Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀՈՎԵՐՈՎ ՍԷՐ
       Հովե՛ր, տարուբե՛ր հովեր,
Եղբօրմէս մէյ գըրիկ բե՛ր,
Թէ գըրին տալապ չանէ,
Բարչամէն թելիկ մի բե՛ր։
Հովե՛ր, տարուբե՛ր հովեր,
Գէշը տա՛ր, աղւորը բե՛ր,
Գէշին տէրը արեւ չունի,
Աղւորին գիշերն է արեւ։
Գացէ՛ք, մեծ վարպետ բերէք,
Աղւորին խաբդան ձեւեցէ՛ք,
Արեգակն երես արէ՛ք,
Լուսընկան աստառ ձեւեցէ՛ք։
Ինչ սէր կայ, դըրէք սուզակ,
Ինչ անոյշ բաներ կան՝ կօճակ։