Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(1)

  Ի սկիզբն ԺԶ դարուն նոր շարժում մ'եղաւ քաղաքական կամ վարչական, մեր եւ դրացի աշխարհաց մէջ, որ նորէն դրդեց Վենետկոյ հասարակապետութիւնը` դիտելու եւ ստուգելու եղածը կամ ըլլալիքը, ինչ որ ըրաւ Ուզուն Հասանի տիրապետութեան ատեն, նոյնը եւ Շահ Իսմայէլի երեւնալուն, որ գրէթէ իր (մօր կողմանէ) պապուն պէս, եւ գուցէ աւելի քաղաքագիտութեամբ եւ զինուորական կրթութեամբ` բարեկարգ եւ տեւող տէրութիւն մի հաստատեց, որ կոչեցաւ Շահ_Սէֆէեանց Պարսից թագաւորութիւն, իբրեւ երկու դար նոյն ցեղի յաջորդութեամբ: Իսմայէլ ի մանկութեան մեծ վտանգի մէջ ընկած եւ գրեթէ Հայոց ձեռքով կամ անոնց ամուր ապաստանով մի (Աղթամար կղզւոյ) ապրած է. եւ ինչպէս կ՚աւանդէ իտալացի ժամանակակից ճամբորդ մի, հօն երեք Հայ վարդապետաց խնամօք դաստիարակուած, թէ երախտապարտ եւ թէ ծանօթ էր Հայոց. ուստի, երբ յաջողեցաւ Հասանայ որդւոց եւ թոռանց բաժանեալ տէրութիւնը ձեռք ձգել (1499), եւ միացընելով զօրանալ, եւ ընդդէմ Օսմանեանց շարժիլ, Վենետք սրեցին աչուընին եւ ականջնին. իրենց պաշտօնէից եւ վաճառականաց միջոցով լուր առնուլ բաւական չեղաւ, հարցուցին եւ Հայոց, թէ ի Վենետիկ եկողաց եւ թէ ուրիշ կողմեր գտնուողաց, մանաւանդ ի Կիպրոս, ուր կու յաճախէին Հայք, ինչպէս վերը յիշեցինք: Ասոնց մէկն Մուրատ Անկիւրացի` Դաւրիժէն գալով հօն 26 օգոստ. 1503), պատմեց այն քաղքին քով Հասանայ Մուրատխան թոռան եւ Իսմայէլի մեծ պատերազմը, ուր երկու կողմէն 60 կամ 70, 000 մարդ ջարդուեցան. նախ յաղթեց Մուրատխան` Վրացի գնդի մ'օգնութեամբ, բայց յետոյ բաղդն յաջողեց Իսմայէլի: Իսկ մեր Անկիւրացի Մուրատն յԱմիդ հանդիպեցաւ Ուզուն Հասանայ մէկ աղջըկան, որ քրիստոնեայ էր եւ յԵրուսաղէմ յուխտ կ՚երթար 500 ընկերօք, եւ մէկտեղ եկան ինչուան ի Հալէպ:

Յաջորդ տարին (1504) յունիս ամսոյ մէջ քանի մի Հայք ի Վենետիկ գալով` հարցուեցան եւ պատմեցին, թէ եօթն ամիս է որ Շահ Իսմայէլ յաղթեց եւ Մուրատխանի տիրած երկիրները նուաճեց, անուանէ յիշելով Դաւրէժ, Սուլտանիա, Շրուան, Խորասան, եւ այլն. եւ վերջերը կու պաշարէր կամ մոտեցեր էր Resugella ? կոչուած բերդին. որ` եթէ արգելք չըլլար իր արշաւանաց` ինչուան հիմայ ի Հայաստան այլ մտած կ՚ըլլար: - Տասն տարի վերջը Դաւիթ եպիսկոպոս Կիպրոսի կու գրէ (23 մարտի, 1515), երբեմն ի Կիպրոս խորհրդական եղող Դոնատոյ Լեծէ (Donato leze  կամ Lege) ազնուականի` ի Վենետիկ, (ուր իր (Դաւթի) եղբայրն այլ գտնուէր): Շահ Իսմայէլի եւ Սուլդան Սէլիմի պատերազմը, Խոյ քաղքին մօտերը, կամ ի Չալտըրան, ուր առաջինն յաղթուեցաւ, հրազէնք չունենալուն համար: Երկրորդ երկար թղթով մի (23 կամ 25 ապրիլի) Դաւիթ կ՚իմացընէ նոյն բարեկամին, որ Իսմայէլի իշխանութեան երկրէն (Chichincagia ? (Չմշկածա՞գ), տեղէ կամ քաղքէ` Հայ եպիսկոպոս մ'եկաւ իրեն քով երկու ամիս կեցաւ Կիպրոս), (1) եւ շատ տեղեկութիւններ տուաւ Սուլտան Սէլիմի արշաւանաց վրայօք, որ թէ եւ հետաքրքրական են, այլ մեր նպատակէն դուրս են. եւ այն արիւնահեղ պատերազմներէն աւելի (որ քանի մի հարիւր հազար մարդ ծածկեցին մեր հայրենի հողոց մէջ), անտարակոյս փափագելի են խաղաղական յիշատակներն անկէ պանդխտածներուն` յայս ապահով ծոց Ադրիականի: