ՎԵՆԵՏԿՈՅ
անցեալ
Հասարակապետութեան
անսպառ
Դիւանաց
մէջ
`
գլխաւոր
եւ
փառաւոր
հաւաքմանց
մէկն
են
30
մեծ
հատոր
Յիշատակարանքն
(Memoriali),
այլեւայլ
ազգաց
եւ
պետութեանց
հետ
յարաբերութեանց,
դաշնակցութեանց,
եւ
պէսպէս
խնդրոց
եւ
կարգաւորութեանց
`
անոնց
եւ
իրեն
նկատմամբ:
Շատ
ցանկալի
եւ
խնդալի
է
այն
ազգայնոց
`
որոց
նախնիքն
ունեցեր
են
այդպիսի
հաղորդակցութիւններ
`
փնտռել
անոնց
մէջ
եւ
գտնել
իրենց
հայրենեաց
յիշատակները
ԺԲ
դարէն
սկսեալ:
Այսպիսի
բաղդի
խնդութեան
հաղորդ
են
եւ
մեր
ազգայինք.
եւ
արդէն
տեսանք
ԺԳ
եւ
ԺԴ
դարուց
մէջ
Հայոց
եւ
Վենետաց
յարընչութիւնները,
զոր
եւ
Ա
Յեղանակ
անուանեցինք
`
ըստ
կարգի
ժամանակին:
Շատ
աւելի
ծանօթութիւններ
պիտի
ունենայինք,
եթէ
դժբաղդաբար
այդ
պատուական
հատորոց
հնագոյնքն`
12
կամ
13`
կրակի
ճարակ
եղած
չըլլային,
մանաւանդ
որ
անոնց
մէջ
պիտի
գտնուէին
յիշատակք
մեր
Ռուբինեանց
Հարստութեան,
որոց
ոմանց
`
պարզ
ցանկի
կամ
վերնագրի
պէս
`
տողաչափ
ակնարկութիւն
մի
մնայ.
որ
եւ
կերպով
մի
կորսուածին
յայտաբար
ըլլալով
`
միշտ
պատուական
է
եւ
գիւտ
մի
համարելի:
Մեծագոյն
դժբաղդութիւնն
այն
է
`
երբ
յիշատակաց
նշան
մ
այլ
չերեւիր:
Այդ
հատորներուն
երեսաց
վերնագիրք
`
զանազան
պետութեանց
անունները
կու
կրեն,
որոց
վերաբերեալքն
այլ
նշանակուած
են
նոյն
երեսաց
մէջ.
այդ
վերագրաց
մէկն
ալ
է
Armenia:
Ինչ
եռանդեամբ
եւ
յօժարութեամբ
կու
դարձընէ
Հայ
բանասէրն
`
այն
մագաղաթները
եւ
թուղթերը,
եւ
կու
հետազօտէ
իր
նախնեաց
(
գոնէ
մէկ
կամ
իշխանութեան
)
յիշատակները,
աւելորդ
է
բացատրել.
բայց
չեմ
գիտեր
`
ուրախալին
աւելի
է
`
եթէ
տխրալին,
երբ
հետզհետէ
շրջելով
թուղթերը,
կու
տեսնես
դեռ
քու
ազգանունդ
ի
վերնագրին,
բայց
ներքեւը
տեղեկութիւնք
կու
նուազին,
իբր
հատ
ու
կտոր
կու
նշմարուին
…
կարծես
թէ
յիշատակքն
ժամանակին
ալեաց
վրայ
շուտ
սահող
նաւու
մէջ
ծածկուած
`
երթալով
կու
հեռանան:
Քանզի
մի
թուղթ
ալ
շրջէ.
վերը
`
միայն
քու
հայրենեացդ
անունն
կայ,
բայց
թղթին
երեսն
անգիր
անգիծ
դատարկ
մնայ:
Շրջէ
քանի
մի
թուղթ
այլ,
եւ
ոչ
վերնագիր
կերեւի,
աւագ
Armenia
անունն
խափանուեր
է
…
նաւն
բոլորովին
հեռացեր
ծածկուեր
է
հորիզոնէն
անդին:
…
Դադրեր
են
այն
Ադրիական
ծովածոցէն
եւ
Փոքր
Ասիոյ
հարաւային
արեւելեան
քեզի
ծանօթ
ծովածոցէն
`
իրարու
դիմող
ողջունաբեր
եւ
արգասաբեր
նաւերն.
մանաւանդ
թէ
դեռ
այն
կողմէն
երբեմն
կու
գան
քանի
մի
նաւք,
բայց
անոնց
դիմաւորող
չկայ.
ոչ
եւս
ձեռն
ի
ձեռն
Հայք
եւ
Վենետք:
Պատմութիւն
կամ
դէպք
ազգաց
`
շատ
զարմանալի
եւ
խրատելի
օրինակներ
կամ
տեսարաններ
ցուցած
են
եւ
կու
ցուցընեն,
ինչպէս
յիշեցինք
ի
սկզբան.
այն
ցուցմաց
մէջ
զարմանալի
երեւոյթ
մ՚ալ
էր
`
ԺԳ
-
ԺԴ
դարուց
միջոց
յիշեալ
Ասիոյ
ծովեզերքը
կենդանացնող
եւ
արեւմտեան
ազգաց
հետ
`
մանաւանդ
Իտալացւոց
եւ
աւելի
եւս
Վենետաց
հետ
`
հաղորդակից
ազգն
եւ
պետութիւնն,
որ
իբրեւ
համազգային
քերդողական
վիպասանութեան
մէջ
առանձնակ
կամ
մասնական
դրուագ
մի
է
միջինդարեան
պատմութեան.
իսկ
բուն
վիպասանութիւն
`
երկարատեւ
(
զի
չըսենք
մշտատեւ
)
պետութիւնքն
են.
որոց
մէջ
իբրեւ
զարմանալի
երկար
դրուագ
մայլ
էր
Վենետկեան
հազարամեայ
հասարակապետութիւնն:
Բայց
ու՞ր
է
հիմայ
եւ
նա:
-
Չորս
դար
յետոյ
քան
զդիպուած
իր
հայ
վաճառակցին
`
ինքն
ալ
դադրեցաւ.
քաղաքականօրէն
ինքն
ալ
թողուած
է
իր
մշտաշարժ
ոսկէկոհակ
ծովածոցին
մէջ
…
Ս.
Մարկոսի
գոռոզաձայն
առիւծու
մռնչիւնն
եւս
այլ
չի
լսուիր:
Սակայն
միայն
իշխանութեամբ
եւ
հրամանատուութեամբ
չի
վերջանար
ազգի
մի
անուն
եւ
փառք.
Վենետիկ
փառաւոր
կեանք
մի
ունեցաւ,
թողուց
եւ
փառաւոր
յիշատակ.
թող
իր
հին
դաշնակցին
կեանքն
եւ
յիշատակն
այլ
չի
մնայ
անփառունակ:
-
Եթէ
այն
միջինդարեան
Հայ
-
Վենետաց
յիշատակաց
նաւն
ծածկուած
է,
եթէ
եւ
խորտակուած,
դեռ
խորտակեալ
նաւու
թափառական
բեկորներ
կերեւին
ալեաց
վրայ
եւ
ի
յետին
դարս.
դարձեալ
ըստ
ընթացից
ժամանակի
`
կըրնայ
շարունակ
ըսուիլ,
թէ
ոչ
Վենեիաց
երեւոյթն
ի
Հայս,
այլ
Հայոց
երեւոյթն
եւ
բնակութիւնն
ի
Վենետիկ:
Այս
երեւոյթս
արդարեւ
նուազ
է
իբրու
երկու
դար
(
ԺԵ:
ԺԶ
),
յորում
օտարօտի
եւ
անհաստատ
տիրապետութեանց
բռնաբարութեամբ
կու
տատանէր
մեր
եւ
մեր
դրացի
ազգաց
վիճակն.
իսկ
երբ
աւելի
կանոնաւոր
եւ
զօրաւոր
տէրութիւնք
հաստատուեցան
յարեւմըտեան
Ասիա,
մերազգիք
այլ
սկսան
դարձեալ
յաճախել
ի
Վենետիկ,
եւ
նոր
օրինակ
վաճառականութիւն
մի
հաստատել.
եւ
ասով
նոր
Յեղանակ
մ՚այլ
սկսաւ
Հայ
-
Վենետաց,
զոր
Գ
կ
անուանեմք.
իսկ
ասոր
եւ
առաջնոյն
միջոցն
`
Բ,
որ
է
այն
կցկտուր
յարաբերութեանց
կամ
երեւութից
Հայոց
ընդ
Վենետս,
ի
վերջոյ
ԺԳ
դարու
մինչեւ
ի
վերջկոյս
ԺԶ
դարու:
Ահա
այս
Բ
Յեղանակիս
միջոց
հանդիպած
քանի
մի
երեւոյթները
կուզեմ
յայտնել
յառաջիկայս,
որոց
արժէքը
կըրնան
դատել
ընթերցողք,
թերեւս
եւ
յարգել
մէկ
քանին: