ԱՆԻԾԷ,
ՄԱՅՐ…
Անիծէ՛,
մա՛յր,
Ես
իմ
բանտս
շինեցի։
Բանուոր
եղայ,
բանտի
բանուոր
Վաղուան
բանտը
կառուցի։
Հող
փորեցի,
խիճ
կրեցի,
Բանտին
հիմը
ես
բացի։
Քար
կշռեցի,
աղիւս
տուի,
Բանտին
պատը
հիւսեցի։
«Վարպետ
Մանուկ,
այստեղ
ի՞նչ
է»։
-
«Խօվուշ,
տղա՛յ,
շո՛ւտ
փորէ»։
Անիծէ՛,
մա՛յր,
Ես
խցարգել՝
բանտախուցը
փորեցի։
«Վարպե՛տ
Մարգար,
այստեղ
ի՞նչ
է»։
-
«Զնտա՛ն,
տղայ,
դե՜
քար
հասցուր»։
Անիծէ՛,
մա՛յր,
Ես
լուսաբաղձ
կալանաւոր
Գետնախշտի
կազմեցի։
«Վարպե՛տ,
Օհա՛ն,
այստեղ
ի՞նչ
է»։
-
«Աշխատանո՛ց։
Միւտիւրն
եկաւ,
Դարձուր,
դարձո՛ւր
տոլապը»։
Անիծէ՛,
մա՛յր,
Տաժանակիր
աշխատանքի
Ես
դժոխք
մը
կառուցի։
-
«Իգնա՛տ,
ընկե՛ր,
այստեղ
ի՞նչ
է,
Երկու
օր
է
կը
փորենք»։
-
Այստե՞ղ,
այստե՞ղ,
միտքդ
չի՞
գար,
Խոստովանանկ
պիտ’
ըլլանք…»։
Անիծէ՛,
մա՛յր,
Ի՜նչ
շուտ
մոռցայ,
Նոր
տանջարան
կերտեցի։
Ի՞նչ
պոռչտուք
է,
տղա՛ք,
ի՞նչ
կայ.
-
Տասնապետը
մահակով
Ուժգնօրէն,
գազանօրէն
կը
ծեծէ
Հեթանոս
մը
անօթի
որ
ուժաբեկ
թմրած
էր…
Անիծէ՛,
մա՛յր,
Ես
հեռուէն
դիտեցի
Սեւ
տանջանքը
բրածեծ,
Ես
իմ
բանտս
շինեցի…։
1918
Օգոստ.
Կեդր.
բանտ,
Պոլիս