Թուրքիոյ հայոց գրականութիւնը (1880—1900)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Ո՞ւր է սակայն նոր սերունդը ներկայացնող գրականութիւնը։ Պատրաստուելու վրայ է։
       Փոխանցումի թուականին դեռ որոշ չէ գծագրուած ազգին նոր իտէականը։ Հին սերունդը կատարելիք գործ մը ունէր, անոր հետամտեցաւ, զայն ամբողջացուց։ Ազգին կազմակերպութիւն մը տալով զայն ինքնամփոփ մարմին մը ըրաւ։ Գրականութիւնը որոշ ձգտումի մը չէր ծառայեր։ Այդ ատեններն էր, 1870էն սկսեալ, որ նոր գրողներ երեւան եկան։ Ասոնք օժտուած կը թուէին ձիրքերով, որոնք ճշմարիտ գրական մարդը կը յօրինեն։ Եւ սակայն իտէական մը կը պակսէր իրենց։ Իրենց իտէականը անձերնին եղաւ։ Եւ ահա ինքնամոլութեան հիւանդոտ գրականութիւն մը ծայր տալ սկսաւ։ Իւրաքանչիւր գրող ինքն իր փառաբանանքը կը կարդար։ Քիչ մը եւս ու ահա հիւանդութիւնը պիտի համաճարակուէր։ Ունայնամտութիւնը շուտով իրեն կռուան կը պատրաստէ դատարկ ուղեղներու մէջ։ Բայց ժամանակը երկունքի մէջ էր։ Մտքերը հասունացած էին, եւ գրական ձգտումներով գրականութիւն մը ուղղութիւն պիտի տար ազգային մտքին։
       ***
       Արշալոյսը՝ որ հորիզոնը երեւցած էր, հետզհետէ կը խուսափէր։ Ու մարը մտնելու վրայ էր արեւը պատրիարքին, որ զայն աւետած էր։ Կիսաստուերը կ՚երկննար։ Ետեւէն՝ խաւարում։ Երկիւղալից ապագայ մը։
       Ժամանակին գրութիւնները երբ ուշադիր կարդանք, պիտի անդրադառնանք, թէ նոր հրապարակագիրները նմանած են կենդանիներու, որոնք երկրաշարժի ցնցումը կը նախազգան եւ վրդովման նշանները բնազդաբար երեւան կը բերեն։
       Այդ նախազգացման գրականութեան զուգընթաց կը յառաջանայ ընկերական գրականութիւնը, որ նոր կը ծնի։ Օրագրութեան մէջ Վալէսի անունը կ՚արտասանուի։
       Մեզի համար «ընկերային խնդիրներ» բացատրութիւնը ամբողջապէս այն իմաստը չունի, որով կ՚ըմբռնեն զայն եւրոպացիները։ Հայուն ընկերային խնդիրը ազգային շրջանակէն դուրս չ՚ելլեր։ Երկրին վարչական կազմակերպութիւնը նպաստաւոր չէ մամուլին ազդեցութեանը այն ամէն գործերուն մէջ, որոնք կառավարական ձեռնհասութեան կը պատկանին։ Բայց իբր սկզբնաւորութիւն կը բաւէ ազգային շրջանակն ալ։ Մեր բարոյական կեանքին տնօրինութեան ամբողջակի իրաւունքը վայելելով, կարող ենք ներքնապէս մենք մեզ բարեկարգել, սպասելով աւելի լայնատարած մտածութիւններու։ Ու նոյն իսկ կան նիւթական կարգ մը խնդիրներ ալ, որոնց վրայ մամուլը կրնայ հզօրապէս ներգործել։ Հայը հայուն հետ տնտեսական յարաբերութիւններ ունի, եւ ասոնք ալ գրողներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն։ Գրական սեռ մը բարգաւաճիլ պիտի սկսի, ընկերային խնդիրներու մտահոգութեան իբր հետեւանք։ Վիպասանութիւնն է, որ պիտի մշակուի ներքին կեանքի բարեփոխման մասնաւոր ձգտումով։ Տիկին Սրբուհի Տիւսաբի առաջին վէպը ու Բաշալեանի առաջին նորավէպը ընդհանուր կերպով գաղափար մը կրնան տալ, թէ ի՜նչ պիտի ըլլայ հայ վիպասանութիւնը իր սկզբնաւորութեանը ու զարգացմանը զանազան փուլերուն։
       Վէպը թատրոնին բաց թողած տեղը պիտի բռնէ։ Հանգամանքները այլեւս չեն թոյլատրեր հայ թատրերգութեան շարունակութիւնը։ Հազիւ ծիլ արձակած մատաղատունկը կը չորնայ։ Վիպագրութիւնը՝ իր նախափորձերուն իսկ՝ աւելի կատարելագործեալ արուեստով մը կը ներկայանայ, քան թէ թատրերգութիւնը իր առաջին արտադրութեանցը մէջ։ Բաշալեան, Զօհրապ, Կամսարական երբ իրենց վիպակները կը հրատարակեն, բաղդատաբար աւելի ինքնատիպ արուեստագէտներ երեւան կու գան, քան թէ Պէշիկթաշլեան, Դուրեան, Թէրզեան իրենց թատրերգութիւններովը։
       Թատրոնին հետ կը վերջանայ ազգային երգը։ Կը փոխուին նաեւ գրքի հրատարակութեան պայմանները։ Շատ դժուար գործ մը կ՚ըլլայ առանձին հատորով երկասիրութեան մը երեւումը։ Ուստի եւ օրագրութիւնը բացարձակ տէրը կը դառնայ գրական հրապարակին։
       Ու արդէն նոր արիւնախառնութեամբ կազդուրուած է։ Շատ երիտասարդ հրապարակագիր մը, Բիւզանդ Քէչեան, Մասիսի խմբագրութեան մէջ առաջնակարգ դեր մը ստանձնելով, կը յաջողի հայ լրագրութիւնը վերանորոգել։
       Մասիսի սակայն չի բաւեր գոհացում տալ ամբողջ այն երիտասարդութեան, որ քանի մը տարի է հանրային գործունեայ կեանք մը կը վարէ։ Այդ երիտասարդութիւնն ալ իր գրական ոյժը հանրային մաքառումներու պիտի նուիրէ, նման նախորդ սերունդին։ Քիչ շատ տարբեր պայմաններէ շրջապատեալ սակայն։
       Պոլսոյ մամուլին մէջ ընկերային խնդրին կը ժամանակակցի «հարուստ» կոչուած դասակարգին դէմ պայքարը։ Նոր երեւոյթ մը նաեւ այդ դասակարգն ալ, որ յետոյ «Ազնուաշուք» տիտղոսով սկսաւ ճանչցուիլ։
       «Ազնուաշուք»ը կը համապատասխանէ «նոր հարուստ» բառին։ Խրիմի պատերազմէն ետքը, երբ հայ սեղանաւորութիւնը ա՛լ կը փճանար արագաբար, հայ վաճառականութիւնն ալ սկսաւ ծաղկիլ, շնորհիւ Եւրոպայի հետ յարաբերութեանց դիւրացման։ Ընդարձակօրէն առեւտուր ընող, կառավարութեան հետ մեծ գործերու ձեռնարկող, վաշխառութեան դրութիւնը շարունակող բազմաթիւ հայեր առաջ եկան Պոլիս։ Ասոնցմէ շատերը մասնակցեցան ազգային գործերու։ Ընդհանրապէս— քիչ բացառութեամբ— բարեխիղճ երեւցան հանրային դրամին գործածութեանը մէջ։ Ու մինչեւ իսկ իրենցմէ ոմանք բաւական կը նպաստէին բարեգործական ու կրթական հաստատութեանց։ Նիւթական առաւելութեամբը զոր կը վայելէին, այդ նոր հարուստները բնականաբար պիտի գրաւէին ժողովուրդին մեծարանքը։ Նիւթապէս հարուստ, բայց մտաւորապէս աղքատ Ազնուաշուքները ուզեցին չափազանցօրէն անկախութեամբ վարել իրենց յանձնուած ազգային պաշտօնները։ Հո՛ն, ուր նիւթականը մտաւորականին աջակցութեանը կը կարօտէր, հո՛ն Ազնուաշուքները իրենց «խելքովը» շատ վնասակար կը դառնային։ Ու իրենց յաւակնոտութիւնը զաւեշտականի համեմատութիւններ կ՚առներ։ Միեւնոյն ատեն այս հարուստներէն շատերը չարաչար կը հարստահարէին իրենց անձնական գործերուն մէջ գտնուող պաշտօնեաները, բանուորները, ամէն ոք։ Ու կատարելագործութեան կը հասցնեն տնաքանդ վաշխառութիւնը։
       Եւ ահա կը տեսնենք որ հրապարակագրութիւնը կը ջանայ այդ դասակարգին իշխանութիւնը սահմանափակել։ Խմբագրական յօդուածներն ու վէպը կը նկրտին այդ նպատակին։
       ***
       Ընկերային խնդիրներու բաժնին մաս կը կազմէ կրօնքին մեր անհատական կեանքին վրայ ունեցած իշխանութիւնը։ Շատ դարեր անցեր են յորմէհետէ հաստատուած են կանոններն ու օրէնքները, որոնք հայուն անհատական ու ընտանեկան կենցաղավարութեան պայմանները կը տնօրինեն։ Բարեփոխումի ժամանակը հասած է։ Հայրապետները օրէնսդրած են՝ աչքի առջեւ ունենալով իրենց ժամանակակիցները։ Հարիւրաւոր տարիներ յետոյ գալիք սերունդները հոգածութեան առարկայ չէին կրնար ըլլալ։ Ոչ ոք շոգին ու էլեկտրականութիւնը գուշակած էր։ Մեռածները չեն, որ ողջերուն կեանքը պիտի վարեն։ Այս մտածութենէն կը ծագի եկեղեցիին վարչական օրէնքներու բարեփոխման պահանջումը։ Այդ բարեփոխումը դիւրացնելու համար, հրապարակագրութիւնը կ՚ազդէ մտքերու վրայ. վիպագրութիւնը կ՚ուզէ սրտերը իրեն կուսակցել։
       Ազնուաշուք դասակարգին հետ կէս դարու մէջ մեծցեր է ուրիշ խըմբակ մըն ալ։ Էֆէնտիներունը։ Ամիրայութիւնը թէեւ վերջացած է, բայց անոր յաջորդած է էֆէնտիութիւնը։ Որքան ատեն, որ այդ դասակարգին ներկայացուցիչները Օտեան մը, Սերվիչէն մը կը հանդիսանան, ազգին սիրտը հանդարտ կը մնայ։ Բայց այլասերումը չ՚ուշանար։ Վրդովումը ծայր կու տայ։ Էֆէնտիներու դէմ կռիւը կը մղուի երկու միջոցով. ուղղակի եւ անուղղակի։ Ազգային Ժողովին մէջ՝ ուղղակի. օրագրութեամբ՝ անուղղակի։
       Բայց միեւնոյն ատեն տարօրինակ կերպով կնճռոտ էր ազգային կեանքը։ Խաղաղութեան թուականը, որ բացուած էր 1878էն յետոյ, օրէ օր վրդովման շրջանի մը կը փոխուի։ Պոլսոյ մամուլին յօդուածները հոգիներու խռովքը կը ցոլացնեն։