Պատմութիւն ԺԹ դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ
       Հետզհետէ Բիւզանդիոն հոսող հայերը հոն ի մի ձուլուելով ստեղծեցին նոր տիպար հայ մը՝ Պոլսեցի հայը։ Ընդարձակածաւալ տարածութիւնը որ Հայաստանը Պոլսէն կ՚անջրպետէ, մայրաքաղաքին հայն ալ բարոյապէս կամաց կամաց կը զատուցանէ երկրին հայէն։ Բիւզանդիոն կ՚այլափոխին հայրենի վարք ու բարք, կը դեղնաշորթին կրօնական աւանդութիւններ, կը ծնի նոր լեզու մը։ Հայաստանէ պոլսեցիին այս օտարացումը մեր տոհմային գրականութեան զարգացման վրայ անբարի ազդեցութիւն մը պիտի ունենար։
       Պոլսեցի հայուն մեծ տկարութիւնը լեզուի մը պակասութիւնը եղաւ։ Հայաստանի իւրաքանչիւր նահանգը թէեւ իրեն յատուկ գաւառաբարբառ մը կը խօսի, բայց ժողովուրդը ընդհանուր լեզու մը ունի, որուն նախատիպը գրաբարն է։ Թրքահպատակ Հայաստանէն մինչեւ Արարատեան նահանգը այդ լեզուն իր բառերովը, բացատրութիւններովը, առածներովը կը ներկայացնէ կազմակերպեալ միակ լեզու մը։ Հայաստանի ո՛եւէ քաղաք մը եթէ Պոլսոյ առաւելութիւնները վայելած ըլլար, պիտի ունենայինք աւելի բնական աշխարհաբար մը, աւելի կարճ ժամանակամիջոցի մէջ։ Մեր գրականութեան զարգացումն ալ աւելի արագ պիտի յառաջանար եւ աւելի ուժգնապէս պիտի կրէր տոհմային դրոշմը։
       * դպրոցը այն ժամանակները դեռ կը ծաղկէր ու ապագայ ալ կը խոստանար։ Տրամաբանական լեզուի մը ստեղծման հետամտողները կարող չեղան ըմբռնել, որ պոլսական լեզուն որքան ալ այլայլուկ տարերքներու խառնուրդ մը կը թուէր, բայց եւ այնպէս պիտի ըմբոստանար ընդդէմ տրամաբանական ոեւէ լուծի։ Պոլսեցի հայուն բերնին պահանջումներն էին որ պիտի սահմանադրէին ներդաշնակութեան օրինագիրքը։ Մեր նոր բառարանը, մեր նոր քերականութիւնը այդ օրինագրքին պիտի հպատակէին։ Ռուսինեան, Օտեան, խանդավառութեամբ արբշիռ երիտասարդներ, չուզեցին ուսումնասիրել լեզուներու բնաշրջման ընթացքները։ Պոլսեցիին հայերէնը ուզեցին հնազանդեցնել իրենցմէ արձակուած հրամաններու՝ ասկէ՝ Ուղղախօսութիւնը։
       Պատրիարքարանի իշխանութիւնը այս նորելուկ կանոնագրէն վախցաւ։ Լեզուի մը բնաշրջման խորհրդաւոր պայմանները ինքն ալ կ՚անգիտանար։ «Ուսումնական» երիտասարդները անսխալական համարեցաւ։ Ուղղախօսութիւնին մէջ նորալուր լեզուի մը անկրօնութիւնը կարծեց տեսնել։ Պահպանողական իշխանութիւնն էր, ուստի ուզեց Եկեղեցին ու ազգը պաշտպանել վտանգին դէմ։ Հալածանք ընդդէմ նոր երիտասարդութեան։ Հալածեալներուն ինքնապաշտպանութեան էն ապահով միջոցը թշնամիին վրայ յարձակումն է։ Ռուսինեան, Օտեան, իրենց համախոհները յարձակողականի դիմեցին։
       Այդ նոր երիտասարդները, բազմադիմի յատկութիւններով օժտուած, իրենց ոյժն ու կորովը հանրային կեանքի վերանորոգման կռիւներուն նուիրեցին ու հրապարակագիրներ եղան։ Իրաւ է, որ վերջը վերջը Սահմանադրութեան հաստատութեամբ յաղթանակը տարին ընդդէմ անսահման իշխանութեան, բայց ուղղախօսութեան դրօշակը ծալուած տեղը մնաց։
       Երբ ուղղախօսները արձակ համարձակ գրեցին իրենց ուզած քերականութեամբը, անդրադարձան թէ առաջուընէ շատ աւելի տկար վիճակի մէջ էին։ Հետեւողներ չունեցան, դպրոց չհիմնեցին, զիրենք հասկցող չկար։ Կրօնական իշխանութիւնն ալ քիչ չզարմացաւ ձերբազատներուն անկարողութիւնը տեսնելով։ Ինչ որ բռնապետական հալածանքներու միջոցաւ խափանել կ՚ուզուէր, ահա ինքնին կը խափանուէր սահմանադրական թոյլտուութեամբ։ Լեզուներու կազմութեան կը նախագահէ բռնաւոր մը, որ շատ աւելի երկաթէ կամք ունի, քան պատրիարքական իշխանութիւնը։ Անոր զօրութեանը առջեւ ուսումը իր անզօրութիւնը կը զգայ, եւ տրամաբանութիւնը հալածական կը փախչի։ Այդ բռնադատը՝ պառաւին բերանն է։ Չորս դարեր Պոլիս հասցուցած էին պառաւներու նոր սերունդ մը։ Պառաւներու դպրոցն էր, որ լեզուին ուղղութիւն պիտի տար։
       ***
       Կրօնական աւանդութիւններն ալ հետզհետէ կը սկսին տկարանալ։ Հայաստանէն գաղթական հայը ջերմեռանդ հաւատացեալ մըն էր, հայրենի աւանդութիւնները երկիւղածութեամբ պահպանող մը։ Երկրին յիշատակները սակայն հետզհետէ կը տկարանան։ Անոր զաւկին սրտին այլեւս չեն խօսիր, ու անհասկնալի կը դառնան անոր թոռանը։ Նոր երիտասարդութիւնը զերծ ու ազատ մնալով այն բոլոր կարիքներէն, որոնք հայրենի երկրին մէջ հայուն միտքը կը կապեն, կը կապկըպեն, Պոլիս կ՚ուզէր ազատ թռիչ մը առնել։ Բայց իրեն դէմ կը կանգնէին հին սերունդը, պատրիարքական իշխանութիւնը։
       Նոր սերունդը կը զգայ որ Պատրիարքարանը իր ազդեցութեանը տակ ունենալու է, որպէս զի կարողանայ Պոլիսն ու Հայաստանը եւրոպական կրթութեամբ, եւրոպական գաղափարներով վերանորոգել։ Բայց պատրիարքական իշխանութիւնը պարզապէս եկեղեցականներուն ձեռքին մէջ չէ, այլ՝ աշխարհականներուն ալ։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ մանաւանդ աշխարհականներուն ձեռքին մէջ։
       Անշուշտ զուտ լեզուական խնդրէ մը պիտի չծնէր 1850—60ի յուզումը։ Պատրիարքական իշխանութիւնը կանոնաւորելու եւ սահմանափակելու ձգտումը կրօնական պատերազմի մը համեմատութիւնները սկսաւ առնել։ Այդ պատերազմն էր, որ մտքերը կը յուզէր, օրագրութիւնը կ՚ուժովցնէր, եւ հրապարակագրութիւնը իշխանութեան մը աստիճանին կը բարձրացնէր։
       Կռիւները վերջացան Սահմանադրութեան հաստատութեամբ։ Բայց ա՛լ շարժումը սկսած էր. ընդհանրութիւնը հանրային կեանքի խնդիրներով կը զբաղէր շատ ընդարձակածաւալ սահմաններու մէջ։ Օրագրութիւնը հաստատապէս հիմնուած էր. ու հայ տաղանդները զանազան ձեւերու ներքեւ կը նուիրուէին հրապարակագրութեան։
       Հրապարակագրութիւնը աւելի լայն առումով մը հասկնալու ենք։ Պարզ յօդուածին հետ թատերգութիւնն ալ, ոտանաւորն ալ անմիջական նպատակի մը կը ծառայեն։ Տակաւին ոչ ոք մտքէն կ՚անցընէ. «արուեստը արուեստին համար» գրականութիւն մը։
       Եթէ քննելու ըլլանք այն յարաբերութիւնները, զոր 1850էն առաջ ու անկէ ետքը Հայաստան եւ Կ. Պոլիս ունեցած են իրարու հետ, պիտի անդրադառնանք թէ հիմնական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է։ Մինչեւ ԺԹ. դարուն առաջին կէսը Պոլիսը Հայաստանի ազգային կեանքին վրայ հզօր ազդեցութիւն մը չէ բանեցուցած։ Մայր հայրենիքէն շարունակ եկողներն էին, որ իրենց հետ բերած աւանդութիւններովը կ՚արգիլէին Կ. Պոլսոյ նախորդ գաղթականներուն ազգային հիւծումը։ Իսկ Կ. Պոլսոյ հայն ալ կը ջանար դրամի միջոցաւ նպաստել Հայաստանի հաստատութիւններուն. վանքերը շէն, եկեղեցիները պայծառ կը պահէր։ Բայց 1850էն ետքը Պոլսոյ հայերը Հայաստանի քաղաքական եւ մտաւորական առաջնորդութեան կը կոչուէին պարագաներուն բերմամբը։ Հիմակ Պոլիսն էր, որ Հայաստանի գաղափար կը ղրկէր իր օրագիրներով ու գրքերովը։ Պոլիսն էր, որ Հայաստանի կանոնաւոր կազմակերպութիւն մը պիտի տար, Պոլիսն էր, որ Հայաստանի ապրած կեանքը իր մտատանջութեանը առարկայ պիտի ընէր։ Պոլսական գրականութիւնը թէեւ նորածիլ, բայց կոչումի մը ծառայեց։