Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

 

Ի սկզբան գրոցս բացատրուած է եւ գրուելուն բարոյական առիթն, զարմանալին ի համաշխարհական պատկերի պատմութեան` Յարընչութիւն այդ երկու հեռաւոր ազգաց երկրի, Հայոց եւ Վենետաց. որոյ տպաւորութիւնն կամ ազդեցութիւնն ի միտս գրողին` այնքան զօրաւոր է, որքան որ այս երկու ազգք եւ երկիրք` մէկ մէկ կերպով իրեն կրկին հայրենիք են եղած. մէկն` արեամբ եւ ծննդեամբ, միւսն` երկար եւ գրեթէ բոլոր կենացը բնակութեամբ: Ասոր վրայ հարկ է աւելցընել եւ այս բնակութեան քաղաքին (Վենետկոյ), հարուստ` բայց դեռ ոչ բոլորովին քննուած եւ քաղուած Դիւանքն. ուր` քան զամենայն դիւանաց աշխարհի` բազմաթիւ եւ բազմադէմ հաւաստչեայք (documents) եւ գրուածք պահուին` Հայոց ընդ օտար ազգի մի յարընչութեանց. կամ, պարզաբար ըսելով ազգային հայկական յիշատակաց` ի Վենետիկ, եւ ընդ ժողովրդեան Վենետկոյ Հասարակապետութեան, 7-800 տարիներու անընդհատ տեւողութեամբ. որ եւ շարունակուի հիմայ այլ, գլխաւորապէս Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքով եւ տպագրատամբ, եւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանօք:

Ոչ լոկ հետաքրքրութեան` այլ եւ մարդավարութեան պարտք մ'էր մեզ` գիտնալ եւ յայտնել այս երկուց ազգաց յարընչութիւնքը, մէկուն Դիւաններէն եւ միւսոյն ազգային պատմութիւններէն եւ աւանդութիւններէն հանելով եւ հիւսելով: Թէ ոչ հաւասար` այլ եւ ոչ սակաւ պարտք մի էր եւ Վենետաց` գիտնալ իրենց փառաւոր եւ բազմադարեան ինքնիշխանութեան ատեն` մեր ազգին հետ ունեցած ո'ր եւ է կերպով գործակցութիւնը. այս` որքան յայտնի է եղեր իրենց երբէմն, Հասարակապետութեան վերջանալէն ետեւ դար մ'անցնելով, մոռացուեր է, եւ սակաւուց միայն եւ սակաւ ծանուցուեր է: Մեր երկար ամիսներով եւ տարիներով քննութիւնք եւ ընդօրինակութիւնք ի մեծի արքունի Դիւանատան, այլ եւ ի Նօտարականն (որ քանի մի տարի առաջ յարեցաւ ընդ առաջնոյն), եւ որոյ պաշտօնեայք ամենայն օգնութիւն եւ մեծարանք ցուցին մեզ, ըստ բնածին ընտել եւ կակուղ վենետկեան բարուց, միանգամայն եւ իրենց հետաքրքրութիւնը շարժեցին գիտնալու` ի՞նչ է մեր գտածը եւ հաւաքածը. մանաւանդ երբ (թէ եւ շատ քիչ) հայերէն գրուած մի ըլլար հանդիպածն, կամ չբացուած կտակ մի: Պատշաճ էր եւ մեզ, ոչ միայն այս իրենց ներկայ մարդասիրութեանն համար, այլ եւ իրենց նախնեաց եւ Հասարակապետութեանն, (զոր այնքան դարեր ցուցած են մեր ազգին պանդըխտելոց եւ երթեւեկ վաճառականաց, եւ իբր 200 տարիներէ ի վեր նոյն մերազգի Հօր Մխիթարայ եւ իր միաբանութեան), իրենց ընծայել մեր աշխատանաց եւ գիւտից երախայրիքը: Եւ այսպէս ըրինք, երեք տարի առաջ (1893). իրենց լեզուաւ հրատարակելով հիմակուան հայերէն հրատարակուածին առաջին մասն, կամ Ա Յեղանակն, նոյն անուամբ` ինչպէս ի հայումս` Հայ-Վենետ կոչելով, իտալերէն. L'Armeno - Veneto. Compendio storico e Documenti delle Relazioni degli Armeni coi Veneziani. Primo Periodo, Secoli Xlll-lV. Այս մասն` Ա Յեղանակն` գուցէ աւելի քան մեզ` կերպով մի իրենց (Վենետաց) հետաքննական էր, ի մէջ այնքան ազգաց` նա եւ արեւելեան քրիստոնեայ ինքնիշխան տէրութեանց, մէկ հատիկ այնպիսի տէրութեան մի հետ դաշնակցելն: Այդ տէրութիւնն կոչուէր եւ էր մեր Հայոց Ռուբինեան հռչակեալ հարստութիւնն, որ դառ եւ կէս թղթակից եւ դաշնակից եղած է ընդ Հասարակապետութեան Վենետկոյ. ընդարձակելով ասոր թեւաւոր առիւծուն թռչանքը, եւ տալով ազատութիւն` Սիսուանայ մէջ տուն, դատարան, եկեղեցի եւ փնդուկ հաստատելու, եւ անոր անդադար ծովակրկիտ եւ վաճառախնդիր, անկուշտ նաւերուն` ապահով եւ ոսկելից նաւահանգիստ մի, Այա ՜ ս. հայկականն Վենետիկ: - Ըսածէս եւ ի վաղուց յայտնի է, որ այս Յեղանակիս` երկուց ազգապետաց, թագաւորին Սիսուանայ եւ դքսին Վենետկոյ` թղթակցութիւնքն` գլխաւորապէս եւ հիմնապէս ասոնց վաճառաշահութեան նկատմամբ էր, որ եւ Հայոց եւս ոչ սակաւ առիթ էր շահու:

Յայտ է եւս, որ ասոնց դրած եւ գրած դաշինքն` Մուրատ գործակալ կարգելուն` վկայ եւ թարգման եղած է (27 սեպտ. 1590): - Պօղոս Նախճուանցի ո. Բարսղի, քանի մ'անգամ յիշուած: Խաչատուր Ամդեցի (Cazadur de Carahamit) ո. Գարաճայ ո. Քրիստափորը գործակալ կարգէ (1595, օգոս. 30) իր վաճառքները ընդունելու ի նաւուց, ի մաքսատանց, եւն: Քանի մի տարի վերջ (1599, յուլ. ) վճարելով զմնացորդ վարձուց իր սպասաւոր Պալիի ո. Սէֆէրայ` 90 լիր. ոսկի դրամով, նօտարի առջեւ կ՚առնու անկէ անդորրագիր. որոյ վկայ եւ թարգման կ՚ըլլայ Շահնշահն Մարկոս: - Ասոր ժամանակակից են Ստեփան Բաբերդցին ո. Ֆէրուհի, զուելի հաւաստչեայք եւս, թէ կարճ թէ երկայն, յայլեւայլ դիւանական գրոց գաղափարներով, որք պատմական մասեն մեկ ու կես անգամ աւելի եւն քանակաւ: - Այդ պատմական մասն` արդեն քիչ քիչ հայերեն այլ հրատարակուած եր ի Բազմավեպ օրագրի` յիտալական  թարգմանելով, եւ հիմայ բովանդակն այս գրոցս մեջ: Բայց զի հաւաստչեայքն գրեթէ բոլոր, բաց ի սակաւուց լատիներէն գրուած են, սակաւքն իտալերն եւ փռանկերեն, եւ մեր հասարակաց հասկանալի չեն թարգմանելն այլ շատոց համար այնքան` պիտանի պիտի չըլլար, մանաւանդ որ անոնց ծուծն անցած է ի պատմական մասին իսկ փափագող կրնան իտալերեն գրուածին մեջ գտնել:

Նոյն պատճառաւ Բ Յեղանակին (որ միայն հայերեն ահա հրատարակուի)  հաւաստչեայքն այլ` որ մեծագոյն մասամբ իտալերեն են, չեմք աւելցնէր, արդեն պատմական մասը չափաւոր եւ բաւական համարելով: Գուցէ այս մասն Յեղանակ, ԺԵ-Զդար) Վենետաց այնքան հետաքրքրական չըլլար. իսկ Հայոց` թերեւս աւելի քան զառաջինն. մեկ մ՚որ մերոնք արդեն գիտեն իրենց ազգին պատմութիւնը, եւ երկրորդ, որ այդ Յեղանակ) մասին մեջ կարձ եւ չոր  յիշուած են անուանք Վենետ պայլից  կամ որ եւ է անձանց եւ իրաց, որք ոչ մերայնոց` այլ նոցա են հետաքրքրականք: Սակայն, ինչպէս կըրնան դատել ընթերցողք, այս Բ Յեղանակս այլ կընծայէ Վենետաց այնպիսի Հայեր, որ եթէ մերազգեացս պարծանք են, իրենց այլ կրնան ըլլայ զարմանք, այլ եւ երախտաւորք. Անտոնեանքն եւ Գէորգեանք, ծովայոյզք, նաւագէտք, մեքենագործք, թարգմանք, թղթատարք, կարաւանապետք, գրատիպք, եւ այլն, անկողմնասէր եւ աննախանձ Վենետի մի` եւ ո՛ր եւ է օտարի` պէտք էր արժանի ըլլային յիշատակարանաց, ոչ միայն մտաւորօք եւ գրաւորօք, այլ եւ այնպիսի ցուցակութեամբք, որովք հիմայ ջանան եւրոպացիք իրենց սեփական ազգի եւ տէրութեան երախտաւորներն` ակն յանդիման երեւցընել, եւ որպէս կըսուի, անմահացընել:

Ասոնցմէ վերջը Գ. Յեղանակի Հայ-Վենետաց (ԺԷ-Ը դարուց) նկատմամբ` քանի մ՚անգամ գրոցս մեջ ըսուած է մեր մտածութիւնն, եւ աւելի երկայն ի վերջաբանին (երես 496-516) աւելորդ համարիմ կրկնել: Այն ըսածներս կիմացուի, որ եթէ ոչ փառաւոր եւ նշանաւոր անձինք պիտի ընծայէ յետին Յեղանակն, այլ եւ ոչ անփառունակ, եւ թուով անհամեմատ աւելի, նոյնպէս եւ զանազան դեպք: Վասն զի այս երկու դարուց մեջ աւելի ձեւացեալ եւ կազմեալ կերեւի հայութիւնն ի Վենետիկ, եւ իրեն վերաբերեալ հաւաստչեայքն այլ անհամեմատ շատ. յորոց մեծ մաս մի ընդօրինակուած է, այլ կայ դեռ եւ ոչ սակաւ ընդօրինակելի. յուսացուի թէ դեռ Բ Յեղանակին վերաբերեալ գրուածք այլ գտուին, մանաւանդ ի Նօտարական դիւանի, զոր դիւրին չէ գտնել. վասն զի, ոչ ամեն նօտարք իրենց գրուածոց ցանկն ըրեր են, կամ ըրածնին կորած է: Ապագայն միշտ յուսալի է. գուցէ եւ քննութեան հնարքն դիւրանան, եւ  հմտագոյն հետաքննողք ճոխագոյն եւ լաւագոյն հրատարակեն: Այսու յուսով եւ մաղթանօք` կնքեմք այս գիրքս. որ` թէ եւ փոքր, այլ (հանդերձ մնացեալ ընդօրինակութեամբք) ոչ փոքր եւ ոչ կարճ աշխատանք եւ ժամանակ գողցած է ի գրչէս եւ ի կենաց: Իցէ՜ թէ իմ գտածս եւ կորուսածս` այլոց պիտանի եւ անկորուստ ըլլար:

 

5 Յունիս, 1896.  

Հ. Ղ. Մ. Ա.