Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ
       Գործը, որուն կը ձեռնարկեմ՝ ուշացած գործ մըն է, գիտեմ։ Որովհետեւ, անիկա վաղուց սկսուած պիտի ըլլար անշուշտ, եթէ մենք գտնուէինք բնականոն ժամանակաշրջանի մը եւ նաեւ մարդավայել գոյութեան մը ու վարքի մը մէջ։ Ու հայ- մարդը մի՛շտ ուշացած է եւ միշտ կ’ուշանայ, ներքին ու անըմբռնելի, ուստի անորակելի զօրութենէ մը կաշկանդուած ու կաշկանդուած նաեւ՝ արտաքին եղելութիւններէ՝ որոնք անընդհատ կը փլին իր վրայ։ Ու վերոյիշեալ այս մութ զօրութիւնը ո՛չ միայն իր հոգեբանութեան այլ նաեւ իր բնախօսութեան հիմնական տարրերէն մէկն է, ուստի ժառանգական նկարագիր մը ունի անիկա, մինչ երկրորդը նուազ մտահոգիչ է, որովհետեւ անիկա կրնայ օր մը վերջ գտնել։ Ու այս գետնին վրայ մեզ դատող թրքական առածը՝ որ «հայուն վերջին խելքին» մասին կը խօսի, արդար, յստակատես եւ խորաթափանց դատողութիւն մըն է, զոր պէտք է ո՛չ միայն ընդունիլ, այլ հասկնալ ու հասկնալով՝ պայքարիլ անոր ծնունդ տուող պատճառներուն դէմ, եթէ կարելի է։
       Ու այս պայքարը սկսելո՜ւ համար, ինչպէս նաեւ հետեւելով հին իմաստութեան մը, ես ալ կ’ըսեմ. - Աւելի լաւ է ուշ քան երբեք։ Ու նաեւ՝ մատնանշուած մեր ներկայ գոյութեան անհրաժեշտութենէն մտրակուած, կը նետուիմ այս գործին մէջ։
       Այս գործը կը բաժնեմ երեք ժամանակաշրջաններու, որոնք կը յաջորդեն իրարու, ճամբուն վրայ գտնուող երեք կայարաններու նման, կամ՝ ինչպէս ծաղիկը կը յաջորդէ կոկոնին ու պտուղը՝ ծաղիկին։ Ահաւասիկ այս երեք ժամանակաշրջանները. -
       Ա. - Իրար ճշգրտօրէն ճանչնալու, իրարու մտածումը, զգացումը ու կամքը ճանչնալու եւ իրար ճանչնալու մեր ուղղամիտ ճիգին մէջ՝ մեր սեփական ինքնաճանաչումին շրջանը։
       Բ. - Այս զոյգ ճանաչումներուն շնորհիւ, ինքնայօտումի, ուստի որոշ ճշմարտութիւններու եւ սկզբունքներու որդեգրման, հաստատման շրջանը. այսինքն՝ որոշ եւ հաւաքական գիտակցութեան մը կազմակերպութեան շրջանը։
       Գ. - Ստեղծագործութեան շրջանը։
       Ի յառաջագունէ չեմ կրնար ճշդել, իւրաքանչիւր շրջանի համար անհրաժեշտ եղող հատորներուն թիւը, ուստի ժամանակը։ Որովհետեւ, այդ արարքը միայն ինծմէ կախում չունի, այլ մեր իւրաքանչիւրէն եւ բոլորէն։
       Ու կը ճանչնամ, շատ լաւ գիտեմ այս գործին առջեւ ցցուած դժուարութիւնները - անհասկացողութիւններ, անուղղամտութիւններ, զրպարտութիւններ, նախապաշարումներ, անգիտակցութիւններ, մեծամտութիւններ, գոռոզութիւններ եւ յաւակնոտութիւններ, տգիտութիւններ ու չկամութիւններ, անմիջական մերժումներ եւ չարութիւններ, որոնց պիտի բախիմ, ինչպէս փշաթելերու։ Այսուհանդերձ, գիտցած շատ մը բաներուս կարգին, գիտեմ նաեւ հետեւեալ մե՛ծ ճշմարտութիւնը, որ իմ խոնարհամտութեանս ակն իսկ է։
       - Ամէն ինչ, վերջ ի վերջոյ, արժէքի հարց մըն է մարդկային էակին համար։ Արդ, իմ արժէքս, ինչպէս արժէքը ոեւէ ուրիշ հայ գրողի մը կամ հայ- մարդու մը, ինչպէս արժէքը այս աշխարհին վրայ ապրող ոեւէ մարդու մը, չի՛ գտնուիր մէջը այն մարդուն, որ ես եմ։ Այս արժէքը կը գտնուի այն ճշմարտութեան մէջ, որուն ներկայութիւնը ես կը զգամ իմ մէջս, իմ սիրտիս զարկին նման, կը ճանչնամ ու յանձն կ’առնեմ զայն եւ որուն ես թարգմանն եմ միայն։ Ու եթէ յուսահատութիւնն ու կասկածը չեն զգետներ զիս, պատճառը իմ մէջս գոյութիւնն է այն խորունկ զգացումին, որ ինքնայորդ համոզում մըն է եւ իմ մարդկայնութեանս մէկ հիմնական յատկանիշը եւ որով ես գիտեմ եւ ամէ՛ն վայրկեան գիտեմ՝թէ այս ճշմարտութիւնը ես կրնամ ԲԱԺՆԵԼ ուրիշ հայ մարդոց հետ եւ ամենէն աւելի դիւրութեամբ՝ ուրիշ հայ գրողներու հետ։ Ու ճշմարտութիւնը, որուն ներկայութիւնը կը զգամ եւ որուն թարգմանն եմ ես, իմ հայ մարդու էութեանս ճշմարտութիւնն է, ուստի, անիկա ճշմարտութիւնն է իւրաքանչիւր հայ-մարդու էութեան։ Ընդունիլ ասիկա, եւ ընդունիլ գիտակցօրէն, կը նշանակէ ո՛չ միայն ընդունիլ հայ-մարդուն էութիւնը այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ հայմարդուն էութեան իրականութիւնը ԳԵՐԱԴԱՍԵԼ հայ- մարդուն բոլոր գաղափարներէն։ Ազգային զգացումը, ուստի ազգային գիտակցութիւնն ու մշակոյթը, ուստի եւ ազգութիւնը, այս պայմանով միայն կրնան կենդանութիւն մը ունենալ, ըսել կ’ուզեմ զարգանալու եւ բարգաւաճելու կարողութիւնն ու կարելիութիւնը ունենալ։ Ու հայ-մարդուն էութեան ճշմարտութիւնը ո՛չ թէ իր հայ- մարդ մը ծնած եւ նոյն իսկ եղած ըլլալն է, այլ տեւականօրէն հայ- մարդ մը ըլլալն է, հայմարդ մը ըլլալու իր կամքն է։ Ու այս ճշմարտութիւնն ալ, ինչպէս ամէ՛ն ճշմարտութիւն, նուաճում մըն է, զոր իւրաքանչիւր հայ-մարդ ինք անձամբ միայն կրնայ կատարել, բայց միւս-հայ-մարդոց սիրակառոյց ներկայութեան եւ սիրագործ աջակցութեան մէջ։
      
       Այս պարբերագիրքը կը հրատարակուի մի՛միայն իմ անհատական միջոցներովս։ Ու ես հարուստ մարդ մը չեմ։ Այս հրատարակութեամբ դրամ շահելու նպատա՜կն ու պատրանքն ալ չունիմ։ Յետոյ, տրուած ըլլալով, որ անիկա մասնաւորապէս յատկացուած է գրողներու եւ մտաւորականներու, երէց, երիտասարդ ու դեռ պատանի, որոնք ինծի նման հազիւ հազ բարեկեցիկ մարդեր են, այս հրատարակութեան նիւթական աղբիւրները գրեթէ ոչինչ են։ Ու իր արժէքը իր շարունակութեան մէջն է։ Ուստի կը խնդրեմ բոլոր անոնցմէ, որ կը հաւատան այս արժէքին, որ կ’ուզեն ու կրնան իրենց բարոյական եւ նիւթական մասնակցութիւնը բերել այս արժէքին իրականացման, բարի ըլլան ատիկա ընելու։ Այս պարբերագիրքը, անխտիրօրէն, կը ղրկուի բոլոր հայ գրողներուն, մտաւորականներուն, իշխանաւորներուն, թերթերուն եւ հանդէսներուն, որոնց անունները ծանօթ են ինծի։ Անծանօթները կրնան պահանջել, եթէ զայն ունենալու պահանջը կը զգան. պարբերագիրքը իրենց տրամադրութեան տակն է։