Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՊԶՏԻԿ ԵՐԳԵՐ
       8. ԱՌՏՈՒՆ
       Ինչպէս բարի քոյր մը, սպիտակ առտուն, լուսեղէ՜ն աստուած, ձեռքը դրաւ ճակտիս, եւ յամրօրէն անցաւ հոգւոյս մէջ, իր շառ քղանցքէն հոն անձրեւելու շըրշիւնը մետաքս:
       Ինչպէս բարի քոյր մը, ցանկալի առտուն` լուսցաւ հոգւոյս մէջ` կարօտով մթագնած. ինչպէս բարի քոյր մը, ինչպէս շուշան մը` անձաւի մէջ ծաղկած:
       Ինչպէս բարի քոյր մը, գորովազեղ առտուն, իր խունկ ձեռքերով ամէնն ալ գգուեց. գգուեց ամէնն ալ ցաւիս ծաղիկներուն, որոնց բաժակները բարձրացան, բարձրացան` անոր նայուածքին լոյսովը թրջուելու:
       Եւ ինչպէս բարի քոյր, ինչպէս բարի քոյր` վաղաժամ մեռած` քնացաւ առտուն, իր գորովանքով օծած` հասկերը իմ տարփանքներուս: