ՄԻԱԲԱՆՔ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ

 

 

ԹԱԴԷՈՍ ԱԲ. ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ.

Մբ. Ս. Յակոբի վանքին. իր նուիրատուութեան համար տեսնել:

ՄՁ. թ. 532

ԹԱԴԷՈՍ ԱՆԱՆԵԱՆՑ ԽՈՒՏԱՎԷՐՏԵԱՆ.

Որդի Պապայի, Որմի քաղաքէն, Նազլը գետ գիւղացի (Պարսկ. Հայաստան): 1869 Յունիս 18ին, ձեռագիր Աւետարան մը յիշատակ կուտայ Ս. Յակոբի վանքին Խարբերդցի Տէր Սահակեանց Նւ. Երեմիա վրդ-ի ձեռքով:

ՄՁ. թ. 1795. Խապ. Ցուց. Տետր. Ա. էջ 13-14

ԹԱԴԷՈՍ ՄԻՀՐԴԱՏ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Ծ. 1816ին. հայրը` Աստուածատուր քհ: 1858ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: Նախնեաց գործերէն հրատարակած է Պատմութիւն Սեբէոս եպս-ի ի Հերակլն, (տպ. Կ. Պոլիս, 1851), իսկ իր երկասիրութիւններէն ի լոյս հանած է, քանի մը մանր գրքոյկներէ զատ, իր Նկարագիր աղետից Երուսաղէմի գիրքը (տպ. Կ. Պոլիս, 1860), զոր կ՚անուանէ նաեւ «Ուրուագիծ ոգւոյ եւ ընթացից կառավարութեան Տ. Յովհաննէս Պատրիարքին Երուսաղէմի Զմիւռնացւոյ, ընդ նմին եւ քանի մը խօսք ի վերայ վարչութէան Ազգայնոցս Կ. Պօլսոյ, եւ դիտողութիւնք ի վերայ բարեկարգութեան սուրբ Երուսաղէմի միաբանից` եւ այլ Աթոռոց եւ վանօրէից Ազգիս»: Թադէոս Տէր Աստուածատուրեան` իր յայտարարութեան նայելով` գրած է նաեւ Ճանապարհորդութիւն ի Ս. Երուսաղէմ եւ Տեղեկագիր Տեղեաց, ինչպէս նաեւ Յաջորդութիւն Երուսաղիմայ Պատրիարքաց աշխատութիւնները որ անտիպ կը մնան: Ան մեռած է 1873ին:

 

ԹԱԴԷՈՍ ՍՐԿ.

1455ի Ս. Սաբայի վանքին մէջ կը գրէ Աեւտարան մը. (Տե'ս Մատ. Քառասուն Մանկունք եկեղեցիին Հալէպի թ. 23) որ ունի հետեւեալ յիշատակարանը. «…յամին ինն հարիւր երրորդի եւ չորրորդի թուականիս հայկազանց (=1455) …մեղապարտ եւ սուտ անուն սարկաւագ Թադէոս ցանկացող եղէ այսմ աստուածային մատենի, եւ ստացայ զսա ինձ գանձ անկողոպտելի եւ փրկանս մեղուցեալ հոգւոյ իմոյ… բայց արդ գրեցաւ սա ձեռամբ յոգնամեղ եւ սուտ անուն եւ փցուն եւ անարհեստ գրչի Թադէոս սուտ անուն սարկաւագի, ի լաւ եւ յընտիր օրինակէ. ի սահմանս սուրբ քաղաքիս Երուսաղեմի եւ հռչակաւոր անապատս ի վանս Սրբոյն Սաբայի ընդ հովանեաւ սրբոց որ անդ են հանգուցեալ: Դարձեալ աղաչեմ զձեզ զի յիշեսջիք զհոգեւոր եղբայրն իմ զՅովհաննէս որ զթուղթն կոկեաց եւ զՄարկոս միայնակեանց եւ զմիաբանս Սբ. Փրկչիս: Դարձեալ ծաներուք, ով սբ. եղբարք. որ տուաք յիշատակ հոգւոց մերոց զսբ. աւետարանս հոգեւոր որդւոյ մերոյ եւ աշակերտին իմոյ տէր Աբրահամ դեռաբուսիկ քահանային Մսրցւոյ, Ած. օրհնէ զինքը եւ զիւր որդիքն, զի բազում անգամ աշխատեցաւ հետ ի մեզ ի մարմնաւոր պիտոյիցս ծառայութիւն անելով: Ծաներուք, ո~վ սուրբ եղբարք. վկայութեամբ Աբրահամ վրդ-ին եւ տէր Տաւնականին եւ տէր Սազաւմոնին եւ տէր Հայրապետին որ տուաք զսբ. աւետարանս յիշատակ հոգւոց մերոց տէր Աբրահամին, եթէ ոք կամիցի ի դմանէ դաւ հանելով կամ գողանալ, զմասն Յուդայի առցէ եւ զխաչահանուացն թվին Հայոց ՋԻ» (=1471): Այս յիշատակարանը կը հաստատէ Յունաց Ս. Սաբայի վանքին մէջ հայ միաբանութեան մը գոյութիւնը, որ տեւած է մինչեւ ԺԸ. դար: Երուսաղէմացի Հաննէ պատմագիրն ալ կը վկայէ գրելով. Եւ ազգս մեր ունին ի սմա մասն մի վիճակ. (էջ 279): Հաւանաբար միեւնոյն Թադէոսն է որ Ս. Փրկչի վանքին մէջ, ՊՂԸ (=1449) թուին, կ՚ընդօրինակէ Գանձ գիրք մը եւ կը նուիրէ Ս. Հրեշտակապետի վանքին: Սոյնին յիշատակարանին մէջ ալ կը յիշէ թուղթը կոկող իր հոգեւոր եղբայրը` Յովհաննէս

Տե'ս նաեւ մեր յօդուածը Սիոնի մէջ, 1927, էջ 369-372. 1928, էջ 16-19

ԹԱԴԷՈՍ ՎՐԴ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ, ԱՐԱԲԿԻՐՑԻ.

Մբ. Ծ. 1831, Ձռ. 1866ին, հիւրընկալ 1866-70ին, մատակարար 1870-73ին, ՏԼ. 1873-1905ին, ԼՍՊ. 1906ին, եւ կը վախճանի նոյն տարին: Եօթնամեայ աշխատութեամբ յօրինած է Համաբարբառ Հին եւ Նոր Կտակարանաց գիրքը. (տպ. Ս. Երուսաղէմ, 1895): Թողած է ի նպաստ վանքին տասը հատ Րումելի Երկաթուղիի արժեթուղթեր:

 

ԹԱԴԷՈՍ ՎՐԴ. ԽՈՒՄԷԹԵԱՆ, ՆԻԿՈՄԻԴԱՑԻ.

Մբ. Արմաշու վանքին. 1849ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: Աղամաելանի Քարոզգիրքը (1817) ընդօրինակելով` 1828ին կ՚ընծայէ Արմաշու Ս. Աստուածածին վանքին:

Արմաշ. Ցուց. թ. 113

ԹԱԴԷՈՍ ՎՐԴ. ԿԱՖԱՅԵՑԻ.

Ուխտաւորութեամբ Երուսաղէմ գալու ատեն ծովամոյն կը վախճանի. ինչպէս կը հասկցուի ձեռագիր Յասմաւուրքի մը հետեւեալ յիշատակարանէն. «…զհոգեւոր հայրն զԹադէոս կրօնաւոր Կաֆայեցին որ ի գնալն յԵրուսաղէմ ի ծովուն ընկղմեցաւ:

ՅԱ. 1910. էջ 104

ԹԱԴԷՈՍ ՎՐԴ. ՊԱԽԱԼԵԱՆ, ԿԵՍԱՐԱՑԻ (Էվքերէ).

Մբ. Ձռ. 1814ին, ՏԲ. 1847-48ին, կը վախճանի 1850ին:

ՄՁ. թ. 506

ԹԱԴԷՈՍ ՎՐԴ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ, ԿՈՓԵՑԻ (Տարոն).

Մբ. Ձռ. 1820ին, կնիքը 1835, ՏԲ., ՏՌ. եւ ՏՅՊ. 1843ին, 1847ին իր ծախքով նորոգել կուտայ Ս. Յարութեան մօտ Ս. Յովհաննէս եկեղեցին. յիշատակարանն է հետեւեալը. «Ի պատրիարգութեան Տ. Կիրակոսի վեհի նորոգութեան սրբոյ տաճարիս բոլոր մարմարեայ քարինք արար յիշատակ Պուլանուխցի Թադէոս վարդապետն. վասն հոգւոյ ծնողացն Աւետիսի եւ նուպարի եւ համայն պարագայիցն. »: Մարմարեայ քարերով շինել տուած է նաեւ Բեթղեհէմի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մկրտութեան աւազանը. յիշատակարանն է հետեւեալը. «Յիշատակ է աւազանս ի Բեթղեհէմ Ս. Աթոռոյս Երուսաղէմի բնիկ միաբան Մշեցի Թադէոս վարդապետին, յիշեցէք զինքն ի տէր եւ զծնողսն Աւետիս եւ Նուպար. 1848». կը վախճանի 1866ին: Այս անձը հաւանաբար ա'յն Թադէոս վրդ-ն է` որուն «Ժողովածու»էն Մուրատ վարժապետ Ռուբինեան Յոպպէի մէջ ընդօրինակած է Կիպրոս կղզիին հիւսիսային արեւելեան կողմէ գտնուող հայերէն տապանագիրը Աշոտ իշխան Սմբատեանի: Այդ տապանագիրը հրատարակուած է 1848 Մայիս 29ին Հայաստան թերթին մէջ:

տե'ս Թ. 48

ԹԱԴԷՈՍ ՎՐԴ.

1534 թուականին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը: Ձեռագիր Մեկն. Հնգամատենին Վարդան վարդապետի յիշատակարանին մէջ կը գտնուի հետեւեալ յուշագրութիւնը. «Ես Թադէոս վրդպս. Կղնցի. ի թվ. ՋՁԳ (=1534) գնացի յԵմ. եւ ի Հալապ գնեցի զարծց. գիրքս յիշատ[ակ] ինձ եւ իմոցն յիշողացն»:

ՅԱ. 1910, էջ 26

ԹԱԴԷՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. կնիքը 1823, Տեղապահ պատրիարքին:

 

ԹԱՄԱՐ ՎՐԱՑԻ (Տիկին).

Վրաց Հերակլ թագաւորի դստեր արքայորդի Իլիոնի թոռը, որ 1847ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Տեղերը եւ մասնաւորապէս Ս. Յակոբի վանքը, Ներսէս Ե. կթղ. 31 Մարտ 1847 թուական կոնդակով կը յանձնարարէ Ս. Յակոբի վանքին Ծայրագոյն կառավարիչ Պօղոս արքեպս-ի, Կարապետ եւ Մարկոս արքեպս-ներուն, որպէս զի Թամար Տիկնոջ արժանավայել ընդունելութիւն մը կատարուի:

 

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՔ ՀԱՅՈՑ.

Մեր Ե. դարու թարգմանիչ վարդապետներէ ոմանք այցելած են Երուսաղէմի Ս. Տեղերը, պատմական յիշատակարաններու համաձայն: Մայր Մաշտոցի սկիզբը դրուած Օրհնութիւնաբեր Ցուցակ խորագրով գրուածքին մէջ կը կարդանք որ մեր թարգմանիչ վարդապետներէն Խոսրով, Արջեւան եւ Կորիւն այցելած են Երուսաղէմի Ս. Տեղերը. Իսկ զկանոն ջուր օրհնելոյն` սրբոյն Բարսղի է արարեալ յեօթներորդ ամի հայրապետութեան իւրոյ ի Կեսարիա կապադովկիացւոց, եւ յԵրուսաղէմ քաղաքի ի հոսանս Յորդանանու հանդիպեցաւ Խոսրով թարգմանիչ` հրամանաւ Սրբոյն Սահակայ, եւ անդ գրեաց եւ եբեր ի Հայս: Իսկ ապաշխարող կարգել եւ արձակել ի մեծի հինգշաբաթին երանելւոյ Կիւրղի Երուսաղեմացւոյ գրեալ ի դուռն Սրբոյն Սիոնի եւ քսան եւ մի ամի հայրապետութեան իւրոյ, յաւուրն յորում ընծայեցուցանէր զեդովմայեցիսն յԱստուած. եւ Արջեւան եւ Կորիւն թարգմանիչք բերին ի Հայս: Իսկ Մովսէս թարգմանչին այցելութեան մասին հետեւեալը կը կարդանք Խորենացիին Պատմութեան մէջ (Գիրք Գ. ԿԲ. ). Անցաք ի սուրբ տեղիսն երկրպագել եւ մնալ վայրկեան ի պաղեստինացւոց հրահանգս: Կ՚աւանդուի նաեւ թէ մեր թարգմանիչներէն Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփան իր յօրինած Բարձրացուցէք խօսած է յԵրուսաղէմ ի Գողգոթային յաւուր Խաչ վերայ տօնին:

Տե'ս Գիրք Պատճառաց, Տաշ. Ցուց. էջ 232

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԵՊՍ. ՈՐԴԻ ՎԱՀՊԱՆԻ, (Ասորի).

Անտիոքի կաթոլիկ Ասորիներուն Պատրիարք Տէր Րահմանի 1925ին րի ձեռագիրներու մատենադարանին մէջ գտած է սոյն Թէոդորոս եպս-ի Երուսաղէմէն Ասորիներու Միքայէլ Պատրիարքին ղրկած երկու նամակները: Այդ նամակներուն Երուսաղէմի Ս. Յակոբին վերաբերեալ մասը` Տէր Րահմանի թարգմանելով ղրկած էր Տ. Եղիշէ Ս. Պտրք-ին, որմէ ստանալով` ի ստորեւ կը դնեմ նոյն երկու հատուածներուն թարգմանութիւնը.

Ա. «Հերովդէսի երեսէն փախչողի մը պէս փախանք քու երեսէդ. եւ դժնդակ յոգնութիւններէ վերջ, հասանք Երուսաղէմ Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին պաշտպանութիւնը հայցելու եւ իջանք հայ ժողովուրդին մօտ: Մեր թշնամին (կ՚ակնարկէ Միքայէլ Ասորին) իմանալով այդ բանը ընծաներ ղրկեց Հայոց կաթողիկոսին եւ խնդրեց անկէ որ դուրս հանել տայ զիս… ինչ որ տեղի ունեցաւ ու մենք ապաստանեցանք Յովսափատի ձորը»:

Բ. «Ձեր եղբօր երեսէն խոյս տուինք… եկանք Երուսաղէմ ասնպջականութիւն խնդրելու Հայոց վանքին մէջ: Մեծաւորները լաւագոյն ընդունելութիւն ըրին մեզի մեծամեծ պատիւներով, բայց ձեր առ կաթողիկոսն (Հայոց) գրաց նամակներուն հետեւանքովը արտաքսուեցանք ա'յն վանքէն` որ ապաստան տուած էր մեզի. »: Թէոդորոս եպս. ` Բարեբրէյոսի գրածին նայելով, ինչպէս կը հաստատէ Ասսեմանի, Միքայէլ Պտրք-ին բացակայութենէն օգտուելով` Ասորւոց Պատրիարք կը հռչակէ ինքզինքը, սակայն գահընկէց կ՚ըլլայ Միքայելէն, որ կը բանտարկուի վանքի մը մէջ: Թէոդորոս բանտէն կը փախչի եւ հո'ս հո'ն դեգերելէ վերջ` կը դառնայ Կիլիկիա եւ Հայոց Լեւոն Բ#ի պաշտպանութեամբ Կիլիկիոյ Ասորւոց պատրիարքութիւնը կը վարէ Հռոմկլայի մէջ մինչեւ իր մահը (1192), (Տե'ս Չանչ. Գիրք Գ. էջ 153): Կը թուի թէ` այս միջոցներուն է որ` Թէոդորոս եպս. Վահպանի Երուսաղէմի Ս. Յակոբի վանքը կ՚ապաստանի, ինչպէս ցոյց կուտան իր վերոգրեալ նամակները: Թէոդորոս եպս-ի` Յունաց Մանուէլ կայսեր պատուիրակ Թէորիանէ փիլիսոփայի հետ դաւանական բանակցութիւնը տեսնել:

Չանչ. Գիրք Գ. էջ 110

ԹԷՈԴՈՐՈՍ Ա. ՊԵ. ԽՈՐԵՆԱՑԻ.

Հայրը` տր. Առաքել, մայրը` Վարդանոյշ (ՄՁ. թ. 1759), աշկ. Գրիգոր պտրք. Շղթայակրի, որ կտակագրով մը յաջորդ կարգած էր զայն իրեն: Նւ. եւ Տեղապահ մինչեւ 1752. կը գահակալէ 1752ին, 1755ին տեղի կ՚ունենայ կազմութիւնը խորհրդականներու ժողովին. 1758ին նորոգել տուած է այն հրովարտակը` որով Հայք իրաւունք կ՚ունենան Յունաց հետ Ս. Գերեզման մտնելու Զատկի Ճրագալոյցի օրը լուսահանութեան համար. այս առթիւ կը նորոգուի նաեւ Հայոց վանքերու սեփականութիւններու հրովարտակները. (Սալաւան էջ 934): Թէոդորոս պտրք. կը վախճանի 1761ին: Իր տապանագիրն է հետեւեալը.

«Այս է հանգիստ իւր տապանի

Առն մեծի բարերջանկի

Թէոդորոս Սըրբազանի

Սրբոյ գահիս Պատրիարգի.

Էր նահագաւ Տարօնացի.

Բնիկ գիւղէն Խորենացի

Լի աւուրբք որ ծերուծեան

Հանգեաւ առ տէր բարի մահուամբ,

Թվին Հայոց Յաբեթական

ՌԺ քառ յոբելեան,

Դեկտեմբերի կոյսն ընդ ինքեան: »

 

ԹԷՈԴՈՐՈՍ Բ. ՎԱՆՑԻ.

(1801-1818). Նւ. Կարնոյ, Ակնայ, Ռումելիի եւ Քղիի 1750ին, ՓԿԵ. 1750ին: Եպս. կը ձեռնադրուի 1788ին. Նւ. Թիֆլիսի 1790ին. դարպասընկալ 1801ին, կ՚ընտրուի պտրք. 1801 Յուլիս 23ին. Հնդկաստան եւ Ռուսաստան կոնդակներ կը ղրկէ 1803ին եւ կը պարզէ Ս. Յակոբի վանքին տագնապալի վիճակը ծանր պարտքերու պատճառաւ եւ կը նխդրէ օգնութիւն վերահաս վտանգէն ազատուելու համար: Հնդկահայոց գրուած վերոյիշեալ կոնդակը` որ ՌՄԾԲ (=1803) թուականն ունի եւ կը գտնուի Սրբոյ Երուսաղէմի յետին պաշտօնեայ նուիրակ… Յակոբ աբեղայ ստորագրութեամբ: Այս կոնդակին օրինակը Ս. Յակոբի վանքը բերած է Հնդկաց Նւ. Ներսէս Ծ. վրդ: Գէորգեան. (Սիօն 1875, էջ 32-37):

Թէոդորոս պտրք-ին գլխաւոր յիշատակներն են, (ՄՁ. թ. 85), Ս. Յակոբի գմբէթին շուրջ դրուած երկաթէ ճաղը, առանձին ոտանաւոր յիշատակարանով մը, եւ լուսամուտներուն երկաթէ վանդակապատները. ականակուռ եւ մարգարտաչար սաղաւարտ մը, բարձ ու լայնանիստ արծաթեայ աշտանակ մը, որ տարին երկու անգամ Տեռանեղբօր Ս. Աթոռոյ առջեւ կը վառուի, Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբ առաքելոյ տօնին, եւ Վարդավառին: Թէոդորոս Բ-ի տապանագիրն է հետեւեալը.

«Թէոդորոս վեհ ընտիր եւ հոգեւոր,

Ի յերկրէն Վանայ յոյժ հռչակաւոր.

Տիպ Լուսաւորչի, պարթեւ փառաւոր.

Մաքրական վարուք եւ պսակաւոր:

Նըստեալ ի յԱթոռ Սրբոյն Սիօնի,

Եղբօր Տեառն եղեւ յաջորդ անուանի,

Ջանայր չէն պահել զԱթոռն փրկչի.

Այլ տեւեալ ամօք միայն տասն եւ ութի:

Դարձեալ ստացաւ սա զմեր տեղի.

Տաճար ծննդեան եւ Ածածնի.:

Իսկ հասեալ ի տիս եօթնեկ տասնեկի

Սլացաւ ի մէնջ ի բուն հայրենի.

Յամի Տեառն 1819, յՕգոստոսի 22: »

Թէոդորոս Բ-ի օրով յիշատակագիր մը (ՄՁ. թ. 18) կը գրէ թէ` «յորում ժամանակի ի մերս թիւ ՌՄԿԱ (=1812)ին տէրունեան ուխտաւորացն նաւն բեկաւ. սակս անօրինակ մեղաց».

Թէոդորոս պտրք-ի գահակալութեան ժամանակ Ս. Յակոբի Միաբանութեան գլխաւոր անդամներու ցուցակն է հետեւեալը իւրաքանչիւրն իր պաշտօնովը, (ՄՁ. թ. 85). «Վէքիլ Կիրակոս վրդ. նախկին դարպասճի Զաքարիա եպս. ծերունի, Աւետիք եպս. ծերունի, Աբրահամ եպս. ծերունի, Յակոբ եպս. լուսարար Պաղտասար եպս. Պօլսոյ երբեմն Վէքիլ Պետրոս եպս. հանգուցեալ Պետրոս պտրք-ի հարազատ Գէորգ եպս. դարպասճի Ստեփանոս վրդ. լոյսհանող Մատթէոս վրդ. սբ. Յարութեան րէյիզ Սահակ վրդ. Ժամօրհնող Սիմէոն վրդ. Նուիրակ Մինաս վրդ. Նուիրակ Թովմաս վրդ. Նուիրակ Կարապետ վրդ. չուխաճի Մկրտիչ վրդ. սբ. Ածածնի րէյիզ Խաչատուր վրդ. արանց խոստովանահայր Զաքարիա վրդ. կանանց խոստովանահայր Յարութիւն վրդ. մոմճի Յակոբ վրդ. Մսրայ Առաջնորդ Յարութիւն վրդ. վանցի Աբրահամ վրդ. Մինաս վրդ. Կեսարացի Մկրտիչ վրդ. ճգնաւոր Մկրտիչ վրդ. քիւրտ Յովհաննէս վրդ. Ժամասաց Յովհաննէս վրդ. կարճ Յարութիւն վրդ. Վանցի Վարդան վրդ. քէօսէ Յովհաննէս վրդ. Դաւիթ վրդ. Ալաշկերտցի, Սահակ վրդ. Թոխատցի, Անտոն վրդ. Կիպրացի, մասճի Գէորգ վրդ. ծերունի Յօհան վրդ. Սուքիաս վրդ. սբ. Հրեշտակապետի րէյիզ Եղիայ վրդ. սորին օգնական Յովսէփ վրդ. սբ. Ծննդեան րէյիզ Գրիգոր վրդ. սորին օգնական Անդրէաս վրդ. սբ. Յարութեան լուսարար Իզմիրցի Յովհաննէս վրդ. Անապատցի Յարութիւն վրդ. Անապատցի Կարապետ վրդ. Ալիքսան վրդ. ծերունի Սահակ վրդ. Վանցի Կարապետ վրդ. պատրիարքարանի յետին աւելածու Ղարդալցի Դիոնէսիոս աբեղայ»

 

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ, ՔԹՌԷՇԷՆՑ.

Հայրը` մհտ. Յետգար, մայրը` Աննա մելիք. 1666ին Երեւանցի ոսկան վրդ-ի Ամստերտամի մէջ տպագրած Աստուածաշունչի յիշատակարանին մէջ կը կարդանք թէ` երեք Ջուղայեցի հարուստներ` 1665ին Ոսկան վրդ-ի հետ կը համաձայնին որոշ պայմաններով տպագրել տալու համար Աստուածաշունչը. «բայց այսպիսի եղեւ պայմանն, քանզի ի թուին ՌՃԺԴ (=1665) փետրվարի Պարոն Ստեփաննոսն եւ Պարոն Պետրոսն խոստացան զաւելեալ շահսն որ ի վաճառմանէ Աստուածաշնչոյն լինիցի տալ սուրբ Էջմիածնի. նոյնպէս եւ Պարոն Թէոդորոսն զիւր բաժնի շահոյ զկէսն խոստացաւ Սուրբ Երուսաղէմի. եւ զկէսն Յուշոյ վանից սրբոյն Սարգսի զօրավարի»: Այս նուիրատութեան եւ Ոսկանի Ածաշունչի տպագրութեան պարագաներու մասին տեսնել նոյն Ածաշունչի յիշատակարանը, Ոսկանի ընկեր Թադէոս երէց Համազասպետնի ոտանաւոր պատմութիւնը սա խորագրով` Պատմութիւն Պետրոս աւագ քօնսուլին Հայոց եւ երկու ընկերացն Քթռեշենց Թէոդորոսին եւ Խանենց Ստեփանին, Մարսիլիա տպագրուած Ժամագիրքին յառաջաբանը, ինչպէս նաեւ Ոսկան վրդ-ի առ ամենայն հայազինս ուղղեալ Կտակագիրը:

Պհտ. էջ 153. Հա. 1887

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՎՐԴ. Թարգման.

Մբ. 1631ին:

 

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՎՐԴ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ, ԿԷԼԻՊՈԼՈՒՑԻ.

Մբ. Ձռ. 1835ին, կնիքը` 1836ին, ՏՅՊ. 1847ին, խորհրդական 1850ին, կը վախճանի 1855ին:

 

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՎՐԴ. ԲԱՂԻՇԵՑԻ.

Մբ. Ձռ. 1820ին, Տեսուչ Կալուածոց Աղեքսանդրիոյ 1839ին:

 

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. ՏՅ. 1793ին:

 

ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՔՀ. ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ, ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ.

Աշկ. Կալկաթայի Անգղ. Վարժ-ի եւ յետոյ Աստուածաբանութեան վարդապետ Պօնի Համալսարանին վկայուած (1887-88): Պոլսի մէջ հրատարակած է Եկեղեցի Հայաստանեայց կրօնաթերթը. կրօնուսոյց Ս. Յակոբի Ժառ. Վարժ-ի 1888-1892ին, միեւնոյն ժամանակ հրատարակած է Ս. Յակոբի վանքի Օրացոյցին երկու տարուան յաւելուածները` Խորհուրդ Ս. Պատարագի եւ Նուիրապետութիւն Եկեղեցւոյ խորագրով, ինչպէս նաեւ Թադէոս վրդ. Աստուածատրեանի Համաբարբառ Հին եւ Նոր Կտակարանաց գրքին յառաջաբանը` Տեսութիւն ի վերայ Համաբարբառին Ս. Գրոց անուամբ: Թէոդորոս քհ. կը ձեռնադրուի ի Ս. Էջմիածին 1895ին եւ հոգեւոր հովիւ կը կարգուի Մանչէսթըրի եկեղեցիին, ուր կը հաստատէ տպարան եւ 1899ին կը շարունակէ իր Եկեղեցի Հայաստանեայց կրօնաթերթը. 1899ին կը հրատարակէ Հովուական Թուղթ մը եւ 1904էն սկսեալ կը գտնուի Սինկըր (Քալիֆօրնիա):

 

ԹՈՎՄԱ ԱԲ.

Մբ. Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին մէջ կը գտնուի ձեռ. Խորհրդատետր մը Թովմա աբ-էն. ընդօրինակած Ս. Յարութեան վերնատան մէջ 1677ին. նոյնին յիշատակարանն է հետեւեալը, «Գրեալ յԵրուսաղէմ ի Ս. Յարութեան վերնատունն, թվ. ՌՃԻԶ, ի վայելումն Ամասիացի Սահակ պարոնտէրին, ձեռամբ Թումայ լերկ եւ լրիկ… աբեղայի… յիշեցէք Վարդ…  Նարբէկի…  Մանանայ… Լուսխաթուն… Շուրին… Հիրիքէ…»:

Թորոս Աղբար, Բ. էջ 453-454

ԹՈՎՄԱ ԱԲ.

Մբ. ՏԲ. 1693-94ին, ՏՀ. 1695ին, կը յիշատակուի Ամդեցի Մինաս Պտրք-ի Օրագրութեան մէջ:

 

ԹՈՎՄԱ ԱԲ: ՀՌՈՄԿԼԱՅԵՑԻ.

Թուղթ Ներսիսի Շնորհալւոյ ձեռագրին յիշատակարանին համաձայն իր հայրն է Յովհաննէս, հօրեղբայրները` Գրիգորիս, Գրիգոր, Զօրավար, Պետրոս, Մանուկ եւ Կոստանդին, որոնք նահատակուած են: Իր հօրաքրոջ աղջիկն ու հոգեւոր մայրը` Մարիամթագ, իր մանկութեան անուցիչը եղած է (ՄՁ. թ. 641): 1302ին ընդօրինակուած եւ 1825ին տպագրուած Ընդհանրականին յառաջաբանին մէջ կը յիշատակուի Թովմա աբ. Հռոմկլայեցին` որ Հռոմկլայի դղեկին 1292ի գրաւումէն առաջ` ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Երուսաղէմ. իր խօսքերն են ասոնք. «…նաեւ նախ քան զտասն ամ գրութեան տառիս (1302ին) գերեալ եղեւ ի տաճկաց հայրապետական աթոռն Հռոմկլայ` յորմէ եւ եմ ես նուաստս Թումաս աբեղայս` եւ տարաշխարհիկ եղեալ ի հայրենի տեղւոյ իմոյ յերբեմն ի վաղնջուց ամաց ճոխութեամբ փառաւորեցելոյ` ի նշանաւորն ասեմ դղեկէ` յորմէ ամաւ եւ կիսով նախ քան զառնուլն պատահեաց ինձ ելանել եւ գալ յաշխահս Կիլիկիոյ` յուսով տեսութեան Ս. Գերեզմանին Քրիստոսի:

Գիրք Թղթոցին գրիչն է նաեւ սոյն Հռոմկլայեցի աբեղան, որ նոյնին յիշատակարանին մէջ, (տպ. Թիֆլիս, 1901) Կիլիկիա գալը կը յիշէ Եգիպտոսի սուլթանին արշաւանքէն մէկ ու կէս տարի առաջ 1292ին, դարձեալ` յուսով փրկութեան Ս. Գերեզմանին Քրիստոսի: Գիրք Թղթոցը ընդօրինակած է նոյն արշաւանքէն վեց տարի վերջը 1298ին:

 

ԹՈՎՄԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ, ՏԻԱՐՊԷՔԻՐՑԻ.

Լս. Ս. Յակոբի, իր ծախքով կը նորոգէ 1863ին, Ս. Յակոբի տաճարին աւագ դուռը:

 

ԹՈՎՄԱ ՊՏՐՔ. ԲԵՐԻԱՑԻ.

Հակառակ Պոլսն իշխաններուն կամաց, Թովմա 1658ին Էտիրնէ կ՚երթայ ու պէրաթ կ՚ստանայ եւ Կ. Պոլսի պատրիարքութեան կցել կուտայ Երուսաղէմի վիճակը, որ իր մասնաւոր գահակալը ունէր յանձին Տարոնեցի Աստուածատուր պտրք-ի, եւ այդ միջոցին ան ալ Պոլիս կը գտնուէր: Թովմայի հակառակորդները ուրիշ ամբաստանութիւններէ զատ, կ՚ըսէին թէ «Ա'ն ֆրանկ է եւ չաշուտ եւ հերձուածող, կը մոխէ Երուսաղէմի այն դրամները, զոր Եղիազար պտրք. կը ղրկէր անոր` եթէ հոգասցեն զբան Երուսաղեմայ». Հալէպցի Դաւիթ վրդ. գրի կ՚առնէ Թովմա պտրք-ի դէմ տասը ամբաստանութիւններ եւ ստորագրել տալով Աստուածատուր պտրք-ի` եկեղեցիները կը ղրկէ որ կարդան եւ չընդունին Թովման, որ իբր պատրիարք հազիւ քանի մը ամիսներ կը պաշտօնավարէ, եւ հակառակորդները զինքը գահէն վար կ՚առնեն, կը խոշտանգեն, բանտարկել կուտան եւ անոր անարգական մահուամբը կը վերջանայ խնդիրը. այս մասին կարդալ Երեմիա Չէլէպիի Օրագրութիւնը (անտիպ). Թովմայի հակառակորդներու նկարագրի մասին շահեկան է դնել հոս Եղիազարի Երուսաղէմէն հակառակորդներու ուղղած հետեւեալ խօսքերը. «Ո'վ մարդիկ, վասն է՞ր Երուսաղէմայ բանն չէք հոգար. երբ դուք քրիստոնեայ էք, զհաւատս եւ զդաւանութիւնս կամիք պայծառացունել: Եթէ իմ բարեկամ էք, զինչ կամի առնել Թուման ձեզ` ինձ արասցէ եւ Երուսաղեմայ»: Այս խօսքերը դիւր չեկան իշխաններուն եւ ցաւեցան Եղիազարի դէմ. ուստի եւ տարաձայնեցին թէ` «Թումա հակառակեցաւ Երուսաղիմայ եւ զԵրուսաղէմ հարկատու արար»:

Եր. Չէլ. Օր. ՄՁ. թ. 535

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ. ԱՏԻՇՑԻ.

Մբ. Ձռ. 1814ին, կը վախճանի 1859ին:

 

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ. ԲԱԲԵՐԴՑԻ.

Մբ. 1813ին:

 

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ. ԲԱԼՈՒՑԻ.

Մբ. 1684ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ ընդօրինակած է Յայսմաւուրք մը, որուն կէս մասն ալ գրած է Կիպրոսի Ս. Մակարի վանքին մէջ, ուր այժմ կըգտնուի ան: Ձեռագրին յիշատակարանը նոյնութեամբ կը դնենք հոս. «Արդ կատարեցաւ սբ. գիրքըս: Ի թուականիս մերում ՌՃԼԳ (=1684)ի Կիպրոս կղգիս ընդ հովանեաւ սբ. եւ փառաւորեալ մեծապայծառ ածածնիս. եւ սրբոյն Մակարայ ձեռամբ անմիտ Թումայ աբեղայիս, որ եմ ի զաւառէն Բալուա ուր տւաւ գիրս Հայոց մեծ վարդապետին Մեսրոպայ: Ի սբ. Էմ. սկսեալ եւ եկեալ յաստ կատար եւ աւարտեցաւ ոպ. ցուցանէ զայն որ Եմայ. միաբան յիշէ զայնքանն անդ գրեցաւ եւ այն որ սբ. Մակարայ դուռն գրեցաւ, եւ եդաք յիշատակ ի դուռն սբ. ածածնայ եկեղեցուս մեզ եւ ամ. հաւատացելոց, որ եւ արժանի առնէք յիշելոյ զԹումայ աբեղայս եւ զծնողս մեր զՄելիտոսն եւ զմայրս մեր զՈսկին եւ զեղբարքս մեր զհայրապետն եւ զԿարապետն եւ զԽաչատուրն եւ զքուրս մեր եւ զամ. արեան մերձաւորքս եւ մեզ վը. աշխատողացս… ած. ողոմի Թումային եւ հօրն Միրիճանին եւ մօրն Մարթային եւ ամ. ընտանեացն քանզի կապելոյն խարճն սա ետ. ած. ողորմի Եսայոյն որ զկտրիչն նորոգեաց»

ROC. էջ 172-73: ՄՁ. թ. 1920 Յայսմաւուրքը նորոգած է Ս. Յակոբի մէջ

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ.

Մբ. 1726ին

 

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ.

Մբ. 1792ին, Հրաւիրակ Ս. Յակոբի վանքին եւ ՏՅՊ. 1793ին:

 

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ. ՊԱԼԱՏՑԻ.

Մբ. 1731ին վախճանած եւ թաղուած է Ս. Փրկչի վանքը. տապանագիրն է հետեւեալը. «Այս է տապան հանգստեան Պալատցի Թովմաս իմաստուն վարդապետին որ հանգեաւ ի թվին ՌՃՁ. (=1731) ամին ի դեկտեմբերի ԺԳի որք ընթեռնուք, տուք զողորմին ամէն». Ս. Յակոբի վանքին տուած նուէրներու մասին տեսնել:

ՄՁ. թ. 532

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ, ՏԻԱՐՊԷՔԻՐՑԻ.

Մբ. Ծ. 1854ին, աշկ. Ժառ. Վարժ-ի 1869-73, Ձռ. 1886ին: ՏԲ. 1890ին, ՏՅ. (1859-97), ՏՅ. Բ. անգամ (1905-7), ՏՌ. (1908-9), ՏՅ. Գ. անգամ (1909-1912), շինուածապետ (1913-1918). կը վախճանի 1920 յունուար 31ին. իր եղբօրը Յակոբին հետ Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ կը թողուն Երուսաղէմի մէր երկու մթերանոց

 

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Սսոյ 1800ին:

 

ԹՈՎՄԱ ՎՐԴ.

Մբ. 1843ին:

 

ԹՈՎՄԱ ՔՀ. ԲԱՂԻՇԵՑԻ.

1657ին Ս. Յակոբի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ բոլորագիր Սաղմոս մը եւ Ատենի Ժամագիրք մը, ի խնդրոյ փակակալ տր. Նիկողոսին:

ՄՁ. թ. 232

ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ, ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ.

Ծ. 1874ին, նախ աշկ. Պարտիզակի Ազգ. Վարժարանին, յետոյ ընթացաւարտ Արմնշու Դպրեվանքէն (1890-1896), Ձռ. 1896ին, փ. վանահայր Արմաշու Դպրեվանքին 1905ին, Առ. Սեբաստիոյ (1907-1913), կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս 1910ին. ապա արքեպս. 1924ին Առ. Եգիպտոսի 1914ին. Մայր Աթոռէն Նւ. Հնդկաստանի (1916-1918). 1918ին ուխտաւորութեամբ եւ մասնաւոր հրաւէրով կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը եւ կը նախագահէ զատկական հանդէսներուն: Իսկ 1921ին Դուրեան Տ. Եղիշէ Ս. Պատրիարքի գահակալութեան առթիւ իբրեւ ներկայացուցիչ Կ. Պոլսի Ազգ. Պատրիարքարանի. զանազան առիթներով քանիցս այցելած է Ս. Յակոբի վանքը: 1928ի տարւոյն վերջերը Ամենայն Հայոց կթղ-ի մասնաւոր կոնդակովը Եւրոպայի Հայ գաղութներուն համար կը նշանակուի լիազօր ներկայացուցիչ ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ նուիրակ Մայր Աթոռոյ: Իր հրատարակած երկասիրութիւններն են, Խրիմեան Հայրիկ (տպ. Գահիրէ, 1926), Յոբայ Գիրքը տաղաչափուած աշխարհաբար (Հայ խօսնակ. 1927 եւ 1928), Եգիպտոսի Հայոց հին եւ արդի եկեղեցիները. (տպ. Գահիրէ, 1927). Աւետարանի Ճամբէն. (տպ. Գահիրէ, 1927). Ցուցակ ձեռագրաց Սեբաստիոյ. (Հանդէս Ամսօրեայի մէջ). ընդ մամլով է իր Հնդկահայքը. ունի անտիպ գործեր ալ:

 

ԹՈՐՈՍ ԵՊՍ. ՀԱՄԹԵՑԻ ԿԱՄ ԱԹԸԽՑԻ.

Մբ. Թորոս եպս. Ս. Յակոբի Միաբանութեան կողմէն 1651ին ներկայ կ՚ըլլայ Փիլիպպոս կթղ-ի Ս. Յակոբի վանքին մէջ գումարած ժողովին. (Ազգպտմ. էջ 2457). Անկիւրիոյ Կարմիր վանքին մատենադարանին ձեռագիր Աստուածաշունչը . 23) ընդօրինակուած 1656-1666ին ձեռամբ Թորոս եպս-ի, որ ինքզինքը կ՚անուանէ Համթեցի կամ Աթըխցի. նոյն ձեռագիրը Թորոս եպս. ընդօրինակած է Բեթղէհէմի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին, Կաֆայի եւ Կ. Պոլսի մէջ. դոյն Աստուածաշունչին յիշատակարանին համաձայն, Աստուածատուր եւ Եղիազար պատրիարքները 1654ին Նւ. կը նշանակեն Թորոս եպս-ը Տիգրանակերցի եւ Մարաց աշխարհին. չորս տարի կը տեւէ նուիրակութիւնը եւ յետոյ անկը վերադառնայ Երուսաղէմ. բայց չկրնար մնալ հոն. եւ կ՚երթայ Կեսարիա եւ Գաղատիա, ատեն մը ետքը Մարտիրոս վարդապետի հրամանով կ՚ուղեւորի Ղրիմի Ս. Խաչ վանքը, եւ հո'ն կ՚աւարտէ Ածաշունչ-ը ՌՃԺԵ. (=1666) դեկտ. 10ին իրեն համար կըգրէ թէ` իննսնամեայ է, բայց գրքին մնացեալ մասերը եւ յիշատակարանը կ՚լրացնէ Կ. Պոլիս. (Կիւլէսէրեան Ցուց. անտիպ): Թորոս եպս. ընդօրինակած է ՌՃԺԳ (=1664) թուին հաւաքածոյ մը Սիւների (Որոտնեցի) Մինաս վարդապետին համար, նոյն հաւաքածոյին Սամուէլի Պատմութեան սկիզբը կայ հետեւեալ յիշատակարանը. «Գիրքս այս յիշատակ է Թորոս եպս-ին ի վայելումն Սիւնեցի (Որոտնեցի) Մինաս վարդապետին. որքան որ կենդանի է` զմեզ անմոռանալի ունիցէ ի մտի իւրում. յորժամ ընթեռնու զսուրբ գիրքս` զմեզ յիշեսցէ եւ ինքն յիշեալ լիցի առաջի Աստուծոյ. թուին ՌՃԺԳ (=1664): Զսկսեալս իմ դու կատարեա, Տէր Յիսուս: Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղարա մեզ Տէր, եւյլն. » սկիզբը ունի այս ոտանաւորը.

«Իմաստունն իմանայ

Եւ անիմաստն զարմանայ.

Բայց դու ջանա' ուսիր զսա,

Զի պիտոյիւք պիտոյանայ: »

(Էջմ. Ցուց. թ. 1698)

նոյնը ընդօրինակած է նաեւ Բեթղէհէմի Ս. Ծննդեան վանքին մէջ Հաւաքածոյ մը ինչպէս յայտնի է հետեւեալ ոտանաւորէն.

«Ձեռս երթայ դառնայ ի հող,

Գիրս մնայ յիշատակող.

Զձեզ աղաչեմ, ով ընթերցող,

Վասն իմ առ Տէր լինիք մաղթող,

Զի յոյժ տապատոչոր սրտիւ գրեցի զգիրքս ի Ս. Ծնունդն»: (Էջմ. Ցուց. թ. 1675): Նոյն ձեռագիրը ունի նաեւ սա յուշագրութիւնները. «Արդ աղաչեմ զամենեսեանդ, որք հանդիպիք այսմ տառիս, մի ողորմեայիւ յիշել ի Տէր զԹորոս եպիսկ…: Այլ եւ զծրօղս զթորոս եպս. կրկնակի ժտելով հայցեմ եւ խնդրեմ մի հայր մեղայիւ յիշեցէք զբազմամեղս, զի մեծաւ տառապանօք ծրեցի զսա ի Ս. Ծնունդն. յաղագս նախանձու յեղբարց իմոց. զոր արարին ընդ իս ի Գահայ մեծի Ս. Յակոբայ Տեռանեղբօրն, զի խորհեցան չար եւ գուբ փորեցին ազգի ազգի. եւ մատնելով առ ումեմն Հիպիտոր, անխել եւ անոպայ եւ նախանձով վառեալ, զի երկրորդ դատ եւ դատաստան արարին ի վերայ իմ. մինչ մեք անյոյս եւ անօգնական լինելով ամենեցունց` եկի աստ. ըստ այնմ որ ո'չ էր օգնէր ինձ. կամ թէ եղէ ես առանց օգնականի. զոր տէր Աստուածն ամենայնի հատուսցէ նոցա աստ ի մարմնի. այլ եւ հանդերձելումն դատ արասցէ ընդիս եւ ընդ արքայ. զի կարէվէր խոցեալ եղեւ սիրտ իմ:

Զնուաստ գրիչս Թօրոս եպս. եւ զծնողս իմ մաղթեմ ի ձէնջ. ով գրակարդաց, յիշեցէք ի Քրիստոս, զի յոյժ տապատոչոր սրտիւ հարեալ, որպէս ի նետէ կարեվէր խոցմամբ ումեմն Հիպիտոր կոչեցելոյ գերեզմանին քրիստոսեան, ի Ս. Ծնունդն, ծրելով իմով ձեռամբս, զի ահէ որդոցն Քանանու մաշեալ լինէր սիրտ իմ. զի ոմն Զըղլու եւ ոմն Աղլու, որ են բ. ազգք ֆիլահ կոչեցեալք, սոքա երկոքեանք տալով պատերազմ ընդ միմեանս ի Բեթղեհէմ գիւղաքաղաքի, դեռ եւս վճարումն չեղեւ եւ դոցա պատերազմին, զոր եւ վերջն բանի նմա է գիտելի. այն որ արար զերկինս եւ զերկիր ոչնչէ: »

Ձեռագրին վերջը կայ նաեւ հետեւեալը. «Ես տէր Սարգիս զայս գիրքս առի ինձ յիշատակ հոգոյն թիւն ՌՃԽ եւ Զին (=1697): Այս վերջին հաւաքածոյին Ծննդեան ճառը եւ Ս. Աստուածածնի գովեստը յօրինած է Առաքել շնորհալից վարդապետը, որուն յիշատակարանը Թորոս եպս. ընդօրինակած է իր ձեռագրին մէջ. «Յարմարեցաւ ճառ Ծննդեան եւ յայտնութիւն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ եւ գովեստ Տիրամայր Աստուածածնին, ի բազմամեղ Առաքել պիտակ անուն վարդապետէ ի նորաշէն անապատիս, որ յանուն Ս. Աստուածնին եւ Յովհաննու կարապետին, ի թվ. Հայոց ՊՁ (=1431): Աղաչեմ զընթերցողսդ յիշման արժան առնել զմեղօք զառածեալս Առաքել»:

 

ԹՈՐՈՍ ԵՊՍ. ԿԵՍԱՐԻՈՅ.

1417ին ուխտաւորութեամբ այցելած է Ս. Յակոբի վանքը եւ իր ձեռքով գրած է հետեւեալ յիշատակարանը Ս. Յարութեան տաճարին մեծ դրան մարմարեայ սիւնին վրայ «Թօրոս եպիսկոպոս Յեւկասու? եւ Կեսարիոյ Յարութիւն, ի քեզ յանձին. թվ. ՊԿԶ» (=1417):

Հ. Վանորայք, էջ 33

ԹՈՐՈՍ ԵՊՍ. ՊԱՐՈՆՏԷՐ, ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. վախճանած է 1739ին եւ թաղուած Ս. Փրկչի վանքը. այս է իր տապանագիրը. «Այս է տապան հանգստեան ըստամպօլցի Թորոս Պարոնտէրի որ հանգեաւ ի ՌՃՁԸ (=1739) թվին ընթերցողքդ տուք զողորմին»: Ս. Յակոբի նուիրած իր յիշատակի մասին տեսնել:

ՄՁ. թ. 532

ԹՈՐՈՍ ԵՊՍ.

Մբ. Սսոյ, 1830ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, յետոյ կը մեկնի Կիպրոս, իբր Նւ. Սսոյ կաթողիկոսութեան:

Արձնգր. 1828 էջ 38

ԹՈՐՈՍ ՍՐՒ. ՎԺԱՆՑԻ (Շիրակի մէջ գիւղ մը).

Մբ. ՌՄԿԲ (=1813) թուին Երուսաղէմի Ս. Փրկչի վանքին մէջ կ՚ընդօրինակէ Վադրան վրդ-ի Մեկն. Երգոց Երգոյն գիրքը. եւ Գրիգոր Մագիստրոսի Թուղթերը:

ՄՁ. թ. 137 եւ 1523

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ. ԱՆԱՊԱՏՑԻ.

Մբ. 1820ին կը ձեռնադրուի:

 

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. 1316ին յիշատակարան մը կ՚անուանէ այս Թորոս վրդ-ը հոգելից եւ արդիւնական վարդապետ. «…աղաչեմ յիշել ի տէր զհոգելից եւ զարդիւնական վարդապետն Թօրոս որ զաւրինակն շնորհեաց որոյ ձեռնտուութեամբ եւ յերիւրմամբ գիրքս գրեցաւ. նաեւ զմաքուր հոգի դպիրն Կարապետ եւ զծնողս նորա. բազումս աշխատեցաւ ի կոկել նիւթոյս եւ յայլ սպասաւորութիւն. այլ եւ ամենայն բնակիչ սբ. ուխտիս Հրեշտակապետացս` զարս եւ զկանայս զմեծամեծս եւ զփոքունս: »

ՄՁ. թ. 271

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. Նւ. Շամախի 1696ին. նոյն տարին եպս. կը ձեռնադրուի, Նւ. Ռումելիի 1701ին, ՏՅ. 1702ին, կը յիշատակուի Մինաս Ամդեցիի Օրագրութեան մէջ:

 

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. 1733ին:

 

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ. ՊՈԼՍԵՑԻ.

Մբ. 1739ին:

 

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ.

Մբ. 1788ին Նւ. Ղարսու:

 

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ. ՎԱՆՑԻ.

Մբ. կը ձեռնադրուի 1814ին:

 

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ.

1817ին Նւ. Ակնայ, յիշեալին մօտ գտնուած 48, 000 դահեկան նուիրակութեան արդիւնքը քիւրտերը կը յափշտակեն:

 

ԹՈՐՈՍ ՎՐԴ.

1843ին Ս. Յակոբի մէջ Ժամասաց:

 

ԹՈՒՐՖԱՆՏԱ ՄՊ.

Մայրապետներուն տնտեսը. կը վախճանի 1892ին. Ս. Յակոբի վանքին յիշատակ կը թողու կէս Մթերանոց մը Յոպպէի, եւ կէս մթերանոց մ՚ալ Երուսաղէմի մէջ: