Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԶԻԼԷ ՔԱՂԱՔ
       Մայիս 27։ Մեկնեցանք Ամասիայէն, մեր Միհրդատայ դաստակերտէն եւ Աբասեան Գագիկի՝ Կարսի արքային, վերջին ապաստարանէն, հին շէնքերով եւ անունով իսկ՝ Ամասիա, Հայ քաղաքէն դէպ ’ի Զիլէ քաղաք։ Մի եւ նոյն կիրճ կը շարունակուի իբր երկուք ու կէս ժամ։ Իրիս խոժոռ ու խոտոր, թանձր ու կարմիր տիղմերով պղտոր կու գայ՝ երկու կողմն եղած թթենիք եւ այգիք ոռոգելով։ Մեր ձախ կողմն կը թողունք Ս. Յօհ. ուխտատեղին, ուր երկու կտոր փայտեայ յարկեր շինուած են նոր՝ Հայոց եւ Յունաց։ Նոյն կողին վրայ՝ դարափին կից, առուի մը հետք կ’երեւի, տեղ-տեղ ալ, ապառաժի պատահելով, փորուած են քարերը եւ նոյն առուն շարունակած։ Այս անցքով ջուր կը բերուի եղեր գետէն քաղաքի մէջը։ Ասիկայ կ’անուանեն տեղացիք Ֆէրատ եափուսի , զոր Հայք կը հասկընան Միհրդատայ շէնք։ Այս առուն, իբրեւ մեծագործութիւն, իր վէպն ունի, եւ Ֆէրատն՝ իբրեւ դիւցազն եւ իբրեւ սիրահար սիրուհւոյ մը։ Առուէն վեր բարձրացած քարալեռին գագաթան վրայ կը ցուցնեն Ֆէրատին գերեզմանը, ուր սիրուհւոյն զոհ ինկած է։
       Կիրճէն դուրս կ’ելնենք, ուր աղբիւրի մը քովէն կ’անջատուի Թոքադ գնալիք մեծ ճանապարհ կամ Բաղդադի ճէտտէն ՝ Թուրհալայի վրայէն։ Մենք կը խոտորինք ’ի յաջ, եւ ահա մեր աչաց առջեւ կը տարածի Կէլտիկէն օվասին՝ փոքր հովիտ մը՝ մացառոտ, ծառաւէտ եւ խոտաւէտ, ուր Թրքաց եւ Չէրքէզաց գեղեր կան։ Անդէոց երամ խուռն կը ճարակին հոս, գէր եւ կայտառ, զուարթ եւ արհամարհոտ նայուածքներ կը ձգեն անցորդին։
       Փայտաշէն խախուտ կամուրջով մը անցանք գետը։ Ահեղ էր հոս Իրիսին կերպարանքը՝ հսկայի մը նման, որ դեռ դադրած լինէր յաղթական արշաւանքէ։ Իր աջ ու ձախը եւ միջեւը ձեւացած աւազէ կղզեաց վրայ շատ մը հաստաբուն ծառոց դիակներ ձգած էր արմատախիլ, զորս խորտակած էր իր կատաղութեամբ, եւ տեղ-տեղ արեան մութ գունով թանձր տիղմեր կուտած։
       Դարձեալ կիրճ. եւ կ’սկսինք բարձրանալ Ալթաղաճ լեռը, որ կը տեւէ իբր երեք ժամ. մացառոտ է եւ սաստիկ զառ ’ի վեր, քարուտ եւ բարձր, որոյ գագաթէն բոլոր շուրջ եղած մեծ լերանց գլուխները կ’երեւին. Մարզուանու հովիտ եւ անոր լեռները, Եըլտըզ տաղին, որ այդ կողմանց ամէնէն բարձր լեռն է, եւ Սեւաստին մօտ։ Ալթաղաճի կողերուն վրայ Գըզըլպաշներու գեղեր կան։ Մեր ուղին երկիւղալի է, բայց մեզ հետ Չէրքէզ ոստիկան ունինք… ինչե՞ր կը պատմէ, ինչե՞ր կը ճառէ…։
       Լեռան միւս երեսը զառ ’ի վայր քիչ է։ Զիլէն կ’երեւի։ Կ’իջնենք աւելի նեղ եւ քարուտ կիրճ մը, ուստի կը հոսի վտակ մը, մօտ ընդ մօտ ջաղացքներ կան, աստ ու անդ այգիք եւ ծառաստանք, բայց թթենի՝ ոչ։ Այս վտակի ջուր կ’ոռոգէ եւ կ’արբուցանէ Զիլէն։ 8 ժամ է Ամասիայէն հոս։
       Զիլէի դիրքը հովտի մը վրայ է, գեղեցիկ, եւ իր շուրջ՝ այգիք եւ ծառաստանք, մշակեալ ընտիր անդաստանք, յայս եւ յայն կոյս կլորակ բլրակներ։ Բուն բերդ բլուրի մը վրայ է, որոյ պարիսպները քակած եւ զօրանոց շինած են. քաղաքի շէնքերը բաւական տարածեալ. Հայք ու Տաճիկք գրեթէ խառն կը բնակին։ Փողոցներ անմաքուր, տներ տձեւ, հագուստներ աղտոտ։ Կանայք էրիկ մարդու շալվար կը հագնին, բայց սաւան մը կը կրեն, սաստիկ փաթաթուած, բոբիկ կը շրջէին։
       Զիլէ իւր դիրքով այս կողմերու շատ քաղաքաց հետ յարաբերութեան յարմարութիւն ունի, ուստի եւ շատ անուանի է Զիլէ փանայիրի ն, ուր ամէն տարի դեկտեմբեր ամսոյն կու գան ոչ միայն իր շրջակայներէն, այլ եւ Հալէպէն, Շամէն, Գաղտիայէն, Կեսարիայէն բազմութիւն վաճառականաց, եւ մեծ առուտուր կ’ընեն. իսկ այժմ ինկած է այս փանայիրը։
       Զիլէի մէջ կը գտնուին ասիական գրեթէ ամէն տեսակ արհեստներ եւ արուեստաւորք, մասնաւորապէս խաղախորդութիւն (տապաղ), որ Տաճկաց ձեռքն է։ Հայեր զրկեալ են այս արուեստէն։ Տաճկներ կ’ըսեն, թէ՝ «Մեր փիրը չհաճիր». իբր թէ նուիրական բան մը եղած լինէր։ Մեծ շահ կը քաղեն ասկէ, վասն զի շատ տեղեր կը ղրկուին հոս բանուած կաշիներէն։ Ծաղկեալ է նաեւ բամբակէ ճերմակ կտաւ գործել, որ ընտիր է ու դիմացկուն, բայց բամբակը Խարբերդէն եւ ուրիշ գաւառներէ կու գայ։ Շատ տեղեր կը ղրկուին Զիլէի կտաւներէն։ Այսպէս նաեւ մանիսա, եւ այծու մազէ ու կանեփէ չուաններ, մեծ ու պստիկ տոպրակներ եւ այլ նիւթեր, որոնցմով աղէկ շահ ունին։
       Զիլէ զինուորական նկատմամբ ալ նշանաւոր է իւր անառիկ կիրճերով, եւ ’ի հնումն կարեւոր տեղ մը եղած է։
       Քաղաքիս արեւմտեան կողմն իբր տասն վայրկեան հեռի Սիվրիչա անունով բլուր մը կայ, զոր Պաղլըչա եւս կ’անուանեն։ Ասոր ստորոտը տարածեալ են շատ մը այգեստաններ։ Բլուրն ամբողջ դերբուկներով լի է վերէն վար շուրջանակի, նոյն իսկ այգիներուն մէջ շէնքերու աւերակներ կան։ Աստի կը հանուին երբեմն քարէ սիւներ, խարիսխ եւ խոյակներ. աստի գտնուած էր քար մը, իբր մի մէթր երկայն, վրան մարդու կերպարան քանդակուած, որոյ դէմքը մուրճով ձեգձեգած եւ աննշմարելի ըրած են։ Գլուխը սարըխ փաթթածի կը նմանի, ձեռաց մէկն փակ եւ կշտէն կախ, իսկ միւսով ափին մէջ տաշտի ձեւով բաժակ մը բռնած դէպ ’ի բերան կը տանի։ Սոյն քարը Հայոց եկեղեցւոյն բակը մեռելի մը գերեզմանի վրայ ձգուած է։ Դրամ եւ ուրիշ հնութիւններ ալ կը գտնուին սոյն հողերու միջէն։ Հաւանական է կարծել, թէ այս բլրոյն վրայ կանգնած է եղեր Անահտայ հռչակաւոր արձանն։
       Երկու բլուրներ ալ քաղաքի հարաւային կողմն կան իբր քառորդ ժամ հեռի. մէկն, որ քիչ մը մեծ է, կ’ըսուի Կազի պապա, որոյ գագաթը գերեզման մը կայ՝ հոմանուն, եւ ստորոտը՝ ուստի ջուր կը բղխի, գերեզման մը կայ Ագ պապա անուն, երկուքն եւս ուխտատեղիք։ Իսկ միւս բլուրն կ’ըսուի Կիւվէրչինլիք (աղաւնոց)։ Հիւսիսակողմն բլուր մը կայ Լամէսար անուն, ուր գերեզման մը կայ Շէյխ Ահմէտին, եւ նուիրական ծառոց պրակ մը։ Բերդաբլուրն հարաւային կողին վրայ քարայր մը ունի, մէջը գերեզմանաձեւ փորուած. ասկէց ներս կայ եւ քարայր մի Խօճա գայսէրի անուանեալ, ուր ուխտ կ’երթան կանայք տղայ ծնանելու համար եւ սոյն ծակ քարէն կ’անցնին։ Իսմայիլ դէդէ ըսուած ուխտատեղի մը եւս կայ՝ քաղաքէս իբր մէկ ժամ հեռի, ուր Հայք եւ Տաճիկք կը յաճախեն։
       Զիլէէն ’ի հարաւ երկու ժամ հեռի է Չէլթէկ, զոր Հայք կ’անուանեն Ս. Արիստակէս հայրապետ։ Աւերակ է, քարէ սիւն մը կայ կանգուն, լուսնոտները հոն ուխտի կը տանին եւ կը կապեն այս սիւնին, կ’զգաստանան։ Նաեւ այլ եւ այլ ախտաժէտներ կու գան եւ կը բժշկուին։ Խաչքարեր կան, եւ տեղ-տեղ՝ յունարէն գրեր։
       Ըստ աւանդութեան՝ մեր Ս. Արիստակէս հայրապետ Նիկիոյ ժողովին երթալուն, հոս եկեր, աղօթիւք եւ հրաշիւք աղբիւր մը բղխեցուցեր է։ Դեռ կայ այն, զոր կ’անուանեն Լոյս աղբիւր, որոյ ջրով կը մկրտուին եւ կը բուժուին հիւանդներ։ Վանքի տեղ է եղած այս տեղը, եւ քաղաքիս ծերունի Տ. Արիստակէս քահանան իրմէն հնագոյն եկեղեցականներէ լսած է եղեր թէ՝ հոս գտնուած է Ս. Աստուածածնայ գօտին, որ մեր Յայսմաւուրի մէջ, օգոստոս ԼԱ. ին, այսպէս գրուած է. «…Յայտնեցաւ Ս. Գօտի նորին Տիրուհւոյն մերոյ յեպիսկոպոսէն Զիլիու ի Թագաւորութեան բարեպաշտին Յուստինիանու…», առանց տեղւոյն անունը տալու։ Ս. Արիստակէսէն ժամ մը հեռի Չախըր չայի ըսուած լերան վրայ Խօճա բէդէլ անունով ուխտատեղի մը կայ Տաճկաց։ Իսկ բուն քաղաքի մէջ Այիոս Դեմետրիոս անուն վկայարան մը կայ աւերակ, որոյ շուրջ Տաճկաց գերեզմանատունն է, սրբոյն գերեզմանը փայտէ ցանկով պատած են եւ ըրած են տաճկի սուրբ, ուր կան նաեւ երկու գերեզմանք՝ Մուէլիմ էֆէնտի եւ Պէքիմիշ անուններով։ Մուէլլիմն պաշտպան է եւ բաշխող հանճարոյ, իսկ Պէքիմիշն՝ բժիշկ սրտի ցաւոց։ Խաչքարերով տեղ մ’ալ կայ, զոր Տաճիկք Քիւչիւք Չէլթէք կ’անուանեն, ուր Հայք եւս ուխտի կ’երթան։ Հոս է Բայազիտը Բէսդէմի անունով ուխտատեղին, եւ այլն։
       Կը հաւաստէին մեզ, եւ հաւանական է, թէ այսքան ուխտատեղիներ քրիստոնէիցն են եղած, եւ բնակիչներէն շատերը թրքացած, կամ ’ի բռնութենէ բուն թրքաց՝ ուխտատեղերն ալ թրքացուցած են։ Ասոր ապացոյց կու տային քաղաքի մէջ Հայոց հին թաղի Ս. Սարգիս եկեղեցին, զոր Տաճիկք Դէդէ էօնիւ եվլիա փոխած են այսօր, ուր դեռ Հայերը ուխտի կ’երթան։
       Թրքաց հին բռնութեանց արդիւնքն է, որ Զիլէի Հայք ամբողջ թուրքերէն կը խօսին, երբէք հայերէն չգիտեն, այնչափ կը զարհուրին տաճիկներէն եւ կատարելապէս ստրուկ են անոնց առջեւ։ Երբ կառավարութեան կամ իրենց նեղչաց վրայ տեղեկութիւն կը հարցընէի, մէկն կ’ուզէր կմկմալով բան մը ըսել, միւսներ կը ծածկէին. մէկ մէկէ անվստահ էին եւ կը դողային՝ չլինի՞ թէ դուրս լսուէր իրենց ձայն։ Ազգութեան ոգին մեռած էր, եւ ժամանակ դեռ չէր կրցեր զարթուցանել ասոնք, կեանքի ճառագայթ մը երբէք ծագած չէր հոս։ Ո՞վ էր պարտական ասոնց…։ Աղքատ չէին, բայց մուրացկանի նման էր իրենց հագուստն եւ ներքին ու արտաքին երեւոյթն, որպէս զի չցուցընեն, թէ բան մը ունին, եւ այս անոր համար, որ թուրքեր կը խլեն եղեր իրենցմէ, եթէ աղէկ բան մը տեսնեն։ Այսու ամենայնիւ կանանց եւ աղջկանց ճակատները ոսկեշար էին։ Արդարեւ Զիլէի թուրքեր չափէն աւելի մոլեռանդ եւ անկիրթ են, կատարեալ բարբարոս. նախատանօք կը վարուին Հայոց հետ, մարդու տեղ չեն դներ, կը զրկեն, կը խլեն, կը հայհոյեն, կը ծեծեն։ Եւ Հայք խոհեմութիւն կը համարին կրել եւ լռել, որպէս զի կարող լինին ապրիլ, եթէ ապրիլ էր այս։ Ննջեցեալը բերած ժամանակ կը քարկոծեն, քահանայն փողոցէ անցած ատեն լամուկները երամով ետեւէն կը վազեն՝ աղաղակելով. «Քէշի՜շ, օ՜շ օ՜շ…»։ Նոյն օրեր ժամկոչը գիշեր մը չարաչար ծեծեր էին, եւ քիչ մը դիմանալուն համար, դանակ քաշեր էին վրան սպանելու համար. հազիւ խոյս տուած էր։
       Այս տեղի Միւֆթիէն գոհ էին Հայք, եւ այն՝ Կ. Պօլիս Մէպուս գալէն ու դառնալէն զկնի։ Դիտելի է, որ Զիլէէն Պօլիս պանդուխտ չկայ եւ ոչ վաճառականութեան համար եկող։
       Այս քաղաքի մէջ կը բնակին մի միայն Հայք եւ Թուրքք, Յոյնք եղեր են յառաջ, իսկ այժմ քանի մը վաճառական եւ եթ կը գտնուին երթ եւ եկ։ Յունաց մէկ եկեղեցի կայ առանց քահանայի, թէպէտ ’ի հնումն եպիսկոպոսանիստ է եղած, ինչպէս վերը տեսանք։ Հայոց ալ մէկ եկեղեցի կայ՝ բաւական ընդարձակ, Ս. Յակոբ անուն, որ ունի կալուածներ 12 խանութ, 2 տուն եւ մէկ ճէհրիլիկ. բակի մէջն է գերեզմանոց, քանի մը սենեակ, վարժատուն եւ շքեղ Առաջնորդարան մը։
       Զիլէի Հայք արտասուաց արժանի վիճակ մը ունէին. 200 աշակերտներ կ’երթեւեկէին վարժարանը, ուր հասարակ ընթերցանութիւն եւ գրել կը սորվէին, սակայն առանց երբէք հայերէն խօսելու եւ առանց հասկնալու։ Տեղական տիրացու մի էր իրենց վարժապետ՝ թրքախօս, եւ իրենց ծնողք թրքախօս։ Բոլոր քաղաքի մէջ երկու քահանայք կային Հայերէն հասկացող։ Կայտառ մանկունք եւ տիրացուք շատ կանոնաւորութեամբ կ’երգէին եկեղեցին ու կ’ընթեռնուին ընթերցուածները անսխալ, բայց եւ ոչ բառ մը հասկընալով. իբրեւ մեքենայ կամ իբրեւ զծնծղայս, որ ղօղանջեն։ Կարի ջերմեռանդ իրենց պահքին եւ օրէնքին. բայց քրիստոնէութեան բուն հոգին, եւ անոր պտուղ՝ գործք, չունէին։ Մի եւ նոյն ժամանակ կարի ջերմեռանդ էին օղիին. եւ խաբէութիւնը խոհեմութեան փոխանակ ունէին։ Զիս ալ քանի մը բաներու մէջ խաբեցին։ Մայիս 28, որ երկրորդ Ծաղկազարդի տօն էր, Մեծահրաշլի կիրակին, Ս. Եկեղեցւոյ մէջ քարոզ խօսեցայ իրենց, եւ թաղականները գրեթէ երկու օր ամբողջ յորդորեցի, որ արթննան եւ վարժարանի համար դրամ չխնայեն. իրենց մանկանց մայրենի լեզուն եւ ուսմունք ուսուցանեն, եւ այլն, եւ այլն։ Թէպէտ կը խոստանային, բայց յայտնի էր, թէ չէին համոզուած։ Մեծ համարում ունէին իրենց Առաջնորդին վրայ, ուստի Սրբազանին առաջին հոգ պիտի լինէր ասոնց պէտքն ու դարմանը։ Բայց ո՞վ էր իրենց Առաջնորդն. Եւդոկիոյ Ճգնաւորեան Յակոբ եպիսկոպոսը, զոր պիտի տեսնենք իւր տեղը։
       Զիլէի քաղ[աքական] կառավար[ութիւն] է Գայմագամութիւն, Ամասիոյ Միւթասարիֆութեան ներքեւ։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Յակոբ։ Վարժարան՝ 1. Ս. Մեսրոբեան։ Ծախք վարժարանի՝ 3400 ղրշ. Եկեղեցիէն։ Ուսանողք՝ 200 մանկունք։ Թիւ Հայոց՝ 2012, որոց 12 բողոքականք եւ 93 Մաղագործք։ Թուրքք՝ 16688։
       Զիլէի եկեղեցւոյ ձեռագիր մատեանները տեսնել ուզեցի։ Ապշեցայ, երբ քահանան պատմեց, թէ քանի մը տարի առաջ շատ ձեռագիրները եկեղեցւոյ որմին ներքեւ թաղած են, ինչպէս նաեւ վախճանեալ քահանայի մարմնոյն հետ գերեզմանը դրած։ Աւելի արժանի չէի՞ն իրենք ողջ-ողջ թաղուելու։ Բայց եւ յաջողեցայ հետեւեալները փոշիներու միջէն բերել տալ ու նայել։
       Թէպէտ բաւական թուով ձեռագիրներ կային, բայց ես ամէնքը չկրցի տեսնել, այլ միայն հետեւեալները, եւ անոնց յիշատակներէն օրինակեցի։
       ՁԵՌԱԳԻՐՔ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ
       1. Մաշտոց. «…Ով սուրբ ընթերցող, անմեղադիր լեր, զի ծածուկն եւ շտապն այսպէս լինի բանն. վասն յիշելոյ է պիտանի. եւ մեք ազգի ազգի եւ յոյժ տարաբերիմք։ Զմեռեալս հոգւով յիշեա ով ժառանգող»։
       «Եդ տլդլտ ………… (ծածկագիր էջ 77-ից)։
       «.. ցռռ իսիուն։ Որ ՋԺԴ. թուականին ծնայ զտառս ’ի գեօղն որ կոչի Խալկին, ընդ հովանեաւ Ս. Աստուածածնին. ամէն։ Եւ զիս զանպիտան զտէր Թովմայն, որ աշխատեցայ եւ գրեցի զտառս. ով որ զիս յիշէ, նա Աստուած զինքն յիշէ յերկնից արքայութիւնն. ամէն»։
       . Ի ներքոյ, այլ գրով գրեալ. «Զայս գրողին Աստուած կարողութիւն տայ։ Թուականիս ՌՄՁԴ գրեցաւ, որ է Թովմայն»։ «Յիշատակ է սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյն»։
       1. Մաշտոց քահանայից. «…Գրեցաւ սա ’ի գիւղաքաղաքն Մարզուան, ընդ հովանեաւ Ս. Աստուածածնի տաճարիս, ’ի թուաբերութեանս Հայկազեան տումարիս հազարերորդի, ութծուներորդի եւ Ե. արաբարդի, օգոստոս ամսոյ ԺԲ. աւրն ուրբաթ, ձեռամբ յոգնամեղ եւ անարուեստ սուտանուն Միքայէլ դպրի, ’ի վայելումն տէր Աստուածատուրին…»։ . Ի լուսանցն. «…Գրեցաւ թուին ՌՁԵ. Մաշտոցս Մարիամին եւ ծնողաց նորին հօրն Ովանէսին եւ մօրն Փաշային. եւ որք զողորմին ասեն։ Ետ ԵՃ. ստակ»։ «Յիշատակ է Մաշտոցս Աւետիքին. ետուր իւր աղջկան հոգւոյն կէս ղուրուշ. Աստուած ողորմի իւր հոգուն եւ իւր զաւակին»։ «Յիշատակ է Մաշտոցս Դաւիթին հոգուն համար ետուր կէս ղրշ. Ամէն»։ «ՈՂԲ»։
       1. Աւետարան մագաղաթ, պատկերազարդ։ «Փառք ամենասուրբ Երրորդութեան որ եւ զմեզ մեղուցեալս փրկեսցէ… եւ զծնաւղսն իմ զտէր Ստեփաննոս քահանայն, որ մականուն Ղատի տէրտէր ասի, եւ զմայրն իմ զԶմրութն, եւ զեղբայր նորին զՄաղաքիա զմեծ րաբունապետն որ բազում աշխատանս ունին ’ի վերայ իմ եւ տկարութեանս իմ սփոփիչ եւ զքոյրն իմ զՀեղինան եւ զդուստրն իմ զկրկին Հեղինան որ հանգեաւ ’ի Քրիստոս ՌՃԶ. արար աղէխարշ զզառածեալ ծերս անմխիթար, որ եղեւ վասն մեղաց իմոց։ Եւ հուսկ յետոյ տկարս մարմնով, այլ եւ հոգւով յետնեալս ’ի ժամանակաց ես Ալէքսանոս գրիչս ’ի ծերութեան ժամանակիս, հաւաս կալայ, որ աչքս վատեալ, որ աչնոցով հազիւ կարէի նկատել, եւ ձեռս դողայր, որ ’ի գրել եւ ’ի ծաղկել եւ նկարել զպատկերաց ոչ կարէի ուղիղ գծել. եւ հաւաս անձին կալայ վասն յետ մնացից յիշատակ յիշման արժանի առնելոյ զիս անարժանս, որ յիշելոյ չեմ արժանի։ Եղեւ աւարտումն սուրբ Աւետարանիս ’ի թուականի Հայոց ՌՃԹ. ’ի փառս Քրիստոսի…»։ . Ի ստորեւ այլ գրով գրեալ. «… Յիշեցէք զպատուական զարսն, որք բազում ջանիւ եւ սիրով յօժարութեամբ գուն գործեալ թափեցին զսա ’ի ձեռաց այլազգաց, տալով նոցա զկրկին գին, ազատեցին ’ի գերութենէ, ակն ունելով Աստուծոյ իւրեանց թողութիւն առնուլ եւ ազատիլ ’ի մեղաց եւ անցանաց իւրեանց. որ եւ ձեզ յիշողացդ ողորմեսցի… Ամէն։ «Ի թուականութեանս Հայկայ ՌՃ. ամենի եւ չորս տասնեակ ընդ սմա թիւ բոլորապսակի, որ միշտ սովաւ կայ ’ի համարի. յիշատակ եդեալ արքն հոգելի որ ’ի Զիլա գիւղաքաղաքն անուանի. ’ի դուռն Ս. Յակոբայ աստուածաշէն եւ աստուածազարդ եկեղեցի։ Առ ձեզ աղերսեմք մանկունք նորոյ Սիոնի, գորով ունիլ սորին անվնաս պահել յամենայնի. եւ ոչ հանել կամ գողանալ եւ կամ գրաւել. այլ թէ ոք յանդգնի նենգել սորին վնասիւ, պարտական լիցի յաւուրն դատաստանի, եւ առցէ պատիժ ընդ խաչահանուացն եւ որք ’ի սորին կարգի են. իսկ լաւ պահողքն յամենայն վնասուցն, աւրհնեալ լիցին ’ի Քրիստոսէ Աստուծոյ անզրաւ յաւիտենիւ. Ամէն»։ Հայր մեր՛՛»։