Պատմութիւն ԺԹ դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Ռուսիոյ հայոց գրականութիւնը մերինէն հիմնովին տարբեր ընթացքով յառաջացաւ, վասն զի Արարատ—Կովկասեան հայերը մերիններէն տարբեր հանգամանքներու մէջ ապրիլ սկսան։ Անոնց գրականութեան էական յատկանիշը հրապարակագրական չեղաւ։ Մաքառումի պէտքը անոնց համար շատ աւելի նուազ էր քան թէ ասդին՝ Թուրքիոյ հայոց համար։ Հոն գրականութիւնը կամաց կամաց կը բարձրանար, հիմնուելով արաստոյ վէմերու վրայ։ Հապճեպի պէտք չկար։ Հինէն դէպի նոր բնաշրջումը բնական ճամբով մը կը կատարուի։
       Երբ Ռուսիա Արարատեան նահանգին ալ տիրեց, հայոց համար նոր թուական մը բացուեցաւ։ Բարեկարգող վարչութիւն մը յաջորդելով նախորդ դրութեան, հայերը այլեւս հանգիստ պիտի ապրէին։ Նոր կեանքը բարեյաջող սկզբնաւորութեամբ կը բարգաւաճէր։ Նիւթականին ապահովութիւնը հայոց ամէն դիւրութիւն կը հայթայթէր մտաւորականին զարգացմանը համար։
       Այս յօդուածին սկիզբը դրուած քանի մը տեղեկութիւններ յիշեցուցին, թէ Կ. Պոլիսը զանազան պատճառներով Թուրքիոյ հայոց կեդրոնավայրը հանդիսացաւ։ Ռուսիոյ հայոց կեանքին կեդրոնը Բեթերսպուրկ չփոխադրուեցաւ, այլ՝ Թիֆլիս։ Վրաստանի այս մայրաքաղաքը շարունակութիւնն էր Արարատեան նահանգին։
       Ռուսիոյ վարչական կազմակերպութիւնը նահանգային կառավարութիւններու դրութեան վրայ հիմնուած է։ Կովկասը իբր առանձին փոխարքայութիւն մը կազմակերպուեցաւ, երկրին պէտքերուն համապատասխանող կարգադրութիւններով։ Տեղացի ժողովուրդները ազատ էին Բեթերսպուրկի հետ անմիջական եւ յաճախակի յարաբերութեանց հարկէն։ Սեւ ու Կասպից ծովերն ալ կը բացուէին վաճառականութեան, Թիֆլիսը կեդրոն ունենալով։
       Ամբողջ Ռուսական Հայաստանը ինքնամփոփ կը մնար։ Հայերը օտար երկիր գաղթելու, դժբախտութիւնը չկրեցին։ Էջմիածինը պահեց իր կրօնական կեդրոնի կոչումը։ Իրմէն քիչ մը ասդին գտնուող Թիֆլիսը դարձաւ եղաւ մտաւորական շարժումին կեդրոնը։ Գրականութիւնը ցեղին բազմադարեան արմատին վրայ բնականօրէն պիտի ծլէր, ծաղկէր, ուռճանար, իր հիւթը հայրենի հողէն ծծելով։ Աբովեանէն մինչեւ այսօր կովկասեան հայոց գրականութիւնը տոհմային գարգացմամբ կը մեծնայ։
       Ռուսական տիրապետութեան ներքեւ երբ հայերը աղէկ մը հանգստանալով, նախնական ուսում ստացան, լեզու սորվեցան, իրենց զաւակներն ալ Ռուսիոյ մեծ քաղաքները կամ արտասահման կը ղրկուէին, հիմնաւոր կրթութեամբ օժտուած վերադառնալու համար։ Իրենց դարձին, այդ կրթուածները միանալով երկրին մէջ ինքնաբերաբար պատրաստուածներուն, գրականութիւնը պիտի դնէին ամուր կռուանի մը վրայ։
       Միեւնոյն ատենները Թուրքիոյ հայոց տղոցմէն ալ Եւրոպայ կը ղրկուէին. բայց ասոնք կամ մասնագիտութիւն մը սորվելու կ՚երթային, կամ երկրորդական կրթութիւն ստանալու, որուն հիմը դասական գրականութիւնն էր։ Ռուսահայ ուսանողներուն մէջ գտնուեցան շատեր, որոնք իմաստասիրութեան դասընթացքներու հետեւեցան եւ հետամտեցան մանկավարժութեան, հրապարակագրութեան պատրաստող ուսումներու։ Այդ երիտասարդներէն ելան Ստեփաննոս Նազարեանցը, Միքայէլ Նալբանդեանցը, Գրիգոր Արծրունին, Ալէքսանդր Քալանթարը, Աւետիք Արասխանեանցը եւ ուրիշ հրապարակագիրներ։
       Վիպական եւ հրապարակագրական գրականութիւնները Կովկաս զուգընթաց քալեցին։ Առաջնութիւնը սակայն գեղարուեստականինն է։ Անցեալին մէջ՝ Աբովեան, Պռօշեան, Սունդուկեան, Աղայեան, Գամառ—Քաթիպա եւ Րաֆֆի։ Ներկային մէջ Կովկաս ունի առաջնակարգ գրագէտներ, որոնք հետզհետէ աւելի կատարելագործեալ կ՚արուեստեն։
       Թիֆլիսեան հրապարակագրութիւնը պոլսականէն կը տարբերի այնու, զի նուազ գործնական եղաւ։ Կ. Պոլսոյ մամուլը խորհրդարանական կեանքի մը պահանջումները պիտի գոհացնէր։ Օրագրական պայքարները գրական արդիւնքներու պիտի յանգէին։ Տապալում եւ ընտրութիւն պատրիարքներու, առաջնորդներու, հոգաբարձութեանց եւ այլն, եւ այլն։ Ռուսահայոց հանրային կեանքը հոգեւոր ու կրթական շրջանակի մը մէջ պարփակուած է աւելի բարոյական, քան թէ գործնական ազդեցութեամբ։ Կովկասի հայերը տեսակ մը հայեցողական հրապարակագրութիւն ունեցան, ուստի եւ գրեթէ իմաստասիրական։ Ասկէ՝ «սկզբունք», «ուղղութիւն» բացատրութեանց յաճախակի կիրառութիւնը կովկասեան մամուլին մէջ։ Պոլիս՝ «պատեհականութեան» միջավայր մըն էր, հանրային բազմակնճիռն կեանքի մը պահանջմամբը. ուստի եւ «գործնական» օրագրութիւն մը ստեղծուեցաւ։
       ***
       Վերջացած դարուն գրեթէ մինչեւ կէսը Կովկասի հայերը գրականութեան յատուկ լեզու չունէին։ Գրաբարը բարձր գրականութեան մը պահանջումներուն թէեւ կրնար գոհացում տալ, բայց ժողովուրդին անպէտ էր։ Հայոց մեծամասնութիւնը իր հին լեզուն թէեւ բոլորովին չէր մոռցած, բայց իրեն քիչ շատ հասկնալի կը մնային կրօնական բացատրութիւնները միայն։ Ժողովուրդը անոնց կ՚ընտելանար եկեղեցիին մէջ։ Մինչեւ աստիճան մը ուսում ստացողներն ալ կրնային կրօնական գրքերը օգտակարապէս կարդալ։ Այդ նեղ սահմանէն դուրս գրաբարը հասկնալ կարենալու համար պէտք էր մասնաւոր կրթութիւն ստանալ։ Իսկ գրաբար գրելու համար անհրաժեշտ էր այդ հին լեզուն իբր խորին գիտութիւն մը սորվիլ։
       Անդին կը մնար ժողովուրդին բարբառը։ Անոր յատակը թէեւ հայկական, բայց հետզհետէ մեր երկիրը արշաւող ցեղերը այդ լեզուն սիկախառն, տղմուտ ըրած էին։ Պէտք էր հետզհետէ զտել ու մաքրել Արարատեան բարբառը։ Ահա ինչ որ սկսան ընել եւ կը շարունակեն ընել ռուսահայ գրագէտները։
       Նոր գրողները գրաբար գրեթէ չսորվեցան, վասն զի դպրոցներու մէջ մեր հին լեզուին դասաւանդութիւնը նուազեցաւ։ Գրաբարի տգիտութիւնը օգուտներ ալ ունեցաւ, վնասներ ալ։
       Օգուտը այն եղաւ, որ գրողները չկաշկանդուեցան «նախնեաց քերականութեան» կանոններով։
       Կ. Պոլսոյ հայերը պզտիկուց գրաբար սորվելով, ականջնին կը լեցուի հոլովումներով, խոնարհումներով, դարձուածներով, որոնք բնական չեն երեւիր ընթացիկ լեզուի մէջ, իսկ գրութեան մէջ ալ կարծես անբնական չեն երեւիր։ Պոլսեցիներուն գրաբարի այս հակումը, որուն վրայ ուրիշ առթիւ կրնանք խօսիլ, գլխաւոր պատճառներէն մէկը եղաւ Կ. Պոլսոյ աշխարհաբարին պաշըպօզուքութեանը։ Որքան գրող՝ գուցէ այնքան ալ լեզու Պոլիս։ Կանոնաւորութիւնը նոր սկսած է մտնել, տասնեակ տարիէ ի վեր. Հայրենիքի հրատարակութեամբը սկզբնաւորութիւն եղաւ միօրինակ աշխարհաբարի մը հետեւելու գաղափարին։ Իսկ Կովկասի հայերը միօրինակ քերականութիւն մը ունին արդէն։ Թիֆլիսի ո՛ր թերթն ալ առնէք, կովկասեան ո՛ր հեղինակութիւնն ալ առնէք, ամէնուն ալ քերականութիւնը միեւնոյնն է։
       Իսկ վնասը։ Կովկասի գրագէտները մեր հին մատենագրութեան լեզուին քաջ ընտելանալով, խորապէս պիտի թափանցէին հայեվարին էութեանը։ Լեզուի մը ոգին գրքերու մէջ կը պահպանուի։ Ինչ որ անգամ մը գրուած է, անիկայ այլեւս մշտատիպ կը մնայ, առանց ենթարկուելու բարեշրջական փոփոխութեանց։ Գրագէտը լեզուին ոգին գրքերու մէջ կը գտնէ։ Նոր յոյները իրենց նախնեաց մատենագրութեանը մէջ կը փնտռեն արդի լեզուին ղեկավարութիւնը։ Նոյնը եւրոպական ազգերն ալ։ Եթէ վաղնջական ժամանակներու դիմումի պէտքը անհրաժեշտ պայման չըլլար լեզուի մը բարգաւաճմանը, այն ատեն ո՛չ բառգրքերու հարկ պիտի տեսնուէր, ո՛չ հին հեղինակութեանց տպագրութեան։
       Կ. Պոլսոյ գրողները իրենց նոր լեզուին կազմակերպութեանը մէջ գրաբարի աջակցութեանը շատ դիմեցին, բայց ուղղակի Հայաստանի ժողովուրդին բարբառը չգիտցան։ Կովկասցի գրագէտը ուղղակի Հայաստանի բարբառը սորվեցաւ, բայց գրաբարէն հեռու մնաց։
       Հարկ չէ յիշեցնել, որ այս տեսութիւնը ընդհանրական հանգամանք մը ունի։ Ռուսահայ գրագէտներուն մէջ գրաբար գիտցողներ կան։ Րաֆֆի մը չէր կարող Րաֆֆի ըլլալ, առանց մեր հին մատենագրութեան ողնուծուծը հանած ըլլալու։ Բայց միջին հաշուով մըն է, որ գրաբարագէտ չեն։ Ու շատերն ալ նախնեաց մատենագրութիւնը կարդալով հանդերձ լեզուական յատուկ ուսումնասիրութիւններ չեն ըրած։
       Այս ամէնուն հետ մէկտեղ, Կովկասի գրական բարբառը կէս դարու մէջ շատ մեծ առաջադիմութիւն ըրաւ. ու իր մեծագոյն առաւելութիւնն է քերականական միօրինակութիւնը։
       ***
       Ռուսիոյ հայոց գրականութիւնը հայրենի հողին վրայ ծնելով ու աճելով, զուտ տոհմային եղաւ։ Հայրենիքն է, որ իր աւանդութիւններովը, յիշատակներովը, բնութեամբը, իր ամբողջ կենդանութեան կեանքովը գրականութիւնը կը գեղազարդէ ու կը գեղաշնորհէ։
       Այսօր աւելի երկար չենք կրնար խօսիլ ռուսահայոց կէս դարու մատենագրութեան վրայ։ Ընդարձակ տեսութեան մը պատեհութիւնը հաւանօրէն կը ներկայանայ։
      
       «Գեղունի» 1 յունիս, 1902.
ՀՐՊԵՏ (Արփիար Արփիարեան)