրիստոնեայ իշխաններուն: Gautier Avesnesի ձեռքով 1218ին քաղաքը թէեւ նոր պարիսպներով օժտուեցաւ, սակայն դարձեալ Սարակինոսները աւերեցին: Զինուորները ապստամբեցան Աքքեայի մէջ: 12451 մարտին, Ս. Լուդովիկոս հոն եկաւ եւ տարի մը բնակեցաւ եւ զբաղեցաւ վերաշինելու պարիսպը, բայց 1265ին պիպարս պաշարեց զայն, մարի 5ին գրաւեց եւ կործանեց: ԺԸ. դարու վերջին տարիները անոր աւերակները Ճէզար փաշա գրաւեց եւ իբր քարահանք շահագործեց` Աքքեայի պարիսպը եւ մեծ մզկիթը կառուցանելու համար: Անորմէ վերջ, տեղացիներն աք սկսան ժողվել տաշուած քարերը իրենց պէտքերուն գործածելու կամ արտածելու համար, այնպէս որ աժմ քաղաքին հին շինուածքներէն գրեթէ այլեւս բան մը չէ մնացած:
       1659ին ասպետ Arvieux Կեսարիոյ մէջ գտած է «աւերակներու կոյտ մը, ինչպէս նաեւ Աքքեայի մէջ»: ԺԸ. դարուն Pococke, 1854ին Guerin տեսան միեւնոյն քաոսը: 1859ին Rey գծեց Խաչակիրներու պարսպին յատակագիծը. անկէ յետոյ հին հարիսպին ուրիշ նոր յատակագիծ մ՚ալ հրատարակուեցաւ The Survey of Western Palestineի մէջ: Խաչակիրներու այս քաղաքը հին քաղաքէն մէկ փոքր մաս մը միայն կը պարունակէր:
       Կեսարիան լատին մայրաքաղաք մը եղաւ, ան ունէր մէկ քորեպտսկոպոս` որ էր Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը:
       Լատին եօթը արքեպիսկոպոսներէն առաջինը Պաղտին` քաղաքին գրաւման ժամանակ 1101 մայիս 18 եւ 23ին ձեռնադրուեցաւ Մօրիկ Լեկադէն, որ միեւնոյն ժամանակ օծեց երկու եկեղեցիներ` Ս. Պետրոս եւ Ս. Լաւրենտիոս անուամբ, առաջինը նախապէս մզկիթ մ՚էր: Այս երկու շինուածքներթ 20 օրուան պաշարման եւ յարձակման ժամանակ չէին վնասուած, բայց սակայն, անոնք գոնէ մասամբ Լատիններէն վերանորոգուեցան: Կը յիշատակուի նաեւ Ս. Յովհաննէս անուն եկեղեցի մը:
      
       Բ. Հնախօսութիւնը.
       Ս. Պետրոսի մայր եկեղեցին, որ կը թուի թէ Ս. Պօղոսի ալ նուիրուած էր, նշանաւոր դարձած է Եւսեբիոսի կողմէն: Այն մզկիթը ուր գտնուեցան Խաչակիրները` հաւանաբար հին հազիլիքան էր: Ասպետ Arvieux, Pococke, Rey եւ Guerin տեսած են երկու եկեղեցիներուն աւերակները, փոքրէն` որ Ս. Լաւրինտիոսն էր, քիչ բան մնացած էր: Մայր եկեղեցիին աւերակները ընդհակառակն ԺԷ. դրուն կարկառուն կերպով մնացած էին: Arveux ասպետը կ՚ըսէ թէ տսած է «հոյակապ եկեղեցիի մը նկուղները եկ պատերը: Նկուղները ամբողջութեամբ կը մնանգգ անոր թանձր պատերը եւ սիւները տակաւին ամբողջութեամբ չեն ջնջուած:
       1854ին Guerin կը հաստատէ երկու կողման պատերուն երեսին չորս խոշոր որմայեցերուն կամարակապ ստորերկրեայ սեղանին եւ երեք կոզակներուն գոյութիւնը: Քիչ վերջը Պարոն Rey տակաւին անվնաս գտաւ ստորերկրեայ սեղանը եւ եկեղեցիին աւերակները, որ Թորթորզի Ս. Աստուածածնի եկեղեցիիին նման է: Ան հրատարակեց ամբողջական յատակագիծ մը` որ թէեւ փոքրիկ` բայց կը հաստատէ այս ծանօթութիւնը: Աւերակներու յատակագիծը իրենց նկարագրութեամբ անգղիացւոց վերջն է, եւ կը կարծեմ թէ Rey կարող եղած է ճշդել երկու մանրամասնութիւններ` որ վրիպած են իր յաջորդէն. կոզակներու զետեղումը ուղղանկիւն թանձր պատի մը մէջ եւ եկեղեցիին արեւելեան մասին եւ արեւմտեան ճակտին միջեւ եղած լայնութեան տարբերութիւնը:
       Երկու յատակագիծերէն հետեւեալ տեղեկութիւնները կը քաղենք.
       Եկեղեցին ունէր 36 մէթր երկայնութիւն, 32 լայնութիւն. կոնքը 7 մէթր, կողմնաթեւերը 5. 20 մէթր:
       Երեք կոզակները ուղղանկիոն պատերու մէջ զետեղուած են. կեդրոնական կոզակը դուրս ցցուած է, ինչպէս Թորթոզի եկեղեցիները, բայց աշտարակ չունի: Կողմնաթեւերը, ըստ անգղիական յատակագիծի, գէթ հարաւային կողմը, ունին խիստ տկար ցցուածքներով որմայեցեր, ինչպէս Պէյրութի եկեղեցիինը: Հիւսիսային կոզակին պատուհանը տակաւին կը մնար. մեծ կոզակն ալ ունէր իր աւազանը` որ խոռոչ մ՚էր կամարակապ` կեդրոնական կեցալի մը հետ: Կոզակին հարաւը կը տեսնուէր եպիսկոպոսկան քարէ աթոռի մը մնացորդը:
       Արեւմտեան երեսին վրայ կային չորս զօրաւոր որմայեցեր որ ունէին 15, 25 մէթր բարձրութիւն. լայնութիւնն 1, 83 մէթր, ցցուածքը գրեթէ 5, 30 մէթր: Կարելի է ենթադրել թէ աղեղենրը պրկուած էին այս վիթխարի կամրջակալներու միջեւ թէ' վարի կողմէն, գաւիթը կազմող լայն կամարի մը տակ, դուռները շրջանակելու համար, ինչպէս Laon մայր եկեղեցիինը, թէ' վերի կողմէն, իբր որմածակ, եթէ եկեղեցին իբր ամրութիւն շինուած է: Իր պատերը ունին 1. 53 մէթր երկայնութիւն. խիստ գեղեցիկ տաշուած քարերով պատերը զարդարուած են գրեթէ 20 սանդիմէթր բարձրութեամբ: Յատակը շինուած է սպիտակ մարմարէ սալայատակով մը:
       Պարոն Rey դիտած է որ վերջին որմայեցերը նուազ զայն են քան սնարքինը. կ'ենթադրէ թէ վերջին որմայեցերը ճակատի անկիւններուն հետ համադիր չեն: Կը կարծեմ թէ այդպիսի անկանոն դիրք մը չի կրնար գոյութիւն ունենալ եւ թէ ճակատը իրապէս աւելի նեղ էր քան եկեղեցիին արեւելեան մասը. վերջինս պէտք էր ունենար թեւ մը, որուն տկար ցցուածքըս միայն արեւմուտքէն յայտնի, ճշդօրէն կը համապատասխանէր պատերուն թանձրութեան: Գուցէ Թորթոզի եւ Ժիպլէի եկեղեցիներուն պէս դրսէն միայն ցցուածք ունէր, պատին թանձրութիւնը կրկնուած էր կոզակներու առջեւի գերաններուն անջրպետներուն մէջ:
       Հաւանական է որ այս բիւզանդական կոզակները շինուած են 1101ի Կեսարիոյ գրաւման եւ 1187ի նոր տիրապետութեան, մերձաւորապէս ԺԲ. դարու կիսուն, ինչպէս Թորթոզի եկեղեցիինը: Գալով ճակատին` անոր որմայեցերուն զօրաւոր ցցուածքը կը թուի ցոյց տալ նուազ հին ըուական մը, թէպէտ եւ ԺԲ. դարէն սկսեալ Երուսաղէմի Ս. Աննայի ճակատին վրայ եւ Թորթոզի եկեղեցիին մէջ այս տեսակ որմայեցեր կը գտնուէին: Թերեւս եկեղեցիին ճակատը մաս կը կազմէր այն աշխատանքին զոր Կեսարիոյ մէջ տարաեցին Gautier Avesnes 1218ին, կամ Ս. Լուդովիկոս 1251ին: Եթէ ան կը վերաբերի ԺԳ. դարու, կրնայ դիտուիլ թէ ան շատ կը տարբերի Թորթոզի, Աքքեայի եւ Ֆամակուստայի առանց որմայեցի ճակատներէն:
       Ս. Լաւրենտիոսի փոքր եկեղեցին քաղաքին հիւսիսային կողմը կը գտնուէր: Ան ունէր կոնք մը 5. 50 մէթր լայն, 1. 50 մէթր թանձրութեամբ պատերով, որմայեցերով բռնուած: Այս եկեղեցին` որուն երկու գերանամէջերը գոյութիւն ունէին, 4-5 մէթր բարձրութեամբ, սրաձեւ կամարներ ունէր: Հողէն երեք մէթրէն քիչ մը աւելի վեր կար ներքին լար մը, որ կապուած էր կամարի պարանոցները (retobee) կրող ուսերու (consoles) թակաղակներուն, ինչպէս Ռեմլէի եկեղեցիին կողմնաթեւերուն կամ Աքքեայի եկեղեցիին ստորնայարկ սրահին մէջ: Այս լարին տակ, հիւսիսային կողմը կը բացուէր աղեղնաձեւ խիստ ցած դուռ մը:
       Որմայեցերուն երկու կողման երեսներուն վրայ կը դիհուին աղեղներ` որ կրնային ունենալ իրենց բարձրութեան մէջ շինուած անցք մը:
       Այս տեղեկութիւններուն համաձայն, կը թուի թէ Ս. Պետրոսի եկեղեցին ԺԳ. դարու շինուածք մ՚է (Տե'ս Camille Enlart, les monuments des Croises de Jerusalem, էջ 85-87):
       1101ին երբ Կեսարիա Խաչակիրներէն գրաւուեցաւ, անոնց ձեռք բերած աւարին մէջ կը գտնուէր թանկագին սպաս մը, Վերջին ընթրեաց ժամանակ Յիսուսի գործածած բաժակը կամ սկիհը, զոր Ճենովացիները իբրեւ իրենց աւարի բաժինը նախընտրեցին զայն եւ տարին յետոյ իրենց հայրենիքը. նոյն սպասը գտնուած էր մզկիթի մը մէջ, որ առաջ եկեղեցի էր. կ՚ըսուի թէ ան վեցանկիւնի ձեւով եղնգտնաքար մ՚էր, ըստ Կիյեօմ Տիւրացիի նկարագրութեան. բաժակին տրամագիծն էր 13 մատ, բարձրութիւնը վեց ու կէս. սպասին պատեանը ոսկիով եւ պատուական քարերով զարդարուած էր. այնպէս կարծուած էր թէ ան զմրուխտ է, եւ յետոյ ըսուած է թէ ապակի է: Այս սկիհին զրոյցը պատմական յիշատակարն դունի, բայց մեծ համբաւ հանած է միջին դարու գրականութեան մէջ (մանրամասնութիւնները տեսնել` Mislin, Les Saints Lieux, Բ. Հտր. էջ 109-110):