Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏՐԱՊԻԶՈՆ
       Առաջնորդարանը իջեւանեցանք։ Ս. Առաջնորդը՝ Տ. Մատթէոս եպիսկոպոսն, բացակայ էր։
       Ազգին պատիւ կը բերէ Առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքն, իւր դիրքն եւ իւր հանդերձանքն։ Շատ մխիթարուեցայ՝ քաղաքիս ամէն ինչ արժանեաց մէջ տեսնալով՝ բացի եկեղեցիներէն եւ եկեղեցականութենէն, որոց վրայ ցաւելով՝ կ’ըսեմ՝ լքեալ եւ նսեհ էին մնացած, թէպէտ զգալի էր իրենց ալ, եւ կը խօսուէր նկատողութեան առնլու։
       Բարեկամաց, Ազգային պաշտօնական մարմնոց, վարժապետաց այցելութիւններ վայելեցի եւ փոխադարձաբար կատարեցի։ Երկսեռ վարժարանն համեստ եւ անձայն ընթացք մը ունէր, որոյ տնօրէնն էր Էթմէքճեան Սահակ էֆ. ծանուցեալ ուսումնականն եւ գրագէտն, ազնիւ թարգմանն «Ինքնօգնութեան» եւ արժանի անձն իւր կոչման, որ հոգւոյ խաղաղութեամբ եւ խղճով կը վարէր կրթական տեսչութիւնն՝ առանց աղմուկ հանելու, առանց ինքնագովութեան եւ առանց ազգային գործերը խառնելու, ինչպէս կ’ընեն շատերը դժբաղդաբար եւ, իրենց պաշտօնը թողլով, ժողովուրդը կը յուզեն պէսպէս պատրանօք։
       Նայելով տարւոյն քաղաքական եւ նիւթական անձկութեանց, մանաւանդ այս քաղաքին, որ զգալի անկում մը ցոյց կուտար իւր նախկին շահեկանութեանց, որ յառաջ եկած էր վերջին պատերազմէն՝ անշուշտ խստապահանջ լինելու շատ իրաւունք չունէինք։ Սակայն չէինք կարող իսպառ անտարբեր լինել եւ չխօսիլ իրենց պէտք եղածն ու կարելին՝ բաղդատելով Տրապիզոնը Տրապիզոնին հետ, զոր աւելի պայծառագոյն տեսնել անհնարին չէր։
       Չէի կարող լռել օրուան պահանջները իրենց յիշեցնելէ, որոցմէ յոյս ունէի, զի կը ճանչնայի արդէն այն պատուական եւ կարող անձնաւորութիւնները, որոնց փորձը տեսնուած էր, եւ որք դեռ կարող էին լաւագոյն փորձեր ընծայել, բայց «պատճառ ունինք» կ’ըսէին։ Այսօր այդ պատճառը չկայ այլ եւս։
       Քաղաքիս ազգայնոց կրթասիրութեան նշան էր տեսնել մասնաւոր վարժարանաց բացուիլը Սարըեան Մկրտիչ էֆենտիէն եւ Պ. Հայկունիէն եւ այլն։ Սարըեանն, սակայն, նոյն օրերը մեկնեցաւ իր վարժարանէն եւ քաղաքէն՝ Պօլսոյ Արեւելեան Դպրոցասիրաց ընկերութենէն կարգուելով տեսուչ Տարօնոյ եւ Բագրեւանդայ գաւառաց մէջ բացուած վարժարանաց, որ ծանօթ է ցարդ Միացեալ ընկերութեան վարժարանաց ընդհանուր տեսչութեան պաշտօնով։ Ոմանց նման երբէք չեմ կրնար պարսաւել մասնաւորաց վարժարանները. այդ յարկերը զանազան տեսութեամբ օգուտ կ’ընծայեն դաստիարակութեան թէ՛ իրենք իրենց մէջ եւ թէ՛ նոյն իսկ Ազգային կամ թաղային վարժարանաց։ Բաւական է, որ այդ դռները բացող անձն լինի արժանաւոր կրթութեան կոչման, բանգէտ, համեստ, լուրջ եւ չհանէ իւր վարժարանէն դաս մը իմաստակաց, որք լուսաւորութիւն եւ գիտնականութիւն կը համարին բանի տեղ չդնել իրենց ծնողքը, մեծերը, երախտաւորները, որք տգիտութիւն կը համարին կրօնքն, կրօնից բարոյականն, եկեղեցին, եկեղեցւոյ օրէնքն, Աստուծոյ երկիւղը, մարդոց պատկառանքն եւ յոռի ու թիւր գաղափարներով կ’իյնան ժողովրդեան մէջը, որոց պատճառած գայթակղութիւնք եւ մոլորութիւնք ատելի ու խորշելի կը կացուցանեն վարժարանները եւ ուսմունքն յաչս հասարակաց։ Այսպիսիներ միայն մասնաւոր վարժարանաց մէջ ոչ, այլ Ազգային եւ Ընկերական վարժարանաց մէջն ալ երեւցած են դժբաղդաբար, եւ ասոր մի միայն պատճառն է վարժապետի ու տեսչի լաւագոյն ընտրութիւն չընելը։
       Մենք քանի մը փարայի միրգ առնելու համար մեծ խնամքով կը քննենք, կը դիտենք, կը հոտուըտանք, երկար հարցուփորձ կ’ընենք, որպէս զի մեր ստակն ’ի զուր չերթայ եւ մեր ստամոքս չաւրուի։ Սակայն վարժապետի, վարդապետի, ժողովականի ընտրութեան երբէք հոգ չենք տանիր։ Հերիք է, որ լրագրի մը մէջ մէկը ինքզինքն գովել տուած լինի, հերիք է, որ լեզուն կը դառնայ, ո՞վ է, ի՞նչ է եղեր, ի՞նչ է ըրեր, ի՞նչ գիտէ, ինչո՞ւ կուգայ, ուստի՞ կուգայ։ Ո՞վ կը հարցունէ։ Այդպիսիք մեծամեծ գումարներ յումպէտս կը փճացնեն Ազգէն, եւ հոգեկան ու մարմնական կեանքը միանգամայն կը խանգարեն։ Անշուշտ կը հասկնայ ընթերցողը, թէ այս գրածներս Տրապիզոնի համար չեն, այլ ուր ուրեք որ այսպիսիք կան։
       Տրապիզոնի պատմականն, քաղաքականն եւ նկարագրականն, ծանօթ լինելով ընթերցասիրաց, աւելորդ է կրկնել, մանաւանդ լրագրաց մէջ յաճախ կ’երեւի իւր հին եւ նոր երեւոյթներով, նոյնպէս եւ իւր Ազգայինն։ Սակայն փափաքելի է, իբրեւ քաղաք մը, որ կը գտնուի այսքան մերձաւոր յարաբերութեամբ ’ի մէջ Հայաբնակ գաւառաց, Մայրաքաղաքիս եւ Ռուսահայոց, ունենայ այնպիսի վիճակ մը, որ օրինակելի եւ նախանձելի լինի խորերը գտնուած Հայ ժողովրդեան։ Լուսաւորութեան եւ քաղաքակրթութեան սահմանին մօտ մի դուռն է Տրապիզոն, որոյ շեմէն անցուդարձ կ’ընեն ամէն տարի հազարաւոր հայեր, որ կրնան օգտուիլ։
       Պատրիարքարանէն սպասելիք ունենալով, եւ քանի մը մասնաւոր, այլ կարեւոր յանձնարարութեանց առթիւ հարկ եղաւ ինձ տասներկու օր մնալ Տրապիզոն։ Այդ օրերու մէջ Իզմիրի առաջնորդ Գեր. Տ. Մելքիսեդեկ սրբազանն եկաւ, որ կ’երթար ’ի Սուրբ Էջմիածին՝ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու։ Եկան Արժ. Հարք, Տ. Ղեւոնդ վարդապետ Փիրղալէմեան, Տ. Մեսրովբ վարդապետ Երուսաղէմի, որ կ’երթային Վանը, եւ Տ. Վահան վարդապետ Տ. Մինասեան, որ Պատրիարքարանէն կ’երթար ի Կարին՝ իբրեւ պատուիրակ, զորս հիւրասիրեց Առաջնորդարանն։
       Անմոռանալի կը մնայ յիս այն տարուան «Համբարձման տօնը», որ սուրբ եկեղեցւոյ մէջ ջերմեռանդութեամբ եւ խուռն բազմութեամբ կատարուեցաւ. եւ սուրբ պատարագէն ու աւուր պատշաճի քարոզէն զկնի, դաս մը պատուաւոր եւ զգայուն ազգայիններէն հանդէս մը հանդերձեցին ’ի պարտիզի Ումուտեան եղբարց, դալարեաց վրայ, կանանչ թուփերու շուքը, ծաղկեալ ծառոց եւ վարդենեաց մէջը սեղան մը եւ ազնիւ բազմականք համատիպ կը հանդիսանային դալարին, կանանչին, կարմիր վարդին եւ պտղաբեր ծաղկին։ Հոն կիրթն ու վայելչութիւն, խանդն եւ յոյս ջերմագին կը փայլէին ’ի սէր եւ ’ի պատիւ Տօնին։ Շա՜տ ապրին։