Արեւմտեան հայոց արդի գրականութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե. Յետ միացման։ Նոր գրականութեան ձգտումը։ Պանդուխտին կեանքէն։ Վէպին կոչումը նորերուն համար։ Վիպագիրները։ Այլեւայլ ճիւղեր մշակողներ։ Ռուս եւ ռուսահայ գրականութիւններուն վրայ։ Ակնարկ մը օրագրութեան։ Շրջանի մը փակումը։
      
       «Մասիս» եւ «Արեւելք»՝ 1884 յուլիսի 1—ին միացան։ «Արեւելք» իրեն վերապահելով ամէն օր երեւնալու իրաւունքը, երսուներկու տարուան միւս թերթը շաբաթականի կը վերածէր 1884 սեպտեմբերին։ «Մասիս»ին իբրեւ օրագիր աներեւութացմամբը, հանրային կեանքի վրայ հսկողութիւնը եւ հանրային կարծիքին ղեկավարութիւնը նորէն միակ թերթի մը մենաշնորհը կը մնային։ Օրագրական բռնակալ միապետութեան թուականը վեցամսեայ փակումէ մը ետքը վերստին կը բացուէր։ Բայց ի մի ձուլումը մեծկակ օգտակարութիւն մըն ալ ունեցաւ. նոր զարթնող գրական ուժերուն համախմբումը դիւրացուց։ Մէկ խմբագրատան մը մէջ 1884—են յետոյ իրարու հանդիպող երիտասարդները, «Արեւելք»ի եւ «Մասիս»ի միջեւ երկու ջոկատի բաժնուած մնալով, հաւասարապէս տկարութեան պիտի դատապարտուէին եւ պիտի չկարենային արտադրել գրական այն ամբողջակի գործը, որ ներդաշնակ ստեղծագործութիւնն է միմեանց վրայ փոխադարձաբար ազդող, իրար ներշնչող մտքերու եւ սրտերու։
       Արեւմտեան հայոց գրական պատմութեան գլխաւոր էջերը ասկէ ետքը եւ մինչեւ 1891, պիտի փնտռենք միացեալ երկու թերթերուն մէջ, ուր վիպակները, յօդուածները, քրոնիկները, երգիծաբանականները իրարմէ որքան որ ալ անջատ ըլլան, բայց եւ այնպէս ընկերական, գրական, լեզուական համանման գաղափարներով զանգուած ամբողջութիւն մը կը պատկերացնեն։
       Սակայն, միացման առաջին շրջանը նիւթական ձգտում մը եղաւ միայն եւ ոչ թէ մտաւորական ուժերու համախառնում։ «Մասիս» նոր բան մը չէր տաներ «Արեւելք»ին, իր գլխաւոր խմբագիրը Բիւզանդ Քէչեան նոր թերթին հիմնադրութեան օրէն, անոր արտաքին քաղաքականութեան վարիչն էր եղած, միեւնոյն պաշտօնը շարունակելով «Մասիս»ի մէջ, որուն ազգային տեսութիւններն ալ կը գրէր, բայց ինքը նորութիւն մը չէր։ Հրապարակագրի եւ օրագրողի համբաւը վայելելով հանդերձ, գրականութեան օտարոտի կը մնար։ «Արեւելք» եւս ժողովուրդին չէր ներկայացներ պատրաստուած գրագէտներու խումբ մը։ Նոր թերթին մէջ նոր երկու անուն միայն երեւցած էին՝ ուսումնական յօդուածագիր մը եւ քրոնիկագիր մը։ Առաջինը՝ Յովսէփ Եուսուֆեան՝ գիտութեանց հետամուտ երիտասարդ մըն էր, որ չոր ու ցամաք տեղեկութիւնները սրամտութեամբ համեմելով զանոնք ախորժելի կ՚ընէր։ Իսկ քրոնիկագիրը, որ «Արեւելք»ին ազգային յօդուածներն ալ կը գրէր, բազմաթիւ հակառակորդներ ու նաեւ բարեկամներ ալ ունեցաւ։ Տարիներ ետքը Գրիգոր Զօհրապ՝ խօսելով այդ քրոնիկագրին վրայ, կ՚ըսէր. «Իր մշտնջենական պատիւը պիտի ըլլայ մեր մէջ, առաջին անգամ ինք տանիլը, մօտեցնելը գրականութիւնը ժողովուրդին՝ փոխանակ ժողովուրդը բերելու անխախտ գրականութեան մը անմատչելի բարձունքին։ Իրմով սկսած ու քաջալերուած է միշտ այն երիտասարդ գրողներու շարքը, որ մեր հրապարակագրութեան այժմու ռամիկ, թէ որ կուզէք, բայց հասկնալի եւ սրտի մօտիկ հանգամանքը տուած է»։
       Երբ Զօհրապ այս նկատողութիւնը կ՚ընէր, միեւնոյն ատենը, 1892, Արշակ Չօպանեան հետեւեալ տողերը կը գրէր.
       «Մեր գրականութիւնը ոչ միայն իր գոյութեան իրաւունքն ունի այսօր, այլեւ ամբողջ պատմութիւն մը արդէն։ Անիկայ կը սկսի լեզուին համար՝ Մամուրեանէն, որ առաջին անգամ ճշմարիտ աշխարհաբար մը գրած է, կից մը տալով գրաբար ասութեանց ու ռամկական բառերու ջիղն աւելցնելով իր ոճին մէջ, եւ բուն գրականութեան համար՝ Օտեանէն արձակի մէջ եւ Դուրեանէն ոտանաւորի մէջ, երկուքն ալ մեծ անկեղծներ, մին՝ իր գաղափարներու ճոխ պաշարով ակաղձելով հասուն ու ճարտար ոճ մը, աշխարհաբարը ճկելով ֆրանսական գրականութեան նրբութեանց. միւսը՝ միամիտ տաղերու մէջ երգելով իր ցաւն ու իր վէրքերը, իր կեանքէն հանելով իր ներշնչումն, իր լեզուն, իր բացատրութիւնները, ճշմարտապէս աշխարհաբար ոտանաւորներ գրելով առաջին անգամ։ Պարոնեան դասական հեղինակաց նմանող ըլլալով հանդերձ, կը սկսի դիտել, կեանքի պատկերներ գծել, առտնին ու հանրային աննման ծաղրանկարներ, պարզ, ճաշակաւոր ու կանոնաւոր աշխարհաբարով մը։ Յետոյ «Արեւելք»ի քրոնիկագիրը կու գայ եւ կը ծնի բնապաշտ դպրոցը. խմբագրական, քրոնիկ, նորավէպ, վիպակ ամէն բան կը գրէ, ընկերական խնդիրներ ձեռք կառնէ, դատեր կը պաշտպանէ, գրականութիւնը ատեան մը կ՚ընէ, կը խորհրդակցի, կը խօսի, կը վիճաբանի, կը խածնէ, կը կսմթտէ, կը խնդայ, կը բռնէ հրապարակը։ Բայց ինչ որ կը պակսի իրեն, գեղեցկագիտական զգացումը, արուեստագէտին հոգին է»։
       Ինչպէս այս վկայութիւններէն ալ կը տեսնուի, «Արեւելք»ին եւ «Մասիս»ին գրագէտները ժողովուրդին սրտին մօտիկ պիտի խօսին եւ գրականութեան միջոցաւ ընկերական խնդիրներ պիտի յուզեն։ Բայց այդ «ընկերական խնդիր» բացատրութիւնը պէտք չէ այդ բառերուն կատարելապէս եւրոպական իմաստովը հասկնալ։ Հայը՝ երկրին պետական վարչութեան վրայ ազդեցութիւն մը չունի, որպէսզի իր մամուլն ալ եւրոպականին պէս ընդհանրական ձգտում ունեցող նպատակներ առաջադրէ իր գործունէութեանը։ Ու արդէն իսլամին համար ընկերական խնդիր չկայ։ Բայց հայ ցեղը Թիւրքիոյ մէջ կ՚ապրի նաեւ իրեն սեփական կեանքով մըն ալ, որ իր «ընկերական խնդիրները» ունի։ Հայը՝ առանձինն ինքնավար մարմին մը կը կազմէ իր կրթական առանձնաշնորհումներովը, իր բարեգործական հիմնարկութիւններովը, իր եկեղեցիովը, որմէն կը բխին անհատական կեանքին վրայ իշխող օրէնքները։ Հայը կրնայ ներքնապէս մեծ բարեկարգութիւններ իրականացնել, առանց Օսմանեան կառավարութեան կողմէն ո՛եւէ արգելքի հանդիպելու։ Իսկ այդ զուտ հայկական անկախ կեանքէն զատ կան նաեւ թիւրք իշխանութեան եւ մահմեդական ցեղերու հետ յարաբերութեանց խնդիրները, որոնք կենսական կարեւորութիւն ունին հայ ցեղին ընդհանուր կեանքին համար։ Ժողովուրդը պէտք է պատրաստուի հետզհետէ լուծել եւ այդ խնդիրներն ալ, որոնք սակայն քաղաքական հանգամանքներու մէջ ներկայանալով, գրողները զգուշաւորութեան կը պարտաւորեն։
       Նոր դպրոցին գրողները ոեւէ որոշ կարգով մը չենք ներկայացներ. ոչ ոքին ժամանակի առաջնութիւն կրնանք տալ։ Ամէնքն ալ գրեթէ միեւնոյն միջոցները երեւցան. իրենց զանազան յօդուածներուն հրատարակութեամբը օրէ օր աւելի ու աւելի ճանչցուեցան ու հրապարակը բռնեցին։ Նաեւ՝ իւրաքանչիւրին աշխատութիւնները ամբողջովին մէկանց չենք ծանօթացներ։ Ինչպէս որ այս տեսութեան առաջին տողերուն մէջ ըսինք, մեր գրականութիւնը եւ մեր հանրային ազգային կեանքը իրարմէ չեն կրնար անջատուիլ։ Մենք 1884էն 1890, 1890էն 1896, 1896էն 1902 տարբեր տարբեր կեանքերով ապրած ենք. գրագէտներն ալ ազգային սրտին ու մտքին օտարախորթ չեն եղած։ Իրենց ժամանակին մարդերն են մշտանորոգ մտքով։
       ***
       Նոր գրականութեան առաջին շրջանին մէջ, շատ համակրանք գրաւող հեղինակներէն մէկը եղաւ Մելքոն Կիւրճեան՝ Հրանդ ծածկանունով ճանչցուած։ Երիտասարդ գրողը քանի մը տարիէ ի վեր ծանօթանալ սկսած էր, երբ 1888—89ին «Պանդուխտի կեանքէն» նկարագրութիւններովը մէկենիմէկ նշանաւոր հանդիսացաւ։ Հայերէն լեզուի այդ ուսուցիչը թէեւ ֆրանսերէնի քիչ շատ հմուտ, բայց եւրոպական ազդեցութեան չենթարկուեցաւ, գործնականապէս ցոյց տուաւ, թէ հնարաւոր է հայկական անարատ ոճով ալ գեղեցկօրէն գրել։
       Քանի մը տարիէ ի վեր նոր երիտասարդութիւնը կը մտածէր, թէ Հայաստանի վիճակին բարւոքմանը համար Արեւմտեան Եւրոպայի վրայ մեր չափազանցօրէն յուսադրութիւնը, հայ ժողովուրդին մէջ օրէօր կը տկարացնէր ինքնաօգնութեան գաղափարը։ Ըղձացեալ նպատակի մը հասնելու ապահովագոյն ճամբէն հետզհետէ կը խոտորէինք։ Ժողովուրդը՝ աչքերը Լոնդոն ու Պոլիս յառած՝ օտարին գթութեանը կը սպասէր, առանց ինքը իր վրայ գթալու։ Մեղկութեամբ կը թրծուէինք։ Հարկ էր ժողովուրդը ցնցել, անոր իմացնել՝ թէ թուրքերէն բարեկարգութիւն պահանջուած պահուն, մենք ալ մեր ձեռքով գործադրելիք շատ մը բարեկարգութիւններ կրնայինք ունենալ։ Պէտք էր հանրային սիրտը թունդ հանել, հոգիները խռովել ու մեր ներքին վիճակը մեր ձեռքով բարելաւելու մտածութիւնը զօրացնել։ Նաեւ տարակոյս չկար, որ շարունակ ներքին վիճակի բարեկարգութեան խնդիրը վառ պահելով, արդէն անուղղակի միջոցաւ մշտարծարծ պահուած կ՚ըլլար ընդհանուր բարեկարգութեանց խնդիրը, որուն վրայ բառ մը գրելու արտօնութիւն չէր տրուած։ Օրուան մտատանջութիւնը «ներքին բարեկարգութեանց» խնդիրը պէտք էր ըլլար։ Հայաստան թշուառ էր, բայց երջանի՞կ էին Պոլիս ապրող հայաստանցիները. ու միթէ պոլսեցիները անոնց ցաւերը չէի՞ն կրնար ամոքել։ «Մասիս» այս մտածութիւններովը տոգորուած, ուզեց որ Պոլիս ապրող հայաստանցի պանդուխտին՝ ղարիպին՝ կեանքը իր ամբողջ իրականութեանը մէջ ցոյց տրուի արիւնոտ հայ աշխարհին։ Մելքոն Կիւրճեան Հայաստանէն եկած էր տղայութեանը, միշտ յարաբերութեան մէջ կը մնար պանդուխտներուն հետ, ուստի եւ քաջատեղեակ էր անոնց կեանքին. զանազան նիւթերու վրայ հրատարակած յօդուածներով ալ կրակոտ միտք մը փայլեցուցած ըլլալովը՝ «Մասիս»ի խմբագրութիւնը զանիկա էն ձեռնհաս գրագէտը համարեց, հայ ժողովուրդը ղարիպին թշուառութեան պատմութիւններովը տակն ու վրայ ընելու համար, հետեւաբար իրմէն խնդրեց՝ աղետաւոր կեանքի մը պատկերացումը մեծ գծերով։ Կիւրճեան Հրանդ «Մասիս» շաբաթաթերթին 1888 նոյեմբեր 28ի թուին մէջ երեւցուց իր առաջին յօդուածը, խօսքը ուղղելով, «Մասիս»ի խմբագիրներէն մէկուն, որ այդ յօդուածներուն շարքը թելադրած էր իրեն։
       Խօսքը հեղինակին կը փոխանցենք, որպէսզի գործնական գաղափար մը տանք անոր ոճին, լեզուին ու արուեստին վրայ։ Ահա յառաջաբանին քանի մը տողերը.
       «Մտերմական սիրով կ՚առաջարկես, սիրելիդ իմ… որ նոր «Մասիս»ի համար Պանդուխտներու կեանքէն գրեմ։ Ի՞նչ գրեմ։— Երէկ պ. Շաքարեան արտամետցի մէկ խնձոր տուաւ ինձ։ Ի՜նչ երկիւղածութեամբ ձեռք երկարեցի, եւ որչափ խնամքով փոյթ ունեցայ, որ գրպանիս մէջ չվնասուի։ Նկարագրեմ զայն։ Նախ պէտք է դիտել թէ անհամեմատ է այն, երբ կը խորհիս որ երեսնօրեայ ճամբորդութեամբ անցած է սրտիդ սիրած վայրերէն եւ Սեւ ծովու անդունդներէն, եւ տակաւին իր բուրումն անկորուստ կը պահէ։ Իր գո՞յնը, մո՞րթը, Մարած կարմրութիւն մը ունի խնձորն իր այտերուն վրայ, տեսակ մը գիծեր, որ տժգոյն դեղնութեան մէջ կ՚անհետին կամ անորոշ կերպով կը խառնուին։ Մորթը քաշուած է, եւ ծերունւոյ մը խորշոմեալ ու երիթացեալ կերպարանքն ունի։ Կը ցաւիս իր վրայ։
       Առաջարկութիւնդ, ըստ պատշաճի կը յիշեցնէ ինձ այդ խնձորին նկարագիրն, եւ խորհրդաւոր պատկերն զոր իր վրայ ունի պանդխտութիւնն։ Դեղնութիւն, թարշամութիւն, առոյգ կենաց մէջ երիթացեալ ծերութիւն։ Ի՞նչ բուրումն ունի այդ հիւանդ պանդխտութիւնն. ի՞նչ գրեմ»։
       Արտամետի խնձորը, որ Պանդուխտին «խորհրդաւոր պատկերը» կը նկարագրէ, մեր ժամանակակից մատենագրութեան էն սրտայոյզ եւ էն սքանչելագիւտ պատկերներէն մէկը պիտի մնայ։ Ընկերաբան իմաստասիրութեան խորհրդանշան մըն է։ Այդ խնձորին նկարագրութեանը մէջ Կիւրճեան արուեստագէտ բանաստեղծ մը կը ներկայանայ։ Խնձորին ու պանդուխտին գոյները երփներանգ նկարուած են. աչքիդ ստորմիքներէն ներս կը թափանցեն ու հոնկէ մտքիդ մէջ կ՚անցնին եւ կ՚երթան կը դրոշմուին սրտիդ մէջ։ Պատկերահան գրագէտը քանի մը տողով, ուր անպէտ բառի մը չես հանդիպիր, սիրտդ Պոլսէն Հայաստան, Հայաստանէն Պոլիս աստանդական կը թափառայածէ, լեռներ, ծովեր կտրել տալով անոր։
       Ու ետքէն Հրանդ, այդ սիրտդ կը բերէ խաներուն մէջ, ղարիպներու մահուան անկողնին շուրջը. հոնկէ, անոնց դագաղին ետեւէն կը տանի մինչեւ Պալըգլը, մեծ Մահաստա՜նը, ուր փոսին մէջ կը տանին կը նետեն անտէր անտիրական պանդուխտը։ Ուր երբ տակաւին յուզեալ, մտածկոտ կը մնաս տեսածիդ առջեւ, ահա յանկարծալուր ճիչ մը կը սթափեցնէ քեզի եւ կեցած տեղդ քար կը կտրեցնէ։ Պոլսեցի մօր մը ճիչն է, որ իր վայրագ իրականութեանը մէջ, ժողովրդի մը զգացումները աչքիդ առջեւ կը մերկացնէ։ Այդ կնոջ զաւակը մեռա՜ծ է. դագաղը տանը դռնէն դուրս հանելու վրայ են. մայրը՝ ըստ կարգի մը հայացի բարքերու, որոնք Պոլիս այլեւայլ թաղերու մէջ դեռ կը մնան՝ մազերը փեթթելով, մեռելին ետեւէն կուլայ, կը պոռայ։— Բայց խօսքը թողունք Հրանդին.
       «Պանդուխտներ կը պատմեն, թէ մէկ օր, չգիտեմ Պոլսոյ ո՛ր թաղին մէջ, հայ տունէ դագաղ մը դուրս կը հանեն. կին մը, հաւանաբար մեռելին մայրը, պատուհանէն դուրս ծռած կը ճչէ ողորմագին.
       Ախ, որդի՜ս, խաներուն մէջ պէքեա՞ր կը պակսէր։
       —Կը տեսնե՞ս, սիրելիս. գաւառացին ոչ թէ հայ, այլ մարդ իսկ չէ եղեր. նա քարէն ծնած է. լեռնէն բուսած է. որպէս թէ մօր ստինք ծծած չէ՛. որպէս թէ մայր մը անոր որրանի երգ ըսած չէ՛, գիշերն անոր սնարին վերեւ տքնած չէ՛. նա ծնողք չունի, զաւակ չունի, տուն տեղ չունի»։
       Ահաբեկիչ է այս ճիչը, որ սրտաբուխ է, անկեղծիկ է։ Մայր մը ու հա՜յ մայր մը կը զարմանայ թէ քանի որ անդին խաները պանդուխտներ կան, Աստուած ինչո՞ւ հայր մայր ունեցող պոլսեցիի մը հոգին կ՚առնէ։ Պոլսոյ համար «պէքեարը» մարդ չէր։ Ինչպէս «թնդանօթի միս» կայ, նոյնպէս մահուան միս կայ, որ ղարիպն է։ Ու այդ կնոջ մտածութիւնը ամենուն մտածութիւն էր։ Շատ անգամ դիտուած է, որ Պոլսոյ ո՛եւէ մէկ թաղի մը մէջ ննջեցեալ պատահած ատեն, նոյն իսկ ժամկոչն ալ որ ընդհանրապէս հայաստանցի մըն է— իրեն եղած հարցմանը, թէ մեռնողը ո՞վ է, անտարբեր կը պատասխանէ, մարդ չէ, պէքեար է։
       Թէեւ այս առաջին պատկերին հրատարակման թուականէն ի վեր տասնըհինգ տարիներ անցան ու մեր գլխէն ալ շատ փորձանքներ բայց տակաւին երէկուան պէս կը զգամ սարսուռը, որ Պոլսոյ հայոց ոսկորներուն մէջէն սողոսկեցաւ այն շաբաթ օրը, որ այս առաջին Հրանդը պայթեցաւ։ Պոլսոյ հայոց հոգին կը վրդովուէր, ու քառասուն հազար պոլսաբնակ պանդուխտները իմացան, թէ իրենց համար խորհող մտքեր կան, իրենց համար բաբախող սրտեր կան։ Ղարիպն ու պոլսեցին պիտի միանային։
       Բայց Հրանդը պիտի չթուլնար. պիտի շարունակէր առնակորով ու զգայնիկ գրականութեամբ մը պոլսեցիները ամօթահար ընել պանդուխտներուն նկատմամբ իրենց վարմունքին համար, պիտի շարունակէր սրտերը խոցոտել, արիւնել, պիտի շարունակէր հայ հոգիները խաներուն վրայ սեւեռուն պահել, մինչեւ որ գրական պայթումին արձագանգէր ժողովրդին պայթումը։
       Քանի մը արտադրութիւններով աւելի որոշ գաղափար մը տանք այդ նորօրինակ գրականութեան վրայ, որ անծանօթ կը մնայ։
       Պոլսեցիները 1888ին վերջին ամիսները մեծ հացկերոյթ մը կը սարքեն, Ղալաթիոյ Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ կառուցուած մեծ շէնքի մը՝ որ Կեդրոնական վարժարան եղաւ՝ չեմ գիտեր ինչ տարեդարձը տօնելու համար։ Շատ մը բաժակաճառեր կ՚արտասանուին «բարերարներու համար», որոնց մէջ քանի մը ոսկի նուիրողներն ալ կը գտնուին։ Բայց ոչ ոք կը յիշէ պանդուխտը, որ իր տուած տասնոցներովը (2—3 կոպէկ) եկեղեցիները կը հարստացնէ, այն պանդուխտը, որ ամէն եկեղեցապատկան շէնքի համար իր աշխատանքին վարձը կը զեղչէ եւ շատ անգամ բնաւ վարձք չ՚առներ։ Ու Հրանդ կը գոչէ.
       «Նախորդ շաբթու չմոռցուեցա՞ւ պանդուխտն. ո՞վ բաժակ առաջարկեց ի կենդանութիւն այն աղքատ բեռնակրին՝ որ չէ թէ միայն Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարերն արցունքով թրջած է եւ շնչովը տաքցուցած, այլ եւ տաճարին կանթեղներուն մէջ իւղն անպակաս ըրած է իր տասնոցովը»։
       Նորէն կը դեգերի գերեզմանատունները. Պալըգլիի Սեւ հողը ղարիպները իրեն կը քաշէ, ուստի պէտք է իրեն քաշէ եւ սրտերն ալ։ Հիմակ արդէն 1889ին մէջ ենք. ճրագալոյցը մեծ տագնապին։ Արդէն բանտերու մէջ տանջանքի տակ նահատակուողներ ունենք։ Նախավկաներու մարմինները կը սկսեն Պալըգլը տարուիլ։ Հայրիկ Պոլիս է, եւ հայութիւնը, այդ՝ «պանդուխտներու մեծին» հովանաւորութեանը տակ սարսռուն, կը պատրաստուի, «ա՛լ կը բաւէ» աղաղակելու։ Ազգին սիրտը վշտով այնքան լեցուած է, որ ալ չի կրնար դիմանալ, պիտի պայթի։ Հրանդ այդ դառնացած սրտին բանաստեղծն է ու պատմաբանը. անոր բոլոր ցաւերն ու տրտմութիւնները կը քամէ իր գրածներուն մէջ։ Օրուան ապրուած կեանքը, թաղումի մը քանի մը տող նկարագրութեանը մէջ կը խտացնէ։ Լսենք։ Խօսքը մերթ կ՚ուղղէ «Մասիս»ի խմբագրին։
       «Պալըգըլի հո՜ղ… շաբաթ չ՚անցնիր, օր չմարիր շատ անգամ, ուր հողին մէջ փոս մը չբացուի եւ երիտասարդ մը չդնեն հոն. «պանդխտութեան մէջ հիւանդանալն ու մեռնիլը գաղտնի կը լինի», անոնք ո՛չ թերթ ունին եւ ո՛չ յայտարարութիւն։ Իմացա՞ր մեր Գարեգինի մահը։ Այս ամսոյ մէջ ուրբաթ օր մըն էր, ըստ մեր Շաքարեանի՝ արցունքի եւ մահու նախասահմանեալ օր. Կէտիկ փաշայի եկեղեցին լցուած էին վասպուրականցի երիտասարդներ. Գարեգին սեւ ծածկոյթին տակ կ՚երկարէր. քսան եւ հինգ տարեկան հասակ եւ եռանդուն տիոց յոյսեր կը սառէին հոն։ Ներս մտաւ յանկարծ պանդուխտներու Մեծը։ Քուզկունճուգի հեղձուցիկ օդին ճնշումն ու վշտի ծանրութիւնը թերեւս ոչ մէկ անգամ այնչափ զգալի եղած էր ծերացեալ Հայրիկի վրայ. պաղ, քրտինքն ալ կ՚ողողէր իր դէմքն։ Եկած էր Գարեգինի ողջերթն ըսելու։ Ո՛չ փիլոն ուզեց, ո՛չ վեղար. գաւազանն ալ չշողաց իր ձեռքին մէջ։ Իր իսկական ձեւովը դարձաւ մեզ… Եւ Հայրիկ կուլար»։
       Այս կուռ նկարագրութեան գեղեցկութիւնը վերլուծումով մը աւելի լաւ պիտի բացատրուէր. բայց անոր հոգին ուժգնապէս զգալու համար պէտք է Պոլիս այդ օրերու կեանքովը ապրած ըլլայ, յուզուած երիտասարդութեան մէջ։
       Հրանդ տարի մը ամբողջ կը թափառի պանդուխտներուն աշխարհը։ Կը մտնէ հիւանդանոցը, որ պանդուխտներուն համար կառուցուած է, ու հոն պանդուխտը անգթօրէն կը սպաննուի։ Կ՚երթայ Պատրիարքարան, որ պանդուխտին բնական պաշտպանն է եւ պանդուխտը կը թալլէ։ Կը շրջի Պոլսոյ փողոցները եւ կը տեսնէ պանդուխտը քանի մը փարայի համար օտարազգիներէ գանահարուած։ Աւագ Հինգշաբթի, Ճրագալոյցի գիշերը ընտանեզուրկ պանդխտին քովիկը կ՚երթայ ու անոր հծծիւններուն ականջ կը դնէ։ Ամբողջ տարի մը Թիւրքիոյ հայութիւնը կը դողդղահարէ։ Կը զգայ, թէ նոր կեանքի մը համար իր ազգին նախապատրաստութիւններուն մէջ ինքն ալ բաժին մը ունի. եւ ստանձնած պաշտօնին համարը կուտայ «Մասիս»ին միջոցաւ, խօսքը անոր խմբագրին ուղղելով.
       «Սիրելի՛ս, հերու ճիշտ այս ամսուն էր, որ խնդրեցիր ինձմէ բաներ գրել մեր պանդուխտներու կեանքէն։ Անկէ ի վեր տարի մըն է, եւ պարբերաբար գրեցի խաներէն, գերեզմաններէն, տուներէն։ Ամէն անգամ վարանմամբ գրիչս թղթի վրայ կը դնէի, եւ սակայն գրեթէ ամէն «Մասիս»ի քաջալերականն ընդունեցայ։ Համոզումս այս եղաւ, որ, եթէ պանդուխտը չսիրուի այսուհետեւ ալ իր խանին, գերեզմանին եւ փոսերուն մէջ, «Մասիս» իր վրայ բաւական համակրողներ պիտի ունենայ։ Բարեգուշակ է մեզ այս պարագան, մենք պիտի կրնանք վար իջնել մեր ընթերցողներովը, մտնել ներքին խաւերու մէջ, ուր կեանքը կը հիւծի, շունչը կը խեղդուի։
       Եւ սակայն չմոռնամ ըսել, որ տակաւին ոչինչ միայն գրած եմ այդ սարսափելի կեանքէն. շա՜տ բաներ ալ կան, որոնց հեռուէն խելք հասցնել կարելի չէ. բաներ ալ կան, որոնց գրչի ծայր չպիտի մերձեցնենք բնաւ, բաներ ալ կան, զորս հարկ է տեսնել պանդուխտին տանը մէջ՝ կենակից ըլլալով անոր զաւակներուն, անոնց չոր ու սեւ հացն ուտելով եւ տառապանքն ալ հագնելով։ Իսկ ինչ որ ամէն բանէ աւելի ակներեւ եղաւ, ա՛յն է, թէ այդ կեանքի գոյութիւնն ի՛նչպէս երկարած է մինչեւ այսօր, ի՛նչպէս կեանքի տարերք կրցած են մնալ այդ փտութեանց մէջ։
       Առնուազն այսօր հարիւր հազար հոգի իրենց տուներէն դուրս նետուած են. եւ գիտէ՞ք թէ որոնք են. գործող, վարող, ցանող ու հնձող ձեռքեր, համեմատաբար առոյգն ու կորովին։ Տարին, ամէն զեղչեր ընելէ ետքը, գէթ 50—60, 000 անծին զաւկի կորուստ կայ. ասոր վրայ աւելցո՛ւր օտարութեան մէջ շարունակուած չարաչար զոհերն ալ, հովէն զարնուած, ձողերու տակ ջարդուած, եւ ահա խոշո՜ր գումար մը մեռելոց, զորս կը թաղենք առանց քահանայի եւ արցունքի։ Դարեր այսպէս շարունակուած են, այսօր ալ կը շարունակուի այդ աղէտքը, հիւանդի մը թոքերը կրծող որդերու պէս։
       Առանց ինչ ժամանակ անցընելու, պէտք է այս բանին ուշադրութիւն դարձնել. բաւական չէ մեզի Հիւանդանոցին դռները բանալ պանդուխտին օրհասականներուն առջեւ. պէտք է քանի մը քայլ անդին անցնինք. քահանան իր բաժինը ունի, գրողն ալ իր մասն ունի, ունեւորն իր պարտաւորութիւնը պատրիարք, վարչութիւն, երեսփոխանութիւն, առաջնորդք իրենց պարտքն ունին։ Պանդխտութիւնն, եթէ այսպէս շարունակուի, մեր գաւառներն անմարդի կ՚ընէ այսօր կամ վաղը. այս համոզումն ունեցէք, ահաւոր ճշմարտութիւն է»։
       Հրանդին վերջաբանը ամբողջովին արտագրեցի, ոչ իբր գրական շա՛տ ուշագրաւ հատուած մը, այլ՝ 1884—1890 թուականին Պոլիս խորհողներու եւ գրողներու մտատանջութեանցը իբր ամփոփումը։ Այդ մտահոգութիւններուն մէջ «բաներ ալ կան, որոնց գրչի ծայրը չպիտի մերձեցնենք», այսինքն՝ ինչ որ ուղղակի կառավարական է, այն՝ չի կրնար քննուիլ։ Բայց ազգը ինք շատ մը բաներ կրնայ ընել։ Նոր գրականութիւնը կը ձգտի՝ այդ բաները ընելու մղել եւ պարտաւորել։
       Ու վերջին խօսքը՝ մարգարէութիւն մըն է. մաղթանք մը, որ շատ չանցած պիտի իրականանայ։ Ահա ինչ որ դառնութեամբ կը մաղթէ.
       «Իրաւ կ՚ըսեմ, թէեւ աշխարհական, կ՚աղօթեմ, որ մեր պանդուխտներու առջեւ Տրապիզոնի ճամբան փակուի. կեանք չէ՜ այս, զոր կը վարեն այս մարդիկ փողոցներու անկիւնը, պանդոկներու խորշերը, եւ ընդհանուր արհամարհանաց ծանրութեանը ներքեւ»։
       Մաղթանքը լսուեցաւ։ Այս տողերը «Մասիս»ի մէջ հրատարակուելէն քանի մը տարի ետքը, հայաստանցիներուն առջեւ կը փակուէին ոչ միայն Տրապիզոնի դռները, այլ եւ՝ Կիրասոնի, Սամսոնի, Մերսինի, Իսկենտերունի դռներն ալ։ Բայց, մեր ուզած բանալիովը չէր, որ կը կղպուէին։
       Հրանդին գրականութեանը ձգտումին վրայ երբ գաղափար մը տուինք, միեւնոյն ժամանակ անոր ոճն ալ ծանօթացուցինք քանի մը հատուածներու արտագրութեամբ։ Իր աշխարհաբարը այն է, որ հիմակ կը տիրապետէ իբր Պոլսոյ, ուստի եւ, Թուրքիոյ հայոց մատենագրական լեզուն։ Տառական քանի մը փոփոխութիւններ պիտի բաւեն, զայն հիմակուան էն հեղինակաւոր գրողներու աշխարհաբարին հետ նոյնացնելու համար։ «Պանդուխտներու կեանքէն» յօդուածներու շարքը, անշուշտ, լաւագոյն օրերու մէջ, հատոր մը պիտի կազմեն, իբրեւ Արեւմտեան հայոց տասնեւիններորդ դարու վերջին քառորդին գրական ու պատմական կեանքին յիշատակարաններէն մին։ Այդ հատորը պիտի մնայ դասական գործ մը, եւ իր գեղարուեստական յատկութիւններովը՝ միշտ պիտի կարդացուի։
       ***
       Վիպագրութիւնը նոր գրողներուն գրականութեանը մէջ լայնկեկ տեղ մը բռնեց. կրնանք ըսել՝ առաջին տեղը. իրենցմէ մնալիք լաւագոյն գործերը վիպակները պիտի ըլլան։ Նախորդ սերունդը մատենագրութեան այդ ճիւղը լրջօրէն մշակած էր։ Հիսարլեան գրած էր «Խոսրով եւ Մաքրուհին», Մամուրեան՝ «Սեւ լերան մարդը», Տէվկանց՝ Հայաստանի կեանքէն «Շահէնը», Ծերենց՝ պատմական վէպեր, տիկին Սրբուհի Տիւսաբ՝ կնոջական դատին պաշտպանողական վէպերը։ Ասոնք ընդարձակ հեղինակութիւններ էին, մեծ աշխատութեամբ պատրաստուած։ Բայց ընդարձակութիւնը տկարութեան պատճառն իսկ էր։ Վէպը թէ՛ ստուարահատոր գրելու եւ թէ՛ զայն շահագրգռական ընելու կարողութիւնը կը պակսէր հայ մտքերուն, որոնք մեծ գործեր ստեղծել կ՚ուզէին, առանց սակայն առատաբար օժտուած ըլլալու վառ երեւակայութեան տուրքով ու բազմակողմանի զարգացման ձիրքերով։ Նոր գրողները, քիչ բացառութեամբ, իրենց նախորդներուն չհետեւեցան։ Նախապատուութիւն ընծայեցին վիպակին, որուն մէջ պիտի կրնային մեծապէս յաջողիլ, մինչեւ իսկ գլուխ գործոցներ ալ ստեղծել երբեմն։
       «Արեւելք» եւ «Մասիս» իրենց էջերը լայնօրէն բացին նոր վիպագիրներու առջեւ, սակայն անոնց յանձնարարելով ժամանակակից ընկերական խնդիրներ ուսումնասիրել, փոխանակ պատմական կեանքով զբաղելու։ Ահաւասիկ, երիտասարդ գրողներու ուղղուած հրաւէր—ծրագրի մը մէկ գլխաւոր հատուածը.
       «…. Եւ արդարեւ, եթէ պատմական վիպասանութիւնը իր դերը ըստ բաւականին կատարեց, արդի վիպասանութիւնը շատ առատ հունձք ունի իրեն համար։ Երիտասարդ տաղանդները համարձակ այդ ասպարէզը կրնան կոխել, այն վստահութեամբ, որ կեանքի իրական պատկերներ ներկայացնելով կարող են մեր ընկերական բազմադիմի խնդրոց լուծումը հրապարակ հանել։ «Մասիս» եւ «Արեւելք» իրենց աջակցութիւնը յօժարակամ պիտի նուիրեն այն ամէն երիտասարդներու, որոնք մեր ընկերական կեանքին ուսումնասիրութիւնը իրենց աշխատանքին առարկայ կ՚ընեն»։
       Ինչպէս այս յայտարարութենէն կը տեսնուի, «Արեւելք—Մասիս»ի խմբագիրները վիպասանութեան ալ առաջնորդող—խմբագրականի մը դերը տալ կ՚ուզեն։ «Օգտակարութեան» վարդապետութիւնը իրենց մտքին վրայ բացարձակօրէն կ՚իշխէ, եւ գրող երիտասարդութիւնն ալ այդ իշխանութեան հպատակեցնել կը միտին։ Ազգային գաղափարական նպատակի մը դիմողները, զբօսնելու ատեն չեն ունենար։ «Արեւելք» արդէն իր գոյութեան երկրորդ շրջանին մէջ, 1885ին, կը համարձակի ըմբոստանալ Թիւրքիոյ հայոց էն մեծ գրական եւ մտաւորական հեղինակութեան դէմ։ Գրիգոր Օտեան Պոլսէն Բարիզ վտարանդի մը, իր քրոջը թարգմանել կու տար Հալեւիի «Աբբա Քոնսթանթէն» վէպը, որուն դիւթիչ յառաջաբան մըն ալ գրելով կը դրուատէր «խնկաբոյր վէպը», եւ կը դաւանէր «թէ վիպասանութիւնը մարդս իրականութենէն մխիթարելու կոչումը ունի»։ «Արեւելք» այդ հոյակապ հայուն վիպասանական դաւանանքը ամբողջովին արտատպելէ յետոյ, իր քրոնիկագրին բերնովն ալ վէպը աւելի բարձրագոյն կոչումի մը սահմանուած կը կարծէր։ Նոր թերթին յայտնած կարծիքները իր գրական եւ ազգային ծրագրին մաս կը կազմէ, ուստի եւ զայն կը յիշեցնենք։ Ահա ինչ որ կը գրէր «Արեւելք» 1885 մարտ 7ին.
       «Երբ Օտեան էֆենտի կը յայտարարէ թէ «վէպն ինչո՞ւ է, որպէս զի մարդը մխիթարուի իրականութենէ», այս վճիռը կրնա՞նք իբր անհերքելի ճշմարտութիւն ընդունիլ։ Մխիթարութիւնը՝ վերջին ապաւէնն է անոնց, որոնք իրենց ցաւերուն այլեւս դարման չեն կրնար յուսալ. իսկ արդի վիպասանութիւնը չ՚ուզեր վշտերու սփոփանք հայթայթելով միայն շատանալ, այլ նաեւ՝ կէտ նպատակին է աջակցիլ անոնց, որ ընկերական թշուառութեանց դարմաններ որոնելու հետամուտ են։ Վէպը՝ իրական կեանքի պատկերը կը պարզէ եւ մեզի կը մղէ ընկերական վիճակին վրայ խորհրդածելու։ Եթէ արդի երիտասարդութիւնը օր մը իր վիպասանները ունենայ, որոնք ուսումնասիրեն մեր ամէն խաւերու ցաւերն ու վշտերը, տխրերանգ վրձինով մեր աչքերուն առաջ պատկերացնեն տարաբախտութեանց նկարները, մեզի վկայ ընեն մինչեւ իսկ ժանտատեսիլ տեսարաններու եւ մեզի ըսեն՝
       —Ահա՛ չարիքը, մենք քննեցինք հիւանդութիւնը. ըրինք հայ ընկերութեան սրտին ախտազննութիւնը, առա՛ջ թող գան անոնք, որ հիւանդութեանց դարմաններուն վրայ պիտի խորհին.
       —Պիտի կրնա՞նք անոնց ըսել՝
       —Է՞ր զմեզ ի ճեմ կը հանէք ցաւոց եւ տառապանաց հանդիսավայրերը։ Մեզի ծաղկանց բուրաստաննե՛րը միայն առաջնորդեցէք. երթա՛նք Վոսփորի պուրակները, թռչուններու դայլայլիկները լսենք, ծաղիկներու բուրումներովը զմայլինք։ Մենք ի՞նչ գործ ունինք այն մութ ու խոնաւ յարկերը, ուր խշտիներու վրայ ղարիպն է հոգեվարք։ Գարշահոտութիւն կայ հոն, եւ մեր բիւզանդական ռունգները շա՛տ փափկասուն են։
       Դասական եւ վիպական դպրոցներու սիրահարնե՛րը միայն պիտի կրնան այսպէս խօսիլ։ Բայց եթէ հրճուանք մըն է, անմեղ զբօսանք մըն է այդ դպրոցներու պատկանիլ, սակայն սուրբ պարտականութիւն է աշակերտիլ իրականութեան։ Պէտք է, որ հայ երիտասարդութիւնը այդ պարտականութիւնը կատարէ»։
       Ազգային վիպասանութեան համար 1885ին գծուած այս ծրագրին մէջ արդէն կը տեսնուի պանդուխտներու համար այն մտահոգութիւնը, որ մտքերու վրայ կը տիրէ եւ քանի մը տարի ետքը, 1888ին, պիտի ունենայ, ինչպէս վերեւ ցոյց տուինք, մասնագէտ գրող մը, որուն իրական կեանքէ պատմուածքները վիպակի տեղ պիտի բռնեն։ Սակայն անոնք, որ ընկերասէր գրականութիւն կ՚ընեն, չեն կրնար միակողմանի ըլլալ եւ իրենց հոգածու ուշադրութիւնը կեանքի մէկ կամ երկու երեւոյթի վրայ կեդրոնացնել միայն։ Նոր գրողները ազգային կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ պիտի քննեն, պիտի ուսումնասիրեն, մէջերնին տեսակ մը աշխատութեան բաժանում ընելով բնական բերմամբ մը, ըստ իւրաքանչիւր գրողի մտաւորական կազմութեան եւ հոգեկան տրամադրութիւններու։
       Ի՞նչ էր սակայն այն ընկերական նոր կեանքի ամբողջութիւնը։
       Արդէն յիշեցուցինք, թէ մեր ազգային գործունեայ կեանքը Պոլիս կը կեդրոնանար. ու այդ նոր գրողներն ալ ազգային ընդհանուր կեանքէն պոլսական բաժինո՛վը միայն կը զբաղէին, թէեւ մտքերնին ու սրտերնին դէպի այն հայրենիքը յառած զոր իրենցմէ ոչ ոք տեսած էր, բացի Հրանդէն, եւ ա՛ն ալ ութ տարեկան Պոլիս եկած էր։ Ու ոչ մէկն ալ կրնար Հայաստան երթալ։ Գրողները հարուստներ չէին, այլ իրենց դիրք մը ստեղծելով ապրելու պարտաւորեալներ։ Գրագէտ, բայց միանգամայն դասատու եղողները կրնային երկիր երթալու դիւրութիւնը ունենալ։ Դիտելի է, որ նոր գրագէտներէն միա՛յն մէ՛կը ուսուցիչ էր՝ Հրանդը. միւսները իրենց ապրուստին համար ազգային իշխանութեանց հետ գործ մը չունէին, մինչ նախորդ սերունդին գրագէտներուն մէջ ուսուցիչներուն տեղը մեծկակ էր։ Ըմբոստացման գրականութիւնը ազգային վարչական մարմիններու ձեռքին եւ հսկողութեանը տակ պիտի չմտնէր։
       Կեդրոն Պոլսոյ հայ կեանքը երեսուն տարուան մէջ բաւական փոխուած էր, բայց փոփոխութիւնը ազգային կեանքը ներքին բռնապետական ճնշումէ բոլորովին չէր ազատած։ Սահմանադրութիւնը պատրիարքական իշխանութիւնը չափաւորած էր, բայց Ներսէս պատրիարք, ու Ազգային Ժողովի ատենապետ Արթին Տատեան, ջնջել տուած էին իրենց ընդդիմադիր օրագիր մը՝ Փորթուգալեանին «Ասիան»։ Դրան հետ լաւ յարաբերութեան մէջ գտնուող պատրիարք մը, իրեն հետ կամ իրեն դէմ գործ ունեցող հայերու վրայ կարող էր բռնանալ։ Ջնջուած էր ամիրայութիւնը, այսինքն՝ այն դասակարգը, որ թէ հարուստ ըլլալով եւ թէ թուրք փաշաներուն հետ սերտ յարաբերութեան մէջ գտնուելով, պատրիարքարանն ու ժողովուրդը կը ճնշէր։ Բայց այդ դասակարգին տեղ բարձրացած էր էֆէնտիութիւնը, Դրան ծառայող հայ պաշտօնատարներու մարմինը։ Էֆէնտիներէն ոմանք ազնուամիտ հայեր էին, բայց հանրային ամէն գործի վրայ իրենց ազդեցութիւնը զգալի էր։ Հայութիւնը բարոյապէս անոնց իշխանութեանը ներքեւ կը մնար։ Ուրիշ էֆէնտիներ ալ ազգը չարաչար կը շահագործէին։ Հասած էր նաեւ ուրիշ դասակարգ մըն ալ՝ հարուստներունը։ Այս ածականով պէտք չէ երեւակայել եւրոպացի կամ ամերիկացի վիթխարի դրամատէրներու հետ բաղդատուողներ։ Քանի մը հարիւր հազար ֆրանքի ընչաւէտութիւնը կը բաւէր արժանանալու համար «հարուստի» տիտղոսակրութեան։ Տգէտ ու հաւակնոտ մարդեր էին այս «մեծատուն» կոչուողները. ազգային ամէն գործերուն միջամտելու, ամէն գործերուն վրայ տիրաբար իշխելու յաւակնոտներ, որոնք կ՚ուզէին հայ ցեղը կառավարել, անոր նուիրելով «խելքերնին», որմով բազմափարթամ չէին, եւ՝ անոր խնայելով ինչ որ կը սպասուէր իրենցմէ՝ դրամ։
       Գրականութիւնը էֆէնտիին դէմ անուղղակի պիտի կռուէր։ Խմբագրական, երգիծաբանութիւն, քրոնիկ օրուան խնդիրներու աղմուկին ու շփոթին մէջ օրագրութեան սիւնակները սպրդելով, հարուած հարուածի վրայ պիտի տեղացնէին. սակայն Պոլիս անհնարին էր էֆէնտին տեսարանի վրայ հանել ազգային գործերու շրջանակով մը։ Վիպագիրները իրենց ոյժը հարուստին դէմ հանեցին։ Այդ հակահարուստ վիպագրութիւնը իր մտածութիւնը օրին մէկը պիտի պարզէր պանդուխտներու կեանքէն վիպակի մը վերջաբանին մէջ, որ հետեւեալն է.
       «Այդ իրիկունը Մելքոն հաց չկերաւ. ձեռքերը ծալլած, աթոռակի մը վրայ օտային դրան առջեւ նստուկ կը մտմտար։ Գնա՜ց, արտը գնա՜ց։ Եւ խեղճ մայրն ու մեծ մայրը մեռելնի՞ն մտմտային, ղարիպնի՞ն թէ արտերնին։
       Մելքոն դաստակովը աչքերը սրբեց։ Ճաշերնին լմնցուցած, միւս գործաւորներն ալ հետզհետէ իրեն քով եկան։ Օրուան դէպքը լսած էին։
       Ա՛խ, Աստուա՜ծ, կ՚ըսէին աստղերուն նայելով, ա՛խ, Աստուած, աս մինչեւ ե՞րբ հարուստը մեր տունը քամէ։ Երկիրը՝ մեր ազգէն հարուստն է, որ մեզի կը խեղդէ, փարանիս կ՚առնէ, արտերնիս կ՚առնէ, մեզի մօրէ մերկ կը թողու։ Ստամպօլ՝ մեր ազգէն հարուստն է, որ մեր հախը կ՚ուտէ, մարդ կ՚ըլլայ մեր փարայով, մեզի հիւանդանոցներուն մէջ կը մեռցնէ։ Մեր ազգն է, որ մեզի համար Հիւանդանոց կը շինէ ու մեր փարաները մեր գրպանէն կը խլէ, ու մեզի աւուր հացի կարօտ կ՚ընէ։ Ա՛խ Աստուած, աս մինչեւ ե՞րբ։
       Մինչեւ ե՞րբ։
       Միւս առտուն Մելքոն սկսաւ ըռէնչպէրութեան գործ մը փնտռել, որպէս զի ինքն ալ լեցնէ հարուստին քսակն, որպէս զի ինքն ալ օր մը կարգուի ու զաւակ մը պատրաստէ հարուստին համար մաշուելու»։
       Կ. Պոլիս 1884էն 1890 ունեցաւ նոր չորս վիպագրող, որոնք հանրային ու անհատական կեանքի խնդիրները յուզեցին, ոմանք նուազ յաջող գրականութեամբ, բայց միշտ ընթերցողը ցնցելով։ Այդ հեղինակներուն վրայ կը խօսինք, առանց ժամանակագրութեան կամ նախապատուութեան կարգի։
      
       Գրիգոր Զօհրապ իր վիպակներուն մէջ առաջնակարգ յատկութիւններով օժտուած գրագէտ հանդիսացաւ։ Մինչեւ այսօր Պոլիս կը մնայ, կը շարունակէ վիպագրել, արժանաւորապէս հռչակաւոր համբաւի մը վայելմամբ։ «Մասիս»ի ու «Հայրենիք»ի մէջ իր ցիրուցան գործերը հաւանօրէն մօտերս հատորով մը երեւան կու գան, եւ հեղինակին տաղանդին վրայ յստակ գաղափար մը կուտան։
       Գրիգոր Զօհրապ երբ տակաւին դեռ շատ երիտասարդ էր, «Մասիսի» մէջ հրատարակեց վիպակ մը՝ գրեթէ վէպ մը, որ թէեւ նախափորձ, սակայն երեւան կը հանէ վիպագրողի յատկութիւններ, որոնք հետզհետէ պիտի բարգաւաճին եւ պիտի զօրանան։ Չենք ուզեր այդ նախափորձը, այսօր, երբ քսան տարի անցած է, մեր արդի գաղափարներովը դատել, մանաւանդ որ դէմերնիս հասունցած վիպասան մը ունինք։ Բայց այդ գիրքը իր ժամանակին իբր իսկական նորութիւն մը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ, ու զարգանալու նախասահմանեալ տաղանդի մը յայտնութիւնը եղաւ։ Իբրեւ դատաստան առաջ կը բերենք գնահատում մը, զոր 1885ի «Մասիս»ին մէջ հրատարակեց ուրիշ երիտասարդ մը, Լեւոն Բաշալեան։ Այդ դատաստանը իր արժէքը մինչեւ հիմակ կը պահէ, եւ գրքին ընթերցումը հետաքրքրական կ՚ընէ գրականութեան պատմութիւնը սիրողներուն։
       Ահա ինչ որ կը գրէր Բաշալեան.
       «Մասիս»ի յարատեւ ընթերցողաց մտքին մէջ խորաքանդակ դրոշմուած է անշուշտ «Անհետացած սերունդ մը» վէպն, որ մաս առ մաս հրատարակուելէ յետոյ այժմ գրքի ձեւով ի լոյս կ՚ընծայուի։ Գրիգոր էֆէնտի Զօհրապ թէեւ առաջին անգամ կ՚իջնէ հայ գրական ասպարէզին մէջ, այլ նոյնհետայն կը գրաւէ անդ կարեւոր տեղ մը։ Ի վաղուց հետէ հրատարակուած չէր գիրք մը այսքան «նոր» ու այսքան «գրական». այդ վէպ մոռցնել պիտի տայ բազմաց շատ կսկիծներ զորս ունեցած են հայ գրականութեան աղքատութեան վրայ։ Գրքին մէկ ծայրէն միւս ծայրն, հեղինակն կ՚երեւայ մեզ առաջնակարգ վարպետ մը, որ կը ներկայացնէ մեզ կեանքն իւր մանրակրկիտ ճշդութեամբ, եւ ամէն երեւոյթներու ներքեւ։
       Ֆրանսացի նշանաւոր գրադատ մը ըսած է, թէ լաւագոյն վէպերն անոնք են, որոնց նիւթը կրնայ ամփոփուիլ երկու տողի մէջ։ «Անհետացած սերունդին» հիմն ալ պարզ է։ Երիտասարդ մը կը սիրահարի ամուսնացեալ կնոջ մը, զոր ուխտած էր ատել յաւէտ, ըստ որում սիրադուրժ գտնուելով երիտասարդին ամենասիրելի բարեկամին՝ նորա խելագարման ու մահուան պատճառ եղած էր ու ամուսնոյն մահուանէն յետոյ կ՚ամուսնանայ նորա հետ եւ կ՚ապրի մենութեան մէջ։ Այս կմախքին վրայ հեղինակը ի՜նչ սրտագրաւ ու սրտայոյզ դրուագներ յօրինած է, ի՜նչ այլազան ու հրաշալի պատկերներ աւելցուցած է»։
       Այս դրուատիքը արտայայտութիւնն է «նոր»ին առջեւ տասնութ—տասնինն տարեկան պատանիներու խանդավառութեանը։ Ու Զօհրապ անոնց գրեթէ տարեկից մըն էր։
       «Անհետացած սերունդին» հեղինակը 1884—1890ին բաւական բան գրած է. մասնաւոր ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ «Ներսէս», «Այրին», «Փոթորիկը», «Մեղայ Տէ՛ր» վիպակները։
       «Ներսէսը» Ազգային Հիւանդանոցին վարչութեանը դէմ ճակատամարտներու առաջին հրացանաձգութիւններէն է։ Ներսէս որբեւայրիի մը մէկ հատիկ զաւակն է. մայրը տղան Ս. Փրկչի Հիւանդանոցին որբանոցը կը դնէ։ Օր մը զայն տեսնելու կ՚երթայ, եւ մեռած կը գտնէ վարժարանին բանտին մէջ, ուր նետած էին պատիժի համար եւ անօթի թողած։
       Հիւանդանոցին այն ատենի հոգաբարձութեան դէմ նոր գրողներուն մարտնչումը, ներքին բարեկարգման համար մղուած կռիւն է։ Հայաստանի համար թուրքէն վերանորոգումներ պահանջող հայը, կ՚ըմբոստանար՝ իր բարեգործական հաստատութիւնները լաւագոյն հոգածութեամբ խնամելու գաղափարին դէմ, վասն զի անոնց վերին հսկողները հարուստներն էին։ Վաճառականներէ կազմուած հոգաբարձութիւն մը շատ տարիներէ ի վեր Ազգային Հիւանդանոցը կը խնամէր. ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ առաջնորդութեամբ լրագիրներուն՝ փառաբանանքներ կը տեղար այդ բարեսէր հայոց գլխուն։ Պատրիարքները կուգային կ՚երթային, ժողովականները իրարու կը յաջորդէին, ազգին մէջ կռիւները կը մղուէին, բայց Հիւանդանոցին հոգաբարձութիւնը կը մնար անքննադատելի։ Տարակոյս չկար, թէ այդ հարուստ վաճառականները բարեխիղճ մարդեր էին ազգային հաստատութեան մը դրամին մատակարարմանը մէջ, եւ ի հարկին իրենց գրպանէն ալ նուիրատուութիւն ընելու չէին վարաներ։ Սակայն դրամին բարեխղճօրէն գործածութիւնը, դրամական առատ նուիրատուութիւն արդեօք բաւական երաշխաւորութիւննե՞ր են, թէ ազգային հաստատութիւնները օգտակարապէս իրենց նպատակին կը ծառայեն։ Խնդիրը ազգային կեանքին վրայ դրամատէրներուն գերիշխան կամ չափաւոր տիրապետութեան շուրջը կը դառնար։ Հարուստներուն եւ մտաւորականներուն միջեւ կռիւ կը բացուէր։ «Մասիս» սկսաւ հիւանդանոցին վիճակը քննել, եւ օրին մէկն ալ ցոյց տուաւ, թէ այդ բարեգործական հիմնարկութիւնը բարեխիղճ դրամատէրներուն վարչութեանը ներքեւ՝ սպանդանոց մըն է պարզապէս։ Հոն չարաչար կը տառապէին հիւանդները, ծերերը, որբերը. կը մեռնէին՝ անհոգ անխնամ մնալով։ Ու զոհերը ամենամեծ մասամբ պանդուխտներն էին, որոնք հիւանդանոցին անունէն իրաւամբ կը սոսկային։
       «Մասիսին» բացած պայքարը ծայրայեղ հանդգնութիւն մը համարուեցաւ։ Դրամին փայլէն շլացած եւ ստորնացած ժողովուրդ մը, հիւանդանոցին մատակարարութեան քննադատները հիւանդանոցին թշնամին կը համարէր, ճիշդ ինչպէս թուրք իշխանութիւնը իր յոռի վարչութեանը դէմ բողոքող հայերը իրեն ոխերիմները կը կարծէ։ Կացութիւնները համանման էին։ «Մասիս»ի խմբագիրները չվախցան եւ չվերջնոտեցին. սկսած կռիւնին շարունակեցին մինչեւ ի յաղթանակ։ Հիւանդանոցին բարեկարգման խնդիրը ազգը կամաց կամաց ցնցել սկսաւ, ժողովուրդը, որ առաջ միաբան էր ի պաշտպանութիւն հոգաբարձութեան, ա՛լ երկուսի բաժանուեցաւ։ Յուզումը տիրեց եւ այս խնդիրը ուրիշ բազմաթիւ հարցերու վրայ ալ խորհիլ տալու առիթ մը պիտի ըլլար։ Զօհրապ իր վրայ առաւ հիւանդանոցին որբերու բաժնին դատը. տխուր իրականութիւնը ներկայացնող պատկերով մը ազգին հոգին խռովեց։ «Ներսէսը» ա՛յս էր։
       «Այրին», որ պատմութիւնն է այն աղուոր, կտրիճ հայաստանցիներու, որոնք Պոլսոյ մէջ կ՚ապականին, կը փճանան, եւ իրենց կիները, զաւակները անդին անխնամ կը կորսուին։ Այս վիպակն ալ ընդհանուր նպատակին կը ծառայէ, այն է՝ Հայաստանի համար պոլսական պանդխտութեան աղիտաբերութիւնը հաստատել, սարսռազդեցիկ նկարագրութիւններով։ «Փոթորիկը» քաղքենի հայ կնոջ մը իր տան նաւավար երիտասարդի մը հետ, ծովին վրայ փոթորկի մը պահուն, ինքնամոռացութեան մէկ դրուագն է։ «Մեղա՜ Տէրը» կը ներկայացնէ հանրային դրամը իւրացնելով հարստացող հայը, որ առ Աստուած ուղերձած անդադրում «Մեղա՛յ Տէր»ներով կը սրբանայ ժողովրդեան աչքին։
       Զօհրապին վիպակները, ինչպէս ուրիշներուններն ալ, թէեւ «նորավէպ» կը կոչուին, բայց անսպասելի գիւտերով չեն վերջանար։ Պարզ պատմութիւններ են, կեանքի սովորական դրուագներ։ Կը յիշեցնեն Զոլային այն կարծիքը, թէ վէպը կրնայ ուրիշ բան չըլլալ, բայց եթէ սովորաբար պատահած անցքի մը նկարագրութիւնը։ Այս կարծիքին հիմնաւորութիւնը ինչ որ ալ ըլլայ, բայց տարակոյս չկայ, թէ շատ սովորական դէպքի մը պատմութիւնը իբր վիպասանութիւն հաճելի ընծայելու համար, պէտք է որ գրողը արուեստագէտ մը ըլլայ։ Զօհրապ պարզ նիւթերու վիպագրութեամբը արուեստագէտի մը ձիրքերովը կը յաջողի ընթերցողը գրաւել։ Զօհրապի մը, Բաշալեանի մը, Կամսարականի մը գրականութիւնը, հստակափայլ պարզելու համար, հարկ է իրենց վիպագրութիւնները մէկիկ մէկիկ վերլուծել, որպէսզի անոնց ընկերաբանական գաղափարներուն հետ նաեւ երեւան հանենք իւրաքանչիւրին սեփական էսթեթիքի գաղտնիքներն ալ, բայց այսպիսի աշխատութիւն մը պարզ ուրուագծի մը սահմանին մէջ չի մտներ։
       Զօհրապին առաջնակարգ յատկութիւններէն մէկը՝ հեգնաբանութիւնն է։ Իր ներկայացուցած տիպարներուն ծիծաղելի կողմերը շատ որոշապէս դուրս կը ցատկեցնէ անոնց բերանը դրած խօսքերովը, անոնց դէմքերուն, զգեստներուն, բնակարաններուն նկարագրութեամբը։ Կը թառի յատկապէս նոր հարուստ դասակարգին վրայ։ Իր մասնագիտութիւնն է՝ այդ դասակարգին յաւակնոտութեան, ամբարտաւանութեան, կեղծաւորութեան ու այլանդակօրէն եւրոպականացման ուսումնասիրութիւնը։ Ու այդ ամենը մերթ կորովալիր, մերթ նրբին դարձուածքներով նկարագրելու մէջ եզական է։ Բայց այդ խեղճ արարածները ատելու փորձութիւնը չես ունենար։ Հեղինակը իր բոլոր զգայնութեան եւ ցասման մէջ միշտ սկեպտիկ մը կը մնայ։ Աւելի կարեկցող մըն է քան թէ ատող մը։ Արդէն մեր նոր գրողներուն բնորոշ մէկ յատկանիշը՝ ատելութեան տկարութիւնն է եւ գթութեան ուժգնութիւնը։
       Գթութիւնը սակայն լալկանութիւն չէ։ Զօհրապ նկարագրող մըն է, զգածեալ նկարագրող մը, բայց ո՛չ ողբացող մը։ «Այրիին» վերջաբանէն քանի մը տող առաջ բերենք։ Մարտիրոս՝ հայաստանցի կտրիճ երիտասարդը ինչպէս քիչ մը առաջ յիշեցինք՝ Պոլսոյ կեանքին մէջ ապականուած, փճացած է։ Գլտորումէ գլտորում վերջապէս ապօրէն պսակով մը կը կարգուի, իսկ անդին կինը կը սպասէ ու կը սպասէ։ Էրիկը ողջ է, բայց ինք այրի կը համարուի։ Գիտէ որ անիկայ պիտի չգայ, բայց նորէն միշտ անոր ընդ առաջ կ՚երթայ։
       «Գիտէր, ստոյգ գիտէր ալ, որ ամուսինը պիտի չգար. բայց իրիկունը, առանց ուզելու, քայլերը կ՚առաջնորդէին զինքը այն արտը ուրկէ վերջին անգամ տեսած ու Պոլիս ճամբած էր իր երիտասարդ էրիկը։ Հոն, կանգուն եւ առանձին, հեռուն տարածուող ընդարձակ ու հարթ դաշտին վրայ պտտցնելով իր հետախոյզ նայուածքը, Այրին դեռ կը սպասէր»։— Այսպէս չե՞ն սպասեր դարերէ ի վեր Հայաստանի հայ կիները։ Սպասումի այս նկարագիրը կը յիշեցնէ Լոթիին Pêcheur d՚Islandeի սիրտ կտրտող համբաւաւոր սպասումը։ Բայց հայ հեղինակը «Այրին» գրած ատենը այդ գիրքը տակաւին չէր տեսած։ Քանի մը տարի ետքն էր, որ այս տողերը գրողը Լոթիին գլուխ գործոցը Զօհրապին կուտար կարդալու համար։
       «Փոթորիկը» ո՛չ միայն խորապէս հոգեբանական է՝ այլեւ բանաստեղծական։ Անոր մէջ վայրագ, վսեմ, կենդանի, յուզող, տխրեցնող բան մը կայ։ Եւրոպական մատենագրութեան մէջ իսկ պզտիկ գլուխ գործոց մը պիտի կրնար սեպուիլ։
       Զօհրապին ոճը ախորժելի է։ Խրթին չի գրեր. պարզ է, առանց ռամկացման, փոխաբերութիւնները, պատկերացումները կը սիրէ, բայց ուշագրաւ նորութիւններու յաճախ չենք հանդիպիր։ Իր հայերէնը պերճ չէ, բայց յստակ ու ճշգրիտ է։
       «Փոթորիկ»ին հեղինակը Պոլսոյ առաջնակարգ փաստաբաններէն մէկն է, եւ առաջին հայ փաստաբանը։ Պոլսոյ թաղային վարժարանի մը աշակերտ, ամենուն պէս ինքն ալ գրական թեթեւակի կրթութիւն ստացած էր, բայց ինքնազարգացմամբ ու բնատուր կարողութիւններու աջակցութեամբ, ինքնատիպ գրող մը եղաւ ու կը մնայ։ Իր վիպակները ապագային համար ալ պիտի ապրին։ Մոռացման դատապարտեալներ չեն, վասն զի սրտի հետ կը խօսին գեղեցիկ արուեստով մը, ու Եղանակի մը բարքերը կը նկարագրեն։
       ***
       Կ. Պոլսոյ մամուլին մէջ Լեւոն Բաշալեանին անունը ճանչցուեցաւ 1885ին, Թիւրքիոյ հայոց նոյն տարուան գրականութեանը վրայ իր մէկ տեսութեամբը։ Այս առթիւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան «Երկրագունտ»ին մէջ կը գրէր. «Եւ իսկոյն աւելցնեմ, թէ՝ յոյժ սիրեցի «Մասիս»ի սոյն տեսութիւնն անցեալ ամի գրականութեան վրայ։ Քաջ հայագէտի մը գրուածն էր. հասուն մտքի ծնունդ եւ վարժ գրչի արդիւնք։ Անտարակոյս, աւելի պիտի սիրէի սոյն յօդուածն, եթէ գտնէի հոն ինչ որ ամէն բանէ վեր կը սիրեմ գրականութեան մէջ—երա՜զ։ Այլ Պ. Լեւոն Բաշալեան կարող քան երազող միտք մը կ՚երեւի։ Չի հեռանար նիւթէն, չի մոլորիր անձնական դժուար անել—այլեւ հեշտագին—ճամբուն մէջ։ Կարգաւորութիւն իր նախադասութեանց մէջ, կարգապահութիւն իր բոլոր յօդուածոց մէջ կը տիրէ»։
       Այս գովեստը, որ տասնըութ տարեկան պատանիի մը կը տրուէր, պարզապէս բարեկամական քաջալերանքի նպատակաւ չէր, այլ յօդուածին թողած տպաւորութեան ճշմարիտ գնահատումը։ Բաշալեան իր թարմ հասակին մէջ իսկ ուշադրութիւն կը գրաւէր մտքին հասունութեամբը։ Ու միշտ մնաց լաւ խորհող, լաւ դատող, լաւ կշռող գրագէտը։ Այն ինչ դպրոցէն շրջանաւարտ ելած, կը մտնէ «Մասիս»ի խմբագրութեան մէջ 1884 յունուար 1ին։ Վեց ամիս ետքը, երբ երկու թերթերը կը միանան, Բաշալեան կ՚անցնի «Արեւելք»ին, իր հետ տանելով խմբագրական վեցամսեայ վարժութիւն մը, որով «Արեւելքին» մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէ։ Հայերէնի հմուտ, գրասէր ճաշակով օժտուած, գրելու կոչում ունեցող, ու միանգամայն շատ համակրելի երիտասարդ, շուտով իր շուրջը կը հաւաքէ իրեն տարեկիցները, եւ իրմէ տարէցները, եւ ամենքը միասին մեր գրականութեան նոր զարկ մը կուտան։ Բաշալեան այլեւայլ նիւթերու վրայ գրած է, բայց առ այժմ իր վիպակներուն վրայ միայն պիտի խօսինք։
       Թիֆլիսի «Մուրճ» հանդէսը 1901—1902ին հրատարակել սկսաւ, «Պատմուածք» վերնագրով ու Լեւոն Բաշալեան ստորագրութեամբ, շարք մը վիպակներ, որոնց առաջինը «Ղալաթիոյ րէսթը» եղաւ։ Այդ վիպակները ատենօք Պոլսոյ «Մասիս» ու «Հայրենիք» թերթերուն մէջ երեւցած էին. առանձին հատորով ալ պիտի տպագրուէին Կովկաս, հանգամանքները այդ խորհրդին իրականացումը արգիլեցին։ «Մուրճ» կանգ չառաւ «արդէն հրատարակուած են» նկատողութեան առջեւ, եւ իր ընթերցողներուն հրամցուց վիպակներ, որոնք 1888էն կը թուագրին, ինչպէս «Րէսթը»։ Այս հիւրասիրութիւնը շատ պատուաբեր է երիտասարդ հեղինակին համար։ Անտարակոյս այս վիպակները պէտք է ներքին անժխտելի արժանիք մը ունեցած ըլլան, որպէս զի ծանր ամսաթերթի մը խմբագրութիւնն ալ արտատպումի բացառիկ պատիւը անոնց ընծայէ։ Բաշալեան նորավէպեր գրել սկսած է, երբ հազիւ տասնըութը տասնըինը տարեկան էր, ու անշուշտ անոնք գեղարուեստական կատարելագործեալ էջեր չեն ներկայացներ։ «Կաղանդը», «Ցեղին ձայնը» որոնք 1898ին հարատարակուեցան, երբ Բաշալեանին 1888—92ի գործերուն հետ բաղդատուին, արուեստագէտին յառաջդիմութիւնը անմիջապէս աչքի կը զարնէ։ Եւ սակայն, այդ նորավէպները իրենց երեւման թուականէն տասնըչորս տարի ետքն ալ թարմութիւննին տակաւին կը պահեն եւ ախորժանքով կը կարդացուին իբրեւ նորութիւններ, վասն զի անոնց մէջ գաղափար մը կը տիրէ, սիրտ մը կը բաբախէ, ու արուեստը կ՚իշխէ։ Կեանքի պատկերներն են կենսաբուխ գեղեցկութեամբ։ Զօհրապին առթիւ ինչ որ ըսինք, նոյնը կը կրկնենք. այդ վիպակներուն գաղափարական եւ գեղարուեստական աղուորութիւններն աղէկ մը հասկցնելու համար, զանոնք հարկ պիտի ըլլար մէկիկ մէկիկ վերլուծել։ Ուրեմն քանի մը դիտողութիւններով բաւականանք։
       Բաշալեան իր վիպակներուն մէջ միշտ եղբայրական գուրգուրանքով զեղուն սիրտ մը ունի երիտասարդներուն համար. ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք դեռ պատանի կրնան սեպուիլ։ Սրտէն խանդակաթ սէր կը ծորի անոնց համար։ Կեանքի մէջ անոնց կրած յուսախաբութեանցը վրայ կը գթայ, ու երիտասարդները երազանքներու վտանգին դէմ պաշտպանել կ՚ուզէ։ «Հմայաթափը» երազել տուող բանաստեղծութիւն մըն է, որ սակայն երիտասարդը երազանքէն չյաղթուելու, չընկճուելու նախատեսութեամբ կը սպառազինէ։ «Ա՞յս է եղերը»՝ բնապաշտական մերկութեամբ գրուած՝ երիտասարդներուն աչքին առջեւ կը դնէ կնոջ մը համար իր կեանքը ջախջախելու, խորտակելու յիմարութիւնը, որ «ա՞յս է եղեր» զարմացական հարցումով կը վերջանայ, ու կը վերջացնէ կեանքը շատ անգամ ալ։
       «Ղալաթիոյ րէսթը» իմաստասիրական վիպակ մըն է։ Հեղինակը, հայ ցեղին ինքնապաշտպանութիւնը ապահովող մեծկակ մէկ ուժը զօրեղ նկարագրի տէր երիտասարդի մը մէջ կը մարմնացնէ։ Դարերը թո՛ղ հոլովին, հայը երբ իր հայրենի հաւատքին վրայ հաստատուն մնալու համար ամէն զոհողութիւն յանձն կ՚առնէ, ժամանակէն չի վախնար, կը դիմանայ եւ կը շարունակէ իբր ցեղ ապրիլ։
       «Րէսթին» նիւթը կնճռոտ չէ։ Լուսաւորչական որբ տղայ մը կ՚որդեգրուի իր հօրեղբօրմէն, որ բողոքականացած հարուստ մըն է։ Կը դրուի Պոլսոյ ամերիկեան Րոպէրթ քոլէճը, ուր քանի մը լեզու սորվելէ եւ բաւական ուսում ստանալէ յետոյ, շրջանաւարտ դուրս կ՚ելլէ։ Իր բողոքական հօրեղբայրը կ՚ուզէ, որ եղբօրորդին դաւանափոխ ըլլայ, որպէս զի ինքն ալ անոր գործ տայ, զայն իր տունը ընդունի. բայց շրջանաւարտը այս առաջարկը կը մերժէ, անգործ, անօթի, թշուառ կը մնայ, բայց հաւատքին վրան ալ հաստատուն։
       Այդ երիտասարդին հոգեբանութիւնը զուտ հայ-ազգասիրական է։ Այո՛, ուսում առած է, եւ հաւանօրէն շատ ջերմեռանդ երիտասարդ մըն ալ ըլլալու չէ. կրօնափոխութեամբը իր ընտանիքէն գլխացաւանք ալ պիտի չունենայ, բայց եւ այնպէս ոեւէ փորձութեան կը դիմադրէ եւ խեղճութեան մէջ կ՚ապրի, վասնզի ցեղին ձայնն է, որ իր սրտին մէջ կը խօսի։ Հաւատքը, զոր պիտի ուրանայ, իր սեփականութիւնը չէ, իր համոզումին ծնունդը չէ, այլ՝ իրեն աւանդ ձգուած ժառանգութիւն մըն է, զայն ինքն ալ հաւատարմաբար իր զաւկին փոխանցելու համար։ Իր հայրերուն հաւատքն է։ Հայրը մեռած ատենը իրեն կտակ մը ըրեր է. թէ հայ հաւատքին վրայ հաստատուն պիտի մնայ։ Ողջութեանն ալ միշտ երկու խօսքին մէկը կ՚ըսէ եղեր «պապերուդ հաւատքին վրայ խաւի կեցիր, օղլու՛մ»։ Ընկերաբանական իմաստասիրութեան «մեռածները մեզի ըրած են ա՛յն, ինչ որ ենք» սկզբունքի հաւատումը։
       Այս պատմուածքին նիւթը ինչպէս որ կնճռոտ չէ, նաեւ նորութիւն մըն ալ չէ, բայց վիպագրի մը տաղանդը զօրաւոր կ՚երեւի, երբ անիկայ կը յաջողի, պարզ նիւթ մը պատմելով, ընթերցողին սիրտը գրաւել ու մտքին ցնցողական զարկ մը տալ։
       Այս վիպակը 1889 սեպտեմբերին կը հրատարակուէր, այն թուականին, երբ կրակը ա՛լ հոգիները կ՚առնէր, ու մեծ դէպքերու նախընթաց օրերն էին։ Ցեղին ինքնապահպանութեան ամէն միջոցներուն վրայ կը խորհուէր։ Հիները, ծերացածներն ալ թունդ ելան, կազդուրուեցան ու նորերը սիրեցին, երբ տեսան թէ այդ նոր պատանեկութիւնը թէեւ ուսում ստացած, թէեւ Եւրոպան սիրող, բայց ա՛ն ալ կը զգար, որ ցեղ մը իր հաւատքովը կը պահպանուի։ Մինչեւ այդ օրը ո՛չ մէկ գրագէտ ազգային կրօնքին դատը այնքան հուժկու պերճախօսութեամբ պաշտպանուած էր, որքան երիտասարդ Բաշալեանը։ Իր գործը ստվար բան մը չէր. հազիւ քանի մը հարիւր տող. բայց ո՛չ քարոզ էր, ո՛չ խմբագրական առաջնորդող։ Սէրը վիճաբանութիւն չի վերցներ։ Եւ «Րէսթը» գնաց, սփռուեցաւ Հայաստան. խանդաղատեց, գորովեց, գրաւեց, սրտապնդեց երիտասարդն ու ծերը։ Եւ ամօթահար սարսեցուց ամէն անոնց որ «յանուն ճշմարտութեան» մը կը հետամտէին տկարացնել ազգ մը, երբ անիկա իր գոյութեանը համար գերագոյն կռիւը կը մղէր ու պէտք ունէր ազգային հաւատքովը զօրանալու։
       Բաշալեան երբ հայոց հին հաւատքին իբր ախոյեան մը հրապարակ նետուելով, բարոյական պատերազմի մէջ անոր յաղթանակին համար կը գրէր, միեւնոյն ատեն, ուրիշ պատերազմներու նախազգացութեամբն ալ մտահոգ, իր պատմուածքներովը ազգին մարմնական կորովը կը պանծացնէր ու կը սիրցնէր։ «Խաչախճին» ու «Տէրտէրին ուխտը» ետեւէ ետեւ եկան ու փառաբանեցին զէնք գործածել գիտցողները, տգէտ երիտասարդը, որ կռուիլ գիտէ, ու հայ տէրտէրը, որ իր հրացանը չի մոռնար։ Ասոնք վաղուան հայերը պիտի ըլլային, եւ գրականութիւնը զիրենք ժողովուրդին ներկայացուց, երբ դեռ չէին երեւցած։ «Տէրտէրին ուխտը» կրնար՝ եւ աւելի ճշգրտօրէն՝ հրացանամոլ տէրտէրը կոչուիլ։ Անոր մէջէն ջնջուեցաւ տող մը, որ արդարութիւն մըն էր, «տէրտէր, քու հրացանդ մեզի պէ՛տք է»։ Դեռ քանի մը օր ալ, ու այդ հրացանը պիտի պայթէր. առաջուց ազդարարութիւն մը վտանգաւոր էր։
       Ինչ որ ալ ըլլան իր գրչէն ելած նիւթերը, Բաշալեան միշտ ազնուական ոճով կը գրէ, կրնամ ըսել՝ նաեւ ազնուապետական։ Ոճը իր արժանապատուութիւնը կը պահէ նոյնիսկ էն խեղճուկ կնոջ նկարագրութեանը մէջ։ Ու միթէ աղքատները, թշուառները չունի՞ն իրենց յատուկ արժանապատուութիւնը, որ զիրենք ակնանիշի կ՚ընծայէ։
       ***
       Տիգրան Կամսարական միակ նոր գրագէտն է, որ մեծկակ վէպով ներկայացաւ։ Իր «Վարժապետին աղջիկը» 1887ին «Արեւելք»ի մէջ իբր թերթօն երեւնալէ յետոյ, առանձինն հատորով ալ հրատարակուած է։ Այդ գիրքը հիմակ կարդացող քննադատ մը, գրական ինչքան թերութեանց ալ հանդիպի, բայց պիտի չկարենայ մտքէն անցընել, թէ տասնըութը տասնըինը տարեկան պատանիի մը հեղինակութիւնը եղած ըլլայ։
       Ամէն անոնք, որ գրականութեան մէջ թեւակոխեցին, երբ դեռ ա՜յնքան թարմ էր իրենց տարիքը, ու յաջողած գրուածներով ուշադրութիւն գրաւեցին, տարակոյս չկայ, թէ անոնք օժտուած էին բնատուր ձիրքերով, զոր կրթութեամբ պիտի կատարելագործէին, ժամանակին հետ։ Կամսարական հոգեբան ծնած է. մեծ վէպին մէջ, իր հոգեբան դիտողի յատկութիւնը ակներեւ կը տեսնուի, թէեւ բարգաւաճման համար տակաւին ատեն ունեցած չըլլայ։ Նաեւ՝ տարտղնած միտք մը չէ, այլ՝ ինքնամփոփ։ Խորհելու եւ իմաստասիրելու ընդունակութիւնը ցոյց կու տայ, ու եթէ վիպասանութեան մէջ մէկէնիմէկ մեծ դռնէն մտնելու անհամբերութիւնը ունեցած է, պատճառն այն է, որ Երեւակայութիւնը զինքը անհանգիստ ըրած է, զայն գոհացնել ուզած է։ Բուխ, դիւրազգած սիրտ մըն է, ու Տոտէ եւ Լոթի դիւթիչ հմայքով մը զինքը իրենցը ըրած են։ Բայց, իբր արուեստագէտ, իր նուրբ եւ սրբատաշ ոճը Կոնքուռներու աշակերտող մը կը յիշեցնէ։ Պարբերութիւններ կան, զոր հասկնալու համար պէտք է կանգ առնել եւ մտածել։
       Երիտասարդ հեղինակը յետոյ տուաւ վիպակներ ու գրական էջեր, որոնք զինքը մեր գեղարուեստական առաջնակարգ գրողներէն մէկը ըրին, եւ սակայն «Վարժապետին աղջիկը» ոչ միայն նոր երիտասարդներուն համակրալիր գնահատմանը արժանացաւ, այլեւ՝ հին գրողներն ալ գոհացուց։ Մարկոս Աղաբէգեանց՝ պատմագէտ ու ժողովրդական գրականութեան սիրող մը, տեսակ մը արհամարհանքով կը վերաբերուէր դէպի նոր գրականութիւնը. ուստի եւ «Վարժապետին աղջիկն» ալ կարդալ չէր ուզած. բարեկամներու թախանձանքով կը սկսի կարդալ, ու ահա սքանչացած կը յայտարարէ, «թէ Թիւրքիոյ հայերը իրենց Աբովեանը պիտի ունենան»։ Բաղդատութիւնը շատ ճիշդ չէր. հեղինակը իր ներկայացուցած տիպարները իրենց միջավայրին բարբառովը խօսեցնել կուտար, ինչ որ «ժողովուրդի լեզու» կը կոչուի. ասկէ՝ Աբովեանի հետ շփոթութիւն մը։ Ու յետոյ, արեւմտեան բարքերուն մէջ նոր սովորութիւն մը սկսած էր մտնել. թուրքիացի գրող մը գովելու համար զայն Ռուսիոյ հայու մը հետ կը բաղդատէին։ Առաջ, թիւրքիացի հայ գրագէտի մը համար կ՚ըսուէր՝ «մեր Վիկթոր Հիւկո՜ն» է, մեր Լամարթինն է». ետքէն կ՚ըսուէր՝ «մեր Աբովեա՜նն է, մեր Արծրունի՜ն է, մեր Րաֆֆի՜ն է»։
       «Վարժապետին աղջիկը» ստուար հատորէն նկարագրական գեղեցիկ էջերու հաւաքածու մը կարելի է հանել։ Այդ հատորը միշտ հաճոյքով պիտի կարդացուի, իբրեւ մեր նրբին գրականութեան ծագման օրերուն կորիզը։
       ***
       «Արեւելք»ին ու «Մասիս»ին քրոնիկագիրը այդ թերթերուն մէջ հրատարակեց շարք մը վիպակներ, որոնք ընկերական զանազան խնդիրներ կը յուզէին՝ ամուսնական, բանուորական, կրթական եւ այլն։ Այդ նորավէպերը ընդհանրապէս թոյլ ոճով գրուած են, գրեթէ ամենուն ալ սկզբնաւորութիւնները ըստ բաւականին խնամեալ կ՚երեւին, բայց աճապարանքին խթանը շուտով կը տեսնուի։ Ասոնք իբր գրական գործ թէեւ շատ պակասաւոր են, սակայն իրենց յարձակողական առաջադրութեամբը աղմուկ հարուցին, իրենց կարգին իրենք ալ ծանր յարձակում կրելով։
       ***
       Վիպագրութիւնը, տիկին Տիւսաբէն զատ, 1884—1890ի շրջանին համար այս չորս անունները կը յիշատակէ միայն, իբր հանրութեան ուշադրութիւնը իրենց վրայ կեդրոնացնողներ։
       Հիմակ, այդ ժամանակուան վէպերը կամ վիպակները քննած ատեննիս, անոնց ոճն ու գեղարուեստն խստապահանջութեամբ նկատողութեան կ՚առնենք. բայց տասնըհինգ քսան տարի առաջ, երբ վէպը կռուազան էր, քննադատները աւելի անոր գաղափարներով, բարոյականութեամբը կամ անբարոյականութեամբը կը զբաղէին քան թէ գրականութեամբը։ Ժողովուրդն ալ, որ արուեստագէտ մը չէ, իր ուշադրութիւնը նիւթին կը նուիրէր։ Հազիւ թէ Եղիա Տէմիրճիպաշեան մը, իբր քննադատ, գրուածքի մը մէջ արուեստին կատարելագործութիւնը կամ տկարութիւնը մատնանիշ կ՚ընէր, երբեմն երբեմն։ Գրականութեան մէջ արուեստի նախանձախնդիր երիտասարդները հազիւ թէ պատրաստուիլ կը սկսէին։ Դեռ քանի մը տարի սպասելու է մինչեւ որ «նորագոյններէն» Արշակ Չօպանեան էսթէթիքը հայ քննադատութեան համար նոր փորձաքար մը համարի։ Բայց այդ 1884—1890էն ամէն գաղափար, որ էսթէթիք գրականութեամբ յայտնուած է, անիկա ժամանակին դիմագրաւած է ու պիտի դիմագրաւէ։
       Նաեւ դիտելի է, որ վիպասանները, ընդհանրապէս, տկար արարածներու համար հակում ունին, եւ վէպերը մեծ մասամբ դժբախտութիւններով կը վերջանան, ընթերցողը տրտմութեան մէջ թաղելով։ Այս դիտողութիւնը ըրած են կովկասցի քննադատներն ալ, այն հազուադէպ պարագաներուն մէջ, երբ Արեւմտեան հայ գրականութեան վրայ խօսելու առիթը ունեցեր են։ Մենք, նոր գրագէտներուն գրչին ներքեւ կեանքի այս յոռետեսութիւնը պարզ մեկնութեամբ մը կը բացատրենք։ Անոնց վիպասանութիւնը քանդումի եւ վերաշինութեան նպատակ մը առաջադրած է. եւ որպէս զի այդ նպատակին հասնին, հարկ է որ սրտերը յուզեն եւ անոր խռովութիւնովը իշխեն մտքերու վրայ։ Եթէ իրականութիւնը հրճուանքի տեսարաններ պարզէր միայն, արդարը՝ յաղթական, անիրաւը կործանած, բարին՝ բարձրագլուխ, չարը՝ գետնամած, ո՛չ հարստահարող, ո՛չ հարստահարեալ, այն ատեն ոչ ոք պիտի ըմբոստանար սրտէն ու մտքէն, ու անբնական երեւոյթ մը պիտի թուէր յոռետես գրականութիւնը, որ կը յուզէ, կը գրգռէ, կը զայրացնէ։
       Սակայն որքան աւելի կը մօտենանք դէպի 1890, գրականութիւնն ալ իր ամբողջութեանը մէջ եւ յատկապէս վիպասանութեամբը, հետզհետէ կը խրոխտանայ եւ լաւատես կը դառնայ։ Կռիւներու նախընթաց օրերը, ժողովուրդը պէտք է, որ ինքն իր մէջ վստահութիւն զգայ։ «Տէրտէրին ուխտը» արդէն սրտապնդող՝ այսինքն լաւատես վիպակն է։ Լքուած, գետին ինկած հրացանը նորէն վեր կը վերցուի, նորէն ձեռք կ՚առնուի։
       ***
       Թատրերգութիւնը նոր գրականութեան մէջ ո՛եւէ բաժին մը չունի։ Թատրոնները փակուած են. երբեմն երբեմն եւրոպական լեզուէ դաշոյնի եւ թոյնի տրամ մը թարգմանուելով, կը ներկայացուի ի նպաստ բարեգործական հաստատութեան մը, բայց ազգային միտքը բան մը չի ծնիր։
       Պատմագրութիւնն ալ փառաւոր մասնակցութեամբ մը չի ներկայանար. կառավարական խստութիւնները արգելք են անկախօրէն ոեւէ լուրջ ուսումնասիրութեան։ Գարագաշեան իր քննական հայոց պատմութեան երկրորդ հատորը կը հարկադրուի Թիֆլիս տպագրել տալ։
       Սակայն կարեւոր եւ յիշատակութեան շատ արժանի գործ մըն է Ազգային հիւանդանոցին կէս դարու երկհատոր Պատմութիւնը, զոր Բիւզանդ Քէչեան գրեց։ Ս. Փրկչին հաստատութիւնը, Ղազէզ ամիրային օրով հիմնուած, անխափան կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը, ժամանակին հետ բարեփոխուելով։ Քէչեան, հիւանդանոցին հոգաբարձութեան յանձնարարութեամբը եւ ընձեռած դիւրութիւններովը, ամբողջակի պատմութիւն մը գրեց մանրակրկիտ քննութեամբ եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեամբ։ Այդ գործը պատմական նիւթերու բազմահարուստ հաւաքածու մըն է, կանոնաւոր դասակարգութեամբ, դիւրահասկնալի լեզուով գրուած։ Սակայն զարգացած մտքով ընթերցող մը, որ մեծ պատմագրութեան ընտելացած է, Քէչեանին երկասիրութիւնը աւարտելէ յետոյ կը զգայ թէ իր կարդացածը տեղեկութիւններու ընդարձակ օրագրութիւն մըն է, բայց ո՛չ այն պատմութիւնը, որ մտածել կու տայ եւ կը յուզէ։ Հեղինակը ո՛չ իմաստասիրող է, ո՛չ բանաստեղծ։
       Ազգային հիւանդանոցին պատմութիւնը Պոլսոյ հայոց ազգային կեանքին ամբողջութեանը էական մասն է։ Ամիրա, էֆէնտի, խմբագիր, վաճառական, էրիկ մարդ ու կին հետզհետէ այդ հաստատութեան վարիչները եղած են։ Անոր որբանոցին մէջ մեծցած ու կրթուած են շատ մը հայեր, մասնաւորապէս հայաստանցիներ, որոնց մէկ մասը ազգային կեանքին մէջ կարեւոր դիրքեր գրաւած են։ Քեչեանին գրքին մէջ ո՜րքան անուններ կը բախին ականջիդ, կ՚ըղձայիր ճանչնալ անոնց դէմքերը, շօշափել հոգիները, աչքերուդ առջեւ տեսնել սրտերը։ Հայաստանէն եկած կամ Պոլսէն եղող հայեր, Եւրոպայ կրթուածներ, այլազան գործ ու պաշտօն ունեցողներ, հաւաքուեր են այդ շէնքին շուրջը քանի մը սերունդով։ Հոն հայը յառաջդիմական երեւցեր է ու նախապաշարեալ, յանդուգն ու վախկոտ, կռուող ու ստորնացող, բարի ու չար, դրական ու վերացական։ Հո՛ն է ցեղը իր առաքինութիւններովը, իր տկարութիւններովը, եւ սակայն բան մը չես տեսներ. պատմաբանը քեզի բան մը չ՚իմացներ, եթէ դուն արդէն տեղեակ չես։ Ու արցունք մը չկայ։ Պատմաբանը քաղաքական խմբագիր կը մնայ։
       Կենսագրական գրականութիւնն ալ կրնանք պատմականին մէկ ճիւղը համարել։ Այս սեռը եթէ ոչ առատօրէն, բայց բաւական յաջողութեամբ ու նորութեամբ մշակուեցաւ, ընդհանրապէս քրոնիկին հետ խառնուած։ Աւելի կամ նուազ ծանօթ մէկը երբ պաշտօնի կը կոչուէր, նոր գործով մը իր վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէր, կամ մանաւանդ երբ մէկը կը մեռնէր, քրոնիկն ալ կը սկսէր անոր անցեալը պրպտել. քննութիւններ կատարել, ապրած ժամանակը ուսումնասիրել ու հակիրճ եւ ամփոփ ուրուագծերով հանրութեան առջեւ դնել ամբողջ կեանք մը։ Կենսագրական քրոնիկն ալ իր ժպտուն, սգաւոր, հեգնող, զգայնիկ, բանաստեղծ եւ իմաստասէր խառնուածքովը, նոր գրականութեան մէկ առանձնայատկութիւնը կը համարուի։ Հրանդ գրեց ջղուտ ոճով, բայց ո՛չ «Պանդուխտի կեանքին» պէս զգացեալ. Տէմիրճիպաշեան սքանչելի էջեր ունի, Պէրպէրեան՝ հորդահոս վարդապետական մը, Հրանդ Ասատուր՝ դասական, եւ Օտեանի նուիրած կենսագրական—քրոնիկին մէջ վսեմ ու զգայնիկ. Բաշալեանին շատ մը էջերը կրնան աղուոր քրոնիկներ համարուիլ. «Արեւելք» ու «Մասիս» իրենց յատուկ քրոնիկագիրը ունեցան իսկ Մամուրեան թէեւ նոր չէր, բայց գերազանց տաղանդ երեւցուց մերթ ընդ մերթ։
       Երգիծաբանութիւնն ալ քրոնիկին ու վէպին մէջ խառնուեցաւ, իրեն սեփական կռուանը ունենալով հանդերձ։ Պաշտօնական երգիծաբանը Պարոնեանն էր, որ թէեւ երիտասարդ, բայց «հիներէն» կը սեպուէր, վաղուց գրող մը ըլլալուն։ Երգիծաբանութիւնը նոր թուականի մը մէջ՝ այլեւս իր գրչին տակ զէնք մը չեղաւ։ Նպատակի մը նկրտող, գաղափարի մը ծառայող, սիրոյ եւ ատելութեան կրքերով բորբոքուած գրագէտը չէր, կամ՝ չէր մնացած։ «Մեղու»ին եւ «Թատրոն»ին ազգային—քաղաքական խմբագիրը՝ «Լոյս»ին ու «Խիկար»ին մէջ շա՛տ սրամիտ, բայց անմեղ կատակաբան մըն էր։ Ամենքը զինքը կը սիրէին, ուստի եւ վախցնող, ահաբեկող ոյժ մը չէր կրնար համարուիլ։
       Պոլիս ունեցանք նաեւ «Հնչակ»ը խմբագրութեամբ Տիրան Փափազեանի։ Զուարճացնող, խնդացնող զաւեշտաթերթ մը։
       Ազգային—քաղաքական երգիծաբանականը մթագնած էր։ Ատենօք զանազան թերթեր գրական այդ սեռը սքանչելապէս մշակած էին։ Այսպէս՝ Սվաճեանին ու Պարոնեանին «Մեղու»ները, Պարոնեանին՝ «Թատրոն»ը, Այվազեանին՝ «Մամուլ»ը, Հաճեանին՝ «Միմոս»ը. սակայն 1876էն յետոյ թուրք կառավարութիւնը երգիծաբանութեան վրայ հաշտ աչքով չնայեցաւ. զայն հետզհետէ տկարացուց, մինչեւ որ ո՛եւէ լեզուով երգիծաբանական թերթի հրատարակութիւնը արգիլուեցաւ։ «Խիկար», «Հնչակ» զոհուածներուն մէջ էին։ Կառավարութիւնը օրագիրներուն ալ չթոյլատրեց հեգնական յօդուածներու սպրդումը։ Սակայն հայ ժողովուրդը առանց երգիծականի չէր կրնար մնալ, վասն զի իր ազգային եռուն զեռուն կեանքը կը շարունակէր, մինչ թուրքերը այլեւս կը դադրէին հանրային կեանքով մը ապրելէ։ Հայ երգիծաբանութիւնը իրեն համար նոր ապաստանարան մը ստեղծեց, եւ իր հնարամտութեամբը ինքզինքը կառավարութեան աչքէն ծածկեց։ Վիպասանութիւնը հեգնաբան եղաւ. ծաղրեց անձերը, դրութիւնները, հաստատութիւնները։ «Ներսէս»ը, «Մեղայ Տէրը», «Ղալաթիոյ Րէսթը» շատ պիտի տկարանային առանց անոնց մէջ տիրապետող դառնահոգի ու վրիժառու երգիծականին։ Գրագէտները ուր որ կրցին սպրդեցնել, սպրդեցուցին հեգնութիւնը։ Բաշալեան՝ «Թափառիկ» կեղծ անունով՝ գրեց «Վանդակէն դուրս» քրոնիկները, որոնք Ազգային Ժողովին ծաղրանկարները եղան, եւ ծռմռկելով դէմքերը, շարժումները, խօսքերը, յաջողեցան իրենց ներքին էութեանը մէջ ցոյց տալ պատրիարք, եպիսկոպոս, պէյ, էֆէնտի, ժողովական։ «Արեւելք»ի ու «Մասիս»ի երգիծաբանական քրոնիկներն ալ շատ աղմուկ յարուցին, շատ թշնամութիւններ առաջ բերին։
       Կառավարական արգելքներուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ նաեւ նոր երգիծականը, որուն գլխաւոր յատկանիշն է յայտնի չընել, թէ երգիծական է։ Օրուան դէպքերուն առթիւ պարզ պատմութիւն մը կը հրատարակուի, որ անմեղ սուտ մըն է։ Ընթերցողները զայն կը սկսին կարդալ ու իբր ճշմարտութիւն մը «կլլել». բայց ինչ ինչ ակնարկութիւններ կասկած կ՚արթնցնեն, կարդացողը կը շփոթի, սուտը իրաւը իրարմէ չի կրնար որոշել. յօդուածը կամ «պատմուածքը» խօսակցութեանց, մեկնութեանց տեղի կու տայ, ու վերջապէս ամէն ինչ կը հասկցուի։ Թիւրքիոյ հայերը կամաց կամաց այս «նենգամտութեան» վարժուեցան ու անկէ ախորժեցան։ Գրաքննութիւնը կարող չեղաւ «պլակ»ը արգիլել, վասնզի անոնք իբր իրական դէպքեր կը պատմուէին, որոնք գուցէ սխալ ըլլային, բայց օրագիր մը միշտ անսխալ տեղեկութիւններ չէ, որ կը հաղորդէ։ «Խմբագրութիւն մը, կը յայտարարէին թերթերը իրենց գրաքննիչին, իր սխալ լուրերուն համար ո՛եւէ պատասխանատուութեան ներքեւ չէ, եթէ անոնք կառավարական նկատումներու չեն հակառակիր, ու ոչ ոքի ալ չեն վնասեր»։ «Արեւելք» ու «Մասիս» շատ զգուշաւոր եղան, որպէս զի չըլլայ թէ երգիծականի համար հիմնական ու անյաղթելի արգելքներու հանդիպին։ Շատ չանցած երեւան պիտի գար մեր արդի էն նշանաւոր հեգնաբանը՝ Երուանդ Օտեան, որ այդ միջոցին դեռ պատանեակ, գրչի առաջին փորձեր կ՚ընէր։
       Բանաստեղծութիւնը փառքի տիտղոսներով չի յիշատակուիր։ Ազգային երգը, որ սրտերու թռիչ տուած էր ու երեւակայութիւնները բորբոքած, առանց նշանաւոր գործ մը արտադրելու, նոր գրականութեան մէջ անշուշտ ուրիշ սեռերու համահաւասար պիտի զարգանար, եթէ տարապայման խստութիւններ չծանրանային իր վրայ։ «Մասիս» 1887ին, երբ դեռ հայ օրագրութեանը վրայ նախարգել գրաքննութիւն չէր հաստատուած, կ՚ողբար երգին մահը. «Խե՜ղճ երգեր. կ՚աղաղակէր, այժմ հալածական ու վտարանդի, ո՞վ պիտի պատմէ այն ամէն ներշնչումները. զոր դուք ազդած էք հայ ժողովուրդին, ո՞վ պիտի պրպտէ հայրենեաց ամէն անկիւնները, ինչպէս դուք կը հսկէք հայութեան պահպանումին»։
       Հայրենասիրական բանասեղծութիւնը թեւակտուր կը մնար. եւ ժողովուրդը անոր կարօտը կը քաշէր. սիրայիններն ու հովուերգականները իր սիրտը չէին կրնար յագեցնել։ Ազգային երգին տեղ գոնէ ժողովրդական երգը բռնել տալու փորձը եղաւ։ Հայաստանի ժողովրդական բանաստեղծութիւնները հետզհետէ «Մասիս»ի մէջ հրատարակուեցան ու այս սեռին մօտեցող նոր տաղեր ալ հետեւողականութեամբ կամ ստեղծմամբ գրուեցան։ Միհրան Յովհաննէսեան 1888ին հրատարակեց «Ռամկին սփոփանքը», որոնք պարզ ու ժողովրդական լեզուաւ Հայաստանի զանազան նահանգներու տեղական բարբառներով խառն ոտանաւորներ էին եւ հաճութեամբ կարդացուեցան։ Այդ «նորութեան» վրան ալ գաղափար մը տալու համար առաջ կը բերենք Եղիա Տէմիրճիպաշեանին գրադատականէն քանի մը տող։ Այս արտագրութիւննիս միանգամայն առիթ մըն է նաեւ գործնական գաղափար մը տալու Տէմիրճիպաշեանին «պերճ գրական» ոճին վրայ, որմէ հիմնովին կը տարբերէր նորերուն գրելու եղանակը։
       «Միհրան Յովհաննէսեան, կը գրէ Տէմիրճիպաշեան, կ՚երեւի 1888ին, նոր հայ գրականութիւնն նոր հոսանքէ մը կը մղուի, վերջնադարեան։ Ի՜նչ կ՚ըսեմ, դարավերջեան հոսանքն այն հորդահոս, որ կը սպառնայ պեղել ու պողել դասականութեան ալ, վիպականութեան ալ աւազանն, ու գորշ կմախն այլանդակ փոխանցել բարեձեւ վարդագոյն մարմնեկին, կամ տափակ տրմուղ տրտմատեսիլ իրականութիւնն ի գահ բարձրացնել փոխանակ Երեւակայութեան, որ իր անսահման լուսափետուր թեւոց մէջ կը պարփակէ երկիր եւ երկին, արտն ու անդն, եւ մանաւանդ Անդրագոյնն»։
       Մկրտիչ Աճէմեան, երկար ատենէ ի վեր գրող բանաստեղծ մը, շարունակեց իր սրտի երգերը, որոնք «Լոյս եւ Ստուեր» անուն հատորով մը հրատարակուեցան։
       Սակայն բանաստեղծութիւնն ալ իր բոլոր կաշկանդումներուն մէջ ճիգ մը ըրաւ նորութիւն մը առաջ բերելու, եւ ունեցանք Աղեքսանդր Փանոսեանը։ Այս երիտասարդ գրողը ո՛չ սրտի քնարերգակն է, ոչ ալ հայրենասիրութեան երգիչը, այլ պարզապէս տաղաչափ երգիծաբան է։ Արուեստի գաղտնիք մը ունի, որուն շնորհիւ իր ճիւղին մէջ եզական գրող մըն է։ Երկու նոյնայանգ բառեր իրարու զարնել տալով՝ անոնց բաղխումէն դիմագիծ մը, շարժում մը, պատկեր մը, նկարագիր մը, գաղափար մը դուրս կը ցատկեցնէ։ Կը զարմացնէ, կը գրաւէ, կը հրճուեցնէ։ Աչքէդ արցունք մը կը բերէ, բայց միշտ ծիծաղի արցունք մը։ Իր յանգերը, որ հասարակ ու սովորական չեն, անլուր ու խրթին բառերու հանդիպումներէ չեն ծնիր։ Ոճին ու լեզուին պէս յանգերն ալ այնքան նոր են, որքան բնական։
       Այս շրջանին մէջ հայրենագիտութիւնն ալ բաւական մշակուեցաւ, մասնաւորապէս Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցին աշխատասիրութիւններովը, որոնք քիչ շատ փոփոխութեամբ հրատարակուելու բախտաւորութիւնը ունեցան, երբ դեռ կանխարգել գրաքննութիւնը տարապայման խստութեամբ ճղակտոր չէր ըներ հայերէն գիրքը։ Սրուանձտեանցին մէկ հրատարակութեանը՝ «Համով հոտովին» առթիւ, Գրիգոր Օտեան հեղինակին նամակ մը գրելով կ՚ըսէր. «Ձեր ոճին մէջ՝ հայոց կռապաշտական դարերուն մոգութիւնն ու դիւթութիւնը կա. ձեր զգացումներն ու մտածութիւնները՝ քրիստոնէական դարերուն սրբութիւնն ու կուսութիւնը ունին… դուք ոչ իբրեւ բնագէտ ու բնալոյծ կը պտտիք ու կը դատէք ծառն ու քարը, հողն ու ջուրը. դուք հոգի կը տեսնէք ամէն բանի մէջ, եւ եթէ բան մը հոգի չունի՝ դուք հոգի կուտաք անոր»։ Այս գնահատումը ճիշդ է։ Սրուանձտեանցին գրքերը մեր բանաստեղծական հրատարակութեանց շարքը կարելի է դասել։
       Հայաստանցի ուրիշ գրող մը՝ Տուտուխեան՝ երկրին տնտեսական, ընկերական, մտաւորական կեանքը բազմակողմանի քննութեամբ ուսումնասիրեց «Հայաստանի կեանքէն» իր յօդուածներովը, որոնք «Արեւելք»ի մէջ հրատարակուեցան։ Այդ բաղեշցի երիտասարդը լաւ գերմաներէն գիտէր ու զարգացած էր։ Իր բոլոր տեսութիւնները կարգաւոր, կանոնաւոր, դրական մտքով կը պատրաստէր։ Դժբախտութիւն է, որ այդ գեղեցիկ, պարզ, յստակ, ոճով գրուած շահեկան յօդուածները մոռցուած կը մնան հին թերթերու մէջ։
       Հայաստանէն ուրիշ երիտասարդներ ալ սկսան գրել։ Ղազարոս Նահապետեան «Բնութեան սոխակները» հրատարակեց։ Այդ գրուածքին արժանիքը ինչ որ ալ ըլլար, բայց Հայաստանի կեանքէն պատկերներ կը ներկայացնէր, ահա ինչ որ պէտք էր մեզի։ Տարօնցի Գեղամ իր համբաւաւոր տեղագրութիւնները սկսաւ։ Յարութիւնեան՝ որ տարիներ ետքը հոյակապ գրող մը պիտի ըլլար եւ զուտ հայաստանցի գրագէտ մը, իր նախափորձերը տուաւ։ Այս անունները պիտի լսենք յաջորդ շրջանին, որ 1891էն կը սկսի եւ կը շարունակուի մինչեւ հիմակ։ Հայաստանցի գրողները մասամբ պիտի դարմանէին այն դժբախտութիւնը, զոր վերեւ յիշեցինք, այն է՝ օտար հողի վրայ ազգային գրականութեան օտար սննդառութեամբ աճումն ու զարգացումը։
       ***
       Թիւրքիոյ հայոց մամուլը 1884—1890ին միայն «Արեւելք»ի ու «Մասիս»ի մէջ չէր պարփակուէր. ուրիշ թերթեր ու պարբերականներ ալ կը հրատարակուէին։ Թերթերուն մէկ մասը, եւ բազմաթիւը՝ հայատառ թուրքեվարներն էին, երեք հատ, որոնց մէջ հայերէն յօդուածներ ալ կը հրատարակուէին, բայց առանց դրական ուղղութեան մը հետեւելու, առանց մասնաւոր նշանակութիւն մը ունենալու կամ նորութիւն մը ցուցադրելու։ Իբրեւ պարբերական՝ «Արեւելեան Մամուլ»ը, «Երկրագունտ»ը «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում»ը ունեցանք։ Առաջինը Իզմիր կը տպագրուէր, անխնամ խմբագրութեամբ. վիճաբանութեանց, անձնական կռիւներու հաւաքածու մըն էր. գրական ուղղութեան վարիչ մը չէր։ Ամէն անոնք, որ Թիւրքիոյ հայոց վերջին քսան տարիներու մտաւորական շարժումին վրայ կը խօսին, «Արեւելեան Մամուլին», դիմում չեն ըներ։
       «Երկրագունտ»ը՝ հրատարակութիւն Ասիական Ընկերութեան՝ ամսաթերթ մըն էր, որուն առաջին թիւերը վաթսունական թուականին Մանչեսթէր երեւցած էին Շահնազարեան վարդապետէն. յետոյ դէպի 1870 Պոլիս Շահնազարեան վարժարանին աշակերտներուն խմբագրութեամբը շարունակուեցաւ։ Իսկ 1883ին Խասգեղ թաղին Ասիական Ընկերութեան անցաւ։ Տարի մը Պարոնեան եղաւ անոր խմբագիրը, բայց ուշագրաւ բան մը երեւան չհանեց. 1884ին Տէմիրճիպաշեան Պարոնեանին յաջորդեց. ամսաթերթը աւելի գրականացաւ, բայց լոկ խմբագրին յօդուածներովը։ Հաւաքածոյին մէջ մէկ քանի շահեկան նիւթերու կարելի է հանդիպել, սակայն թուականի մը բացումը ազդարարող լոյս մը չ՚ընդնշմարուիր անոր մէջ։
       «Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժումն» ալ ամսաթերթ մըն էր Տէմիրճիպաշեանին խմբագրութեամբը, եւ անոր գրութիւններովը լեցուած։ Բայց այդ գրագէտը հրապարակն այնքան ողողած էր, որ իրմէն յատկապէս թերթ մը նորութիւն մը չէր եւ կարեւորութիւն չէր կրնար ստանալ։ Իրաւ է, որ «Շարժումը» աղուոր հատուածներ կը պարունակէ, բայց հանդէսի մը մէջ, որ նոր թուականի մը կը հրատարակուի, մեր փնտռածը քանի մը աւելի կամ նուազ գեղեցիկ յօդուածներ չեն, այլ՝ ոգի մը, գաղափար մը, ուղղութիւն մը, ըլլա՛յ պահպանողական, ըլլա՛յ յառաջադիմական։ Ու Տէմիրճիպաշեան ո՛չ մէկն էր, ո՛չ միւսը։ Ու յետոյ, երբեք կարելի չէր, որ այդ հասունցած երիտասարդին ազդեցութիւնը տարածուէր նորերուն վրայ, որոնք գրական, իմաստասիրական, ազգային—քաղաքական հաւատքով լեցուած էին։ «Ո՜հ, կ՚աղաղակէր, մի՛ խօսքերս ի համար առնուք, մի՛ կարդաք զիս։ Մտացս ոսկրազօդք կը քայքայուին, յիմարութեան սահմանաց վրայ կը գտնուիմ… Եւ միթէ չե՞մ մանրանկարն իննեւտասներորդ դարու մարդկութեան…»։ Պէտք չունէր յանձնարարելու, որ իր խօսքերը նկատողութեան չառնեն։ Երբ ասիացի խեղճուկ հայ մը ինքզինքը տասնեւիններորդ դարու մարդկութեան իբր մէկ մանրանկարը կը ներկայացնէ, ալ ո՛չ ոք իրեն կարեւորութիւն կու տայ, վասն զի ինքն իր վրայ կը խնդացնէ։
       «Երկրագունտ»ն ու «Շարժում»ը յատուկ արտօնագրով հրատարակուող թերթեր չէին, այլ իբր տետրակ հրապարակ կ՚ելլէին, հանրային կրթութեան պաշտօնատան գրաքննութեամբը։ Օրին մէկն ալ կառավարութիւնը ո՛եւէ լեզուով այդ տեսակ տետրակներու տպագրութիւնը արգիլեց, ու վերոյիշեալ երկու ամսաթերթերն ալ դադրեցան։ Կը վերադառնանք ուրեմն «Արեւելք»ի եւ «Մասիս»ի։
       ***
       Ռուսահայոց մտաւորականութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու ձգտումը յիշեցինք, բայց մեր տեղեկութիւնները առկախ թողուցինք. շարունակենք։
       Արեւմտեան գրականութեան նոր վարիչները մտածեցին, թէ լուրջ բան մը ըրած պիտի չըլլան, եթէ Արեւելեան հայոց քանի մը անունները, քանի մը նմոյշները երբեմն երբեմն Թիւրքիոյ հայոց ծանօթացնեն, աւելի՛ բազմակողմանի ծրագրով մը աշխատիլ կ՚ուզէին, որպէս զի Թիւրքիոյ հայերը հիմնական տեղեկութիւններ ստանալով, կարողանային Ռուսիոյ հայոց մտաւորական ու բարոյական կեանքին գիտակցօրէն հետամտիլ։ Եւ բաւական չէին համարեր ռուսահայերը ճանչցնել միայն։ Ո՞չ ապաքէն անոնք ռուսական գրականութեան, ռուսական մտքին, ռուսական բարքերուն ազդեցութիւնը կը կրէին։ Թիւրքիոյ հայերը, որպէս զի Ռուսիոյ հայերը կարենան ուսումնասիրել, պէտք էր, որ նոյնիսկ ռուսներուն վրայ որոշ գաղափար մը կազմէին։ «Արեւելք» ու «Մասիս» իրենց այս մտածութիւնները, 1884էն սկսեալ, աստիճանաբար գործադրեցին։ Ետքէն, երբ մտքերը ա՛լ բաւական ընտելացած էին Արեւելեան հայոց կեանքին, այդ գործադրութեան դրուած ծրագիրն ալ «Մասիս»ի մէջ հրատարակուեցաւ ամփոփ համառօտութեամբ, որպէս զի գործին ամբողջութիւնը ընթերցողներուն հստակօրէն ըմբռնել տայ։ Ահաւասիկ այդ յայտարարութիւնը.
       «Մասիս»ի ծրագրին մէջ է գծագրել Արարատ—Կովկասեան կեանքի ամբողջ պատկերն։ Առ այդ անհրաժեշտ է մէկ կողմէն ուսումնասիրել ռուսական ոգին, ռուսական գրականութիւնը, օրէնքները եւ կառավարական ուղղութիւնը, որպէս զի կարելի ըլլայ գիտնալ, թէ ի՛նչ ազդեցութեան ներքեւ կը զարգանան Արարատ—Կովկասեան հայերը։ Միւս կողմէն պէտք է գիտնալ այդ հայերուն մօտաւոր անցեալը, յիշատակները ու աւանդութիւնները, ճանչնալ անոնց գրականութիւնը, հմտանալ այն ամէն ընկերական խնդիրներուն, որոնց հոգածութիւնը ունին։
       «Մասիս»ի խմբագիրները սկսած են կատարել այս աշխատութիւնները։ Արդէն հրատարակուեցաւ Արարատ—Կովկասեան գրականութեան մասին առաջին յօդուած մը. սկսան հրատարակուիլ ժողովրդական յիշատակներ եւ պիտի շարունակուին։ Այսօր ալ կը սկսուի նոր շարք մը յօդուածներու՝ ռուսական կեանքի եւ գրականութեան վրայ»։
       Յօդուածներու այդ շարքը կը գրէր Լեւոն Բաշալեան, ամփոփելով Վոկիւէի «Ռուսական վէպը», որ այդ միջոցին նոր հրատարակուած էր ու մեծ համբաւ կը վայելէր, նոյնիսկ ֆրանսացիներուն իբր նորութիւն մը ճանչցնելով ռուսական ոգին ու գրականութիւնը։ Ասկէ զատ, նաեւ ռուսագէտ երիտասարդ մըն ալ՝ Գէորգեան Ճեմարանին աշակերտ՝ իբր մշտական աշխատակից մը, «Արեւելք»ի ու «Մասիս»ի մէջ ռուս թերթերէ, հանդէսներէ, գրքերէ թարգմանութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կը հրատարակէր։ Ուրիշներ ալ ֆրանսերէնին օգնութեամբը Տուրկենեւը, Տոսթոյեւսքին, Պուշկինը, Լերմոնտովը կը ծանօթացնէին։ Խմբագիրները ուսումնասիրութիւններ կը կատարէին եկեղեցական օրինական խնդիրներու վրայ ու ժողովուրդը կը լուսաբանէին հարցերու շուրջ, որոնց մասին երկար ատենէ ի վեր շարունակ խօսուած էր, առանց անոնց էութիւնը գիտնալու։ Շատ թղթակցութիւններ կ՚ընդունուէին Բեթրպուրկէն, Մոսկուայէն, Թիֆլիսէն։
       Ռուսահայոց անցեալ ու ժամանակակից կեանքը իր բազմազան երեւոյթներուն մէջ կ՚ուսումնասիրուի։ Չկայ ռուսահայոց մէջ կարեւոր խնդիր մը, որ ընդարձակօրէն չքննուի նոյն իսկ թրքահայ գրողներէն ու յաճախ Արեւմտեան հայերը իրենք իրենց մէջ վէճի կը բռնուին ռուսահայոց այնպիսի գործերու մասին, որոնք անդին կարեւորութիւն չեն ստացած։ Հրատարակուելու կոչուած «Աշխատանք» թերթի մը խմբագրին հիւանդութիւնը, այս առթիւ հիւանդանոցէն յայտարարութիւնները, Թիֆլիսէն Պոլիս «Արեւելք»ի մէջ Ծերենցի հետ բուռն վիճաբանութիւններու տեղի կու տայ։ Զօրավարներ, եկեղեցականներ, գործիչներ հետզհետէ կը ծանօթացուին։ Րաֆֆիի վերաբերմամբ շահագրգռական տեղեկութիւնները կը հաղորդուին, Սունդուկեանցը կը ծանօթացուի, Չմշկեանը կը նկարագրուի, Լէօ՝ դեռ նոր մը՝ եւ արդէն իր ապագան կը գուշակուի եւ իր վրայ ընդարձակօրէն կը խօսուի։
       Ռուսահայ գրագէտներուն գրքերուն, յօդուածներուն վրայ գաղափարներ կը տրուին, արտատպումներով հանդերձ։ «Մասիս» կը հրատարակէ Գամառ Քաթիպայի անտիպ բանաստեղծութիւնները։ Գրիգոր Նիկողոսեան կ՚աշխատակցի երկու թերթերուն։ Վրթանէս Փափազեան իր «Գնանք ընթրել» վէպը «Մասիս»ին կու տայ։ Լեռենց «Մասիսի» մէջ երեւան կու գայ, եւ անոր խմբագիրներուն սիրտը կը գրաւէ։ Ու դեռ 1890ի ժամը չզարկած, 1885 դեկտեմբերին Լեռենց «Մասիս»ի մէջ կը զարնէ.
       Զա՛րկ… արդարութեան գոչիւնը խլացուր,
Անմեղներու ողբն ձայնովդ մեռցուր,
Կըռի՜ր երկաթը, է՜հ, ամո՛ւր կռիր,
Սոսկ գլխիդ համար կացին պատրաստի՛ր։
       Ապագային գաղափարակցութիւնը արդէն կը սկսի գրականութեամբ։ Իսկ Գրիգոր Արծրունի Զուիցերիայէն ուղղակի «Արեւելք»ին ու «Մասիս»ին կը գրէ։
       ***
       Կը մտնենք 1890 թուականը. արդէն երկու տարիէ ի վեր «Արեւելք» ու «Մասիս» իրարմէ անջատուած էին, միեւնոյն խմբագրատան մէջ, միեւնոյն վարչութեամբ հրատարակուելով հանդերձ։ Գրական խումբը ամբողջովին «Մասիսի» հետ էր, եւ անոր մէջ կը գրէր։ Իր խմբագիրներէն երեքը իրենց գրական շրջանակէն դուրս ելլելով հանրային գործունեայ կեանքի մըն ալ մասնակցեր էին, թերթն ալ այդ կեանքին ազդարարը ընելով։ Մուսայ պէյին դատաստանէն յետոյ, արդէն ազգային մեծ տագնապ մը կը գուշակուէր. Էրզրումի ջարդը, որ 1890 յունիսին տեղի ունեցաւ, փութացուց պայթումը եւ պատահեցաւ 1890 յուլիս 15ը։ Պոլիս խռովայոյզ կեանքով մը կ՚ապրէր։ Ձերբակալութիւն, բանտարկութիւն, աքսոր, կախաղան ժողովուրդը սարսափի մէջ կը պահէին։ Յուլիս 15էն մինչեւ հոկտեմբերի 15, ճիշդ երեք ամիս, «Մասիս» անվրդով կը շարունակէ իր դերը, յուսադրելով, խրախուսելով, ներշնչելով, գրգռելով ժողովուրդը։ Առանց երկիւղի կը հրատարակէ «Մշեցի բանուորին արցունքը» Յակոբ Պատրիկեան ստորագրութեամբ։ Այդ անունը քանի մը օրէն նշանակութիւն մը պիտի ունենայ։ Հոկտեմբեր 1ին կը ձերբակալուին «Մասիսի» երեք խմբագիրներուն հետ մօտէն յարաբերութիւն ունեցող անձեր. շաբաթաթերթին վերջին թիւը, որ հոկտեմբեր 15 թուականը կը կրէ, հոկտեմբեր 20—ին հրապարակ կ՚ելլէ. խմբագիրներէն մին առջի օրը բանտարկուած է. միւսն ալ երկու օր վերջը կը մեկնի, ու «Մասիս» կը դադրի։ Իր գրական խումբը այլեւս չի գրեր։ «Արեւելք», որ 1890 փետրուարէն ի վեր զուտ պահպանողական եւ ո՛եւէ գաղափարէ զուրկ վարչութեան մը ձեռքով կը հրատարակուէր ու Քէչեանին խմբագրութեամբ, պարզապէս գործի թերթի մը կը վերածուի։
       Ազգային կեանքի նոր շրջանը, որ 1879ին սկսած էր, կը յանգէր 1890 յուլիս 15ին։ Գում—Գաբուի ցոյցը անցեալի մը վերջակէտն էր ու ապագայի մը մեկնակէտը։ Այդ օրը հայը նմանեցաւ թշնամի բանակէ մը պաշարեալ ժողովուրդի մը, որուն պահապան զինուորներէն սակաւաձեռն ջոկատ մը կը մտաբերէ եւ կը փորձէ յանկարծական յարձակումով մը պաշարողները ահաբեկել եւ նահանջի պարտաւորել։ Չի յաջողիր. բաւական կորուստ տալէ յետոյ կը վերադառնայ իր պարիսպներուն մէջ, որպէս զի նոր պատրաստութիւններ տեսնէ. նորէն յարձակի, փրկէ երկիրն ու ժողովուրդը։ Բայց պաշարող թշնամին, որուն աչքերը բացուած են, աւելի արթուն կը հսկէ. պաշարեալներն ալ պարտաւոր են քաջ ըլլալէ առաջ վարպետ ըլլալ. պիտի ջանան իրենց ռազմական յատակագիծները գաղտնի պահել։ Գրականութիւնը, որ ցոյցին օրը ծանրապէս վտանգուած էր ու վնասուած, նորէն ինքզինքը պիտի գտնէ։ Պիտի մտնէ պաշարուած ժողովուրդին մէջ, պիտի անցնի անոր գլուխը։
       Գրական ոյժերը, որ 1890 հոկտեմբերին քայքայուած էին, նորէն իրար պիտի գտնեն, բայց ո՛չ «Արեւելք»ին կամ «Մասիս»ին շուրջը. նոր կեդրոն մը պիտի հաստատուի։
       Այդ շրջանին պատմութիւնը կը պահենք ուրիշ տեսութեան մը. անոր մէջ պիտի յիշատակենք անունները կարգ մը գրողներու, որոնք ուշագրաւ դէմքեր կը հանդիսանան։
       «Բանբեր գրականութիւն եւ արուեստի», Բ գիրք,
1904, Ս. Պետերբուրգ