Գրական յուշքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Արեւմտեան հայոց հիմակուան գրականութեան սկզբնաւորութիւնը 1890էն կարելի է թուագրել. առաջին հանգրուանը դէպի նոր կեանքի մը ժամադրավայրը։
       Այդ գրականութիւնը պարբերական մամուլին մէջ օթեւանեցաւ եւ տակաւին հոն ասպնջականիլ կը շարունակէ, ո՛չ միայն Պոլիս եւ Իզմիր, այլեւ արտասահման ալ։ Եթէ գիրքը, նոյնիսկ խեղճուկրակ հատոր մը, Թուրքիոյ մէջ՝ տպագրական տարապայման խստութեանց երեսէն, ամենամեծ դժուարութեանց կը հանդիպի հրապարակ ելլելու համար, գիրքը՝ հրատարակման եւ տարածման դիւրութիւններ չի վայելեր Եւրոպա, Ամերիկա, Եգիպտոս, ուր հայ գրագէտին գրիչը ո՛եւէ կաշկանդումի հարկադրուած չէ։ Օրուան մտատանջանքները շատ կը դժուարացնեն ծնունդն այնպիսի երկասիրութեանց, որոնք երկարատեւ աշխատութեամբ կը պատրաստուին։ Եւ մինչ պարբերական մամուլը ծովեր ու ցամաքներ կտրելով՝ թեթեւաթռիչ կը վազվռտէ Ամերիկայէն Եգիպտոս, Եգիպտոսէն Ամերիկա, գիրքը հոգատար խնամակալներու կը կարօտի, որպէս զի զինքը մէկ երկրէն ուրիշ երկիր մը փոխադրեն եւ տեղ մը հանգչեցնեն։
       Կ. Պոլիս 1890ին հայեվար մէկ օրաթերթ կանոնաւորապէս եւ լրջօրէն կը հրատարակուէր՝ «Արեւելք»ը եւ մէկ ալ ազգային-գրական երկշաբաթաթերթ մը՝ Մասիսը։ Այս հանդէսը, որ 1889 սեպտեմբերէն սկսեալ, գրագէտներու խումբի մը գրական ու քաղաքական բերանն էր, դադրեցաւ 1890 հոկտեմբեր 15ին, իր գլխաւոր խմբագիրներուն բանտարկութեամբն ու տարագիր ցրուելովը։
       Մասիս ին աներեւութացման դժբախտութեամբը, Թուրքիոյ հայոց մտքին գերագոյն վարիչը Արեւելք ը կը ներկայանար, Բիւզանդ Քէչեանէն ներշնչեալ։ Երիտասարդ եւ հանրածանօթ հրապարակագիրը, թէեւ Արեւելք ին 1884էն ի վեր կ՚աշխատակցէր իբր «գլխաւոր խմբագիր», բայց վարչական մարմնի մը անտանելի հսկողութիւնը իր մտքին վրայ կը ծանրանար միշտ, սակայն 1890 ամի փետրուարին՝ Արեւելքի վարչական մարմնին կրած փոփոխութիւններովը, «գլխաւոր խմբագիրն» ալ հետզհետէ դէպի անկախութիւն կը դիմէր, մինչեւ որ նախ—էջին բացարձակօրէն տիրապետեց. երկրորդ եւ երրորդ երեսները թէեւ իրենց անկախութիւնը պահել կը նկրտէին, բայց Քէչեանի ազդեցութիւնը թերթին ամբողջութեանը մէջ կը սողոսկէր։
       Կ. Պոլսոյ այժմու մեծագոյն օրագրին՝ Բիւզանդիոն ին տէր եւ խմբագիրը, յետ քառորդ դարու մը հրապարակագրութեան, դեռ մինչեւ այսօր ալ ոեւէ որոշ գաղափարի մը դրօշակիրը չի ներկայանար, ո՛չ յառաջդիմական, ո՛չ յետամնաց, ո՛չ պահպանողական, ո՛չ ազատական։ Հրապարակագրին կոչումը փաստաբանական գործի հետ շփոթմամբ, կը կարծէ մերթ այս դատին պաշտպան հանդիսանալ, մերթ այն, առանց ոեւէ անպատեհութեան, ըստ պահանջման օրուան նկատումներուն։ Գեղեցիկ գրականութեան, գեղարուեստի, գաղափարական թռչունի բնազդմամբ՝ հակառակորդ, այդ շատ «գործնական» խմբագիրը յաջողեցաւ ամենակարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ Արեւելքի ճակտին վրայ կոխել տալ «նպարավաճառ թերթ»ի դատակնիքը։
       Մասիս ին դադարմամբը, գրագէտ երիտասարդութիւնը՝ անտուն, անտեղ, անօթեւան, անապաստան կը մնար։ Գրականութիւնը չզիջաւ ասպնջականութիւն խնդրել թերթէ մը, որուն խմբագրապետը հանրային միտքը կը ջանար ստամոքսասէր մղել, հայ ժողովուրդը հեռու պահելու համար գաղափարական թռիչներու փորձանքներէն. ուղեղին ու սրտին տեղ՝ փորն ու որովայնը, ներուի բնապաշտ բացատրութեան։ Եւ հայ ժողովուրդն ալ չէր հանդուրժեր կաշկանդուիլ որովայնասէր մամուլի մը ետեւէն, վասն զի նոր կեանքի մը արեւածագը կը նշողէր։ Ժողովուրդը իր հաւատարծարծ մամուլին վերածննդեանը կ՚ակնկալէր անձկակարօտ։ Կը սպասէր մարդու մը, կը սպասէր թերթի մը։ Մարդն ալ երեւցաւ, թերթն ալ։ Մարդը՝ Յովհաննէս Շահնազարը, թերթը՝ Հայրենիքը։
       ***
       Բանտերուն դուռները այն ինչ կիսով մը բացուեցան 1891 յունուար 5ին, վերածնութեան թերթի մը ստեղծման գաղափարը կայծակեց Յովհաննէս Շահնազարի մտքին մէջ։ Երիտասարդ օրէնսգէտը գտաւ Արեւելք ի հիմնադիրներէն մին, որ դադրած Մասիս ին խմբագրութեանն ալ մասնակցած էր, եւ յետ կարճատեւ խորհրդակցութեան մը՝ որոշեց Հայրենիք ը գնել։ Նոր Հայրենիքը հրատարակուեցաւ 1891 յունիս 13—25ին։
       Յովհաննէս Շահնազար Փարիզէն հինգ տարի առաջ Պոլիս վերադարձած էր, փաստաբանի վկայականով։ Շատ չանցած՝ իրեն կը յանձնուէր բազմագումար դատ մը, զոր օսմանեան կառավարութեան դէմ կը բանար Հիրշ Պառոնը, սեփականատէր եւրոպական Թուրքիոյ երկաթուղիներուն։ Հռչակաւոր եւրոպացիէն երիտասարդ հայ փաստաբանին ցոյց տրուած վստահութիւնը՝ գործի միջավայրերու ուշադրութիւնը անոր վրայ դարձուց, ու մեծկակ դատեր իրեն կը տարուէին։ Եւ ահա յանկարծ Շահնազարը խմբագրական ասպարէզին հետ կը փոխանակէր այն փաստաբանական ասպարէզը, որ այնքան շահաւէտ ապագայով մը ապահովեալ էր։
       Նորեկ խմբագիրը հետը նաեւ հազար ոսկիի դրամագլուխ մը կը տանէր, Հայրենիքին յարատեւ յաջողութեանը իբր երաշխաւորութիւն։ Մինչեւ այդ ժամանակ՝ հայ մը թերթի արտօնատէր կը դառնար առանց ասպարէզ մը զոհելու. ու ո՛չ ոք ալ այնքան անխոհեմ եղած էր իր անձնական կարեւոր մէկ գումարը յատկացնել հայեվար թերթ մը հրատարակելու։
       Թէ՛ գործ, թէ՛ դրամ զոհող այդ եզական—երեւոյթ խմբագիրը միանգամայն անձնաւորութիւն մըն էր, բարձրագոյն ուսումն ստացած։ Թուրքիոյ հայոց օրագրութիւնը առաջին անգամն էր, որ հրատարակիչ մը կ՚ունենար, համալսարանէ շրջանաւարտ։ Հմուտ գրագէտներ հայ մամուլին մէջ խմբագրապետի պաշտօն վարած էին, ինչպէս Տէրոյենց, Մամուրեան եւ ուրիշներ, բայց մասնագէտ—համալսարանական մը՝ ոչ։
       Հրապարակագրի եւ գրագէտի հռչականուն համբաւով սպառազինուած չէր, երբ Շահնազար կու գար օրագրութեան մէջ խիզախել. երբ բարեկամներէն ոմանք միայն կը յիշէին, թէ 1879ին «Հէնց» ու «***» ծածկանունով կրակոտ քանի մը յօդուածներ հրատարակած էր Մշակ ին մէջ։ Սրուանձտեանցին գրած եւ Մանանա յին ներմուծումներուն շարքը զետեղուած խանդավառ նամակ մը ուսանողութեան օրերու յիշատակ մը կ՚արթնցնէր։ Փարիզէն վերադարձին՝ Արեւելք ին պզտիկ պատմուածքներ տուած էր, կամ գնահատումներ, որոնք իրենց կարճառօտութեանը մէջ ցոյց կու տային, թէ երիտասարդ գրագէտը «հասարակ տեղիքներ»է սարսափող մըն է, ու մինչեւ իսկ ըմբոստ մը, որ չի յարգեր «անվիճելի» համարուած «ճշմարտութիւնները»։ Բայց այդ «գրեթէ անծանօթը» շատ պիտի չուշանար ինքզինքը ճանչցնել տալու։ Իր ուժանակ—պայթուցիկ գաղափարները ժողովուրդը կը սարսէին, կը ցնցէին, մինչեւ որ օր մը Հայրենիքն ալ օդը հանեցին։
       Իրաւաբանը նաեւ սիրող մըն էր ընկերաբանական ուսումներու, զորս կը մշակէր, ինչպէս նաեւ քաղաքական տնտեսագիտութեան ալ, որուն ուսուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ Կեդրոնական վարժարանը, եւ հոն հզօրապէս նպաստեց գաղափարանուէր երիտասարդութեան մը փթթումին կամ պայթումին։ Հայրենիք ը Շահնազարի տնօրինութեամբը սքանչելապէս ընկերվարական թերթը եղաւ, անծայրածիր յառաջդիմութեան նուիրուած, որքան որ կը ներէր, կամ որքան որ չէր ներէր, Թուրքիոյ գրաքննութիւնը։ Յանդգնամիտ հրապարակագիրը մեր ընկերային եւ հանրային կեանքը ընկերվարի էլեքտրավառ լոյսէն առաջնորդել ուզեց, ա՛լ բաւական համարելով իւղասուն պլպլուն պատրոյգը, ազգին աչքերը հաւկուրող։
       Անկախ մտքով երիտասարդ գրողները՝ աղուոր գրականութեան սիրատարփներու մտաւորական վերածնունդի գաղափարին նուիրուած, որոնք բացն էին մնացեր, յորմէհետէ կիսամսեակ Մասիս ը ա՛լ չէր հրատարակուեր, այդ գրողները նորէն իրենց հոլարան մը գտան Հայրենիքի մէջ։
       Հայրենիք ին հրատարակուելէն վեց ամիս ետքը, 1892 յունուար 4ին, Մասիսը վերստին հրապարակ ելաւ, երեք շաբաթը անգամ մը հրատարակուող հանդէս, խմբագրութեամբ երիտասարդ երկու փաստաբան գրագէտներու՝ Գրիգոր Զօհրապ եւ Հրանդ Ասատուր։
       Նորագոյն Մասիսը ուզեց պաշտօնաթերթ մը հռչակուիլ աւարտուն արուեստին, ուստի եւ ջանաց խոյս տալ հանրային կեանքի մարտնչումներէ, որոնք իր գեղատենչի հանգստութիւնը պիտի վրդովէին։ Բայց գրական եւ գեղարուեստական թերթ մը չէր կրնար թուականի մը տենդոտ մտքին հետ հոգեկան հաղորդակցութենէ կտրուած մնալ. իր հրատարակած կենսագրականները, գրական տեսութիւնները, պատմական ուսումնասիրութիւնները, բանաստեղծութիւնները, վիպակները ամէնքն ալ տեւական յիշատակ մը թողուցին թէ՛ մտքերու, թէ՛ սրտերու մէջ։
       Հայրենիք եւ Մասիս իրարու չհակառակեցան. գրական հանդէսին խմբագիրները կ՚աշխատակցէին քաղաքական—ազգային օրաթերթին, որուն խմբագիրներն ալ Մասիս ին մէջ կ՚երեւնային։ Այս գրական եղբայրակցութիւնը տեւեց մինչեւ 1893ին սկիզբները, երբ յանկարծ Մասիս ին կողմէն Հայրենիք ին դէմ անիմաստ հրատարակութիւն մը սիրալիր յարաբերութիւնները խզեց։ Բայց երկու թերթերուն անկախ աշխատակիցները իրենց գրական յարաբերութիւնները շարունակեցին ատեն մը եւս, մինչեւ որ 1893 օգոստոսին Մասիս ը օրհասեցաւ։ Տպագրական տեսչութիւնը գրական հանդէսը առժամեայ դադարումի դատապարտած էր, թերթի խմբագրութիւնը այս առիթէն օգտուեցաւ հրապարակէն քաշուելու համար։ Մասիս ը գրասէր հասարակութեան հաճելի թերթ մը թէեւ, բայց իր երկու փաստաբան խմբագիրներուն շատ յոգնութիւն կը պատճառէր։ Սակայն այդ 1892—93—ի հաւաքածոն գրական աղուոր յիշատակարան մը պիտի մնայ, մէջէն ջնջելով անտեղի եւ անիմաստ երկու յօդուած, որոնք թեթեւամտութեան պահու մը Հայրենիքին դէմ արձակուեցան։
       Հայրենիք ին եւ Մասիս ին հետ միաժամանակ հրատարակուող Արեւելք էն զատ, ուրիշ հանդէսներ եւ հայատառ բայց թրքաբարբառ թերթեր ալ կը հրատարակուէին՝ Արեւելեան Մամուլ, Փունջ, Ծաղիկ, Բիւրակն, եւ Մանզումէ, Ճերիտէ, Մեճմուա։ Ասոնց մէջ ալ երբեմն երբեմն գրական էջեր տեսնուած են, բայց իբր դիպուածական բացառութիւն։ Մեր լաւագոյն գրողներուն մեծամասնութիւնը, 1890—էն ասդին, Հայրենիք ին եւ Մասիսին մէջ կրնանք գտնել։