Ապուշը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Պէպէքի եւ Հիսարի միջեւ՝ բլրակի մը վրայ կառուցուած է «Ռոպէրթ վարժարանը »։ Այդ դպրոցը կ՚աշակերտէր Սահակ աղայի որդին՝ Լեւոնը, գեղեցիկ, աշխոյժ, սիրուն տղայ մը, գրեթէ տասն եւ չորս տարեկան։ Այդ վարժարանի գիշերօթիկ աշակերտք իրաւունք ունին իրենց տուները երթալ ամէն շաբաթ երեկոները։ Լեւոն, որպէս զի իւր աշխատութիւնները չընդհատին, այս իրաւունքէն ամիսը մի անգամ օգուտ կը քաղէր։ Դպրոցը կը գտնուէր, երբ պատահեցան հօրը դժբաղդութիւնները։ Տուն գնաց երեք շաբաթ վերջ. ոչինչ գիտեր, բայց նշմարեց ծնողացը տխրութիւնը եւ զգաց, թէ մեծ վիշտ մը կը տանջէր զանոնք։ Քրոջն հարցուց, նա եւս ոչինչ գիտէր։ Կիրակի երեկոյին, երբ Լեւոն մեկնեցաւ տունէն, սիրտը կոտրած էր։ Տրտում տխուր անցուց ամբողջ շաբաթն եւ երբ լրացաւ շաբաթն , այլ եւս չէր կարող համբերել, տուն գնաց. այս անգամ մի քիչ աւելի զուարթ տեսաւ ծնողքն։ Արդարեւ Սահակ աղա կը յուսար մօտաւոր ժամանակի մէջ կարգադրութիւններ ընել։ Լեւոն դպրոց վերադարձաւ՝ սիրտն աւելի հանդարտած։ Շարունակեց ամիսը մի անգամ տուն գնալ։ Միշտ տունը խառնակ վիճակի մէջ կը գտնէր, եւ վրդովեալ կը մնար։
       Բարեկենդանէն շաբաթ մը առաջ, կիրակի առաւօտ մը, օդը գեղեցիկ էր, ձմռան պայծառ կիրակի մը։ Առջի օրը շատ ձիւնած էր. ձիւնաթաղ էր ամբողջ Պոլիս։ Ամէն ոք հրճուանք կ՚զգար պտտելու այդպիսի եղանակի մը։ Լեւոն մի քանի ընկերաց հետ մեկնեցաւ դպրոցէն, երեկոյին վերադառնալու որոշմամբ։ Խաղալով ձիւնի հետ եւ զիրար ձիւնակոծելով, ցատկոտելով սկիւռի պէս, իջան Պեպեք եւ մտան շոգենաւ։ Կամուրջեն Լեւոն ուղղակի Բերա գնաց եւ երբ կը մտնէր Թառլա—Պաշի, իրեն տան փողոցն, հանկարծ կանգ առաւ ապշած։ Բաց էին իրենց տան դռներն, որոց առջեւ կայնած էին կովու լծուած երկու կառքեր, յորս կը զետեղէին կահ կարասիներն։ Շուարած, Լեւոն կամաց կամաց կը քալէր . երբ դռնէն ներս մտաւ, մայրը տեսաւ, որոյ աչքերն ուռած էին, այնքան լացած էր.
       —Լեւոն, ինչո՞ւ եկար, եղաւ մօրն առաջին հարցումը, վասնզի յաջորդ շաբաթը կ՚սպասէին նմա։
       —Աս ի՞նչ է , հարցուց Լեւոն։
       —Տղաս, տունէն կ՚ելնենք , պատասխանեց մայրն, աչքերուն տանելով թաշկինակը։— Քոյրն ալ շատ արտասուած կը թուեր։ Լեւոն գնաց հօրը ձեռքը պագնելու. հայրը տրտում տխուր կարգադրութիւններ կ՚ըներ։ Լեւոն շատ աւելի զարմացաւ, տեսնելով թաղապետութեան երկու գաւաղները, թաղին քեհեան եւ մխթարը։— Լեւոնի մայրը քանի մը բառով հասկցուց տղուն, թէ հայրը պարտք ունէր աղաներուն եւ տունը կը գրաւէին. հայրն ալ պարապն էր։
       Արդարեւ անցած էին, շա՜տ շուտ անցած մի քանի ամիսներն, զոր Սահակ աղայի նախկին տէրերը շնորհած էին նմա՝ տունը կենալու համար։ Այդ միջոցին Սահակ աղա կարող չէր եղած ո՛չ գործ մը գտնել եւ ո՛չ ալ կարգադրութիւն մը ընել։ Անունը արատաւորեալ էր, վարկը կոտրած։ Աղաները տեսան, թէ Սահակ ոչ տունէն կ՚ելնէ, ո՛չ վարձք կը վճարէ, եւ որովհետեւ իրենք ալ գործնական մարդիկ էին, դիմեցին օրինական միջոցներու եւ Բերայի թաղապետութեան ձեռօք պարպել կուտային Սահակ աղայի տունը, ձմրան պայծառարեւ այդ կիրակին։— Բեռնակիրները կրելու շատ բան չունէին. մի քանի ամիսներէ հետէ Սահակ աղա կ՚ապրեցնէր ընտանիքն եւ կը վճարէր մանր պարտքեր՝ ծախելով տան կահ կարասիները։
       Իրիկուան դէմ ամէնքը դուրս ելան տունէն։ Ամենէն աւելի դառնացած էր Սահակ աղայի կինը։ Ո՜րքան յիշատակներ կապած էին իւր սիրտն այդ տան հետ։ Հոն հարս գնացած էր, հոն ունեցած էր զաւակներն, հոն մեռած էր իւր մէկ տղան, հոն կը ձգէր սրտին բեկորները։
       Գացին, մտան Բերայի նեղ, մութ, աղտոտ փողոցներէն միոյն մէջ՝ հին տուն մը։ Նոյն օրն այդ տան մէջ վարձած էին սենեակ մը։ Միեւնոյն տան մէջ կը բնակէին նաեւ ուրիշ երկու ընտանիքներ եւ տան տէրը միանգամայն, իւրաքանչիւրն ունենալով մէկ սենեակ։
       Երբ դռնէն ներս մտան՝ առաջին զգացումնին նողկանք եղաւ, ծանր հոտ մը կամ չար եւս ծանր հոտեր կային։ Մեկ երկու տեղ կերակուր կ՚եփուէր, հոտն ամէն կողմ բռնած էր։ Հոտ ձեթի, հոտ իւղի, հոտ ձկան, ուրիշ հոտեր, խառն ածուխի մուխի հոտ։ Խեղճերն հասկցան, թէ ինչ է աղքատութիւնը։ Տեղաւորեցին կարասիները, քիչ մը կրակ պատրաստեցին, գրին պղնձէ փոքր կրակարանին մէջ, բոլորեցան չորս կողմը։ Սահակ աղայի կինը պատառ մը ուտելիք պատրաստեց, կերան։ Գիշերն Աբրահամ աղայ եկաւ այցելութեան. մխիթարանաց մի քանի խօսքեր ըրաւ. նստեցաւ մի քիչ. հիւրը գնաց, անկողինները տեղաւորեցին եւ պառկեցան։— Այդ երեկոյին Լեւոն չէր վերադարձած դպրոց։
       Բարեկենդանն անցաւ, բոլորեցան նաեւ մեծ պահքին առաջին շաբաթներն եւ Լեւոն միշտ տունը կը մնար։ Պատճառը պարզ էր. փետրուար ամսոյ վերջ պէտք էր վճարել վեցամսեայ թոշակն, անգլիական քսան ոսկի. ի հարկէ Սահակ աղա չէր կարող այդ վճարումն ընել եւ խեղճ տղան տունը կը մնար։
       Եթէ եսականութիւնը լինէր մարդկային սրտի միակ բնածին զգացումը, պիտի նմանէր մարդկութիւնը այն փոքր, վտիտ, արուգ տունկերու, ոյք կը բուսնին մրրկակոծ ապառաժներու վրայ. բայց մարդուս սիրտն, օթեւան սուրբ զգացմանց , մանաւանդ գթութեան եւ ներողութեան ոգւոյն, կ՚աճի, կ՚ուռճանայ՝ սփռելով իւր շուրջը կենսաբոյր դալարութիւն։ Այդ ազնիւ ոգին ունէր Կարնեցի Սինայեան մահտեսի Կարապետ էֆէնտին։ Եթէ գաւառացիք շատ անգամ կ՚ատեն զիրար ի խորոց սրտի, սակայն եւ յաճախ ցոյց կուտան գուրգուրալիր սիրտ մը իրենց հայրենակցաց նկատմամբ։ Այդ կարգի գաւառացիներէն էր Սինայեան էֆէնտին։ Երկար ժամանակէ հետէ Պոլիս գաղթած եւ անդ հաստատուած վերջապէս, բայց չէր մոռցած իւր երկիրն եւ իւր հայրենակիցներն։ Լսելով Սահակ աղայի դժբաղդութիւնները, շատ ցաւած էր։ Սահակ աղա ինքն ալ կարնեցի էր, տղայ հասակին մէջ Պոլիս եկած եւ անդ հաստատուած։ Կարապետ էֆէնտի նեղացաւ, ըսելով նաեւ, որ իւր հայրենակցին զաւակը հարկադրուած էր դպրոց չգնալ։ Կարապետ էֆէնտիի որդին Մկրտիչը շատ անգամ գովեստիւք խօսած էր հօրը՝ Լեւոնի մասին։ Մկրտիչ նախկին աշակերտ էր Ռոպէրթ վարժարանի եւ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէր դպրոցի ուսուցիչներու հետ, յորոց լսած էր Լեւոնի գովեստներն։
       Սահակ աղա շատ անգամ կ՚այցելէր Կարապետ էֆէնտիի, բայց դադրեցուցած էր իւր այցելութիւններն յորմէ հետէ դժբաղդութիւններ ունեցաւ։ Մեծ պահքի մէջ Կարապետ էֆէնտի օր մը ճանապարհին հանդիպեցաւ Սահակ աղային եւ տղուն վրայ խօսելով՝ խոստացաւ նորա պաշտպան լինիլ եւ դպրոցի ծախքերն հոգալ։ Նոյն երեկոյին Լեւոն հօրն հետ գնաց Կարապետ էֆէնտիի տունը՝ շնորհակալ ըլլալու։ Լեւոն թէպէտ տղայ, բայց Ռոպէրթ դպրոցի մէջ իւր անձնասիրական զգացումները զարգացած էին շատ կանուխ։ Բաւական վիրաւորուած էր, որ ուրիշին ողորմութեամբը պիտի յառաջանար. բայց ի՞նչ կրնար ընել։ Ուսման անյագ տենչ ունէր եւ չէր կարող մերժել առաջարկն այն ազնիւ անձին, ում արդէն ի սրտէ երախտապարտ էր։ Նոյն գիշերը տունն էր նաեւ Սինայեանի որդին՝ Մկրտիչը. երիտասարդ մը՝ առոյգ, կորովի, երկայնահասակ, ուրախ զուարթ, բայց ծանր։ Մկրտիչ մի քիչ խօսակցեցաւ Լեւոնի հետ՝ դպրոցի մասին, ինչպէս սովոր են խօսել դպրոցներու նախկին աշակերտք նոր աշակերտաց հետ։
       Կարապետ էֆէնտին ալ քաջալերականներ կարդաց եւ ըսաւ, թէ Աստուած մեծ է, ողորմութիւնն անսպառ է։ Լեւոնի վերջն ալ լաւ պիտի լինի. հօրը, մօրը ծերութեանը գաւազանը պիտի ըլլայ։
       Յաջորդ օրը Սինայեանի գործակատարն Լեւոնը կը տանէր Ռոպէրթ դպրոցը, կը վճարէր վեց ամսականը, եւ Լեւոն կը շարունակէր իւր դասերն։
       Այդ օրէն կերպարանափոխ եղած էր Լեւոն։ Իւր ուրախ, զուարթ դէմքը ծանրախոհ էր այլ եւս, զի կեանքի մէջ մտած էր ինքն։ Երբեք չէին լիներ աներեւոյթ իւր աչքերէ հայրն՝ իւղոտած հին զգեստներով , կորաքամակ եղած, անպատիւ եւ աղքատ։ Խեղճ մայրն, որ օրն ի բուն կ՚աշխատէր, կար կը կարէր ապրելու համար, խեղդամահ կը լինէր խոհանոցի մուխին ու հոտերուն մէջ։ Քոյրը, տասը տարեկան եւ արդէն դժբաղդ։ Հարկ էր չարաչար աշխատիլ եւ փրկել ընտանիքն։ Լեւոն աշխատեցաւ։ Անցան չորս տարիներ։ Աւարտեց նա դպրոցական ընթացքն, լինելով մին առաջին կարգի վկայեալ աշակերտաց։ Բայց այն օրն յորում վերջնական կերպով հրաժարական տուաւ դպրոցին, շատ տրտում եկաւ տուն։
       Սակայն նախախնամութիւնն, որ Սինայեանի անձնաւորութեան ներքեւ կը հսկէր Լեւոնի վրայ, շուտ օգնութեան հասաւ։ Սինայեան վաղուց խորհած էր, թէ կարելի չէր այդ տղան պարապ թողուլ, երբ ելնէր դպրոցէն։ Այս նպատակաւ Կարապետ էֆ. յանձնարարած էր իւր զաւկին, որ գործ մը գտնէ Լեւոնին։ Մկրտիչ Սինայեան շատ հետամուտ եղած էր, որ Լեւոնը Պանք Օթօմանը մտնէ. շնորհիւ իւր յարաբերութեանն՝ Մկրտիչ էֆէնտի Սինայեան յաջողած էր Լեւոնի համար պաշտօն մը գտնել Պանք Օթօմանի մէջ։ Յուլիսի հինգշաբթին, երբ աւարտեցաւ Ռոպէրթ դպրոցի պարգեւաբաշխութեան հանդէսն, Լեւոն վերադառնալով Բերա, իւր առաջին պարտականութիւնն համարեց երթալ Սինայեան էֆէնտիի յայտնելու իւր երախտագիտութեան զգացումներն։ Սինայեան բաւական քաջալերութիւններ տալէ վերջ աւետեց բարի լուրն եւ յայտնեց, թէ երկուշաբթի օր Մկրտիչին հետ Պանք Օթօման երթալով կը մտնէ իւր գործին։
       Ո՜հ, այն օրն, այ անմոռանալի օրն, երբ վերջացաւ ամիսն, եւ Լեւոն ստացաւ իւր առաջին ամսականն, որ ըստ աւանդութեան վեց օսմանեան ոսկի էր։ Երեկոյին վերադառնալով տուն՝ անմիջապէս այդ գումարն յանձնեց հօրը։ Ի՜նչ գոհունակութիւն այդ խեղճ ընտանեաց մէջ։ Բոլորեցան ամէնքը միասին. կ՚օրհնէին Սինայեանի ընտանիքն։ Մոռցան անցեալն, մոռցան իրենց թշուառութիւններն։
       Չենք ուզեր մանրամասնօրէն պատմել, թէ որպիսի՜ տոկուն աշխատութեամբ Լեւոն յաջողեցաւ երկու տարիներու մէջ պատրաստել իրեն լաւ վիճակ մը։ Թողած էին այն հին խեղճ տունը. այժմ Լեւոն կը բնակէր իւր ծնողաց հետ գեղեցիկ փոքր տուն մը, եւ հանգիստ կ՚ապրէին։
       Անշուշտ ներելի էր երջանիկ համարել Լեւոնն, ինքն ալ այնպէս կը կարծեր, եւ սակայն երիտասարդի մը սիրտն կարո՞ղ է հանդարտ կենալ։ Լեւոնի սիրտը կարօտ մը ունէր. ի՞նչ բանի. ինքն ալ չէր գիտեր։ Անտարակոյս բաւական ատեն պիտի անգիտանար այդ կարօտն, եթէ Սինայեանի տան մէջ իւր սիրտը չտրոփէր տեսնելով աղջիկ մը՝ զոր ճանչցաւ օրիորդ Ֆօռթիւնէ անուամբ։ Օրիորդն աւելի կորովի էր, քան փափուկ, աւելի խրոխտ էր, քան հրեշտակային, խորին տպաւորութիւն մը թողուց նա Լեւոնի փափուկ, կոյս, դիւրագորով սրտին վրայ։ Հաւանօրէն պատկերահան մը պիտի չընտրէր օրիորդ Ֆօռթիւնէ գեղեցկութեան կատարեալ օրինակ մը, բայց քանի որ մարդկութիւնն գոյութիւն ունի, ըսուած է, թէ սէրը կոյր է։ Լեւոն կը սիրէր Ֆօռթիւնէն։
       Լեւոնի սրտին մեծագոյն հրճուանքն էր հանդիպել Սինայեանի տունը այդ աղջկան։ Բայց շուտով սիրտը դառնացաւ. Ֆօռթիւնէ անտարբեր կը թուէր իրեն համար եւ իւր բոլոր հրապոյրները կը պարզէր Սինայեան Մկրտիչի հանդէպ։ Մկրտիչ Սինայեան կը սիրէր զՖօռթիւնէ։ Լեւոն կասկածոտ, եւ անփորձ աշխարհքի մէջ, չվարանեցաւ հաստատական պատասխան տալ։ Այդ օրէն Լեւոն ինքզինքը թշուառ կը համարէր։ Քսան տարեկան երիտասարդ մը միշտ դիւրամետ է թշուառ համարելու զանձն։ Ի՞նչ պիտի ընէր։ Տեղի տա՞լ, թէ մարտնչիլ։— Ո՛չ մին եւ ոչ միւսն կարող էր ընել։ Ինչո՞ւ զիրենք ազատեցին Սինայեանք թշուառութենէ, կը հարցնէր ինքնին։ Մարտնչի՞լ. ինքն որ կեանքի կռիւներու վարժած էր, չէր վարաներ այդ կռւոյն մէջ մտնել. ո՞ գիտէ «կին փոփոխամիտ է », թերեւս յաղթանակն իրեն մնար։ Բայց մարտնչի՜լ այն անձանց դէմ, ոյք առանց ո՛ եւ է շահու ակնկալութեան փրկած էին զինքն ու ծնողքն, ահռելի կը թուէր իրեն։ Այդ օրն ըմբռնեց, թէ մարդուս համար մեծ դժբախտութիւն մը կրնայ համարուիլ ուրիշին երախտապարտ մնալու պարտականութիւնն։ Շղթայապիրկ եղած էր. շղթան թէպէտ բարոյական էր, բայց եւ այնպէս շղթայ էր։