Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ. ԼԵԶՈՒՆ
       Լեզուն տրամախօսութեան երկրորդ տարրն է։ Լեզուին միջոցով է, որ խօսակիցները իրենց զգացումը, մտածումն ու կամքը կը յայտնեն իրարու։ Այսինքն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ իմ մէջս անտեսանելիօրէն, ինչ որ անտեսանելի է քեզի համար իմ մէջս ու քու մէջդ՝ ինծի համար, այս արտաքին եւ զգալի գործիքով, որ լեզուն է, տեսանելի կ’ընեմ քեզի համար ու դուն՝ ինծի համար։ Աւելին. - Անոնք միայն տեսանելի չեն ըլլար ու մնար մեր իւրաքանչիւրին մէջ. անոնց մեզի տեսանելի ըլլալովն իսկ, մենք հաղորդակցութեան, յարաբերութեան մէջ կը մտնենք իրարու հետ։ Լեզուն, յանկա՛րծ, քեզ կը կապէ ինծի ու զիս քեզի. գրեթէ քեզ կը փոխադրէ իմ մէջս ու զիս՝ քու մէջդ։
       Լեզուն ունի իր հիմնական միութիւնը, որ կազմուած է իր անփոխարինելի երկու տարրերովը. - Նշանակութիւն մը՝ որ առանձինն՝ անմատչելի է ոեւէ մէկու մը զգայարանքներուն եւ զգալի տարր մը - ձայներ, գիծեր - որ միայն ըմբռնելի է զգայարանքներուն։ Նշանակութիւնը ներքնապէս զօդուած է զգալի տարրին։ Եւ այս վերջինն է, որ հաղորդական կ’ընէ առաջինը։ Այսուհանդերձ, երբ մէկը կը խօսի օտար լեզու մը զոր չեմ հասկնար, այսինքն՝ որուն նշանակութեան անհաղորդ կը մնամ, այս լեզուն աղմուկ մըն է ինծի համար եւ ուրիշ ոչինչ. - անիմաստ, անհեթեթ ու անորակելի աղմուկ մը միայն։
       Այս միութիւնը հոգիին եւ մարմինին միութեան նման է. անոնցմէ ոչ մէկը առաջ է կամ ետ, նախ մէկը գոյութիւն ունի եւ յետոյ միւսը։ Անոնք միահաղոյն են. - Լեզուիին միութիւնը, ինչպէս մարդուն միութիւնը՝ համահաղունութիւն մըն է։ Որովհետեւ, լեզուին միութեան խորակառոյց պատճառը, մարդուն իրականութիւնն իսկ է։ Մարդը ինքզինքը իր զգայարանքներովը կ’ընդունի, կը բռնէ ու կ’ըմբռնէ իբրեւ ամբողջութիւն մը, իբրեւ եզակի անձ մը՝ որ կ’ընդգրկէ ներքինն ու արտաքինը, հոգեկանն ու մարմնականը, անբաժանօրէն։ Ու մտածել հոս. - Մեր փորձառու իշխանաւորները, իրենց մեծագոյն իմաստութիւնը կը շնորհեն, ամէ՛ն տեղ, իրենք իրենց, իրարու եւ մանաւանդ մեզի, ըսելով. - Մենք միշտ զգացումով գործած ենք եւ դժբախդ եղած ենք. պէտք է մտածումով գործել այլեւս։ Միտքը եւ սիրտը պէտք է բաժնել իրարմէ։ Պառաւական այս խրատը ո՛չ միայն արտառոց է ինքն իր մէջ եւ հետեւանք՝ անչափելի տգիտութեան մը, այլ արտառոց մտայնութիւն մը եւ արտառոց միտք մը կը ցուցադրէ անիկա։ Ու ինչպէս բաժնած են անոնք իրենց միտքն ու սիրտը իրարմէ, բաժնած են նաեւ իրենց, ուստի մարդուն մարմինը ու անշուշտ զայն նետած են իրենցմէ դուրս եւ շա՜տ հեռու, անհեթեթ կեղծամօթով մը դիմակաւորուած։ Այս մտայնութիւնը, փորձառու հայմարդոց մեզի տուած դաստիարակութեան հիմն է։ Նաեւ իրենց գործունէութեան ղէկը, որ մեր գոյութեան ղէկն է, աւա՜ղ։
       Երբեմն ես կը զուարճանամ շատ մօտէն քննելով այս փորձառու հայ մարդերը։ Ու ցաւագինօրէն կը հաստատեմ. - Անոնք կորսնցուցած են իրենց անձին միութիւնը, այսինքն հայ- մարդու իրենց գիտակցութիւնը, որով միայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի կրնար ինքզինքը ընդզգալ, իմանալ, ըմբռնել իբրեւ մէկ էութիւն եւ ոչ թէ իբրեւ մարմին մը եւ մարմինին մէջ՝ միտք, սիրտ եւ հոգի։ Աւելին. - Այս միութեան բացակայութեան հետեւանքովն է, որ անոնց խօսքը, ինչպէս գործը զուրկ է միութենէ, այսինքն, հակասութիւններու բուրգ մըն է։ Եւ ամէն բանէ առաջ՝ ինքնահակասութիւններու բուրգ մը։ Այս ներքին միութեան փլուզումն է, որ զանոնք նետած է իրենց ստրուկի քաղաքականութեան ատամնագոյցքին մէջ։ Ու անոնք իրենք զիրենք մե՜ծ քաղաքագէտներ կը կարծեն ու քաղաքականութիւն կը խաղան ամէն բանէ առաջ, եւ ամէ՛ն բանի մէջ ու ամէն բանէ վերջ։ Որովհետեւ քաղաքականութիւնը, ըստ իրենց, պայմաններու յարմարելու գիտութիւնն է եւ մարդուն գոյութեան պայմանները ենթարկուած ըլլալով տեւական փոփոխութեան, իրենք ալ կը փոխուի՜ն, կը փոխուի՜ն, կը փոխուի՜ն…։ Օ՜հ, քաղաքականութեան այս հտպիտները։ Օ՜հ, փորձառու, իշխանաւոր ու մտաւորական հայմարդոց իմաստակութիւնը…։
       Արդ, լեզուն է որ ցոյց կուտայ մեզի էակին միութիւնը, անձին միութիւնը, գործին միութիւնը, խօսքին միութիւնը, հայ-մարդուն միութիւնը։ Ու այսօր, հայմարդուն լեզուն, գրած ու խօսած լեզուն, ո՛չ միայն ամէ՛ն բանէ առաջ լեզուական սխալներով լեցուն է, ո՛չ միայն իր զգացումին, մտածումին ու կամքին բոլոր խաթարումները երեւան կը հանէ, այլ մանաւանդ իր ներքին ու սեփական միութեան այլասերումն իսկ կը յայտնաբերէ։ Այսօր, հայ-լեզուն, ճիշդ ու ճիշդ հայ- մարդուն նման է. - խաթարուած, անիշխանական, անկարգապահ ու դժբախդ։ Մեր ոսկեդարուն լեզուին մաքրութիւնը, ազնուականութիւնը, գեղեցկութիւնը, հարստութիւնը, զօրութիւնն ու միութիւնը, այդ լեզուն ստեղծող, այդ լեզուն գործածող հայ-մարդոց ներքին մաքրութիւնը, ազնուականութիւնը, գեղեցկութիւնը, հարստութիւնը, զօրութիւնն ու միութիւնը կը պարփակէ եւ կը ցուցայայտնէ ու այս բոլորը, նոյն հայ- մարդոց իւրաքանչիւրին սեփական մշակոյթը, որ հայ ժողովուրդին մշակոյթն է։
       Լեզուն, անձերու միջեւ հաղորդակցութեան միջոց մը ըլլալով, իսկականօրէն միջանձնական է։ Ուրեմն, անիկա հասարակաց ինչք մըն է ու կը պատկանի բոլո՛ր հայ-մարդոց։ Արդ, ներկայիս գրեթէ ամէ՛ն մարդ զայն կը գործածէ այնպէս իբրեւ թէ անիկա իր սեփական ստեղծագործութիւնը ըլլար ։ Զիրար սիրող մարդերը տարբեր բառերով իսկ, ո՛չ միայն զիրար կը հասկնան, այլ կը հասկնան ըսուած նոյն բանը։ Այսօր, մենք հայերէն նոյն բառերով զիրար չենք հասկնար, որովհետեւ տարբեր բաներ կ’ըսենք իրարու ու տարբեր բաներ կը հասկնանք։ Մեր լեզուին մէջ իսկ ի յայտ կու գայ հայ-մարդոց սիրոյ բացակայութիւնը՝ իրարու հանդէպ։ Ու լեզուն ստեղծուած է, որպէսզի համայնքի մը անդամները զիրար հասկնան։ Եւ ո՛չ միայն ապրող անդամները այլ նաեւ անոնք որոնք այլեւս չկան այս աշխարհին վրան եւ որոնք աշխատած են նոյն այս լեզուին ստեղծումին եւ զարգացումին համար։ Այս պատճառով՝ լեզուն պատմութիւն մը եւ պատմականութիւն մը ունի։ Ու լեզուին վերոյիշեալ երկու տարրերով թրծուած միութիւնը նոյն այս պատմութեան ընթացքին իսկ կազմուած է։ Ու իր պատմութեան նման, լեզուին միութիւնը միշտ զարգացման եւ բարգաւաճումի ատակ է։ Մեր լեզուին այս միութիւնն է, որ զայն կը զանազանէ բոլոր միւս եւ օտար լեզուներէն։ Հայոց լեզուն իր միութիւնը պահած է հայոց պատմութեան բոլո՛ր շրջափոխութիւններուն մէջ, ինչպէս հայ-մարդը՝ իր էութեան միութիւնը։ Մեր լեզուին անկումներն ու բարձրացումները, դարերու ընդմէջէն, ո՛չ թէ մեր պատմութեան այլ հայմարդուն անկումներն ու բարձրացումներն են նախ։ Ու մեր լեզուին միութիւնը, մեր լեզուին ինքնութիւնն իսկ է, ինչպէս հայ-մարդուն միութիւնը՝ իր ինքնութիւնը։ Հայ-մարդուն միութիւնն է, որ ծնունդ տուած է հայ լեզուին միութեան եւ հայ- մարդուն ինքնութիւնը՝ հայ լեզուին ինքնութեան։ Մարդ մը է՛ ինչ որ է իր գրած ու խօսած լեզուն։ Ու նաեւ՝ կուսակցութիւն մը։ Ու նաեւ՝ ընկերութիւն մը։ Ու նաեւ՝ համայնք մը, ժողովուրդ մը։ Եւ ասիկա՝ ո՛չ միայն պատմականօրէն, այլ նաեւ՝ բնականօրէն։
       Իմ լեզուս բնական է ինծի, քու լեզուդ բնական է քեզի՝ որ իմ խօսակիցս ես։ Եւ իմ ու քու լեզուդ՝ մեր լեզուն է։ Իմ լեզուովս միայն ես ինքզինքս բնականօրէն, հարազատօրէն, լիակատարօրէն կրնամ արտայայտել քեզի եւ դուն զիս ընդունիլ՝ բնականօրէն, հարազատօրէն, լիակատարօրէն։ Ու փոխադարձաբար։ Ու մեր խօսած լեզուին այս բնականութիւնը մեր իւրաքանչիւրին բնութիւնն իսկ կը հաստատէ։ Ու նոյնպէս՝ պատմականութիւնը։ Ուրեմն, թէ՛ բնականօրէն եւ թէ պատմականօրէն մեր լեզուն կը կապէ մեզ իրարու. մեր լեզուն կ’ապրի մեր իւրաքանչիւրին մէջ ու մենք՝ մեր լեզուին մէջ։ Առանց հայ լեզուին հայ մտածում մը գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ։ Եւ ոչ ալ՝ հայ-մարդուն համար՝ գոյութիւն մը այս աշխարհին վրայ։
       Ինչ որ կայ հայ- մարդուն մէջ իսկապէս մարդկային իբրեւ կորիզ ունի այս մշտաբաց բնականին եւ մշտագոցող պատմականին ընդոծին խառնուրդը։ Որովհետեւ, պատմական տարրը, անմիջապէս որ պատմական է, իրողութիւն մըն է եւ բնական տարրը՝ իրականութիւն մը միշտ։ Մէկը, մէկ անգամ ընդմիշտ որոշադրուած է եւ որոշադրիչ ու միւսը՝ միշտ անորոշադիր. մէկը իրականն է եւ միւսը՝ կարելին ։ Ու մեր լեզուն, իր իսկութեանը մէջ, կը վկայէ ու կը վաւերացնէ այս ճշմարտութիւնը։ - Հայ-լեզուն հայ-մարդուն վրայ հագուստ մը չէ զոր ան կրնայ ըստ կամս փոխել։ Անիկա հայ- մարդուն ներքին կերպարանադրութեան ամբողջութիւնն իսկ է, որովհետեւ, հայ լեզուն իր կառուցուածքովը, կը կաղապարէ հայ- մարդուն բոլոր արարքները։ Աւելին. - Կը կաղապարէ նոյն իսկ հայ- մարդուն ճանաչումի կարողութիւնը. - Այս ճշմարտութեան վրայ իսկ պէտք է հիմնել մեր դաստիարակութեան դրութիւնը։ Անիկա հայ-մարդուն ներքին աչքն է, որով հայ մարդը կը տեսնէ տրուած իրականութիւնը ձեւով մը զոր ո՛չ մէկ օտար մարդ չի կրնար տեսնել, որովհետեւ ո՛չ մէկ օտար մարդ, մարդկօրէն չի՛ գտնուիր ժամանակին ու միջոցին մէջ հո՛ն ուր հայ մարդը կը գտնուի։ Ու այս տեսնուած իրականութիւնը ո՛րքան որ աւելի իրական ըլլայ, ըսել կ’ուզեմ հայ- մարդուն մօտ ըլլայ, հայ-մարդուն սեփական մտերմութեան մէջ ըլլայ, հայ-մարդուն էութեան ինքնագոյ բխումը ըլլայ, հայ-մարդը զայն կը տեսնէ ա՛յնքան տարբեր ձեւով։ Այս պատճառով է որ, հայ- մարդը, որ ամէն բանէ առաջ իր սեփական իրականութիւնն է, իբրեւ հայ-մարդ, անհասկնալի է ուրիշ մարդու մը համար, գաղտնիք մըն է աշխարհի բոլոր մարդոց համար։ Ու գաղտնիք մը, ինքզինքին համար ալ…։ Ամենէն պարզ, խոնարհ ու տգէտ հայ-մարդերը, նայուածքով մը միայն աւելի ճիշդ ու լիակատարօրէն կը հասկնան զիրար իբրեւ հայ-մարդեր քան աշխարհի ամենէն խելացի ու գիտուն մարդը՝ հայ-մարդը։ Հայ-լեզուն, հայ- մարդը մէկ անգամ ընդ միշտ կը դնէ տեղ մը այս աշխարհին վրայ, ուրկէ ան կրնայ տեսնել նոյն այս աշխարհը կազմող իրականութիւնները, Ասկէ՝ հեռագծութեան մե՛ծ կարեւորութիւնը՝ զոր պիտի վերլուծեմ։ Այս տեղը ճակատագրական պարտադրութի՞ւն մը թէ ընտրութիւն մըն է հայ- մարդուն համար։ - Ընտրութիւն մը՝ քանի որ իրականութեան իր թափանցումը միշտ անկատար է, քանի որ լեզուն անսահմանօրէն ընդարձակ է, քանի որ ժամանակի ընթացքին տեղի այլազան նախընտրութիւններ ունեցած է հայ- մարդը։ Նոյն իսկ, ներկային մէջ, այս նախընտրութիւնները կը գործեն. - Ոչ-կուսակցական հայ-մարդը, Ռամկավար հայ-մարդը, Դաշնակցական հայ- մարդը եւ միւսները, նոյն լեզուն չեն խօսիր մեր լեզուն խօսելով հանդերձ։ Ու վերջապէս, քանի որ, մեր լեզուն, նման ամէ՛ն լեզուի, բնականութիւն մը ունի ու ամէն բնութիւն, ուստի բնականութիւն՝ բացութիւն մը, ապագայ մը։ Հայ- մարդուն մէջ, իր պատմութիւնը միշտ իր ետին է ու իր բնութիւնը՝ միշտ իր առջեւը։ Ու որքան որ հայ-մարդը լաւ ճանչնայ մեր լեզուն, իր մէջ այնքան կենդանի է ու զօրաւոր եւ գործօն՝ մեր լեզուին միութիւնը։ Ու հայ-մարդը իր սեփական միութիւնը կ’արտայայտէ նոյնքան յստակօրէն, հարազատօրէն, ամբողջօրէն։ Որովհետեւ, մեր լեզուին, ինչպէս հայ-մարդուն միութիւնը, յստակութիւն մը, հարազատութիւն մը, ամբողջութիւն մը է նախ։ Տրամախօսութիւնը, աւելի քան որեւէ ուրիշ միջոց, կը ցուցայայտնէ մեզի այս մեծ ճշմարտութիւնը։ Ու հայ բանաստեղծը՝ աւելի քան ուրիշ ոեւէ հայ-մարդ մը, կը զգայ ու կ’արտայայտէ հայ-լեզուին եւ հայ-մարդուն միութիւններն ու անոնց էական հանգիտութիւնը, այսինքն իրականութիւնն ու համակցորդութիւնը։
       Այն ընտրութիւնը զոր կ’ընէ հայ- մարդը, շա՛տ որոշ պատասխանատուութիւն մը կ’ենթադրէ, իրեն համար, ծոցին մէջ հայ ժողովուրդին՝ որ կազմաւորած է զինքը։ Այս կազմութիւնը կ’ամբողջացնէ հայ- մարդը ինքն իր մէջ ու ան այլեւս անկարող է ուրիշ կազմութիւն մը ունենալու, որովհետեւ այս կազմութիւնը իր ստացած դաստիարակութեան արդիւնքն է։ Տրամախօսութեամբ, այսինքն մտաւորական կեանքով մը միայն կարելի է որոշ փոփոխութիւն մը ներմուծել այս կազմութեան մէջ, ինչ որ սկզբնական անհրաժեշտութիւն մըն է ներկայիս ու միշտ, եւ որուն գիտակցութիւնն ու որոնումը՝ տրամախօսող մտաւորականներուն առաջին պարտականութիւնը։ Այս փոփոխութեան պայմանն է հետեւեալը. - Հայ-մարդուն գոյութեան ներկայ իրականութիւնը իբրեւ հիմնական տարր պէտք է օգտագործուի այս փոփոխութեան համար, եւ հայ գրագէտն է, դարձեալ, որ ունի ամենէն յստակ գիտակցութիւնը մեր ներկայ գոյութեան իրականութեան։
       Անշուշտ թէ հայմարդը իր զգալու, մտածելու, դատելու եւ կամենալու կերպերուն ու կարողութեան մէջ կը կրէ իր անցեալը, իր պատմութիւնը։ Բայց հայ- մարդուն պատմութիւնը հայ- մարդուն բնութեան հետ յարակցութիւն մը ունի, ինչպէս ըսի։ Ու հայ- մարդը, ինչպէս հայ գրականութիւնը, բնութիւն ու միտք (ոգի) է միանգամայն։ Ուստի, ազատութիւն մը եւ մտաւորականութիւն մը կը պարունակէ անիկա։ Ու այս պատճառով իսկ՝ պատմութիւնը կը դադրի ճակատագրապաշտութիւն մը ըլլալէ։
       Հայոց պատմութիւնը ու հայոց լեզուն հայ- մարդուն էութեան տարրերն են, նման նոյն այս էութիւնը կազմող միւս տարրերուն։ Ու հայ- մարդը, որքա՛ն որ աւելի փափաքի եւ կարծէ ապրիլ ու գործել միայն իր միտքովը, ձերբազատելով ինքզինքը իր անցեալին ժառանգութենէն - յիշեցէ՛ք - մենք միշտ սիրտով գործած ենք ու դժբախդ եղած ենք. պէտք է այլեւս միտքով միայն գործենք - այնքան ստրկօրէն կ’ենթարկուի այս անցեալին։ Իր այս պատրանքը, քննելու եւ դատելու ամէ՛ն կարելիութիւն կը քանդէ իր մէջ։ Ու պատմութիւնը, ինչպէս լեզուն, կը վերածուին ճակատագրութեան, անգիտակից ճակատագրապաշտութեան մը։ Ինչ որ եղած են ներկայիս։
       Մեր արդի լեզուն, իր կազմութեան սկզբնաւորութեան, նոյնքան մեծ թիւրիմացութեան մը մէջ կը գտնուէր որքան ներկայիս։ Սկզբնաւորութեան, մտաւորական հայ- մարդերը գրաբարը կ’ընդունէին իբրեւ կատարեալ բռնապետութիւն մը ու անոր կ’ենթարկուէին կատարեալ կրաւորականութեամբ։ Իրենց ամբո՛ղջ գործը ծառայութիւն մըն էր՝ որով կ’ուզէին անխաթար պահել լեզուն։ Ներկայիս, ճիշդ հակառակն է. - բռնապետը հայմարդն է եւ լեզուն կատարեալ կրաւորականութեան մը վերածուած է։ Ա՛րդ, ո՛չ հայ-մարդը եւ ո՛չ ալ հայ լեզուն կրաւորականութիւններ չեն ու չեն կրնար ըլլալ, պարզ այն պատճառով որ՝ անոնք մեռած բաներ չեն այլ կազմաւորապէս կենդանի, ուստի նաեւ ատակ՝ տեւական փոփոխութեան ու զարգացումի։ Ու իւրաքանչիւր հայ-մարդ կ’աշխատակցի այս փոփոխութեան եւ զարգացումին ի խնդիր։ Իւրաքանչիւր հայմարդ ինքզինքը կը ստեղծէ հայ լեզուին մէջ եւ հայ լեզուով։ Ու ինքզինքը ստեղծելով, կը ստեղծէ իր սեփական ժամանակն ու միջոցը, իր ոճն ու անհատական լեզուն։ Ու հայ- մարդը կ’ընդունի իր մայրենի լեզուն, յանձն կ’առնէ իր մայրենի լեզուն, իր անձնական ինքնեկութեամբն իսկ։ Ու հայ լեզուն, հայ ժողովուրդին նման, միշտ կատարեալ է ու միշտ անկատար, հայ-մարդուն նման միշտ ամբողջ է ու միշտ անանմբողջ. բայց նաեւ մի՛շտ ամբողջանալի։
       Տրամախօսութեան մէջ, խօսակիցները իրենց անձնական փորձառութիւնն է, որ կը թարգմանեն իրարու, լեզուին բառերուն միջոցով։ Այս թարգմանութիւնը մեքենական է խօսակցութեան ընթացքին. անիկա իմացական է տրամախօսութեան մէջ։ Ու ամէ՛ն թարգմանութեան նման, այս թարգմանութիւնն ալ կ’ենթադրէ հետեւեալ երկու տարրական պայմանները. - Ճանաչումը թարգմանելի լեզուին եւ ճանաչումը թարգմանող լեզուին. - Ճանաչումը թարգմանելիին ու թարգմանուածին։ Բայց այս երկու ճանաչումները երբեք հաւասար չեն իրարու ինչպէս հաւասար չեն իրարու թարգմանուածն ու թարգմանելին։ Յետոյ, ամէն մարդ հաւասարապէս կարող չէ նոյն յաջողութեամբ, ըսել կ’ուզեմ նոյն հարազատութեամբ ընելու այս թարգմանութիւնը։ Արուեստագէտին արժէքին մեծութիւնը կը գտնուի այս թարգմանութեան հարազատութեան մէջ։ Ու հոս՝ թարգմանել կը նշանակէ վկայել ու թարգմանութիւն՝ վկայութիւն։ Ու ներկայիս, ամէ՛ն հայ-մարդ եւ մանաւանդ հայ գրող, որոշ հարազատութեամբ մը ինքզինքը կը գտնէ ու կը ճանչնայ Թէքէեանի բանաստեղծութեան մէջ, իբերւ հայ ու իբրեւ մարդ, որովհետեւ այս թարգմանութիւնը ո՛չ մէկ ժամանակակից գրողի մէջ չէ այնքան հարազատ, ամբողջ ու յստակ որքան Թէքէեանի բանաստեղծութեան մէջ։ Ու այս բանաստեղծութեան հանդէպ մեր հիացումն ու սէրը կրաւորական չեն որովհետեւ անոր մէջ թարգմանուած փորձառութիւնը միայն Թէքէեանինը չէ՝ որ մեկնած է այս աշխարհեն, այլ նաեւ մերը՝ որ դեռ այս աշխարհին վրայ ենք։ Այլ խօսքով, այս բանաստեղծութեան մէջ թարգմանուած փորձառութիւնը իր վախճանին հասած, սպառած փորձառութիւն մը չէ այլ սպառելի. - Մեր իւրաքանչիւրը կրնայ զայն սպառել, իր կրցածին պէս ու կրցածին չափ։
       Պէտք է նշեմ հայ- մարդուն փորձառութեան եւ իր լեզուին յարակցութեան մէկ ուրիշ յատկանիշը եւս. - Հայ-մարդը ինչպէս ամէն մարդ, բառերով կը մտածէ ու կ’արտայայտուի։ Ուրեմն, հայմարդուն փորձառութիւնը աւելի դիւրութեամբ եւ ընդարձակօրէն տեղի կ’ունենայ, երբ իր տրամադրութեան տակ ունի աւելի ճոխ բառամթերք մը։ Միջին մարդուն համար, նոյնիսկ բառին գոյութիւնը պայման է իր փորձառութեան գոյութեան։ Անոնք որ կը ստեղծեն, կը բազմացնեն հայ-մարդուն արտայայտութեան միջոցները, անոնք կը բազմացնեն հայ- մարդուն մարդկային փորձառութեան կարելիութիւնները։ Ապացոյց. - Մէկ դարէ ի վեր մեր գրականութիւնը ընդարձակեց եւ խորացուց հայ- մարդուն առանձնայատուկ փորձառութիւնը։ Նոյնպէս՝ մեր ազատագրական շարժումը - մեր յեղափոխութիւնը՝ եթէ կ’ուզէք։ Երեք սերունդ Աբովեանով, Նալբանդեանով, Արծրունիով, Ռաֆֆիով, Պէշիկթաշլեանով, Դուրեանով, Չօպանեանով, Ահարոնեանով, Վարուժանով ու Սիամանթոյով զգացին ու մտածեցին եւ արտայայտուեցան։ Մեր ազգային երգերուն բառերովը կատարուեցաւ, հայ- մարդոց մէջ, մարդկային մե՛ծ փորձառութիւն մը, այսինքն իրականացաւ իրենց հայութիւնն ու մարդկութիւնը, աւելի քան իրենց գոյութեան պայմաններով եւ պայմաններուն մէջ։ Մեր ներկայ լեզուն, հետզհետէ քիչ մը աւելի օրաթերթային լեզուի մը վերածուելով, կը սահմանափակէ հայ-մարդը, իր հայութեան ու մարդկութեան մէջ, երկիրի մը պէս, որ կը գրաւուի ու կը կորսուի։ Եւ մեր օրաթերթային լեզուն, քաղաքական լեզու մըն է ու հետզհետէ աւելի քաղաքական կ’ըլլայ։ Ու ամէն քաղաքական լեզու, այլամերժ լեզու մըն է։
       Բայց ահա՛. - Ինչպէս որ Աբովեան մը, Վարուժան մը եւ միւսները, ու միւսներուն հետ դեռ շատ մը ուրիշներ, լեզու մը ստեղծեցին, իրենց մարդկային փորձառութիւնը հարազատօրէն արտայայտելու համար անբաւարար գտնելով արդէն գոյութիւն ունեցող հայ լեզուն, մենք ալ, ներկայիս, պարտաւոր ենք ստեղծելու հասարակաց լեզու մը, որովհետեւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող մեր լեզուն անբաւարար է ու անկարող մեր իւրաքանչիւրին եւ բոլորին փորձառութիւնը ամբողջութեամբ ու հարազատօրէն արտայայտելու։ Աւելի ճշգրիտօրէն խօսելով՝ մեր լեզուին մէջ իսկ՝ ՆՈՐ ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ։ Ու այս եզրաբանութեան ստեղծումը ո՛չ գործն է կղզիացած հայ անհատին եւ ոչ ալ գործը՝ ընդհանուր հաւաքականութեան մը։ Որովհետեւ, անիկա հայ- մարդուն մարդկային ու անձնական իրականութենէն միայն կրնայ բխիլ եւ անհատն ու անհատապաշտութիւնը, նման հաւաքականութեան եւ հաւաքապաշտութեան, ահաւոր թիւրիմացութիւններ են։ Ու թիւրիմացութիւններ են՝ որովհետեւ չեն համապատասխաներ մարդկային իրականութեան։ Ինչ որ ուղղիմացութիւնն է՝ մարդուն մէջ ԱՆՁՆ է. չեմ ըսեր անձնապաշտութիւնը, որ պաշտում մը կ’ենթադրէ ու ես մերժելով կը մերժեմ բոլոր կուռքերը։
       Նոր եզրաբանութեան մը ստեղծագործութիւնը տրամախօսող անձերուն կրաւորականութեան եւ ներգործութեան արտադրութիւնը միայն կրնայ ըլլալ։ Որովհետեւ, հայ-մարդուն, ինչպէս ոեւէ մարդու մը համար այս, աշխարհին վրայ գոյութեան բազմաթիւ կերպերու մէջ, էական երկու կերպեր միայն կան։ Առաջինը, մարդուն իր սեփական գոյութեան իր սեփական զգացումն է։ Այս զգացումը, իր ահակուռ լռութեան, անդոհին ու մինակութեան մէջ, անշուշտ մտածում մը կ’ենթադրէ, ուստի կ’ենթադրէ լեզու մըն ալ։ Բայց իբրեւ զգացում, անիկա անկարող է տարածուելու, իր պղտորութեան, բռնութեան եւ հարստութեան մէջ ու հասնելու, միանալու միւս-մարդոց զգացումներուն։
       Մարդուն գոյութեան երկրորդ կերպը ծնունդ կ’առնէ լեզուին մէջ միայն՝ որ յանկարծ մտածումին կու տայ իր առաջին ու հիմնական տուեալը։ Եսը կը պարունակէ այս կերպը, ե՛սը, որ լեզուին սկզբնաւորութիւնն է, ինչպէս մտածումին։
       Գոյութեան առաջին կերպը, որ հայմարդուն գոյութեան կերպն իսկ է ընդհանրապէս եւ որուն մէջ հայ-մարդուն էութիւնը անդադար կը փոշիանայ, կը ցրուի ու կը կորսուի ժամանակին հետ եւ ժամանակին նման, մարդկային էակը ոչնչութեան տանող ամենէն ապահով ճամբան է։ Հայ լեզուին հաստատուն, մշտատեւ, որոշադրուած եւ լիակատար իրականութիւնն է, որ կարող է հայ մարդը հաստատուն, մշտատեւ, որոշադրուած ու լիակատար իրականութեան մը վերածել։ Այս ճշմարտութիւնը բանաստեղծին նախնական փորձառութիւնն իսկ է։ Այսօր, Արտասահմանի հայ մարդուն կը պակսին նիւթական շատ մը միջոցներ, իր լեզուն ազատօրէն եւ այլազան ուղղութիւններով կիրարկելու համար, ուստի, ինքզինքը իրագործելու համար։ Ու լեզուն, աւելի քան ուրիշ ոեւէ տեղ, տրամախօսութեան մէջ միայն ատակ է իր այս փրկարար ու ստեղծագործ պաշտօնը կատարելու։ Գրագէտը, որուն գոյութեան պայմանն է լեզուն, առանց իր գործածած լեզուին այս պաշտօնին գիտակցութեան, գրագէտ կոչուելու արժանի մարդ մը չէ։ Որովհետեւ, այս պաշտօնին արդար կիրարկութեամբ միայն ան կրնայ կատարել, տրուած համայնքի մը մէջ, իր ընկերային առաքելութիւնը, որ լեզուին նման, իր գոյութեան միւս պայմանն է։ Եւ ով որ առաքելութիւն կ’ըսէ, կ’ըսէ պատասխանատուութիւն։ Գրագէտին պատասխանատուութիւնը կը սկսի իր գործածուած լեզուին իսկ առջեւ, լեզուին իսկ մէջ։ Ու լեզուն, մարդուն նման միշտ նոր է, պայմանով որ դուն համբերութիւնն ու քաջութիւնը ունենաս թափանցելու անոր էութեան մէջ ու ներկայ ըլլաս եւ ոտքի կանգնած՝ քու ամբողջ հասակովդ, քու գործածած իւրաքանչիւր բառիդ մէջ։ Հոս ալ, ինչպէս ամէն տեղ ու ինչպէս միշտ, բանաստեղծը մարդուն առաջնորդն է։
       Առանց ուղղա-մտութեան , մարդոց մէջ ու միջեւ մտաւորական առողջ կեանք մը գոյութիւն չունի, ուստի գոյութիւն չունի տրամախօսութիւնը։ Ու հետեւաբար՝ գիտակցութիւնը լեզուին իսկութեան։
       (Շարունակելի)