Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄՔ ԿԱՄ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ԱՒԱՆՔ ԵՒ ԳԻՒՂՈՐԱՅՔ
       Արղնոյ մատան
       Բարձրահայեաց վանքը վիճակին աթոռն է, եւ վանահայրն՝ Առաջնորդ։ Իւր թեմերուն քաղաքական կառավարութեան կեդրոնն է Փախըր մատան կամ Արղընոյ մատան, ուր կը նստի Մութասարըֆ՝ հանքաց տեսչութեան համար, եւ որ դեռ քաղաքի կերպարանք չէ զգեցած։ Օդն ալ ծանր է։ Յայտնի է, թէ մեր Օսմ. կայսերութեան արդիւնաբեր հանքերէն մին է այս, ուր կան մեծամեծ բովեր եւ վարպետաց ու գործաւորաց բազմութիւն՝ մեծաւ մասամբ յոյն։ Վանքէն 21/2 ժամ հեռի է, ’ի հարկին առաջնորդ կ’երթայ կուգայ հոն։ Մատանը գտնուելով գրեթէ ընդ մէջ Խարբերդի եւ Տիգրանակերտի՝ երբեմն մէկին, երբեմն միւսի վիլայէթին ենթակայ է։
       Բնակիչք են Թուրք, Յոյն, Զազայ քուրդ եւ Հայ։
       Մէկ եկեղեցի Հայոց՝ Ս. Աստուածածին, որ ունի կալուած 20 ու կէս խանութ, 2 տուն, 2 ջաղացք եւ պարտէզ մը։ Կալուածագրերն են «Մարիամ Յովակիմեան» եկեղեցւոյ անուամբ եւ կը պահուէին եկեղեցպան Մկրտիչեան Նալբանդ Սարգսի քով։ Վարժարան՝ 1, աշակերտ՝ 50, տունք Հայոց՝ 163։
       Արղնի Աւան
       Բուն Արղնին, իւր հին ու ամուր բերդով եւ իբրեւ նախկին քաղաք, հետզհետէ ինկած է։ Քանի մը հին ու նշանաւոր գերդաստանք դեռ կը բնակին հոն Թրքերէ եւ Քրդերէ, բայց մեծ մասամբ անկիրթ եւ անբարեբարոյ են մնացեալք։ Հայք եւս անկիրթ եւ զիրար բզքտող։
       Միւտիր կը նստի աստ՝ Մատանի մութասարըֆութեան տակ։ Ունին այգիներ, պարտէզներ, կը մշակեն արտեր։
       Երկու եկեղեցի Հայոց՝ Ս. Սարգիս եւ Ս. Սարգիս։ Երկու վարժարան (փակեալ)։ Տունք Հայոց՝ 252։
       Փայամլի գիւղ. 1 եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին։ Տունք Հայոց՝ 30։
       Ակիլ աւան
       Ապառաժներու մէջ շինուած ամուր բերդաւան մը, որոյ քարափոր բերդն, բուրգեր եւ քարայրէ գերեզմանները հիացումն, սարսափ եւ հետաքրքրութիւն կը պատճառեն տեսողաց։ Գերեզմանները փորուած են յատկապէս եւ կը ցուցնեն իրենց դիրքով, թէ երեւելի արանց շիրիմներ եղած են, այժմ՝ թափուր։ Երկու սեւացեալ քարայրեր իրենց փորածոյ ձեւերով կարծել կուտան, թէ մեհենի տեղ են եղած, եւ այս անմատոյց վայրը ոչ միայն շիրմաց, այլեւ գանձուց եւ կարասեաց դարան են։ Բայց ո՞յք են եղեր այստեղի նախկին բնակիչք։ Ո՜րքան պակաս են մեր հին պատմութիւնք եւ նոր տեղագրութիւնք այս հին ու հիանալի աշխարհին վրայ։ Բազմաց թերեւս անծանօթ է Ակիլ անունն։ Դարձեալ օրհնեալ լինի մեր ծեր Խորենացին, որ Բ. Արտաշէսի մեծ խնամակալին՝ Սմբատայ համար կը գրէ. «Սմբատայ տեղի տուեալ գնաց զկողմամբք Ասորեստանի, իւրով կամաւ թողու զիշխանութիւն զօրացն Հայոց, ընդ որ խանդայր Արտաւազդ, եւ հրամանաւ Արտաշիսի բնակի ’ի Տմորիս, ’ի յԱլկի՝ նստուցեալ զբազմութիւն գերւոյն, քանզի էր ’ի ծերութեան կին արարեալ յԱսորեստանեայց հուպ յայն կողմանս, զոր յոյժ սիրեաց, վասն այնորիկ եւ զնովին կողմամբք բնակեցաւ»։
       Արդ ահա կողմն Ասորեստանեայց, ահա Ակիլ , որ անշուշտ ձեռագրի սխալմամբ եղեր է Ալկի։ Սմբատ գիտէր Հայ աշխարհի բոլոր կիրճերն ու ամրոցներ։ Սմբատայ ընտրութեան եւ բնակութեան արժանի է Ակիլ։ Իսկ թէ ո՞յք յառաջ կամ յետոյ քան զնա, չգիտեմ։
       Այժմ Ակիլոյ բէկերն ազնուութիւն ցոյց չեն տար ո՛չ անձանց եւ ո՛չ վարմանց մէջ։ Զազայի լեզուով կը խօսին։ Մարմնաւորական, հոգեւորական եւ բարոյական ախտ են դոքա այդ կողմի բնակչաց, որոց վրայ ոչ թէ միայն լսելով կը գրենք, այլ՝ մեր աչքով զիրենք եւ իրենց ընծաները տեսնալով։ Անոնց քանի մը գնտակներ ալ նոյն իսկ մեր ականջի քովէն գժալով անցան։ Անշուշտ, բարեխնամ կառավարութիւնը իր աջը կը կարկառէ հոն եւ անոր պէս տեղերը, որոց կարգին կը յիշեմ Ջերմուկն եւ Չնքուշն, յորս կը բնակին աշխատասէր եւ խաղաղ հպատակք Օսմ. կայսերութեան, սակայն այդպիսեաց լլկանաց եւ զրկանաց մէջ։
       Ակլայ ամրոցի ետեւէն խոր ժայռերու միջով կ’անցնի Տիգրիսն երթալ ’ի Տիգրանակերտ, եւ իւր կողն ու կուշտը տարածեալ են այգեստանք։ Ակլայ ետեւի լեռներն են Մշոյ եւ Կինջի լեռները։
       1 եկեղեցի Հայոց՝ Ս. Նշան։ Տունք Հայոց՝ 200։ Ս. Նշան, որում ուխտաւորք եւս կը դիմեն, երկաթէ մեծ խաչ մի է՝ իբր հարիւր պաստառներով պատատուած, կոթը միայն կը համբուրեն։ Կ’աւանդեն, թէ այն տաշտին մասն է, յոր Տիրամայրն զՄանուկն Յիսուս կը լուար։ Կօլճուկէն բերուած է հոս։ Ճիշտ այս մեծութեամբ եւ այս աւանդութեամբ Ս. Նշան մի եւս Վանայ Արծկէի Սքանչելագործ վանքը կայ։
       Փիրան գիւղ. 1 եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին։ Տունք Հայոց՝ 40։
       Հրէդան գիւղ. 1 եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին։ Տունք Հայոց՝ 42։
       Թիլ Բաղդատ. Տունք Հայոց՝ 45։
       Հօփիկ. 1 եկեղեցի՝ Ս. Գէորգ։ Տունք Հայոց՝ 15։
       Ջերմուկ աւան
       Ջերմուկը իւր անունն առած է ջերմուկ ջրերէն, որ երկու աւազանով իրարու մօտ կը բղխին՝ շէնքով ծածկուած, մէկն կանանց յատկացեալ, միւսն արանց։ Յաճախ ’ի պէտս առողջութեան եւ մաքրութեան ոչ միայն մերձականերէն, այլ եւ ’ի հեռուստ կուգան այս ջրերը, որ մօտ են աւանին։ Աւանը լեռնամէջ է՝ աղտոտ, անճաշակ շէնքերով։ Նոյնպէս եւ բնակիչք, յոր Հայէն, Թուրքէն եւ Քրդէն զատ կան նաեւ Հրեայք։ Ծառազարդ, այգեւէտ եւ ջրաշատ է աւանը, տեղը՝ փոս, ամուր լերանց մէջ, որոյ վրայ բարձրացած կարգ մը քարեր ’ի հեռուստ կը կարծուին, թէ պահապաններ են կեցած բերդին վրայ, բայց տեղացիք «Հարսնեւորներ» կամ «հարսնէք» կ’անուանեն, ու Թուրքեր՝ կէլինճիք, ու կ’ըսեն՝ Աստուծոյ օրինաց հակառակ պսակ ուզեր են ընել, Աստուած քարի դարձուցեր է զիրենք։ Ջերմուկի օդը ծանր է արդէն, ապականութիւնք ալ լի, որք ժանտաթոյնի պէս կ’ազդեն մարդոյ։ Բնակիչքը վատոյժ եւ վատառողջ են։ Խուժադուժք հոս ալ լի են։
       1 եկեղեցի Հայոց՝ Ս. Աբդլմսեհ։ Մատուռ մը լեռան կողն, բայց գեղին մէջ եւս ունէին յարկ մը աղօթելու եւ եկեղեցի մը շինելու համար հրովարտակ առեր էին, տեղական արգելքներ յարուցեր էին ոմանք, որոց երեսէն բաւական ստակէ ելեր էին։ Մենք ալ գրեցինք ’ի Խարբերդ՝ դիւրացնելու համար։ Գրեցինք նաեւ քանի մը եղեռնագործաց համար, եւ արդիւնքը տեսած էին ժողովուրդք, որոց հետ մենք ալ գոհ եղանք Վսեմ. փաշայէն։
       Մէկ վարժարան, աշ. ՝ 48։ Տունք Հայոց՝ 278։
       Այս գաւառները, թէպէտ լեռնային մասեր ունին, բայց մեծաւ մասամբ դաշտային են։ Բարձրահայեաց վանքէն անսահման հորիզոն մը կը տարածուի դաշտային երեւոյթի մը, որոյ ծայրը կը հասնի Տիգրանակերտ քաղաքը, զոր չէօլ կ’անուանեն։ Արղնոյ ծայրը աւելի մշակեալ է հողն։ Աւեր եւ լքեալ գեղեր շատ կան, որոց բնակիչները, չկրնալով դիմանալ յաճախ ասպատակութեանց, որ տեղի կ’ունենար յառաջագոյն Քուրդ եւ Արաբաքուրդ ցեղերու մէջ, տեղափոխուեր են յԱրղնի եւ այլ ուրեք։
       Կը մշակեն բամբակ, ցորեն, գարի, կտաւատ, բրինձ եւ այլ զանազան ընդեղէնք, կը բուծանեն ընտանի անասունք։ Ընտիր մրգեղէն ունին եւ նուշ եւ նուռն։ Իսկ խաղողը այնքան ազնիւ եւ այնքան շատ, որոյ նման Հայաբնակ գաւառաց մէջ չկայ տեղ մը։ Չգիտեմ՝ ինչո՞ւ Արղնոյ գաւառ կոչած են եւ ոչ՝ խաղողոյ։ Դեղին, սեւ, կարմիր, սպիտակ խաղողներ, խոշորահատ, անուշահոտ, մեղրածորան, որ սոսինձի պէս կը փակչի ուտողին մատները, նրբամորթ, սակաւակուտ, մսոտ։ Զատ է գինւոյ խաղողն, որ նոյնքան առատ է եւ պատուական իւր գոյնն ու համը։ Գրեթէ լեռներն ամբողջ որթատունկ են, հողը դեղնակարմիր է։ Այգիներ ո՛չ պատ ունին, ո՛չ պառիկոն. որքան կ’ուզեն, թող ուտեն, թող տանին ուղեւորք։ Ասկէ կ’երթան շատ հեռաւոր գաւառները այնքան մեծ քանակութեամբ չամիչ, պաստեղ եւ կերպ-կերպ քաղցրաւենիք՝ ալիւրով շաղուած, եւ ռուբ (բէքմէզ) եւ խաղողոյ մեղր, զոր եփելով կը պատրաստեն։ Թէ՛ անուշ է, թէ՛ հաց է եւ թէ՛ քաղցր կեր։ Կը վաճառէ նաեւ խէժ, գղթոր, տորոն, գանգուլ (անթուֆ), որ գղթորի տեսակ մ’է, բամբակ, բրինձ, բուրդ, փօստ, աղուէս, գայլ, նապաստակ, կուզ եւ այլն։
       Մատանի պղինձէն զատ, որ շատ առատ է, ունի նաեւ Հրէդան գեղին մօտ արճիճ, ծծումբ, զաճ, խարաբօյայ եւ այլն։ Տեղական պէտքերու համար արհեստաւորներ են Հայք, որ զուտ Հայերէն կը խօսին։
       Քանի մը գեղերու անուններ կը յիշեմ, որք այժմ Քրդաբնակ են, բայց իրենց մէջ ունին շէն կամ աւեր եկեղեցիք Հայոց.
       Հաբարման, Հասութ, Ախոռներ, Հալբաթ, Ս. Թորոս, Հիլար, Մալան, Բալախու, Թըլխըձոր, Օհահ աղբիւր կամ Բակուր, Վարի գեղ, Ս. Եղիա գեղ (քըռլար քիլիսայ), Հէրսընի, Կարմիր քար, Ագրակ, Մանտիքան, Թըլղատի, Թըլխում, Զանգաթիլ, Եէնի քէօյ, Լաղարի, Խան գեղ, Տօղան, Ալմատին, Քարթիլ, Կավուր քէօյ, Այլու, Ղուլֆախիր եւ այլն։ Ասոնցմէ զատ՝ Ջերմուկայ մէջ՝ փլուկ եկեղեցի մը։ Արղնոյ մէջ Ս. Փրկիչ եւ Գալիլիա ուխտատեղիք, Ակիլոյ քովեր՝ Անապատ վանք մը՝ աւերակ, Թովմաս առաքեալ եւ Սուլթանըմայ վանքեր՝ աւերակ։ Հրէդան գեղի մէջ՝ Ս. Յակոբայ վանք՝ աւեր։
       Կօլճուկ գեղը, թէպէտ վանքիս թեմ է, բայց Խարբերդի վերաբերելուն համար այն կարգին գրած ենք։