Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՓԵՍԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՕՐՀՆԷՆՔ
       Սուրբ Սարգիսն իջաւ սարէն,
Քառսուն աղբիւր բղխաց քարէն,
Քսանեւչորս սուրբ Մարգարէն
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Արտերը կը բուսնի բոյսը,
Երուսաղէմ կ’ելնէ լոյսը,
Հռիփսիմէ, քառսուն կոյսը
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Շատ կտրիճներ կուգան եօլով,
Տօյումէն ըռզակով, մալով.
Այասօֆին, Ստանբօլով
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Սուրբ Թագաւոր Թէքիրտաղի,
Անարծաթն էր Եալովացի,
Լուսաւորիչն Երզնկայի
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Կըռունկ կուգայ բօլուկ-բօլուկ,
Որն է դուրնախ, որը բանուկ,
Սեւըստու մէջ Քառսուն մանուկ
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Աստղ մի ելաւ ի Հընտիստան,
Մեր տէրն երետ մեզի նշան,
Սեւըստու վերեւն Սուրբ Նշան
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Աստղ մի էլաւ զէտ ագեւոր,
Վըրան նստեր տէր հոգեւոր,
Տիւրիկու Մոգուց թագաւոր
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Այարով է կայներ ջորին,
Տէր, դուն ազատ անես գերին,
Սեւագլուխ Աբեղանին
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Հրեշտակներ դըռունին բացին,
Ողորմութիւն մեզ շնորհեցին,
Հազար եւ մէկ Եկեղեցին
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Այն ո՞վ էր, որ դըրին գամին,
Հետը դրին հաց ու գինին,
Այն էր Յովնան սուրբ մարգարէն,
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Այն ո՞վ էր, որ դըրին հորը,
Վրան լըցին օձն ու գորտը.
Լուսաւորիչ սուրբ Գրիգոր
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Այն ո՞վ էր, որ նետեց նետը,
Երկըթէ սըլաքն ի հետը.
Անհայր, անմայր Մելքիսեդը
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Կոյս Մարիամ կ’աղօթէր այրը,
Ան էր Քրիստոսի մայրը,
Եզնկայ փոսին Ղըրխլարը
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Եկայք ի մէջ Եզնկայ փոսին,
Բազում սըրբեր հոն կը խօսին.
Աւագ վանքը, Կայիփոսին
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Երուսաղէմ Արաբիստան,
Սուրբ Կարապետն է Քիւրդիստան,
Էջմիածին՝ Աճամստան,
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Սուրբ Կարապետ կայնեցուցին,
Լուսեղէն շուրջառ հագուցին,
Քրիստոս գիրկը մկրտեցին.
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Ջուրը կ’երթայ ծովէն ատան,
Տէրը փրկէ չարն ու ղատան,
Արզուրումցի Բուրսախ դէդէն
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Երկնուց երեսի բոյլքը,
Ի՞նչ կ’անեմ աշխարհքիս մուլքը,
Չորս կողմ աստընւորիս սուրբքը,
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Շատ հայրապէտք ալ հաւաքեր,
Թագաւորաց գլուխ թագեր,
Սըսոյ վերեւ Սուրբ Առաքել,
Օրհնեն այս մեր թագաւորը։
Մըշակնոցի վերեւ Բուրքը,
Հոն ուխտի կ’երթայ թուրքը,
Սուրբ Յակոբ զօրաւոր սուրբը
Օրհնէ այս մեր թագաւորը։
Տեսէք, թէ Մուրատն ի՛նչ կ’ըսէ.
Ով որ ականջ դնէ, լսէ,
Ով որ սրտանց Հայր մեր մ’ըսէ,
Աստըծոյ լուսուն տիրանայ։