Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՄԱՍԻԱ ՔԱՂԱՔ
       Մայիս 17։ Մարզուանէն մեկնեցանք դէպ Ամասիա, որ ութն ժամ կը տեւէր։ Վեց ժամ ընդարձակ հովիտ է, եւ երկու ժամ՝ կիրճ։ Կիրճէ ’ի կիրճ անցնելով՝ ոլորուն եւ ծառազարդ ուղիով կը մտնենք քաղաքը։
       Մարզուանու հովիտը բոլորակ է՝ շրջապատեալ լեռներով։ Այդ լերանց թիկունքը եւ ստորոտները կը զարդարեն գեղեցիկ գիւղորայք։ Բուն հովտին մէջ տեղ-տեղ գեղեր կան, բայց անշուք։ Գիւղորէից բնակիչք ընդհանրապէս Թուրք են եւ Քուրդ, մաս մը եւս՝ Հայք։ Թէպէտ եւ երկրագործներ ալ կան, բայց մասնաւորապէս անասնաբոյծ են. լեռները խաշինքներով, ստորոտները անդէովք, եւ հովիտը ձիերով ու էշերով լի են, որք առհասարակ իրենց տեսակի մէջ ընտիր են. ունին նաեւ ընտիր ջորիներ։
       Հովտիս միջէն կը հոսի Թէրսախան գետակը խոտոր-մոտոր։ Երկիրը տեղ-տեղ անմշակ այլ խոտաւէտ, որոց մէջ բազմութիւն ձիոց խրոխտ կը խխնջեն, եւ եզինք ծանր-ծանր կը բառաչեն արածելով։ Տեղ-տեղ ալ հողն շօրաղ է եւ անբոյս։ Տապը կարի բարկ էր, մանաւանդ երբ մտանք Ամասիոյ կիրճը, իսկ աւազակաց երկիւղը այնքան էր, որ երկար հովտին անցքը եւ տօթը անզգալի կ’ընէր։ Թէրսախանը կ’ուղեկցէր մէզ, եւ մեր ճանապարհի ձախ կողմը խիտ առ խիտ թթենիք էին, այգիք եւ մրգաստանք։ Ահա այս ձորոյն մէջ կը գունաւորէին կարմրութեամբ եւ կը հոտաւէտէին այն անզուգական խնձորները, որ Ամասիոյ սեպհական բերոց փառքերէն մին է։ Հոս ծառերէն ’ի վար կը կախուէին կամ ծառերն ’ի վար կը կախուէին դեղին, սպիտակ եւ կարմրագեղ մեծահատիկ կեռասները, որոց հանդիսաւոր օրերը հասած էին։ Կը պատահինք շերամի համար շինուած տանց, շերամ սնուցանող ժիր ընտանեաց եւ կեռասի պաշտօն հարկանող զուարճասէր պատանեկաց ու ամօթխած աղջկանց, որ խառնուած ու խռնուած էին ծառոց թուփերու մէջ եւ ուղեւորներէն կը ծածկէին իրենց սիպտակ ու կարմիր դէմքերը սիպտակ ու կարմիր կեռասներուն ճղերուն ետեւը, այլ չէին քաշեր իրենց բազուկն ու թաթիկը, զոր ձգեր էին կեռասները ճռփել։
       Կրճին միւս երեսն է Սամսոնէն Ամասիա գալու կարաւանի ճանապարհն, որ քաղաքին ժամ մը մնալով՝ կը միանայ Մարզուանու ուղւոյն կամուրջով մը։ Հոս կայ զուարճալի վայր մը՝ իբր հանգստարան ուղեւորաց, եւ սրճարան մը ու խանութ։ Աստի սկսեալ կառուղի շինուած է մինչեւ քաղաքը։ Մեր քովերէն եւ ’ի հանդիպոյ ապառաժներու մէջ քարայրեր կ’երեւան. քանի՛ կը յառաջանանք ժայռերու գագաթները, կը մերձենան, կը բարձրանան, եւ ահա Ամասիոյ մէկ թաղը։ Մեկնեցաւ մեզմէ Թէրսախանը, գնաց սահեցաւ Իրիսի (Եէշիլ ըրմագ) մեծ գետոյն լայն ծոցոյն հոսանաց մէջը։ Ահեղն Իրիս դիմաւորեց մեզ։ Իր վրայ շինուած են շատ մը անուաւոր ջաղացքներ, եւ շարուած փայտէ դոյլերը, որոցմով ջուր կը բաշխէ այգեաց։
       Յայնկոյս գետոյն՝ դեռ քաղաքը չմտած, քիչ մը տեղ կայ ընդարձակ՝ իբր հրապարակ, ուր մեծամեծ ծառոց հովանեաց տակ նստած են կարգ-կարգ մուրացկանք։ Կամուրջով մը կ’անցնինք յայնկոյս՝ Սավայիտ թաղը, որ յենած է հարաւային ժայռերու, եւ իւր ծառերն ու այգիները կը տարածին մինչեւ Չախալի ըսուած լեռան կատարը, ծոցաձեւ դիրքով, այս ծոցէն կը հոսի Սօուք բունար ջուրն։ Մեք, անցնելով Իրիսի ափէն, խաներու եւ կարգ մը խանութներու եւ սրճարաններու առջեւէն մտանք քաղաքի մէջը եւ իջանք Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը։ Աստուած առաջնորդարան համարի…
       Ամասիա քաղաքը, ըստ պատմութեան եւ աւանդութեան, հիմնեալ է Մեծին Աղեքսանդրի Ամասիա անուն եղբօրմէն, եւ աւելի փայլ ու փառք ունեցած մեր Միհրդատէն, արդարեւ պատերազմիկ ձեռաց կերտուած, եւ անառիկ։ Ամէն ուստեք կը պաշարուի մարդ. ո՛ր կողմը դառնաս, լերկ ու բարձրաբերձ ժայռեր են, անձուկ խորաձոր մը, որոյ լայնութիւնն ամբողջ բռնած է Իրիս իր բուռն ճիրաններով։ Գետոյս, իբրեւ նեղուցի ծովու, խորշ-խորշ տեղերու եւ ուղիղ ափերու վրայ շինուած են բնակարաններ, դրախտներ, այգիներ, գործարաններ, բերդեր, պալատներ, հին ու նոր, նշանաւոր եւ աննշան կերտուածներ։ Քաղաքս կը տարածի յարեւմտից յարեւելս աղեղնաձեւ, սեղմուած Գալէտաղի եւ Չախալի լերանց մէջ, շէնքերը ’ի հիւսիս եւ ’ի հարաւ՝ երկու մասի բաժնուած։ Գալէտաղին հիւսիսակողմն է. իր գագաթան եւ կողերու վրայ ունի հնաշէն բերդին ու պարսպաց մնացորդներ, եւ մէկ կռան վրայ դէպ յարեւելս գեղեցիկ Թէքքէ մը՝ նոր շինուած Շիրվանզատէ Րիւշտի փաշայէն, որ Սուլթան Ազիզ կայսեր օրով մեծ Եպարքոս էր ’ի Կ. Պօլիս, բնիկ Ամասիացի, որոյ ծնողքը Շիրվանէն, Աղուանից աշխարհէն գաղթական եկած եղեր են հոս։ Սոյն թէքքէի մէջ կ’ամփոփուին յիշեալ Վէզիրին ծնողաց մարմինք, ուր տաճիկ աղօթողաց եւ այցելուաց համար շնորհքով սենեակներ շինած է. ամբողջ շէնքը պարսպապատ, եւ մէջը ծառազարդ, հովասուն եւ բարձրադիտակ դիրքով։
       Սոյն լերան քաղաքի կողմը եղած երեսին վրայ կրկնակամար եւ քառակուսի դռներով փորուած քարայրներ կան, եւ այս քարայրները ելնելու-իջնելու համար ժայռերու վրայ փորուած սանդուխներ։ Այս օրինակ քարայրներ եւ սանդուխներ շատ կը տեսնուին քաղաքի հարաւը, յարեւելս եւ յարեւմուտս եղած ժայռերուն ալ վրան։ Կարի նշանաւոր է Այնալը մաղարա ըսուած քարայրը՝ յարեւելս քաղաքին, որոյ մէջը ապակի փռով ծեփած, այնքան փայլուն եւ արհեստաւոր, որ դրսի բոլոր տեսարանները իր մէջ կը նկարէ ցոլացմամբ եւ կ’անդրադարձէ եղեր, իսկ այժմ խաւարամած է եւ մուխով սեւցուցած։ Կը պատմեն, թէ Փաշա մը ձիովը այն տեղէն անցած ատեն ձին խրտչեր եւ զինքը գետին զարկեր է, ասոր վրայ մեծագործ փաշան այնչափ յարդ վառել տուեր է քարայրին մէջ, մինչեւ թանձր ծխով սեւցեր են ծեփերը։ Հին ուղեւորներ եւ տեղացի աւանդաբաններ կ’ըսեն, թէ շատ մը զանազան նկարներ կան եղեր սոյն այրին մէջ, ինչպէս նաեւ կամարին վրայ դեռ կը նշմարուին Երկոտասան Առաքելոց պատկերներ, դրսէն ալ՝ ճակտին վրայ յունարէն տառերով քանդակեալ երեք բառ, զոր թարգմանեալ կը տեսնենք Հ. Ներսէս Սարգսեանի տեղագրութեան մէջ. «ԵՐԿՐԻ (դից) ՔՐՄԱՊԵՏ»։ Ուրեմն, մեհեան մի է այս, եւ ’ի քրիստոնէութեան՝ սրբեալ տաճար, իսկ միւս այրերը՝ ո՛րը մեհեան, ո՛րը գանձարան, ո՛րը զինարան, ո՛րը ապաստարան են եւ այլն։ Ասոնց, եթէ ոչ ամէնքը, գոնէ մեծ մասն մեր Մեծին Միհրդատայ կռել տուածներն են։
       Գալէտաղին երկու սուր կատար ունի մօտ ընդ մօտ, որոց միջեւ երկու նշանաւոր խորեր կան, մինը՝ զնդան, միւսը՝ ջրամբար։ Զնդանը ուղիղ փորուած եւ բերանը քարերով շարուած, ընդարձակ վիրապ մի է, իսկ ջրամբարը, զոր Ջալամբուլա կ’անուանեն տեղացիք, ընդ երկար ստորեկրեայ ուղի մի է սանդուխով, որ իբրեւ ժամ մը կը տեւէ, եւ կ’իջնայ մինչեւ քաղաքի արեւելեան հիւսիսէն հոսող Թէրսախան գետը, պաշարման օրերը ջուր առնելու, կամ գաղտուղի մի է, ուստի կ’ելնեն պաշարող թշնամին զարնելու։ Վերոյիշեալ ճղլակ լերանց երկու կատարաց վրայ ալ բերդեր եղած են։ Բարձրագունին վրայ երեւցածն աւելի հնագոյն ու մեծագործ է, իսկ միւսը՝ Տաճկաց իշխանութեան օրերը շինուած։ Դեռ 12 տարի առաջ սոյն բերդը շէն է եղեր, բերդապահ գալէլի անուանեալ բնակիչք հոն կը բնակէին եւ այս պաշտօնին առթիւ ազատ են եղեր ամէն տեսակ հարկատուութենէն եւ զօրք տալէ։ Սոյն բերդի յարկերէն միոյն մէջ կը պահուին եղեր հնութիւնք, երկաթի զրահ, նետեր, կերպ-կերպ սաղաւարտներ, տապարներ եւ այլն, որոց ոչ մէկը չկայ այսօր։ Զիյա պէյ անունով Միւթասարիֆը, որ շատ բարեկարգութիւն եւ շինութիւն ըրած է այս կողմերը, այդ հնութեանց պիտանի մէկ մասն Պօլիս ղրկած է։
       Ամասիոյ բնակութեանց մեծ մասն գետոյն հարաւակողմն է՝ երեւելի շէնքեր, մզկիթներ, եկեղեցիներ, շուկայն եւ այլն։ Միայն կառավարութեան պալատն հասարակաց ժամացոյցի բարձր աշտարակը հիւսիսակողմն են, զորս վայելուչ շինած է յիշեալ Զիյա պէյն։ Այգեստանք երկու կողմն ալ կան։ Հայք, Յոյնք եւ Տաճիկք խառն կը բնակին մի եւ նոյն թաղերու մէջ։ Մզկիթն ու եկեղեցին, վարժարանն ու մէտրէսէն իրարու մերձ շինուած են։
       Շինութեանց մէջ հոյակապ եւ ամէնէն շքեղն է Սուլթան Պայազիտ անուն ճամին՝ կրկին մնարէով, մարմար սիւներով, արաբական նկարներով եւ քանդակներով, մանաւանդ իր տեղով ու ընդարձակ դիրքով։ Իր մեծ բակին մէջ մեծամեծ նոճի ծառեր կան, մէկ կողմը՝ ընդարձակ մէտրէսէն։ Սոյն ճամիի բակին քսուելով՝ կը հոսի Իրիսը։ Նշանաւոր է հնութեամբ հանդերձ՝ նաեւ Կէօք մէտրէսէ ըսուած մզկիթը, որ ունի նշանաւոր գմբէթ մը՝ դրսէն խիստ եւ արուեստով կերտեալ։ Սոյն գմբէթը մզկիթին մէկ քովը շինուած է, որոյ ներքեւ՝ խորափոս անլոյս յարկի մը տակ, քանի մը մեռելոց կմախքներ կան՝ փայտէ դագաղներու մէջը պահուած, իբրեւ անփտելի եւ շէիտ հռչակուած։ Կաղ Մօլլայ մը առաջնորդեց մեզ ճրագով մը եւ աղօթեց մրմունջով Պղուտոնի այս տաճարը, քանի մը ծունր կրկնեց, ապա դագաղներու խուփերը բացաւ, որոց մէջ տարածեալ կային մեռելոց կմախք, միս եւ մորթը վրան չորցած։ Թէ ո՞յք էին ասոնք, չգիտէր մօլլան։ Տաճիկ կանանց ուխտատեղի է դարձեր այս տեղ, բայց մզկիթ լինելէ ալ դադարած։ Ամբողջ յարկերու մէջը Չէրքէզ ընտանիք կը բնակէին, բաց ’ի այս մեռելոց ներքնայարկէն։ Ճիշդ սոյն մզկիթին դրան հանդէպ եւ անոր խիստ մօտ արուեստաշէն գմբէթայարկ մի ալ կայ, որոյ մէջը եօթն շիրիմներ կան։ Մէկը մեծ եւ փառաւոր, սեւ մարմարիոնէ կափարիչ մը ունի, որոյ շրջապատը արաբի գրեր քանդակուած են։ Այս է, կ’ըսեն, Ղլիճ Ասլանայ գերեզմանը, եւ միւսները անոր գոթոթներունն են։ Այս անձը իր աւերածներով ու կատաղի արարքներովը յայտնի է մեր ազգային պատմութեան մէջ, մեծին Թորոսի օրով, Իկոնիոյ Սուլթան Մաղսուտի որդին ու յաջորդը։
       Պուռմա մինարէով մզկիթի մէջն ալ վերոյիշեալ կմախքներուն նման կը պահուին, եւ տեսնել ուզողներուն կը ցուցընեն։
       Թիմարխանէ անուանեալ հին շէնք մի կայ կառավարութեան պալատին հանդէպ՝ Իրիսին հարաւային կողմը, որոյ դուռն ու ճակատը ողջ է, արաբական մանր քանդակներով եւ քուֆի գրերով, իսկ ներսը քայքայուած է։ Ողջ մնացած սենեակները արքունի ամբար ըրած են։ Ըստ աւանդութեան, այս է եղեր, կամ հոս է եղեր Ռէայ մօրն չաստուածոց մեհեան, զոր հրձիգ ըրաւ Ս. Թէոդորոս զինաւորն։
       Նշանաւոր են ընդհանրապէս երեւելի Տաճկաց տուները եւ, իբրեւ նոր շէնք, Կառավարութեան պալատը, Հասարակաց ժամացոյցը, Մէքթէպի րիւշտիէն, այգիներու մէջ Չախալի լերան կողմը Հովանոցներ (քէօշք), Հայոցս Ս. Յակոբ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները, գետոյն վրայ կառուցուած ջաղացքներ, որոց մէջ ամէնէն գերազանցն է գերմանացի Պ. Մէցինը, որ աղացքի շէնքին մէջ ունի նաեւ մետաքսի թել հանելու եւ ոլորելու ընդարձակ եւ ընտիր գործարան։
       Հինգ կամուրջ ունի քաղաքս. երկուքը քարաշէն են, երեքը՝ փայտ։ Փողոցներ նեղ եւ անմաքուր, ծուռ ու մուռ եւ անկանոն, միայն Սավայիտի թաղը քիչ մը լայն է, բայց եւ այն զառ ’ի վեր։ Աղբիւրներ շատ կան, թէպէտ պաղորակ չեն, բայց թեթեւ եւ համեղ ջուր ունին։ Տեղ-տեղ ալ գետէն կը խմեն։
       Իրիս, որ համայն քաղաքին զուարճութիւնն ու վայելչութիւնն է եւ առատ ձկունք ալ կ’ընծայէ, բայց իր վտանգներն ալ ունի. գարնան եւ աշնան անձրեւաց յաճախութենէն կը բարձրանայ ջուրը, եւ իր մօտ պարտէզներ, փողոցներ, ու տները կը կոխէ, եւ ամէն տարի քանի մը անձինք ալ կը խղդէ, կը կորսնցընէ։
       Ամասիոյ շուկայն բաւական մաքուր եւ ձեւաւոր է, վրան գոց, բայց ընդարձակութիւն չունի։ Թաշխանը, ուր մաքսատունն է եւ վաճառականաց սենեակներ, իրենց համար նշանաւոր կերտուած մը համարուած է, վասն զի բոլոր շուկային մէջ միակ շէնք է քարէ, այլ իրօք՝ տձեւ ու չնչին։ Պէզէստէնը, զոր գոված են նախկին ուղեւորք, աւերակաց կարգն անցած է, իսպառ անգործածելի։
       Քաղաքիս մէջ կը գտնուին տեղական պիտոյից համար ամէն արհեստներ։ Արհեստաւորք Հայերն են։ Կայ եւ մի տեղական բժիշկ՝ Գէորգ էֆ. Պօրանեան, որ ունի դեղարան մը, եւ մի վիրաբոյժ՝ Սեւաստցի Նշան էֆէնտի։
       Վաճառականութիւն բանուկ է. գաւառէն բերքեր կ’ուղարկէ Եւրոպա, Պօլիս, եւ Թուրքիոյ այլ եւ այլ գաւառները, ոչխար, այծու եւ ոչխարի մորթ, աղուէսենի, գայլենի, սամոյր, պրօն (թիվթիք), բժոժ (շերամի խոզակ), խաշխաշ (աֆիոն), ճէհրի, գազի խէժ (քիթրէ), մահլէպ, սալէպ, կանեփ, տորոն, վարսակ, ցորեն, ոսպ, սիսեռ, լուբիա, պամեա, անիսոն, կտաւատ, պանիր, իւղ, մեղր եւ այլն, պտուղներէն՝ անուշահոտ խնձոր, սալոր, խաղող, ընկոյզ, գինի եւ այլն։ Կը սնուցանէ ընտանի կենդանիներէն ձի, էշ, ջորի, եզն, կով, գոմէշ, այծ ու ոչխար։ Քանի մը տարիէ հետէ սկսած են սնուցանել նաեւ Անկիւրիոյ լաւ մազերով այծեր (թիվթիկ) եւ աղէկ յաջողած են։ Ամասիոյ շերամը, որ առաջները լաւագոյն էր, տեղացւոց համար հարստութեան աղբիւր մը կը կազմէր, բայց իբր 15 տարիէ ’ի վեր ամ յամէ անկման մէջ է՝ հունտերը աւրուած լինելով։ Այս տարի Ճաբօնէն հունտ բերել տուած էին, եւ յուսալի կը թուէր բարելաւելու իրենց այս շահը։
       Ամասիա, գտնուելով Բաղդադի մեծ ուղւոյն վրայ, միշտ նշանաւոր եղած է, առաւելապէս ’ի հնումն, երբ ցամաքային ճանապարհով կ’երթեւեկէին ’ի Պօլիս։ Այժմ եւս Բաղդադէն յայսկոյս եղած քաղաքաց վաճառքներ եւ մարդիկ այս գիծով կ’իջնեն ’ի Սամսոն, եւ փոխադարձաբար։ Բաց ’ի Հայաստանի այն մասերէն, որոց նաւահանգիստն է Տրապիզոն եւ Կիրասոն։
       Սոյն աշխարհի լեռները Պոնտոսի շղթան կը կազմեն եւ անտառոտ են։ Օդը բարեխառն է, միայն Ամասիա քաղաքը, խոր ձորամէջ լինելով, ամառը սաստիկ տապ կ’ընէ, եւ տենդի հիւանդութիւնն յաճախ։
       Թէ՛ քաղաքին մէջ եւ թէ՛ գեղերը մեծամեծ կալուածներ ունին Թուրքերը։ Այս քաղաքը բազմաթիւ ուսանողներ կու գան այլեւայլ կողմերէ՝ մահմէտական կրօնին վարդապետ եւ օրէնսգէտ լինելու համար։
       Քաղաքիս բնակչաց կանայք կարի աշխատասէր են, ու, Մարզուանցւոց պէս, էրիկ մարդու շալվար կը հագնին՝ ’ի գլուխ կիսաքօղ մը կրելով, իսկ փողոցը շրջած ատեն՝ սաւանով կը պատատուին։ Անխօս եւ անտես կը պահեն զիրենք։ Կարի սակաւաթիւ են շրջազգեստ հագնող կանայք։ Իրենց զբաղումներն են շերամ սնուցանել, բժոժէ թել հանել, մանիսա եւ այլ տարազներ գործել, տուն եւ այգի տնտեսել։ Ժիր են եւ առողջ։ Իսկ արք՝ դանդաղ եւ մեղկ, կերուխումի եւ զուարճութեանց սիրողք, գրեթէ գարնանէ մինչեւ աշուն անբաժան են իրենց այգիներէն, ուր, ծառոց դալարախիտ ոստոց թփոց քովերը բազմած, կարմիր ջուր, ճերմակ ջուր, փոփոխակի կը պատուեն ջերմիկ խորոված մսով ու փափուկ հացով եւ ծառերէն միրգեր կը թափին սեղանին շուրջը։ Մայիս 25, Համբարձման տօնն էր։ Ամասիացիք ամբողջ համբարձեալ էին տուներէն. մեծ հանդէս էր այն օրը կեռասի տարեդարձին։
       Քաղաքիս մէջ երեք եկեղեցի կայ Հայոցս՝ Ս. Նիկողայոս, ուր Առաջնորդարանն է, Ս. Յակոբ՝ գրեթէ կից առաջնոյն, բայց քան զայն փառաւոր եւ ընդարձակ, Ս. Աստուածածին՝ Սավայիդի թաղը, բարձրադիր եւ գեղեցկաշէն, որոյ ներքին պատերն, սիւներն եւ առաստաղն՝ եկեղեցական պատկերներով նկարուած, գեղեցիկ դիրքով ու բաւական ընդարձակ խաչբակեր ունին, ծառեր եւ սենեակներ։ Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ բակին մէջն է իւր թաղին մանկտւոյն համար երկսեռ ծաղկոց, իսկ շէնքով եւ դաստիարակութեան մասին կարի ողորմելի։ Սավայիդի թաղեցիք մասնաւոր վարժապետ մը ունին Բենկանցի Պ. Աստուածատուր՝ ուսեալ եւ բարեկիրթ անձն, որուն յանձնած են միայն քառասուն աշակերտ, եւ կ’ուսուցանէ հայերէն, գաղղիերէն, տաճկերէն, աշխարհագրութիւն, թուաբանութիւն եւ ձայնաւորութիւն։ Իսկ մնացեալները լցած են ծաղկոցներու մէջ, ուր կ’ուսանին Քերականէն մինչեւ Գործոց։ Հազիւ գիր գրել գիտցող մը կ’տեսնես ասոնց մէջ. վարժապետները անգէտ իրենց պաշտօնին եւ անկիրթ։ Կը շառաչեն ֆալախաներ։ Տղոց ա՜խ ու եամա՜ն գոռալէն կը թնդան շէնքի քարն ու փայտը, այլ չազդուիր անգութ վարժապետին սիրտ։ Խրոխտաբար պոռոտալ, դողացընել ու սարսեցընել մանուկն իր խոժոռ հայեցուածքով, եւ գալարուն վարոցը ձեռքին մէջ ճօճեցնելով. ահա վարժապետներ, ահա աշակերտելոց մարզութեան կանոններ։ Ձգուած այն սիրուն ծաղկունք այս խամրեցուցիչ ձեռաց եւ խելաց տակ, ապականեալ օդերու մէջ, խոնաւ հողերու վրայ, փայտի կտորներու վրայ, որք իբրեւ նստարան շինուած են, առանց գրասեղանի, շէնքեր՝ առանց լուսոյ եւ առանց օդի, գիրքերը կտրտուած, եւ ամէն մէկի ձեռքը զատ-զատ տեսակ գիրք։ Այս ազգային յուսոյ անյոյս յարկերը այցելածս միջոցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դրան քով փոքրիկ աղջկանց վարժարան մը եւս ցոյց տուին, որոյ դրան առջեւ այլանդակ դէմքով, խառնած մազերով, բոբիկ, պատժափայտն ի ձեռին՝ սիպտակ մազերով մէկը կեցած կ’երերար։ Քահանայ է, ըսին, եւ աղջկանց վարժապետ, որ եւ ոչ քահանայ, եւ ոչ մարդ կը նմանէր, այլ սակայն ստոյգ, աղջկանց վարժապետն էր նա։ Ողջունեցի զինքն.
       –Օրհնեա տէր, վարժապե՞տ էք։
       –Ի՞նչ պիտի ընեմ, րախի չունիմ, - պատասխանեց։
       –Հրամէ երթանք վարժարանդ այցելենք։
       –Ի՞նչ կը փնտռես, կարգս վկայ, ո՛չ րախի կայ, ո՛չ մազէ…։
       Սաստիկ գրգռուեցայ ասոր կոպտութեան վրայ եւ այն ինչ այցելակցացս մեղադրանք կ’ընէի, ինձ պատասխանեցին, թէ. «Ճիշտ կ’ըսէ, այս տէրտէր վարժարան բացած է. մէն մի աշակերտուհիէն շաբաթական տասն փարայ թոշակ կ’առնու, եւ առածը օղիի կու տայ, ամէն օր կը խմէ»։
       –Է, աս եղա՞ւ։
       –Վշտացեալ է։
       –Ի՞նչ է վիշտը։
       –Լադիկ գիւղին վրայ ձեռնադրուած էր, գեղացիք չուզեցին, հոս ալ քահանայք բաժին չեն տար անոր։
       –Պատճա՞ռը։
       –Վասն զի տգէտ է եւ գինով։
       Ուրեմն ապրեցնելու համար վարժապե՞տ պէտք էր ընել…։
       Ա՜հ, Հայեր, ա՜հ հայրեր ու մայրեր, ինչո՞ւ դուք ձեր ոտքով կը զարնէք ազգային յառաջադիմութիւնը եւ յետս կ’ընկրկէք։ «Ազգի պաշտօնեայ են, վարժարան դնենք շահուին». դեռ Պօլսոյ մէջ ալ այս բանը կայ։
       Միւս ծաղկոցներու վարժապետներն ալ, իւրաքանչիւր աշակերտէն շաբաթական 10-20 փարայ թոշակ ստանալով եւ աշակերտները բրածեծ ընելով, իրենք գոհ եւ ծնողք գոհ կ’ընեն։ Ըսել է մէկ տղայ տարին 12 դահեկան վճարելով, եւ քանիներն ալ 24 դահեկան, կ’սպասեն մարդ լինին։ Վարժապետներէն ոմանք եկեղեցական ձայնաւորութիւն ալ դաս տալու համար եկեղեցին քանի մը դահեկան նպաստ կու տայ։ Ամէնէն բարձրագոյն վարժապետն տարին 2000 ղուրուշ կ’ստանար, եւ այն՝ Պ. Աստուածատուր Բենկանցիի պէս ուսուցիչ մը, բայց երբէք օգնական մը չունենալով իրեն։ Իսկ միւս վարժապետներ տարեկան 1000-500-300 դահեկանով կը կենան։
       Ամասիոյ վարժարանաց այս վիճակէն դիւրին է գուշակել տեղւոյն ազգայնոց զգացումն յամենայնի, զորս ցաւ է ինձ ասել, թէ կարի անտարբեր գտայ։ Երկու կամ երեք հոգի հազիւ կան, որ կրնան զգալ, խօսիլ եւ լսել ազգայնութեան վրայ։ Իրենց Առաջնորդարան եւ ժողովքներ ողորմելի են. սենեակ մը ունին միայն, ուր հազիւ զետեղուած է Առաջնորդին խոշորակերտ մահճակալ։ Տեսանք ուրեմն Առաջնորդի ննջարանը, բայց պաշտօնատուն եւ ժողովարան՝ ոչ եւ ոչ։ Ո՛չ դիւան, ո՛չ գրագիր, ո՛չ գրասեղան, ո՛չ նստարան, ո՛չ տումար, ո՛չ արձանագրութիւն, ո՛չ նիստի օրերը որոշեալ եւ ո՛չ որոշումները արձանագրեալ։ Եթէ հարկ լինէր թուղթ մը նայիլ, կը բանային եկեղեցւոյ դարակը, ուր սնտուկ մը կար, մէջը բժժանաց նման խառնակ թղթեր զետեղուած։ Օրերով կ’զբաղէին որոնելու եւ գտնելու։ Մի միայն կանոնաւոր արձանագրութիւն մը կար՝ Սեբաստիոյ Առաջնորդ Պետրոս վարդապետի քննչութեան օրով գրուած։
       Անգամ-անգամ եթէ հարկ լինէր ժողով գումարել, կը հաւաքուէին եկեղեցւոյ գաւիթը կամ խաչբակը, գերեզմանաց շուրջը ծառերուն հովանեաց տակ, եւ կը խորհրդակցէին կամ որոշում մը կու տային, Իսրայէլի նահապետաց Դեբովրային, կամ հին ազգաց դատաւորաց դարը կը ներկայացնէին։
       Այսպէս լքեալ էր ազգային վիճակը։ Յառաջագոյն 1-2 ընկերութիւն կան եղեր, բայց կարճատեւ եղած եւ ինկած։ Շատ խրախուսեցինք զիրենք եւ խոստացան Միակամ անուն ընկերութիւնը վերակազմել։ Երիտասարդութիւնը շատ կը գանգատէր մեծերէն։ Բայց ամենքն առ հասարակ կը գանգատէին Եդեսեան Սրբազանէն, եւ անոր առաջնորդութեան արդիւնք կը համարէին իրենց այս անկերպարան վիճակը, զոր ունէին 7-8 տարիէ ’ի վեր, երբ Եդեսեան Ս. երեք եկեղեցեաց արծաթի անօթներ, Տաճկաց առջեւ այպն եւ կատակ ընելով, ջարդել ու վաճառել տուեր էր, որոցմով կեդրոնական վարժարան մը պիտի կանգնէր, եւ թէպէտ գումարը Քաղ. ժողովոյ ձեռքն էր, եւ յարմար տուն մի ալ գներ էին վարժարան ընելու համար, եւ 14 խանութ իբրեւ կալուած նոյն վարժարանին, դեռ 313 օսմ. լիրա ալ պատրաստ ունէին, բայց ահա 8 տարի է տակաւին վարժարանն չէր բացուեր, եւ ժողովրդեան գրգիռը չէր հանդարտեր։ Առաւել գրգռեալ էին Սավայիդի թաղեցիք, որք երկու տարիէն ’ի վեր Առաջնորդի անունը յիշատակել դադրեցուցած էին իրենց եկեղեցւոյ մէջը եւ իրենց բողոքներ Պատրիարքարանէն ուշադրութեան չառնուելուն համար վշտացեր ու Գաւառական ժողովներուն ալ ընդդէմ հեստեալ էին։ Եդեսեան Ս. ին շատ բան կ’ըսէին, բայց իրենք ալ անմեղադրելի չէին։ Ինչ որ իրենց շինութեան եւ ազգային օգտին կը վերաբերէր, թէ՛ հրապարակախօսութեամբ եւ թէ՛ ’ի մասնաւորի խօսեցայ իրենց, աւելորդ է կրկնել հոս, այլ այսքան մը գրեցի, գամ մի եւս յիշեցնելու համար իրենց, որ Իրիսի ջրերուն յանձնեն իրենց մեղկութիւնն ու երկպառակութիւնը, նախապաշարումն ու բաժանումն, թող տանի անհետ այդ սեւ հետքերը Սեւ ծովու անդնդոց յատակները թաղէ, եւ թող իրենք միանան, ժրանան, գործեն ազգային պէտքն ու օգուտը, ժամ է հասկնալ թէ այն դարու մէջն ենք, որ զօրութիւն ու իշխանութիւն ժողովրդեան ձեռքն է, ժողովրդեան կը հետեւի այսօր Առաջնորդն ալ, կուսակալն ալ, պատրիարքարանն ալ, թագաւորութիւններն ալ, եթէ լուսաւորուած է ժողովուրդն. եթէ ոչ՝ խաղալիկ ու կոխան է ամէնուն հաճոյից եւ ոտից եւ ոչ ոք ունի իրեն գթացող։ Այո՛, եւ ոչ նոյն իսկ Աստուած։
       Ամասիացւոց ուխտատեղիներն են՝ Ս. Թորոսի եւ Ս. Բասիլիոսի գերեզմանները, քաղաքէն 31/2 ժամ հեռի։ Ս. Յօհաննէս, որ քարայր մի է եւ միջէն ջուր կը բղխի, ուր կը յաճախեն տենդիւ ախտացեալներ։ Աչքացաւի համար ալ Խանի անունով ուխտատեղի մը ունին ընդ մէջ Մարզուանու եւ Ամասիոյ, որ, կ’ըսեն, Ս. Թէոդորոսի սպանած վիշապին գերեզմանն է։
       Ամասիոյ քաղ[աքային] կառավարութիւնն Միւթասարիֆութիւն է՝ Սեւաստու վիլայէթին ներքեւ։ Եկեղեցիք՝ 3. Ս. Նիկողայոս, Ս. Յակոբ եւ Ս. Աստուածածին։ Ուսումնարան՝ 1. Ս. Ներսիսեան։ Ծաղկոց մանկանց՝ 3. Ծաղկոց աղջկանց՝ Ծախք վարժարանաց՝ 13500 ղուրուշ։ Ուսանողք՝ 409 մանկունք, 108 աղջկունք։ Թիւ Հայոց՝ 5605։ Բողոքական եւ Կաթոլիկ Հայք՝ 96։ Յոյնք՝ 625։ Թուրքք՝ 9823։
       ՁԵՌԱԳԻՐՔ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
       1. Աւետարան. Ի սկիզբն գրեալ.
       «Մատթէոս մարդ վասն այն ցուցաւ։
       Զի մարդկութիւն Տեառն սկաւ,
       ՅԱբրահամէ պատմել կարգաւ,
       Եւ զորս արար մինչեւ յարեաւ։
       Սուրբըդ Մատթէ նախ մաքսաւոր
       Եւ ’ի յետոյ աւետաւոր,
       Յիշեա՛ առ քո Տէր երկնաւոր,
       Զիս Տիրատուր յոյժ մեղաւոր»։
       Ի վերջն Մատթէի.
       «Քրիստոս Աստուած քո սուրբ եւ հրաշալի կենսաբեր յարութեամբդ ողորմեա սուտ անուն քահանայիս ՀԵԹՈՒՄ ՊԼՈՒԶ երիցուս. զի քան զամենայն սպասաւորս քո ես միայն լիրբ եւ անհնազանդ եղայ Աստուածային օրինաց քոց եւ ողորմութիւնն քո…»։
       Ի միւս երեսն.
       «Զմահդասի Սարգիսն, յիշեցէք զվերջին ստացողն սուրբ Աւետարանիս, եւ զկենակիցն զԺամ խաթունն եւ զամենայն արեան մերձաւորսն, զհայրն զԱսլան եւ զմայրն զԽունդին, եւ յիշեալ լինիցիք ’ի Տեառնէ Աստուծոյ, ամէն։ Հայր մեղ''»։
       Ի միւս երեսն.
       Աւետարան ըստ Մատթէոսի.
       «Մատթէոս զիւրն աւետարան,
       Գրեաց լեզւովն Եբրայեցեան,
       Յեօթներորդ յետոյ ամեան,
       Չարչարանացն Փրկչական,
       Յերուսաղէմ զառաջին բան.
       Եւ է իրս ինչ որ ’ի Քաղդեան
       Նոյն ’ի Պարթեւն եւ ’ի Քուշան,
       Առ ’ի նմանէ քարոզեցան.
       Իսկ ’ի Պարթեւք եւ ’ի Գողթան
       Միանգամայն կատարեցան.
       Ապա յետոյ թարգմանեցան
       ՅԵբրայեցւոցն ’ի Յունական,
       Ի փառս անեղծ Աստուածութեան
       Երից անձանց մի տէրութեան»։
       Ի վերջն Մարկոսի.
       «Քրիստոս Աստուած մեր, որ վասն անբաւ մարդասիրութեանդ քո խոնարհեցար ’ի հայրական ծոցոյ եւ առեր մարմին ’ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն Մարիամայ եւ զմահ խաչի յանձն առեր եւ պատուական արեամբդ քո զմեզ զամենեսեան ’ի ձեռաց մեղսասէր իշխանին ազատեցեր, ազատեա եւ զբազմամեղ անարժան ծառայս քո զՀեթում Կուսանցոց ’ի ծովացեալ մեղաց իմոց, զի դու ես ողորմած գթած Տէր մեր, որ յամենայնի կարող ես թողուլ զմեղս յանցաւորաց, եւ քեզ ընդ Հօր եւ ամենասուրբ Հոգւոյդ վայելէ փառք եւ պատիւ յաւիտեանս ամէն»։
       Ի միւս երեսն.
       «Ո՛վ եղբայր, յիշեա սակաւ գրիս գրաւղն ’ի քո սուրբ աղաւթս եւ զմեր արեան մերձաւորքս, եւ Աստուած զքեզ յիշէ յիւր սուրբ արքայութեան՝ քո արեան մերձաւորաւք. Աւետարանիս մեզ պարգեւողին այլ ողորմի ասացէք, եւ Աստուած ձեզ պատրաստէ, ամէն, Ռ. ամէն. ճծ ճծ օօ լլ յյ աա»։
       «Արդ յիշեցէք զվերջին ստացաւղ սուրբ աւետարանիս զմահդասի Սարգիսն եւ զհայրն զԱսլանն եւ ծնողն զԽունտին եւ զկողակիցն զԺամ խաթունն եւ զամենայն արեան մերձաւորքն զննջեցեալքն ’ի Քրիստոս, եւ Աստուած յիշողացդ տացէ զփոխարէնն զձեզ ամէն»։
       «Է յիշատակ Սավաթիոյ սուրբ Աստուածածնին, խնամաւղքն աւրհնին Աստուծոյ. գրեցաւ սակաւ գիրս Թվն. ՌՀ. ձեռամբ Բարդուղիմէ քահանային եւ կապն՝ աւսլան եւ կազմ. կար մեր այս էր, ով եղբարք։ Յիշեա. եւ այլն»։
       Ի սկիզբն Ղուկասու.
       «Ով սուրբ Ղուկաս բժիշկ մարմնոյ
       Նախ՝ եւ յետոյ եղեր հոգւոյ,
       Զիմս Տիրատրոյ մեղք՝ Տեառն քո
       Մաղթեա մաքրել սեռիւն իմոյ։
       «Այլ թէ զՂուկաս եզն է՛ր գրեցին,
       Զի որպէս նա հերկէ զգետին,
       Կրկին անխոնջ վասն պտղին,
       Նոյնպէս երկար է բանք նըմին»։
       Ի վախճան Ղուկասու.
       «Ողորմեա Տէր ամենայն հողածնի եւ ինձ անարժանի. ողորմեա տէր ամենայն ծննդեան աւազանի եւ ինձ անարժանի. ողորմեա տէր ամենայն քահանայի եւ ինձ անարժանի եւ ցոփի. ողորմեա տէր ամենայն եկեղեցւոյ սպասաւորի եւ ինձ անարժանի. ողորմեա տէր ամենայն քո պատարագողի եւ ինձ անարժանի. ողորմեա տէր ամենայն յանցաւորի եւ ինձ յոյժ անառակի. ողորմեա Քրիստոս Աստուած ամենայն երիտասարդի եւ ինձ թշուառականի. ողորմեա տէր ամենայն հոգւով հիւանդի եւ ինձ բազմավէրի. ողորմեա տէր ամենայն հոգւով աղքատի եւ ինձ յոյժ թափուրի. ողորմեա տէր ամենայն մեղսասիրի եւ ինձ որ քան զամենն աւելի. ողորմեա տէր ամենայն տնանկի եւ ինձ որ չկայ բնաւ ոտացս տեղի. ողորմեա տէր ամենայն տարակուսի եւ ինձ որ անճարակակիր մնացի. ողորմեա տէր ամենայն աշխարհի եւ ինձ որ ամենայն մեղօք եմ գարշելի. բարեխօսութեամբ քո սուրբ ծնողի յաւուրն ահեղ դատաստանի. ողորմեա քո արեամբ գնեալ ծառայի, տեսոյդ արա զմեզիկ արժանի, զի անդադար աւրհնեսցուք զՀայր եւ զՈրդի եւ զՍուրբ Հոգի…»։
       Ի միւս երեսն.
       «Արդ ցանկացող եղեալ այսմ լուսազարդ եւ հոգեւոր բուրաստանիս որ կոչի սուրբ Աւետարան՝ տիկին Եղներ եւ թոռն իւր պարոն Թորոսն որ գնեցին զսա ’ի հալալ արդեանց իւրեանց եւ եդին յիշատակ ’ի ձեռն Դանիէլ երիցու, որ կարդայ եւ յիշատակէ. եւ Քրիստոսի փառք յաւիտեանս ամէն։ Ի Թվն. ՋԿԹ. »։
       Ի միւս երեսն.
       «Արդ եւ Ղուկաս սքանչելի
       Զաւետարան իւր ցանկալի
       Յետ ութ ու տասն անցեալ ամի
       Չարչարանացըն Քրիստոսի
       ՅԱնտիոքու քաղաք մեծի
       Գրեաց լեզւով սոյգ՞ ասորի
       Իսկ որք ասեն ըզՂուկայի
       Աւետարան Յունով լեզուի.
       Ապա զիարդ, յայսմն վայրի
       Յոյժ մեղադիր վասն այս լինի
       Մեծն Եպիփան երանելի,
       Չթարգմանելով ումեք մարթի
       Լեզւով առ այլ եւ ստոյգ գտցի։
       Եւ զի ինքն իսկ ի յԱսորի
       Լեզուէն մեկնեաց ջանիւ մեծի
       Զաւետարան իւր անթերի
       Ի Յունարէն Հելլենացի
       Որպէս եւ գրեալ կայ այսպիսի
       Ի պատմութիւն սուրբ հարցն յայտնի,
       Զոր եւ պատմէ եկեղեցի
       Յիւր պատմութիւն անծածկելի.
       Եւ Հաւր տացուք փառք անմահի,
       Որդւով Հոգւոյն անլռելի»։
       Ի միւս երեսն. զՅովհաննէ.
       «Իսկ զՅօհաննեայ այսպէս ասին,
       Թէ յետ յիսուն եւ մի ամին
       Վերանալոյ Տեառն յերկին,
       Մինչ քարոզէր զգործս բանին,
       Ի Դեմետիանոսէին
       Հռովմայեցւոց թագաւորին։
       Արտասահման եղեալ նորին
       Առ ’ի Պատմոս կոչեալ կղզին,
       Երեքտասան ամ անդ ինքնին
       Վասն Աստուծոյ եկաց բանին
       Մինչեւ յաւուրս Ներոնին
       Որ յետ նորա էր արքային.
       Ապա հանեալ արձակեցին,
       Եւ անտի յետ դարձեալ նորին
       Ի յաշխարհէ Ասիային,
       Եւ բնակեցաւ ’ի քաղաքին
       Ի յԵփեսոս եւ անդստին
       Զաւետարանն իւր խնդրեցին,
       Եւ նա գրեաց լեզւով Յունին,
       Որ է բարբառ Հելլենացին.
       Եւ առաջնորդ եկաց նոցին
       ՅԱսիացւոց եկեղեցին,
       Զորս զկնի արձակմանին
       Եկաց եւս ամըս տասնեկին.
       Այլ թէ ո՞րքան յետոյ Փրկչին
       Չարչարանացն ամս ’ի մարմին
       Եկաց այլս եւս Ե. այս ոքին՞
       Եօթանասուն եւ հնգեսին,
       Եւ ’ի յետոյ քան զբնաւին
       Սուրբ առաքեալսն ամենեսին,
       Նա փոխեցաւ յերկինս վերին,
       Յանանց հանգիստ եւ երկնային։
       Այլ ’ի յառաջ մինչ կենդանին
       Էր եւ խնդրեաց իսկ զերեսին
       Աւետարանսն եւ փոյթ բերին
       Յինքն՝ անդանաւր ուր եւ կային,
       Զնախնկի գրեալն զՄատթէին
       ՅԵրուսաղէմ ածեալ մուծին,
       ՅԱղէքսանդրէ զՄարկոսին,
       ՅԱնտիոքայ ըզՂուկային.
       Եւ միացոյց որպէս գրեցին.
       Նախ զՄատթէ, Մարկոս զկնին,
       Ապա զՂուկայն զհետ միջին
       Եւ յետ նոցա զիւրըն վերջին,
       Ի փառս Հաւր անսկզբանին
       Եւ ’ի յՈրդւոյ ծնունդ նմին
       Եւ սուրբ Հոգւոյ բղխման նորին,
       Երիս անձանց կամացն ’ի մին,
       Որում որք եմք հանուր մարմին,
       Երգեմք զփառս ’ի միասին»։
       Ի միւս երեսն.
       «Աստուածաբան սուրբ Յօհաննէս,
       Զիս Տիրատուր մեղաւք պէսպէս,
       Խնդրեա մաքրել յախտոյ տղմէս՝
       Քում Տեառն որ է ’ի քերովբէս։
       Իսկ զՅօհաննէս՝ արծուանըման,
       Թռեաւ մտաւք անհասական,
       Առ ’ի պատմել բանիւ մարդկան
       Զանճառն էիցս հանրական։
       Աղաչեմ զեղկելի գրիչս զՏիրատուր յիշել ’ի Տէր Աստուած»։
       1. Աւետարան փոքր, մաղագաթ.
       Ի սկիզբն Մարկոսի աւետարանին. «ԶԳրիգորիս Սըսցի զանպիտանս ’ի գրչաց եւ թարմատար երգեցող յիշեսջիք ’ի Քրիստոս, եւ զստացաւղ աւետարանիս զվարդապետն Գրիգոր. եւ տէր Յիսուս յիշողացդ եւ յիշելոց ողորմեսցի. ամէն։ ՈՁԷ. գրեցաւ»։
       «Ձեռամբ անիմաստ գրչի Գրիգորիսի յանապատի Սանդուլ կոչեցեալ ’ի ժամանակիս յորում բարեպաշտ թագաւորն Հեթում եւ աստուածասէր թագուհին Զապէլ անուանեցին զսա իւրեանց հովանոց, եւ դեռածին մանուկն իւրեանց էր ամի միոյ եւ ամսոյ, որոյ տէր Աստուած տացէ ժամանակ բարի պարագայց ամաւք խաղաղանալ յայսմ կենցաղի»։
       «Ո՛ պատուականդ իմ Գրիգոր վարդապետ յիշեա զեղկելիս Գրիգոր եւ սխալանացս որ ’ի սմա անմեղադիր լեր, զի այդ էր կար մեր»։
       Ի վախճան Յօհաննու աւետարանին.
       «Յամի վեց հարիւրի
       Եւթնից տասանց եւթնեկի,
       Յարքայութեանս Հեթումի
       Քրիստոսազօր թագաւորի,
       Եւ ’ի Հայոց դիտապետի
       Սուրբ եւ ամբիծ հայրապետի
       Որում Կոստանդին անուն կոչի,
       Կատարեցաւ տառ մատենի
       Քրիստոսական պատուիրանի
       Աւետարանս հռչակելի,
       Ձեռամբ իմով Գրիգորիսի
       Թարմատար գրչագրի
       Եւ սուտ անուն երգեցողի,
       Ի հրամանէ պատուաւորի
       Սիրեցելոյ վարդապետի
       Եղբօր մերոյ Գրիգորի,
       Ի վայելումն պանծալի
       Իւր ձեռնասուն աշակերտի,
       Որ է շնորհաւքն Քրիստոսի
       Առաւելեալ յամենայնի,
       Պաւղոս անուն իւր ճանաչի։
       Արդ որք ’ի սոյն տառ պատուելի
       Վայելէք սիրով ուրախալի,
       Առցէ յաղագս աւրինակի.
       Սա է ընտիր եւ գովելի,
       Ի գրչէ յոյժ ճարտարի,
       Ուռհայեցի Կոստանդընի,
       Փոխակերպեալ յայս քարտենի։
       Աղաչեմ յիշմամբ բարի
       Ապագայից մահու զկնի
       Զաշխատող սմին գրի
       Եւ զստացող սորին նիւթի,
       ԶԳրիգորիս ընդ Գրիգորի
       Սրբաբան վարդապետի,
       Արժանի յիշատակի
       Արարէք, սուրբք ’ի մարմնի.
       Եւ Րաբունին սուրբ եւ բարի
       Ստեղծաւղն էիցս համայնի
       Մեզ եւ ձեզ ողորմեսցի,
       Որում պատիւ ընծայեսցի
       Եւ փառք Հաւրն իւր անեղի
       Եւ Հոգւոյն համապատուի,
       Այժմ եւ յաւէտ յապաձգի.
       Ամէն ամենայնիւ յիրաւի»։
       Ի սկիզբն աւետարանին՝ տարբեր գրով գրեալ. «Ի թվն. ՊՀԶ ’ի հայրապետութեան Տէր Պաւղոսի եւ յեպիսկոպոսութեան Տէր Մխիթարայ, Ամասիոյ վիճակին աստուածասէր եւ բարեպաշտ քրիստոնեայս մղտեցի Սահակս գնեց զսուրբ աւետարանս ’ի յԱստուածատուր քահանայէն ԻԴ. ֆլորի ի յիւր հալալ յընչիցն եւ ’ի յարդար վաստակոցն. եւ ետ ’ի Ղաղալու եկեղեցին ’ի սուրբ Սարգիս յիշատակ իւր եւ ծնողացն իւր Գառնուկին եւ մաւրն Ուստիանէ, եւ մի՛ ոք իշխեսցէ յափշտակել զաւետարանս կամ ’ի քահանայից, կամ ’ի սարկաւագաց, կամ ’ի ժողովրդոց, կամ գողանալով, կամ տիրելով, այլ կացցէ ’ի հրճուանս սուրբ եկեղեցւոյս ’ի գիւղաքաղաքիս ’ի Ղաղալայ ’ի սուրբ Սարգիսն. եւ որ ոք յանդգնի հանելոյ զսա ’ի սուրբ եկեղեցւոյս նա այնպիսին անիծիւք լիցի եւ բանադրանաւք ’ի սուրբ հայրապետացն եւ ’ի սուրբ եկեղեցւոյս, եւ որ ոք կարդայ կամ աւրինակէ, Աստուած ողորմի ասէ մղտեցի Սահակին, եւ ամենայն արեան մերձաւորաց եւ կարդացողաց եւ լաւ պահողաց»։
       1. Աւետարան։ Ի վերջն Մատթէոսի գրեալ. «Յիշեցէք զՍէթ սուտանուն աբեղայս, որ զսուրբ Աւետարանս կազմեցի։ Յիշեցէք զՀնազանդ անուն հաւատարիմ կին, որ գնեց եւ կապել երետ։ Եւ Աստուած զձեզ յիշէ, ամէն, եւ որ զամէնն ասեն»։
       «ՊԾԲ։ Քակեցին զեկեղեցիքն յԵզնկան եւ ’ի Խայիքն։ Ռ. վայ ինձ մեղաւորիս»։
       Ի վերջն Յօհաննու. «Զկազմող գրոյս զմեղաւոր հողս զՊետրոս քահանայս ծնաւղաւք եւ ամենայն ազգականաւք յիշեսջիք ’ի Քրիստոս եւ մեղաց թողութիւն խնդրեցէք ’ի Քրիստոսէ, եւ որք յիշէք, յիշեալ լիջիք ’ի Քրիստոսէ, որ է աւրհնեալ յաւիտեան»։
       Յիշատակարան ’ի վախճան աւետարանիս. «Աւրհնեալ ես ամենազաւր Աստուած ամենակալ յամենայնի միշտ հզաւր եւ սքանչելագործ, որ տաս միտս տարակուսելոց ’ի մէջ ունայն կենաց եւ խաբող աշխարհիս որոց եւ կամիս, զի ’ի գիտութիւն ճշմարտութեան եկեսցեն, լոյս ծագես ’ի սիրտս նոցա զի մի՛ ունայն վաստակեսցին, այլ ուղիղ վարուք եւ բարի գործովք կացցեն յայսմ աշխարհիս, զի ’ի հանդերձեալ ահեղ ահաւոր բեմիդ կարասցեն կեալ յանդիման տեառնդ եւ փրկչիդ Յիսուսի Քրիստոսի տուողիդ ամենայն բարեաց հոգւոց եւ մարմնոց։
       Որոց փափագող եղեալ յուսոյ գալստեան Աստուածորդւոյն, կին ոմն աստուածասէր, անուն նորա Հնազանդ եւ որդւոյն իւրոյ Տիրտուր, եւ գնեաց զսուրբ Աւետարանս զայս յիշատակ իւր եւ ծնաւղաց իւրոց, հաւրն իւրոյ Սէթին եւ մաւր իւրոյ Գուհար խաթունին եւ քուրոջն իւր Մարիամ թագին, եւ հաւրեղբաւր իւրոյ Զատկարին եւ Խազարին. ’ի թվին Հայոց ՊԾԳ. գնեաց եւ ետ յիշատակ ’ի Խայիքն…»։
       «Ես Հնազանդս գնեցի զսուրբ Աւետարանս ’ի հալալ արդեանց իմոց եւ տուի Գրիգոր երիցու որդւոյ Խաղաղութնայ, որ այլ մարդ իշխանութիւն չունենայ ’ի վերայ սուրբ Աւետարանիս, ոչ ազգ, ոչ որդի եւ ոչ գեղխտիքս. թէ կենայ թէ գնայ Գրիգոր երէց ինքն պահէ. ոչ ծախէ, ոչ պահէ, այլ կարդայ հանապազ, եւ ով առնու եւ կարդայ խնամով պահէ, եւ զՍէթ աբեղան յիշէ զկազմողս»։
       …Հոս հասած էր գործոյս տպագրութիւնը եւ ահա Հայրենիք լրագրոյ 503 թուով հրատարակուած Ամասիայէն մի նամակ, 1879 յունվար 18 թուականով, կ’աւետէ Համալսարանական ընկերութեան արդիւնաւորութիւնը, եւ Ս. Մեսրոբեան երկսեռ վարժարանի մը բացումն, անոր խնամակալք եւ խնամակալուհիք եւ այլն։ Ահա ուրախառիթ լուր, եւ սփոփանք իմ զգացած ցաւոց։