Հայ-Վենետ կամ յարընչութիւնք հայոց եւ վենետաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անտոնի մտաւորական կամ բարոյական յիշատակներէն վերջը ` արժան է յիշել եւ բնական կամ կենդանական թողած յիշատակն, որ է Յովսէփ որդին, իր հօրն մականուամբ կոչուած, եւ հաւանօրէն անդրանիկն: Սա եւս հօրը մահուանէն վերջը 40 տարի յիշուի. եւ նոյն արուեստանոցին մէջ, այսինքն Նաւարանին, գործաւոր եղած է, իբրեւ հիւսն (marangon), եւ յետոյ գլխաւոր կամ գործապետ հիւսանց (Capo-Opera de marangoni). եւ եթէ հօրը բոլոր ճարտարութիւն չէ ունեցեր, սակայն բաւական այլ ունեցեր է, հանդերձ անոր գովելի բարքով եւ պատուով, ինչպէս յայտնուի նոյն Նաւարանին եւ այլոց պաշտօնէից վկայութեամբք եւ Դքսին տուած շնորհքներով : Իսկ մեզի համար աւելի գովելի եւ երախտաւոր է իր աղերսագրաց մէջ հօրն ըրած արդիւնաւոր գործերը համարձակ յիշեցընել տալովն, նախ Վենետկոյ տէրութեան գլուխներուն, եւ ապա մեզի: Իր տարիքը յիշեցինք ի սկզբան. հօրը վախճանած ատեն իբրեւ 15 տարուան պատանի մ էր. եւ հաւանօրէն անոր ձեռաց տակ մտած է ի Նաւարան եւ սկսած վարժիլ հիւսնութեան. թէ տարիքի անկատարութեան, թէ հօրը կերպով մի տարաժամ մեռնելուն ( քիչ օրուան հիւանդութեամբ ) չէ կըրցած ժառանգել անոր հնարագիտութիւնը եւ գաղտինքները: Դիւանաց մէջ առաջին անգամ 1607 ին կու գտնեմ Յովսեփայ  յիշատակը, իր 30 ամեայ հասակին, ուսկից կիմացուի, որ Տիմոյ Կանցոյ անուամբ Կորկիւրացւոյ մի ( Գորֆու ) աղջիկը ` Գիարա կամ Գիարէդդու ( Պայծառ, Պայծառիկ ) կին առեր է, գուցէ ազգաւ յոյն կամ վենետայոյն, եւ բաւական տարի առաջ կարգուած պիտի ըլլան, որովհետեւ 1609 ին չորս զաւակ ունէին: Հարսն իբրեւ օժիտ տըւած է Յովսեփայ 50 դուկատ արժէքից տան կահ կարասիք. անկէ զատ իր հայրենական եւ մայրական ժառանգութեամբ երկիր եւ ստացուածք ի կղզին ( Գորֆու ), եւ բոլորն այլ յանձնէր է իր փեսային, որ ինչպէս ուզէ ` տնտեսէ կամ ծախէ, եւ բոլորն իր օժիտն համարուի. բայց ըստ օրինաց Վենետկոյ ` պարտական ըլլայ Յովսէփ ` ի հարկին ` դարձընել անոնց գինը առ կինն: Այս բանս նօտարի առջեւ, երկուքն ալ հաստատեր են (13 փեբր. 1607), եւ վկայ եղած են երկու Կորկիւրացիք: Տարի մի վերջը (4 յունիսի, 1608) Յովսէփ նորէն նօտարին առջեւ վկայէ որ իր կնոջմէ առած է 150 դուկատ արժէից ինչք եւ զարդք ` եւ անոր Գորֆուի ասացուածքներէն եկամուտ. եւ կու խոստանայ այդ երկու գումարին (200 դուկ. ) փոխարէն դնել իր յատուկ ստացուածքը, եւ հատուցանել ` եթէ պէտք ըլլայ:

Եթէ Յովսէփ հօրը աղքատութեան ժամանակ որբ մնաց, կ՚երեւի թէ բաւական ունեւոր կենակից մի գտաւ. սակայն իր ընտանեաց համար ոչ անկէց առած օժիտն եւ ոչ իր հիւսնական աշխատութեան վարձքը բաւական համարէր չափաւոր բարեկեցութեան. ուստի, այս իր վերջին խոստմանէն տարի մի ետքը (1609, օգոստ. 19) աղերս տուաւ առ Դուքսն, մի առ մի յիշեցընելով իր հօրը արդիւնքը եւ ճարտարութիւնը, 40 տարի տէրութեան ծառայութեան մէջ, եւ  խնդրելով որ թոշակն ` որ էր օրական 42 փող (soldi) աւելցուի, եւ տրուի 3 լիրա: Ըստ պատուիրանի Ծերակուտին ` հոգացողք եւ գլխաւորք Նաւարանի ` քննելով վկայեցին ( ի 18 յունուարի, 1610) որ Յովսէփ իր արուեստին մէջ շատ յաջող է (molto sufficiente nella sua professione), եւ տէրութեան բազմերախտ անձի մի զաւակ ըլլալով ` արժանի է շնորհաց: Չեմ գիտեր ինչ պատճառի համար այս խնդիրս եւ վկայութիւնն ութ անգամ կրկնուած է երեք տարուան միջոց, բայց վերջի անգամ (12 դեկտ. 1613) Ծերակոյտն Յովսեփայ 42 փող օրավարձի վրայ աւելցընելով 8 փող այլ, այնպիսի փառաւոր վկայութիւն կու տայ իր գերագոյն վճռով ` անոր հօր արժանաւորութեան. որ անդին կըրնայ ըսուիլ. « Հայ կոչուած Սուրեան Անտոնի ` մեր տէրութեան երկար եւ պտղաբեր ծառայութեան համար ` ի տան Նաւարանի, եւ իբրեւ ճարտարապետ, բաց ուրիշ իրեն լաւ գործերէն ` 1563 ին հնարած ըլլալով ընկղմած կալէոնը հանելու համար շինած արկղաձեւերը, որով Նաւահանգստին անբաւ օգուտ եղաւ, եւ այն ալ իր յատուկ ծախքով, եւ վերջին Նաւամարտին մէջ հրեաները մեծամեծ խալէից կողմերուն յարմարցընելով, եւ զարմանս ամենեցուն, եւ ամէն հասարակաց օգտի գործոց մէջ միշտ եզական պատրաստականութիւն ցուցընէր... եւ իր որդւոյ Յովսեփայ փութաջան եւ հաւատարիմ ծառայութեան համար ` իբերեւ հիւսն ի Նաւարանի, իր աշխատութեան օրերու թոշակն ըլլայ 50 փող », եւ այլն (1):

Յովսեփայ կարօտութեանն բաւական չեղաւ այս յաւելուած ի թոշակն. երկու տարի վերջը (18 մայիս, 1615) նոր աղերսագրով մի խնդրեց որ իրեն ամսական 5 դուկատ ( աւելի ) տրուի բոլոր կենաց մէջ, ի շնորհս երախտեաց հօրը, նա եւ իր յատուկ աշխատութեանց. որոց մէջ կու յիշէ, որ հիմայ կարող էր նաւեր եւ խալէներ շինել. այս բանիս վկայեն Նաւարանի գլխաւորքն այլ. (nel fabricar in questa Casa (dell' Arsenale) Galee con molta aufficienza. ) եւ գովութեամբ արժանի համարին իր խնդրածին (5 յունիս ): Նոյնպէս եւ հոգացողք Հրազինուց (Proveditori d"Artellierie ի 16 օգոստոսի, 1612) թէ ո ' չ միայն հայրն ` այլ եւ ինքն Յովսէփ կարող է յաջող անձն է, իր յատուկ գիւտով խալէներ շինելու (1) անոր համար արժանի է շնորհաց: Ի վերայ այս վկայութեանց ` Ծերակոյտն վճռեց ի 6 յունիսի, 1620 ( հաւանօրէն եւ առաջ ) որ Յովսեփայ թոշակին վրայ աւելցուի ամսական 3 դուկատ ալ բոլոր կենաց մէջ (5):

Տասն տարի վերջը Յովսէփ նոր եւ վերջին աղերսագիր մալ տուած է (7 մայիս, 1629), որոյ մէջ կիմացընէ որ իր հօրը պէս 40 տարի տէրութեան ծառայութեան մէջ է, նախ նաւերու մէջ, յետոյ Նաւարանին մէջ իբրեւ հիւսն, եւ 25 տարիէ վեր հիւսանց գլխաւոր կամ գործավար, որոց վրայ շատ հոգով եւ տառապանօք կու հսկէ ` որ տէրութեան վնաս չըլլայ անխնայութեամբ. շատ նաւերու եւ խալէից շինութեան մասնակից էր, զոմանս ալ իր յատուկ ոճով. Նաւարանի  տեսչաց հրամանաւ գտցէր եւ հինգ տարի կեցեր էր ի Կորկիւրա ( ուսկից հիմայ վեց ամիս է որ դարձեր էր ), անկից նաւաց շինութեան համար խոտորնակ փայտեր բերելու (Stortami) եւ այն աստիճանի շատ բերեր էր ` որչափ ոչ ոք իրմէ առաջ, որ եւ ոչ միայն 20 խալէից շինութեան բաւեց, այլ եւ դեռ շատ աւելցաւ: Այն կղզում եղած ատեն ` բերդին համար շատ կարեւոր գործեր տեսաւ (1). ուրիշ գործերէ զատ նաւահանգստին ծոցում (mandracchio ) ընկղմած արսիլ մի հանեց: Այս ամէն աշխատալի գործոց համար վկայականներ ունէր, որով համարձակ խնդրէր որ դարձեալ թոշակին վրայ աւելցուի օրական լիրա մի, եւ իր աստիճանակից  արուեստակցաց նման ` իրեն այլ տրուի հասարակ աշխատաւոր կամ ծառայ մի, (il Fante grosso), ինչպէս ուրիշ գործավարք ունէին, առանց իրեն չափ արդիւնք ունենալու: Այս ամեն բանին երդմամբ վկայեցին Նաւարանին գլխաւորքն (19 յուլ. ). ոչ միայն իր հաւատարմութիւնը եւ 40 տարուան փութաջան աշխատութիւնը գովելով, այլ եւ սովորականի վեր բաւականութիւնը ` (sua non ordinaria sufficienza), մասնաւորապէս ի Կորկիւրա ըրած գործը, շատ հեղ վտանգաւ կենաց ` յայլազգեաց հակառակութենէ. շատ մեծ ծառայութիւն ` զոր երբէք անկէ առաջ մէկն չէր կրցած ընել (1): Կու յիշեն նա եւ ոչ միայն արսիլը հանելը, այլ եւ իր ծախուք հանելը. նոյնպէս ուրիշ նաւ մ ' այլ (Berton Foscolo) որ ալէկոծութեամբ ի ցամաք ընկեր էր. եւ այս ամեն բանի մեծ եւ կարգէ դուրս գովութեամբ վկայականներ ունենալն ի  պաշտօնէից (2): Յայտնի է այս վկայութեանց վերջաբանն, որ արժանի շնորհաց համարին զՅովսէփ. իսկ տէրութիւնն որ ոչ երբէք կու զլանար շնորհքը, այլ կու չափաւորէր. այս անգամ այլ փոխանակ աղերսողին խնդրած օրական լիրայի մի ` աւելցուց անոր 48 փող թոշակին վրայ ` 6 փող այլ, որպէս զի կ՚ըսէ ( ի 22 մարտի, 1630), հանգիստ եւ մխիթարուած սրտով ` այսուհետեւ ալ նոյն եռանդեամբ շարունակէ իր փութաջան եւ օգտաւէտ ծառայութիւնը:

Հազիւ վեց ամիս կըրցեր է Յովսէփ վայելել իր աւելցած թոշակը. նոյն տարին այլ (1630) ի Վենետիկ ահաւոր սրածութիւն մ եղաւ, ինչպէս իր ծընած տարին. կ՚երեւի թէ ինքն այլ բռնուելով այս ժանտախտէն ` տէրութեան կարգադրած զգուշութեան հրամանին համեմատ ` ի զգուշարանն (lazareto) խաւարուեր է, ուր վեցօրեայ գլխացաւով վախճաներ է, 54 տարուան (1), ի 20 հոկտեմբերի. իսկ իր բնակութեան տեղն է եղեր ի մեծ թաղին Ս. Պետրոսի, որ եւ Բերդի թաղ կըսուի (Castello) Սիւներու անուանեալ փոքր հրապարակաձեւ տեղւոյ մէջ (Calle delle Colonne):

Յովսէփայ կենաց եւ գործոց վերոգրեալ յիշատակներէն զատ ` մէկ մայլ ծանօթ է ի նօտարական Դիւանս (Leonello Geronimo նօտարի ), յամի 1622-3. Նաւարանի հիւսաց գործավարի երկրորդ մի, (Vice Capo d Opera de Marangoni) պարտական ըլլալով Յովսէփայ, նախ ի 22 դեկտ. 1622. յետոյ եւ ի 27 մայիսի, 1623, նօտարի առջեւ խոստանայ եւ գրել կու տայ, որ իր պարտատէրն ( Յովսէփ ) ըլլայ իր գործակալն կամ երեսփոխան, եւ ընդունի ինչուան տարի մի եւ 2 ամիս ` իր առնելիքները, որ էին 2 դուկատ ի նաւարանէն, դուկատ մի եւ 18 փող ուրիշ պաշտօնարանէ, եւ չափ մի ալիւր ամսական, եւ ասոնցմով վճարի պարտքն:

Այս երկու ազգայնոց ` իրարու արժանաւոր հօր եւ որդւոյ ( Անտոնի եւ Յովսէփայ ) գովելի եւ յիշատակելի գործունէութիւնն, վերոյ նշանակեալ թուականներէն յայտ է ` որ անընդհատ 80 տարի տեւած է, Վենետկոյ պետութեան եւ քաղաքին ամենէն կարեւոր, զօրաւոր եւ շահաբեր գործանոցին մէջ, որ է Նաւարանն. որոյ հետ անբաժան իմանալու է եւ Զինարանն, ինչպէս որ Arsenale կոչումն կիմացընէ: Յայտ այլ եղաւ, կարծեմ, որ բաւական պարծանք եւ յիշելիք մի կրնար ըլլալ իր ազգայնոց, ներկայից եւ ապագայից, յուսալի էր որ աւելի երկարատեւ յայտնուէր այնպիսի գործունէութիւննիրենց ցեղին յաջողութեամբ. թէ եւ հայութիւննին ըստ լեզուի եւ կրօնի ` յիտալութիւն փոխուած ըլլայ:

Անտոն 6 որդի թողած էր, մէկ մայլ իրմէ քնչ առաջ մեռած: Յովսէփ յիշեց իր 4 զաւակներն ` յամին 1609. բայց անկէ ետեւ ալ որդի ունենալն յայտնի է. շատ հաւանական է թէ իր եղբարց եւ որդւոց ոմանք ` իրենց նման Նաւարանի գործաւորք եղած ըլլան. եւ թերեւս քանի մի ազգ, այսինքն որդւոց որդի յառաջ եկած ըլլան, եւ ժամանակաւ եթէ ցեղն ալ ջնջուած չէ, այլ իրենց նախահօր Սուրիան մականունն ջնջուած ըլլայ. թէ եւ Սուրիան մականուամբ եղած են Վենետկեցիք եւ ազնուականք, բայց ուրիշ ծագմամբ: Միայն մէկ մի ծանօթ է մեր Հայոյն ցեղէն. եւ իր յատուկ թոռն, Յովսէփայ որդին, որ եւ իրենց արուեստը բաներ է ի Նաւարանի. եւ քաւորդ դար մայլ շարունակեր է անոնց գործը. բայց ո՞րքան յաջողութեամբ եւ ի՞նչ տեսակ. անծանօթ է: Իր մահուան թուականէն (1655) յայտ է, որ Յովսեփայ առջինեկ որդիքներէն չէ սա (1) այլ 1622- ին ( ապրիլի 14- ին ` մկրտուած ) եւ անուանած Ֆրանչէսգոյ - Մատթէոս - Անտոն. կնքահայրն ալ եղած եւ Նաւարանի հիւսանց համարակալի պէս գլխաւոր մի (Proto) Պետրոս անուամբ (1): Այս է մեր Հայուն թոռն բոլոր մեզի ծանօթ յիշատակն , ծննդեան եւ մահուան, որ իր կենաց 33 տարին հանդիպած է, սեպտ. 14- ին (1655): Բայց մեռելագրոց նշանակածէն (2) կիմացուի ոչ միայն մինչեւ վերջը Նաւարանի մէջ հիւսն ըլլալն, այլ եւ ամուսնացեալ ըլլալն, եւ բաւական ազնուական կին մունենալն ` Անդրէանա անուամբ, որ կոչուի Madonna Andreana, եւ իր ծախուք թաղել տուեր է այրիկը. եւ անոր ութօրեայ անընդհատ ջերմի հիւանդութեան ատեն ` երկու բժիշկք եկած են զինքը հոգալու: Նոյն ինքն Ֆրանչեսգոյ այլ ` պատուով Messer կոչուած է եւ ոչ Ser ( որ ստորին կարգի մարդկան մակդիր է ): Բնակութեան  տեղն ` թէպէտ նոյն հօրը բնակած թաղին մէջ էր, բայց ուրիշ կողմն: Այս ամեն նշաններէն գուշակուի, որ Հայոյն թոռն ` անկէ եւ ի Յովսէփ որդինէն աւելի բարեկեցիկ եղած ըլլայ, գոնէ կենաց վերջերը: Հաճելի է թէ իր աշխատութեամբ եւ ճարտարութեամբ վաստըկած ըլլայ բարեկեցութիւնը ` քան ժառանգութեամբ: Պանծալի եւս է ` որ Վենետկոյ ամենապանծ Նաւարանին մէջ ` ամբողջ դարէ մաւելի (1549-1655), հօր, որդւոյ եւ թոռն Հայ անունն եւ արդիւնաւոր գործն շարունակ յիշուած են գովութեամբ: