Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. ՆՇԱՆԻ ՎԱՆՔ
       Ինչպէս յայտնի է ’ի պատմութենէ, ԺԱ. դարուն սկիզբները Վասպուրականի Սենեքերիմ արքային եւ չորս հարիւր հազար Հայ ժողովրդեան գաղթականութեան օրերը հիմնուած է սոյն մենաստանը։ Սեբաստիա փոխանակ Տոսբայ՝ Ոստանայ եւ այլն, եւ Ս. Նշանն փոխանակ Վարագայ, երբէք անբաղդատելի փոխանակութիւն, զոր օրինակ նախամարդն ’ի դրախտին եւ արտաքոյ դրախտին։ Իրաւունք ունէր դժբաղդ Թագաւորն իւր սերունդով եւ իւր ժողովրդով մէկ տեղ ցվերջին շունչ կարօտիլ, հառաչել Վասպուրականին, Աղի ծովին, Արտոսին, եւ Վարագայ սարին, մինչեւ կտակել գոնէ իրենց մարմինը դարձունել աւանդել իրենց կեանք տուող ցանկալի հողոյն, իրենց արեւ տուող շողին եւ շուքին ներքեւ։
       Ս. Նշանի վանք կառուցեալ է Մէյրէգում լերան ստորոտը, թէպէտ դաշտային այլ բարձրադիր է իւր տեղին։ Շէնքերը անձեւ եւ խառն ’ի խուռն են, գլխաւորաբար երեք բակի բաժնուած. Ուխտաւորաց թաղ, Վարժարանի կամ սեղանատան թաղ, եւ Միաբանից թաղ։ Կրկնայարկ են յարկերը եւ հում աղիւսով կերտուած, ախոռն ու գոմը՝ սոյն թաղերուն կից, նեղ եւ մութ փողոցներ ու սանդուխներ։ Մեծ եւ պայծառ կը համարուին շէնքերուն մէջ առաջնորդարանն, վարժարանն եւ սեղանատունն։ Մշտահոս ջրոց չորս աղբիւրներ կան վանքին մէջ։
       Երեք տաճար ունի քովէ քով։ Առաջինն Ս. Նշան՝ խաչաձեւ, հնաշէն, գմբէթայարկ, չորս քառակուսի սիւնաձեւ անկիւններով, որմոց եւ սեանց կիսէն ’ի խոնարհ յախճապակիով բռեալ։ Ս. խորանի երկու կողմն նեղ եւ մթին աւանդատուններ կան՝ Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս անուամբ, իսկ դրան կողմն յաջմէ՝ խորան Ս. Կարապետի, որոյ սեղանն եւ շրջապատը մարմարեայ, քանդակեալ եւ ոսկեզօծեալ, ’ի ձախմէ՝ խորան Ս. Գլխադրի։ Տաճարիս դրան քով գաւթէն մտնելիք նեղ դուռ մը կայ, որ սանդուխով կը հանէ փոքրիկ վերնատուն մը հանդէպ Աւագ խորանին։ Այս է տեղի աղօթելոյ թագաւորին։ Ամբողջ տաճարիս յարկը, որմունք եւ յատակը խոնաւ են։
       Հին, եւ բաւական արուեստակերտ Աթոռ մը ցոյց տուին, որոյ վրայ կը նստի եղեր Սենեքերիմ արքայն։
       Երկրորդ տաճարն է Ս. Կարապետի անուամբ՝ մեծ, ընդարձակ, նոր, լուսաւոր, բարձրագմբէթ, առանց սեան, նորոգեալ ’ի հիմանց 1857 ամին։ Աջակողմեան դասին երկու վանդակաւոր դռներով կը մտնանք փոքր խորան մը՝ Էջմիածին, ուր ’ի միջավայրի Քառասուն մանկանց լճէն Իջման քարը բերած զետեղած են սեղանի վէմ քարին մէջը, վրայի սեղան սիւնազարդ եւ քանդակազարդ, ողջ մարմարիոն, ոսկեզօծ։ Քանդակները կը ներկայացընեն մէկ կողմը Բաղանիքն, ուր կը դիմէ Կորստականն, եւ այն երանելի Մայրն, որ իւր մանուկն Մելիտօն շալակած կը վազէ հասնիլ եւ խառնել զայն սրբոց Քառսուն Մանկանց ոսկերաց հանդիսին, միւս կողմն ոսկերաբարձ սայլեր եւ Պետրոս եպիսկոպոս՝ եկեղեցական հանդիսիւ, որ կ’ամփոփէ Երանելեաց նշխարները՝ բաւական ճարտարութեամբ կերտուած։
       Գեղեցիկ է մարմարեայ ճակատ դրան Ս. Կարապետին, նոյնպէս քանդակեալ եւ ոսկեզօծ, իսկ փեղկերը երկաթէ եւ արոյրէ, վանդակաւոր, մէկ փեղկին վրայ Մկրտի Քրիստոս, եւ միւսին՝ քարոզէ Մկրտիչն։ Մեղաւորք եւ մաքսաւորք ունկն դնեն, եւ առընթեր՝ Գառն Աստուծոյ։
       Երրորդ տաճարն է Ս. Աստուածածնի՝ փոքրիկ գաւիթով մը, փոքրիկ է նոյն իսկ տաճարս, այլ սիրուն եւ շքեղ, չորս անկիւնը կրկնասիւն, ’ի միջի գմբէթ եւ յատակը յախճապակի։ Յաջմէ շիրիմ Գետադարձին Պետրոսի (թէպէտ ասոր նշխարներն եւս փոխադրուած են ’ի Վարագ). եւ ի ձախմէ շիրիմ Թէոդորրա Աբեղայ նահատակին, որ մինն էր յորդւոց Ս. Գոհարինէի՝ մարտիրոսացեալ 1156-ին նոյն կողմանց բռնաւոր Թուրք Տանիշմանտէն։ Այս երկու շիրիմներն ալ ընտիր մարմարիոն քարերով շինուած են, իրենց պատկերները որմոց վրայ նկարուած, պատմութիւնը խոշոր տառերով ոտանաւոր գրուած եւ վրանին փայտեայ ոսկեզօծ խաչկալներով շքեղ յօրինուած։
       Մեծ գաւիթը, ուստի կը մտնենք այս երեք տաճարները, կը պարունակէ կարգ մը Առաջնորդ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց գերեզմանները։ Իսկ հասարակ Միաբանից գերեզմանները վանքի պարսպէն դուրս յարեւելս է, որմնափակեալ, կից տաճարաց որմոց, կամ ըստ ուղիղ ասութեան՝ «Ընդ հովանեաւ սրբոյ եկեղեցւոյն հանգուցեալ»։ Այս հասարակաց հանգստարանի դրան մօտ՝ Ս. Նշանի հիւսիսային պատին, փակած է գերեզման Անանիա եպիսկոպոսին եւ կաթուղիկոսին Սեբաստիոյ, որոյ օրով չորս կաթողիկոս կար Հայոց… 1203-1205՝ Հռոմկլայ, Սիս, Շիրակ եւ Սեբաստիա։ Ահա Անանիայի տապանագիրն։
       «Յայս դամբարանիս եդին ըզմարմին,
       Տեառն Անանիա կաթողիկոսին.
       Որ օծեալ նստաւ վեհապետ ազգիս,
       Ի գերահռչակ սուրբ մենաստանիս,
       Սա էր ազգական Պետրոսի մեծին,
       Գետադարձ կոչեալ սուրբ հայրապետին,
       Ժամանեաց վախճան սուրբ կենաց նորին,
       Թուին վեց հարիւր յիսուն եւ վեցին»։
       Ընդարձակ պարտէզ մը ունի վանքս, ուր տնկուած են ճէհրի ծառեր, մրգաբեր տունկեր, բարաենիք եւ ուռենիք, եւ կը մշակեն զանազան բանջարեղէններ։ Ջուր մը կ’անցնի միջէն, եւ Լոյս-աղբիւր մը ունի։ Իբրեւ զբօսավայր է քաղաքացւոց եւ ուխտաւորաց, որք ամէն օր գրեթէ պակաս չեն, բայց աւելի բազմութեամբ կու գան կիրակի օրերը։ Վանքն ունի 47 կտոր արտ, երկու ջաղացք եւ 10 խանութ՝ քաղաքի մէջ։ Երկրագործութեամբ կ’զբաղին եւ թեմական պտղիներէ, ուխտաւորներէ բաւական հասոյթ ունին, բայց եւ այնչափ կը մսխուին, վասն զի, իբրեւ միակ մեծ վանք, ճանապարհի վրայ, քաղաքի մօտ ամէն օր լի են ուտողներ, տարողներ այլ եւ այլ ազգէ եւ աստիճանէ։ Անշուշտ վանքի ապահովութեան համար ալ այս տալն ու կերցընելը միջոց մ’է։ Այսու ամենայնիւ իւր տնտեսական վիճակը բարւոք է, եւ տարիէ մը ’ի վեր էր որ Գեր. Առաջնորդ Ս. Հայրն վանքի վարժարանին մէջ 25 գիշերօթիկ աշակերտներ հաւաքած էր թեմի գեղերէն եւ քաղաքէն, որոց կ’աւանդուէր Հայերէն գրականութիւն, ազգային եւ Սրբազան պատմութիւն, կրօնք, թուագիտութիւն, տաճկերէն եւ երաժշտութիւն։ Այս աշակերտելոց կոչումն էր Վարդապետ, Քահանայ եւ Վարժապետ լինել։
       Կանոնաւոր էր մանկանց ննջարան եւ մահիճները, մաքուր՝ ուսումնարանը, եւ վանքի տպեալ ու ձեռագիր մատեաններն ալ շատ խնամքով զետեղուած էին ուսումնարանի գրադարաններու մէջը։ Անշուշտ, եթէ արժանաւոր ուսուցիչներ ալ ունենան, ասոնք պիտի պսակաւորեն Նորին հայրութեան գովելի ջանքն եւ փառաւորեն բաղձացեալ նպատակն։ Ս. Նշանի վանքի իրաւասութեան տակն են վիճակիս միւս վանքերը։ Եւ Պետրոս Հայր սուրբն՝ Առաջնորդն, այնքան լաւ հմտութիւն եւ կրթութիւն ունի վանական կառավարութեան, այնքան աղէկ կը հասկնայ հողագործական եւ տնտեսական վիճակը, այնքան սրբասէր եւ պարկեշտ կրօնաւորութիւն ունի, միանգամայն կը հասկընայ, թէ վանքերէն ի՞նչ կ’սպասէ ազգը։ Անընչասէր, անամբարտաւան, այնպէս որ իրեն նման քիչ կայ այսօր մեր վանականաց շրջանին մէջը, բայց, քաղաքական առաջնորդութեան պաշտօնը խիստ տաժանելի լինելով, կը զրկէ ազգը վանքերուն համար ընելիք արդիւնաւորութենէն, որքան մենք կ’սպասենք եւ որքան կարող է ինքն ընծայել։
       Իբրեւ օրինակ մեր Հայաստանի ուրիշ գաւառաց կը յիշատակեմ, թէ Ս. Նշանի եւ Ս. Հրեշտակապետի եւ միւս վանքերուն արտեր ու կալուածները, ինչպես նաեւ քաղաքի եկեղեցեաց կալուածները Առաջնորդի անուան գրել տրուած է եւ կալուածագիր առնուած, բայց, այդ կալուածագրերու պատճէնները բոլոր օրինակելով տումարի մը մէջ, Պետրոս հայր սուրբ, իր կողմէն ալ երկու տող գրելով, թէ «Որքան իմ անուանս են գրուած, բաց այսքանը այս վանքին, այսքանը այն վանքին, այս եկեղեցւոյն, այն եկեղեցւոյն են» եւ այլն, զոր ներկայացնելով Մէհքէմէին՝ վաւերացնել տուած է Ղատիին կնիքով, եւ այսպէս ապահովցուցած է ազգին ստացուածքները։
       Ս. Նշանի վանքին միաբան եւ իբրեւ տնօրէն ժողով՝ երկու վարդապետ միայն կային, ութն տիրացու, մշակք, տնտեսք, այլ եւ այլ պաշտօնեայք, եւ երկու անկեալք։
       Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԻ ՎԱՆՔ
       Քաղաքէն հինգ ժամ հեռի է՝ Աղտուց կամ Դուզասարին մօտ բարձր լեռնակի մը վրայ, որ կը նայի հովտի բոլոր գեղերը եւ կը դիտէ Ալիսին երեսը եւ շրջապատ լերանց գեղեցկութիւնները։ Բաւական թուով սենեակներ ունի կրկնայարկ, բայց խարխալեալ։ Փոքրիկ տաճար մը միայն ունի, բայց շատ սիրուն։ Այս վանքը Քրդերէ եւ աւազակներէ շատ վնաս կը կրէ։ Իւր արտերը մշակել տալու եւ վանքին հսկելու համար Ս. Նշանէն ղրկուած էր հոն Զարացի Մովսէս վարդապետ, հսկայ եւ կտրիճ անձն։ Վանքի պարսպին մօտ Խաչ-բլուր մը կայ, գերեզմանոց, ուստի գտնուած էր 1871-ին Ս. Գոհարինեանց ոսկերք, արկղաձեւ շարուածքի մը մէջ զետեղուած եւ վրան թզաչափ մեծութեամբ սպիտակ քար մը իբրեւ խուփ դրուած, զոր աչօքս տեսայ եւ վրայի գրուածքն օրինակեցի, որ է « ԱՅՍ ՆԱՀԱՏԱԿՔ ՈՐ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ ՍՐՈՎ ՎԱՍՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՌԱՏԻՈՍ ԵՒ ԳՈՀԱՐԻՆԷ ՏՆԿԻԿ ԵՒ ԾԱՄԻԴԷՍ»։ Քարին միւս երեսը գրուած՝ « Եւ ԵԴԱՆ ՅԱՅՍ ՏԵՂՒՈՋ Ի ՁԵՌՆ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԲԱՐՍՂԻ ԹՈՒԱ. ՈԼԶ»։ Սոյն սրբոց նշխարք ամփոփած են այժմ վանքիս տաճարին մէջ յաջակողմն՝ պատին տակ՝ Ս. Հրեշտակապետի մեծ եւ ահեղ պատկերին ներքեւ։
       ՁԵՌԱԳԻՐՔ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ
       Սեւաստու մէջ բազմաթիւ են ձեռագիրները, բայց մենք մեր տեսածներու ցանկը եւ յիշատակներն միայն կը դնենք այս տեղ։
       1. Աւետարան, փոքր երկաթագիր, մագաղաթ, ’ի Մայր եկեղեցին. ընտիր ոսկէնկար, պատկերազարդ, որոյ դրան վրայ Արաբերէն գրուածք մը կայ, զոր օրինակել տուի թէպէտ, բայց դժուարահասկանալի եւ սխալներով լի էր, ուստի միայն իմաստը կը դնեմ.
       «Սեբաստիոյ դատաւորին նախագահութեանը տակ կազմեալ սրբազան ժողովոյ (մէճլիսի շեր’) մէջ եկեղեցականաց տեսչութեամբն ու քննութեամբը ստուգուած է թէ այս Աւետարանը Մատիէլեան Նորսիսին՝ Տավաթ փաշայի Աննիկ, Ազնիւ եւ անուն դուստր ժառանգորդաց թողուցած ինչքերուն մէջ տեսնուած է. սակայն այս պայմանաւ թէ Ներսէս եպիսկոպոսը Սեբաստիոյ եկեղեցապետ Առաքել եպիսկոպոսին, սա եւս վերոյիշեալ Մատիէլին եւ որմէ յիշեալ Նորսէսի յանձնած են, եւ ’ի վերջոյ Պետրոս Գրիգորեանի յանձնուած է վագըֆի եղանակաւ, որպէս զի եկեղեցականք միշտ պարտ եւ պատշաճ ատեն կարդան» եւ այլն։
       Ի վախճանի Արաբերէնին՝ Հայերէն գրեալ.
       «Զվերջին ստացող սուրբ Աւետարանիս յիշեսջիք ’ի սուրբ եւ ’ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր զՊատուականն, որ ազատեաց զսուրբ Աւետարանս ’ի ձեռաց այլազգեաց, եւ եդ յիշատակ Պատուականն իւր հոգւոյն եւ իւր հաւրն Խամարին եւ իւր մաւրն Անուշին, եւ իւր կնոջն Ղամարին, եւ իւր հաւրն Յոհանին, եւ մաւրն Ճանփաշին, եւ քեռուն Մկրչին, վախվ եւ յիշատակ իւրեանց հոգւոյն Պատուականին, եղբաւրն Իսկանտարին եւ Աբրահամին եւ Խաչատուրին որ փոխեցաւ առ Քրիստոս տղայ հասակաւ. Աստուած ողորմի իւրեանց հոգւոյն, ամէն։ Դարձեալ յիշեսջիք յաղաւթս ձեր զԽըտըրն, զկինն զԿուլիստանն եւ զիւրեանց զաւակն զՍագարն, զՆաղաշն, զՔնքուշն եւ զՎարդանէսն, զԿեռասն, զԿոչիկն, զՂամարին, եղբայրն զԽաչատուրն։ Այս եղեւ ’ի քաղաքս Սեբաստիոյ ’ի թուականիս Հայոց ՌԾԱ. ’ի փառս Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ, որ է աւրհնեալ յաւիտեանս ամէն։ Զայս սուրբ Աւետարանս եդ յիշատակ Պատուականն ’ի ձեռն տէր Տիրատուրին. խնամ տանողքն աւրհնին յԱստուծոյ, ամէն։…
       «Յիշեսջիք զմայրն Մանանայն… զՊատուականին որդին զՂումրին, զփեսայքն զՊետրոս եւ զԱլիքսանոսն եւ զհարսն զԳոհարն, եւ զթոռներն զԹամամն, զՏիրուհին եւ զՅարութիւնն…»։
       . Ծաղկենկար երկու երեսի աղիւսակաց մէջ ոսկեգրով գրուած է.
       «Ով յանսկիզբն ծոցոյ բան,
       Որ ծագեցար յազգըս մարդկան,
       Եւ զայս մատեանս Աւետաբան,
       Մեզ հնչեցեր ձայն ցնծութեան.
       Դու զորս ետուր մեզ քեզ փոխան,
       Կաթողիկոս ’ի Հայաստան,
       Զտէր Կոստանդին պետ հովւութեան։
       Ի գունդն ընգալ ’ի Պետրոսեան.
       Եւ զստացող այսմ տառի,
       Եւ զարդարող սուրբ կտակի,
       ԶԹորոս նորին եղբաւրորդի
       Եւ քահանայ սուրբ եւ արի,
       Եւ զՏալիթա բարիհոգի,
       Իւրեանց ծննդաւք եւ այլ զարմի.
       Ընգալ ’ի քում առագաստի,
       Որ ես աւրհնեալ յամենայնի»։
       . Ի վերջն Մատթէի.
       «Ընդ մետասանիցն գնդի համադասեա Քրիստոս զտէր Կոստանդին կաթողիկոս եւ զեղբաւրորդին իւր Թորոս քահանայ ստացող աստուածախաւս այս մատենի»։
       . Ի վերջն Մարկոսի.
       «Ստացողի սորա Թորոս քահանայի ողորմեա Քրիստոս»։
       . Ի վերջն Ղուկասու.
       «Զաստուածապատիւ տէր Կոստանդին կաթողիկոս Հայոց եւ զեղբաւրորդին իւր Թորոս քահանայ որ եւ ստացող լուսազարդիս յիշեսջիք ’ի Քրիստոս Յիսուս»։
       . Ի վերջն Յօհաննու, յիշատակարան, մաքուր երկաթագիր։
       «Փառք քեզ անսահման անուն եւ անզուգական անձնաւորութիւն Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի։ Որ ետուր կարողութիւն եւ սատար եղեր տկարութեան իմոյ ’ի զրաւ հանել ըղձալի մատենիս։
       Օրհնութիւն քեզ սուրբ Երրորդութիւն եւ միասնական Աստուածութիւն, այժմ եւ՛՛։
       Շնորհիւ Տեառն սկսեալ եւ ողորմութեամբ նորին յանգ ելեալ աւարտեցաւ մատեանս աստուածախաւս աստուածունակ երկրպագելի եւ պաշտելի սուրբ Աւետարանս յեւթն հարիւր եւ մետասաներորդի ամի թուաբերութեանս Հայոց, յաշխարհամուտ Աթոռս Հռոմկլա ընդ հովանեաւ աստուածաբնակ տաճարացս որ յանուն սուրբ Փրկչին եւ սրբոյ Աստուածածնին եւ սուրբ Լուսաւորչին մերոյ եւ այլ եւս բազմահաւաք սրբոց։ Ի ժամանակս աստուածասէր եւ բարեպաշտ արքային Հեթմոյ եւ ’ի Հայրապետութեան տեառն Կոստանդեայ կաթողիկոսի որ սրբազան վարուք իւրովք առհասարակ զարմացուցանէր զբազումս, մինչ զի եւ յարտաքնոցն առաւել ընդունէր վկայութիւն զանհամեմատ վարուցն իւրոց մաքրութեան. հեզ էր եւ ողորմած եւ բազում բարութեանց լինէր աւրինակ։ Ուստի եւ եղբաւրորդին իւր Թորոս քահանայ ’ի նմանէ ուսեալ լինէր գրասէր եւ աստուածասէր, զմտաւ ածեալ թէ ամենայն որ ինչ յերկրէ ընծայեալ նիւթք ընդ նոյն կորնչել ունին, եւ որ յաւիտեան մնայ՝ բան Տեառն է։ Վասն այսորիկ եռափափագ սիրով ստանայր մատեանս Աստուածաշունչս ’ի հին եւ ’ի նոր Կտակարանաց, եւ զամենայն գոյս իւր եւ զարարս գոգջիր եթէ ջանայր դնել ’ի վերայ նոցա եւ այլ եւս զարդուց սրբոյ եկեղեցւոյ. վասն զի յոյժ տաւնասէր էր այրն եւ պայծառացուցիչ եկեղեցական կարգաց. նմին իրի ստանայր կրկին անգամ զմատեան սրբոյ Աւետարանիս յիմմէ անարժանութենէ Թորոսէ մականուն Ռաւսլին կոչեցելոյ, որ եւ ըստ կարի իմում յանգ հանի Աստուծով զհրաման նորա, նոյնպէս զարդարեալ ոսկւով սրբով եւ երանգ երանգ գունաւք ներքոյ եւ արտաքոյ ընդելուզեալ քարամբք պատուականաւք առ ’ի սիրելի առնել զսա մանկանց սրբոյ եկեղեցւոյ։ Վասն որոյ աղաչեմ զձեզ ով աստուածասէրք, որք հանդիպիք սմա եւ որք ժառանգէք զսա, յիշել աղաւթիւք ’ի Տէր զարժանաւորսն ամենայն բարեաց յիշատակի զբարեպաշտ արքայն Հեթում եւ զսրբահոգի թագուհին իւր Զապէլ դուստր Լեւոնի արքայի, եւ Աստուծով զորդիս սոցա զպարոն Լեւոն եւ զպարոն Թորոս եւ զամենայն նախնիս իւրեանց որք եւ անուանին Ռուբինեանք.
       Յիշել աղաչեմ եւ զթագաւորահայրն պարոն Կոստանդին ուստերաւք եւ դստերաւք եւ ամենայն զարմիւք։
       Յիշեսջիք եւ զերջանիկ հայրապետն Հայոց տէր Կոստանդին եւ զհայր իւր Վահրամ եւ զմայր իւր Շուշիկ եւ զեղբարսն իւր զԳորգ եւ զԳրիգոր եւ զպարկեշտուհի քորսն իւր Շուշանիկ եւ Վանենի։
       Աղաչեմ յիշել եւ զքաջակրօն քահանայն Թորոս զստացողս մատենիս եւ զհայրն իւր Գորգ քահանայ եւ զմայրն իւր զԱզիզ, եւ զեղբարսն իւր զաստուածապատիւ եպիսկոպոսն զտէր Ստեփաննոս եւ զԳրիգոր նորին հայրազատ, եւ զքոր իւր Շուշանիկ եւ զդստերսն իւր Մլքի եւ Շուշան եւ զմայր սոցա Տալիթա կանուխ վախճանեցելոյ զկենցաղս։ Եւ զհաւրեղբաւր որդիսն իւր զԳրիգոր, զՍտեփաննոս, զԹորոս եւ զամենայն ազգայինս իւր։
       Յիշել աղաչեմ եւ զբարի շառաւիղ որդին իւր պարոն Ստեփաննոս, իշխանական պատուով զինուորեալ ’ի դրան արքայի. եւ զամուսին նորա զտիկին Աղայ ’ի մեծ տոհմէ եւ զուստերս սոցա եւ զդստերս։
       Որոց ամենայն յիշելեացս առհասարակ Քրիստոս Աստուած ննջեցելոցն հանգիստ եւ ողորմութիւն պարգեւեսցէ, եւ զկենդանիսն անխռով խաղաղութեամբ պահեսցէ. ամէն։
       Յերեսս անկեալ բազմամեղ եւ թարմատար գրիչս աղաչեմ յիշել եւ զիմ անարժանութիւն եւ զծնաւղսն իմ եւ զամենայն բարի ուսուցիչսն իմ. եւ Աստուած զձեզ յիշեսցէ յիւրում արքայութեանն եւ ’ի փառս. ամէն»։
       . Ի սպառուած յիշատակարանիս պարապ տեղ մը բոլոր գրով գրուած է։
       «Կազմեցօ սուրբ Աւետարանս ’ի թվն. ՌՀԵ. ’ի քաղաքն ’ի Սեփաստիայ, ’ի դռան սուրբ Աստուածածնին ձեռամբ սուտանուն մեղօք լցեալ Մելքիսեթ դպիրս եւ զուսուցիչն իմ Մելքիսեթ վարդապետն որ հանգուցեալ է ’ի Քրիստոս. որ բազում աշխատեցօ ըն դիս եւ ուսոյց արհեստս զայս։ Ով ընթերցող քահանայք, աղաչեմք զձեզ, որ մէկ Հայր մեղայիւ մի յիշէք զմեզ աղաչեմ աղաչեմ»։
       . Ի վերջին երես.
       «Զմեղաւք դատապարտեալ կազմաւղ սորա զԱռաքել Հնազանդենց եւ զծնողսն իմ եւ զհարազատն իմ զՊաւղոս սրկ, եւ զուսուցիչն իմ զՍարգիս քահանայ զհանգուցեալսն ’ի Քրիստոս աղաչեմ յիշել ’ի Տէր. ’ի թուա՛՛. ՉԺԱ»։
       . Զկնի այորիկ ընտիր երկաթագրով.
       «Դարձեալ ես բազմամեղս Թորոս ’ի թուա՛՛. ՉԺԵ. ետու զսուրբ Աւետարանս ’ի սուրբ ուխտն Արքակաղին կոչեցեալ ’ի ձեռն տէր Սիոնի եպիսկոպոսի. եւ խնդրեցի ’ի նմանէ զի ’ի յիշատակի Նախավկային զպատարագն իմ ծնողացն եւ հոգեւոր տիրոջն եւ ինձ մատուսցեն զինչ յայսմ աւուր պատարագ մատուցանի. եւ որք զխնդրուածս մեր կատարեն՝ Քրիստոս Աստուած զիւրեանց կատարեսցէ։
       Զսահմանս զայս միաբան եղբայրութիւնն յանձն էառ, եւ որք զկնի մեր գան, կատարեսցեն զայս»։
       1. Աստուածաշունչ բոլորագիր, ընտիր, մագաղաթ, ’ի Ս. Սարգիս եկեղեցին։
       «…Արդ ’ի թիւ Հայոց ՌՁԳ. թագաւորն Տաճկաց Սուլթան Մուրատն, եկն ’ի Սեբաստիա, գնալ ’ի Պարս ’ի պատերազմ. կամաւքն Աստուծոյ հրաման եղաւ նորոգելոյ զեկեղեցին սուրբ Սարգսի, որ ’ի վաղուց հետէ հնացեալ եւ խախտեալ էր։ Եւ երանաշնորհ հայրս մեր Ներսէս վարդապետն մեր վերատեսուչ մայրաքաղաքիս մերոյ Սեբաստիոյ, թողեալ զամենայն հոգս մարմնականս, եւ միայն հոգեւորին բուռն հարեալ, եւ վառեալ ’ի սէրն Քրիստոսի, ձեռն արկ ’ի շինումն սուրբ Եկեղեցեացս, եւ բազում նեղութիւնս կրեաց ’ի յանօրինաց. որպէս ’ի հնումն Զօրաբաբէլ, եւ Յովսեդեկեանց քահանայ մեծ, որ բազում եւ շատ աշխատանս կրեաց հաւատով եւ յուսով, եւ միամիտ սիրով. շինեաց բազում ծախիւք, եւ նորոգեաց ողորմութեամբն Աստուծոյ. եւ լուսաւորեալ պայծառացոյց զկարգս եւ զկրօնս Եկեղեցականաց, որ խանգարեալ էր ’ի թուլամորթ եւ ’ի ծոյլ առաջնորդաց։ Եւ յետ այսր յաւել եւս նորոգել զսուրբ Աստուածածին եկեղեցիս մեր. եւ ոչ այսու միայն շատացեալ այլ եւ զԱյի-օր եկեղեցին Յունաց ազգին, որ ’ի վաղուց հետէ խախտեալ եւ կործանեալ էր, եւ նոքա անմխիթար մնացեալ՝ ո՛չ ունելով ձեռնտու ’ի մարմնաւոր եւ ’ի հոգեւոր կարեաց։ Վասն որոյ յոյս ’ի յԱստուած եդեալ ձեռն արկ եւ վերստին նոր նորոգեաց եւ ուրախացոյց եւս զնոսա։ Զոր Տէր Աստուած, իւր աշխատանացն փոխարէն հատուցումն արասցէ Ճ. պատիկն աստ, եւ ’ի հանդերձեալն անտրտում ուրախութիւնն պարգեւեսցէ անզրաւ յաւիտենիւ։
       Եւ դարձեալ ստացաւ զսուրբ գիրս զԱստուածաշունչս զայս, անմաշելի թղթովս որ ինքն իւր ձեռամբն շինէր, զմագաղաթս քերէր եւ պատրաստէր զտետրս առ ’ի դիւրութիւն լինելոյ ինձ անվարժ գրչիս, եւ բազումս զմեզ մխիթարէր ’ի հոգեւոր եւ ’ի մարմնաւոր կողմանէ. որ թէպէտ մեք անարժան էաք գործոյս այսորիկ, սակայն սատարութեամբ աղօթից բազմերախտ հօրս մերում, բարերարն Աստուած ոչ ըստ մեղաց իմոց արար, եւ ոչ ըստ անօրէնութեան իմում հատոյց ինձ, այլ ըստ իւր մարդասիրութեամբն ողորմեցաւ մեզ եւ գթացեալ փրկեաց յամենայն փորձանաց հոգւոյ եւ մարմնոյ։ Վասն որոյ հայցեմք յանկարօտ Փրկչէն մերմէ Յիսուսէ Քրիստոսէ, որ փոխանակ այսմ գրի որ զյիշատակս գրեցաք, գրեսցէ Տէր ’ի գիրն կենաց, եւ նմա փառք յաւիտեանս ամէն։
       Յիշատակս օրհնութեամբ եղիցի. եւ Ձեզ յիշողացդ եւ մեզ յիշեցելոյս առ հասարակ ողորմեսցի Քրիստոս Աստուած մեր, ամէն։ Հայր մեր որ յերկինս։
       Կատարեցաւ գիրս, ծաղիկս, եւ յիշատակարանս, թուին Հայոց ՌՁԹ. օգոստոսի ԻԹ. օրն շաբաթ ’ի փառս Աստուծոյ։ Գիրքս այս սիրելի, թուղթս անմաշելի, նկարս անքակտելի, յօրինակն մի՛ խնայեսցի»։
       . Այլ գրով գրեալ.
       «Աստուած ողորմի Անդրէաս Պարոն Տիրոջն եւ իւր ծնողացն որ ետ ’ի գին Աստուածաշունչ գրոցս Ի. ղրշ. Աստուած լուսաւորէ զիւր հոգին։
       Աստուած ողորմի մահտեսի Պաղտասարին եւ կողակցին իւր Անուշին, որ ետուն ’ի գին Աստուածաշունչ գրոցս տուն մի ԼԷ. ղրշ. ի։
       Ես մեղաւոր Աճամ Գրիգոր Ռ. ա՜ բ՜ ա՜ ին լուս …………. ծածկագիր էջ 191-ից»։
       Գրեթէ բոլոր ձեռագիր Աւետարանաց սկիզբները քանի մը երես խորանաձեւ նկարներ կան՝ երանգ-երանգ գունով եւ ոսկեզօծ, զանազան ծառոց, ծաղկանց, կենդանեաց, թռչնոց պատկերներով եւ այլ եւ այլ ձեւերով գեղարուեստեալ. շատ Աւետարանաց նկարները կը նմանին իրարու, գործ՝ քննութեան արժանի ճարտարաց։ Խորանաց մէջն ալ համաբարբառ չորից Աւետարանչաց՝ սիւնակ-սիւնակ գրուած։ Հետեւեալը բացատրութիւն է այն նկարաց եւ խորանաց։
       «Ստեփաննոսի Սիւնեաց եպիսկոպոսի զառաւել հրաշից արժանի սոսկալի գերապանծութիւն բանից գեղեցկազարդեալ պիտանացուացս զառ ’ի չորից աւետարանչացն մեզ պիտառութիւն։ Արտայայտելով վսեմական բանիւ, տասնեցունց կանոնացն, նկարակերպ խորանայարկ գունակ գունակ դեղոցն։ Երփներփ ներանկմունքն, որոց ձրի ջան զերկնային մարմնոյն մետաղփսն բացատրելով պարտականապէս, այնպէս համազոյգ բանիւք մի առ մի շաղաշարեալ զընթերակացիցն հոլովսն արտակալեալ, որ վասն Յիսուսի վկայութեան բանքն։ Ուստի եւ խորանացն դեղոցն նկարագրութիւնք։ Սկսեալ յառաջնմէ կանոնովն են մինչեւ ցտասներորդն։ Արիւնաներկեալ կարմրօք սեանցն եւ խոյակացն որք ’ի մարմնաւորութիւնն եւ ’ի խաչն մեզ պիտառեցին…։
       Իսկ ոսկեգոյն կամարն զքահանայական ունի զխորհուրդ ’ի միջի կացեալ. իսկ կարմիրն գինեգոյն վասն զի զՄեղքիսեդի բերելով զխորհուրդն ’ի դէմս Քրիստոսի։ Իսկ վերնայարկ սեաւն լայնատարածեալ հանրաւքն, իբրեւ ամբով ծածկեալ ունի զխորհուրդ Աստուածային տնաւրէնութեանն։ Իսկ երրորդն նմանապէս դեղաւքն ’ի խորհուրդ Աստուածայայտն եկեալ, սկիզբն առնու առաջի կանոնին երեք մի մի միասնական Աստուածութեան արտայայտելով, յորոյ վերայ կամարացն սեղանն բոցախառն հրով, ’ի վերայն սեամբն, վասն զի ծածկեալ էր սեամբն իբրեւ զպատրուակաւ զխորհուրդն Քրիստոսի։ Իսկ հաւքն՝ վասն զի աքաղաղքն նայելով ’ի խորանին տնօրէնութիւնն եւ խաչն։ Եւ որպէս աքաղաղքն ’ի մէջ մարեստանեաց ճոխք եւ համարձակք հրամանատուք եւ ահարկուք։ Իսկ ապա չորրորդն յայտնէ զդէմս եկեղեցւոյ չորք տեղաւք համաբառբառ պատմութեամբն, միակարգ բանիւք զանազան կամարաւքն, ունելով ’ի մէջ կամարացն զխաչն, եւ երկու աղաւնակերպ հաւք ’ի նմա նայելով, իբրեւ ոչ եթէ ստոյգ աղաւնիք, այլ նմանութեամբ վասն զի որք առին զՀոգին սուրբ, եղեն ընդունակ Հոգւոյն սրբոյ։ Իսկ արտաքին սեաւն բացագոյնն, վասն զի նախ ստուեր էր անցաւորի հին աւրինացն առ ’ի լինելոյ մաքրութիւն կարմիր արեամբն Քրիստոսի, նոյնպէս եւ զսեղանն, զմթարն անաւսրացուցեալ, եւ զբոցն պայծառացուցեալ իմացականապէս զոր Քրիստոս արկանէ։
       Իսկ եղջիւրք կամարացն անդրէն ’ի վերայ խոյակացն, զոյգ առ միմեանս կարմիր եւ կապոյտ խարսխեալ հինգ հինգ մասամբք մերձ ընդ մերձ զհինգ դատողական եւ զհինգ տախտակ աւրինացն նշանակէ։
       Իսկ արմաւենիքն ’ի ստորուստ ’ի վեր բուսեալ, վասն զի յերկրէ աստի ճշմարտութիւն բուսաւ մերձենալով առ վերին կարգսն կանաչացեալ արդարութեամբ որպէս եւ գրեալ է։ Իսկ երկու հաւքն կարմրակտուցք եւ կարմրոտունք, որպէս առաջին խորանին սպասաւորքն, որ թէպէտ եւ մարմնովն մեկուսի էին ’ի նոր խորհրդոյս այլ ձայնիւ եւ բերանով զնոյնս բերէ զխորհուրդ։- Իսկ հինգերորդ խորանն զնոյնս բերէ զխորհուրդս, ստուերն պակասի եւ կարմիրն պայծառանայ, եւ շուշան ծաղկէ, քանզի խաչն մերձեցաւ, եւ գուշակք յարութեան հասին յայտնել Քրիստոսի արեամբն փրկութիւն հեթանոսաց։ Այլ դեռ եւս քողն ’ի վերայ կայ, զի զմարգարէականն դեռ եւս նշանակէ զխորհուրդս, վասն այսորիկ երեք միայն իբրեւ զմարգարէական եւ թագաւորական եւ քահանայական։
       Իսկ նռնենիքն երեք ստեղունք ’ի մի փնջի ելեալ, աւրինակ բերելով զհնովն ’ի նորա խորանաւն եւ կտակարանաւն դառն կեղեւովն զքաղցրութիւն պտղոյն ’ի ներ քամանելով։ Իսկ եղջիւրքն մերձ առ վերինն սեղանն զՄովսէսի եւ զԱհարովնի բերեն զխորհուրդս, որպէս ’ի միւս կանոնին գտանեմք, եւ կաքաւսն առ պոռնիկն Մարիամ եւ առ Րախաբն։ Իսկ ձկնաքաղն ձայնիւ որսորդութեամբ ’ի ջուրսն, հոգւոյն առեալ տեսութեամբ մարգարէիցն, յոտս աւետարանչացն ասելով։ Իսկ աքաղաղքն ոսկեզգեստք փետրաւքն զարդարելաւք, վասն զի հոգւոյն արժաւորքն նախ զանձինս իւրեանց մաքրէին»։
       1. Աւետարան, որոյ յիշատակարանի թուղթ պակաս էր։
       . Ի վերջն Ղուկասու, յետ բանիցս «Գովէին եւ աւրհնէին զԱստուած», կայ յաւելեալ. «Եւ զամենայն համառաւտագոյն պատմեցին այնոցիկ, ոյք եկին ընդ Պետրոսի։ Յետ այսորիկ ինքն Յիսուս սկսեալ յարեւելից մինչեւ ’ի մուտս արեւու. եւ ետ ’ի ձեռս նոցա զԱստուածային զանապական քարոզութիւնն տիեզերական փրկութեան, ամենայն արարածոց յաւիտեանս ամէն»։
       Յիշատակարանէն զկնի հետեւեալ աղիւսակը կար, որոյ ներքեւ գրեալ էր.
       «Այս իմաստ շարակարգեալ Վարդան վարդապետի, Կիւլիկեցւոյ։ Ո՞վ բացցէ դիւրին է հմտասէր պիտոյ է բազում գանձս գտանէ։ Համեմատէ չորս տարրս։ Իմանալիք եւ զգալիք»։
       «Մի մեղադրէք տեղիս վատ է եւ գրիչն կու փակչէր, եւ զեղկելի եւ զփձուն գրիչս յիշեցէք»։
      
       ԱՅԼ ՁԵՌԱԳԻՐՔ Ի ՆՈՅՆ ՎԱՆՍ
       1. Պատմութիւն Նիկիոյ ժողովոյն։
       1. Պատմութիւն Երգ երգոցի։
       1. Կիւրակէից, Յակոբ Պատրիարքի։
       2. Մեկնութիւն պատարագի , Լամբրոնացոյն։
       1. Մեկնութիւն Կաթողիկեայց։
       1. Կիւրակէից Սիմէօնի։
       2. Մեկնութիւն Եսայեայ. մինն, ոսկեզօծ եւ նոր։
       1. Հարանց վարք։
       1. Մեկնութիւն եօթն խորհրդոց։
       1. Մեկնութիւն երկոտասան մարգարէից։
       1. Ճառ Ներբողեան , Գետեզերեանց։
       1. Վեցօրէից։
       1. Բանք Դաւթի անյաղթի, Վարդանայ եւ Մագիստրոսի։
       1. Կուլիէլմոսի Աստուածաբանի, Մարգարէութիւն Եսայեայ։
       1. Մեկնութիւն Արարածոց , եւ այլ մեկնութիւնք բովանդակեալ։
       1. Լուծմունք Տաթեւացւոյն։
       1. Քարոզ գիրք անծանօթ։
       1. Աստուածաբանութիւն Սկօթօսի։
       2. Մեկնութիւն Յօբայ, Տաթեւացւոյ. եւ այլ բանք։
       1. Մեկնութիւն յայտնութեան , ընդարձակ։
       1. Աստուածաբանութիւն Թովմայի, առաջին հատոր։
       1. Քարոզ գիրք, ’ի վերայ Ամենասուրբ Երրորդութեան։
       1. Տետրակ կտակաց եւ նամակաց Երեմիայի։
       1. Թուղթ Խորենացւոյ առ Սահակ Բագրատունի։
       1. Քարոզ ապաշխարութեան։
       1. Սահմանաց, Առաքել վարդապետի։
       1. Մեկնութիւն Մատթէի ’ի Խորենացւոյ։ (Այսպէս էր գրուած)։
       1. Սաղմոս, ոտանաւորի փոխուած։
       1. Քարոզ Յովնանու, եւ այլ բանք։
       1. Պատմութիւն Ոսկեբերանի։
       1. Կտակ Յոհաննու արքեպիսկոպոսի։
       1. Քարոզք Տաթեւացւոյն։
       1. Մեկնութիւն եւ քարոզք , անծանօթ։
       1. Կերակուր քահանայից։
       1. Յիսուս Որդի։
       2. Կանոնագիրք։
       1. Մեկնութիւն յայտնութեան, եւ սահմանաց։
       1. Քարոզ յայտնութեան եւ մկրտութեան։
       1. Քարոզ Տաթեւացւոյ եւ Յակոբայ Ղրիմեցւոյ, եւ այլք։
       1. Բանք Եփրեմի։
       1. Շարական։
       1. Գանձարան։
       1. Հարցմանց Տաթեւացւոյ։
       1. Աւետարան։
       1. Մեկնութիւն տօմարի։
       1. Նամակագրութիւնք Մագիստրոսի։
       1. Տաղարան։
       2. Լուծմունք Յօբայ։
       1. Դաւթի հարցմանց ընդ երկաբնակսն։
       1. Սաղմոս։
       1. Ժողովածու քարոզք։
       1. Ճաշոց։
       1. Ժամագիրք փոքր։
       1. Խրատ քահանայից։
       1. Յայսմաւուրք հին։
       1. Ճառք Եւագրի խրատականք։
       1. Պատճառաբանութիւն Սուրբ Գրոց։
       1. Ներածութիւն Պորփիւրի, Սահմանաց Դաւթի, Ստորագրութիւն Արիստոտէլի, Պէրի Արմէնիաս, Թուղթ Արիստոտէլի առ Աղէքսանդր, Համեմատութիւն հին կտակարանաց ընդ նորոյս, Մեկնութիւն Սահմանաց Առաքել վարդապետի «Ամենայն չար տանջելի » եւ այլն. որ են միակազմ գիրք մի։
       1. Անալօճիա, կամ Բանք ոսկիականք ընտիր քարոզ։
       1. Մխիթար Գօշի եւ Կոմիտաս հայրապետի բանք։
       1. Դիոնէսիոսի Աստուածաբանութիւն ’ի վերայ հրեշտակաց, եւ Ստեփաննոսի Իլովացւոյ բանք։
       ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԻ ՍԵՊՀԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐՔ
       1. Կիւրակէից , Աղամալեան։
       1. Քարոզ գիրք, Կարապետ Պատրիարքի։
       1. Մեկնութիւն առակացն Աւետարանի։
       1. Ընտիր ճառ եւ Մեկնութիւն, անծանօթ հեղինակի։
       1. Բանք իմաստասիրաց, եւ Համեմատութիւն հնոց եւ նորոց։
       1. Չորից վերջնոց։
       1. Ղուրրան Մահմէտի։
       1. Կտակ խաչելութեան։
       1. Բարոյական եւ բանաստեղծական զուարճալի մատուռ։
       1. Մեկնութիւն «Ի սկզբանէ էր բան»ին։
       1. Վեցօրէից։
       1. Շարական, ընտիր մագաղաթեայ։
       1. Քարոզ գիրք , աշխարհաբառ։
       2. Բանք, այլ եւ այլ իմաստասիրաց։
       1. Մեկնութիւն Ծննդոց , անկազմ։
       1. Քարոզ գիրք , անծանօթ։
       1. Աստուածանմանութիւն , անկազմ։
       Եւ այլ եւ այլ տետրակք։
       Ս. ՆՇԱՆԻ ՅՕՀԱՆՆԷՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՔՈՎ ՁԵՌԱԳԻՐՔ
       1. Դատաստանագիրք, Կիլիկեցւոց օրով, «Ի Լամբրոնացւոյն»։
       1. Աւետարան մագաղաթ, խիստ փոքրադիր։