Թուրքիոյ հայոց գրականութիւնը (1880—1900)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Այժմու գրականութիւնն ալ դարձեալ օրագրութեան մէջ է։ Անոր վրայ ծանրանալ պիտի չուզենք։ Դեռ պատմութեան շրջանակին մէջ չէ անցած։ Կը բաւականանանք ըսել, որ 1895ի գրականութեան շարունակութիւնը շատ զգալի կերպով ընդհատուած կը տեսնուի։ Վաղնջուց աշխատաւորներ կը շարունակեն ըստ պարագայից գրել։ Հանգամանքներու փոփոխութիւնը իրենց վրայ չէ ազդած։ Էն ինչ որ եղած էին, եւ պիտի ըլլան ինչ որ են։ Ո՛չ Ժամանակը, ո՛չ Միջոցը կ՚ազդէ իրենց վրայ։
       Բայց նոր գրողներ ալ երեւան եկած են։ Ասոնց մէջ աչքի զարնող, ուշագրաւ դէմք մը չի տեսնուիր։
       Հանրային կեանքի պայքարներու դադարման միջոցն է։ «Արուեստը արուեստին համար» գրականութեան մը փորձերը տեղի կ՚ունենան նորագոյններուն կողմէ, բայց մեծ անյաջողութեամբ։ Իսկ նախորդներէն— որոնք՝ էր երբեմն որ «նոր» կը յորջորջուէին— դեռ իրական տաղանդ մը կը փայլեցնեն ստուերամած օրագրութեան մէջ։
       Պոլսոյ հիմակուան գրականութեան մէջ որեւէ գաղափարի մը նոյնիսկ գաղտնածածուկ ազդեցութիւնը չի նշմարուիր։ Եւ ոչ ալ զգացման մը գերիշխանութիւնը կը յայտնուի։ Գրողները կիրք մը չունին։ Ո՛չ լաւատես են, ո՛չ յոռետես, ո՛չ յուսալիր, ո՛չ յուսահատ։ Ներքին վրդովումի թեթեւ նշան մը իսկ չի տեսնուիր։ Պոլսոյ հայ ժողովուրդին, հայ վարչութեան ամբողջ պատկերը Պոլսոյ օրագրութեան մէջ կը ցոլայ։
       Ու ծանր հիւանդութեան մը ախտանիշն է «եսին» յաճախումը եւ ընդհանրացումը։ Վերջին ատեններս գրել սկսողներէն շատերը առանց «եսի», «իմի» քանի մը տող չեն կրնար արտադրել։ Դպրոցէն նոր ելլողը, որ ծածկանունով մը հրապարակ կ՚իջնէ, կը կարծէ թէ ամբողջ ազգը անձկանօք կը սպասէ իմանալու, թէ ի՞նչ պարագաներու բերմամբ այդ ծածկանունը առած է վրան եւ ոչ ուրիշ մը։ Դատարկամիտներու այդ հիւանդութենէն երբեմն կը բռնուին նաեւ այնպիսի գրողներ ալ, որոնք իրական տաղանդ եւ արժանիք ունին, ուստի եւ համեմատութիւնը իրենց պէտք չէր սոսկում ազդէր։ Բայց հիւանդութեան միջավայրի մը մէջ առողջներն ալ կրնան պլշտկիլ։
       ***
       Տասը տարիէ ի վեր է, որ Հայաստանէն ալ «եւրոպականօրէն» գրողներ սկսան տեղ մը գրաւել Պոլսոյ օրագրութեան մէջ։ Այդ երիտասարդները գրականութեան համար օժտուած են բնատուր ձիրքերով։ Ու պոլսեցիներուն վրայ բազմաթիւ առաւելութիւններ կը վայլեն տոհմային մատենագրութեան մը ստեղծումին համար։ Կ՚ապրին հոն, ուր կապրի ցեղին հոգին բիւրաւոր տարիներէ հետէ։ Հոն է լեզուն, պատմութիւնը, յիշատակարանը, աւանդութիւնը։ Հոն է Ապագան, վասն զի Անցեալը հոն եղած է. ու Ներկան ալ հոն է։
       Անոնք որ Հայաստանէն սկսած են գեղեցիկ դպրութեան դրոշմովը գրել, անոնք սակաւաթիւ մենաշնորհեալներ են։ Երեւան կու գան իբր շուրջերնին դիտող մտքեր ու խորապէս զգացող հոգիներ, բայց ակներեւ կը տեսնուի, թէ իրենց կը պակսին բարգաւաճման ընդարձակ միջոցներ։ Բնաձիր տուրքերը չեն բաւեր, եւ ոչ ալ միջավայրը ինքնիրենը կը բաւէ լուրջ գրականութեան մը ստեղծումին։ Եւ չմոռնանք, որ նա մանաւանդ մեզի համար գեղեցիկ գրականութիւնը՝ ընկերսիրական գրականութիւնը պիտի ըլլայ։ Պէտք է սորվիլ, բայց ո՞ւր գտնել իմաստասիրական, պատմական, ընկերաբանական, գիտական, գեղարուեստական գրքերն ու հանդէսները, որոնք միտքը կ՚արգասաւորեն։ Դժբախտութիւնը հոս է։ Եթէ Հայաստանի գրողներէն ոմանց դիւրութիւն ընծայուի քանի մը տարի Եւրոպայ անցընելէ յետոյ երկիր վերադառնալ, տարակոյս չունինք, որ հիմակուանէն այլապէս գերազանց եւրոպական հայ մատենագրութիւն մը պիտի սկսինք ունենալ։