Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
5. ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
       Որքա՜ն շնորհապարտ եմ Ենովք Արմէնին, որ իր գրական նկնութեան մէջ տիտանի շարժ ու ձեւ մը կը փորձէ` օձիքս ի վեր ցատկել ուզելով:
       …Ի՞նչ տեսակ բան է արդեօք այդ կապոյտ յածումը, կրնա՞ն նկարագրել: Կրնա՞յ նոյնինքն նկարագրել անոր հեղինակը: Անիմաստ սենպոլիսմի նմանողական գայթումներն են մէկ քանի բանաստեղծներու փորձած այս մոլար կապկութիւնները…
       Այսպէս կը ծանօթագրէ Ենովք Արմէն «Մասիս»ի 28, 29 թուին մէջ հրատարակուած Չէօ կիւրեանի գրախօսութեան տակ, զոր ուզածին պէս կրճատեր է «Մասիս»ի խմբագիրը` հաւասար յարգանք ցոյց տալով «գրողին իրաւունք» ին ու տող մը իսկ չջնջելու մասին իր ըրած խոստումին: Այսպէս կը ծանօթագրէ` ու առաջին անգամէն, առանց ոստումի ինքզինքը անտաշութեան շրջանակի մը մէջ կը դնէ, մոլար կապկութիւն անուանելով բաներ` որ իր մտքին անձուկ պարունակին մէջ չամփոփուելուն միակ ու մեծ յանցանքը ունեցեր են: Բայց ըսի արդէն, թէ շնորհապարտ կ'ընեն զիս Ենովք Արմէնի արիական շարժումն ու համարձակութիւնը` որոնք առիթ կու տան ինծի գրականութեան անունով գործուած կարգ մը պղծութեանց դէմ ձայն բարձրացնելու:
       Գանք ուրեմն կապոյտ յածումներու մասին ըրած իր դիտողութեան՝ զոր պարզամիտ բարձրայօնութեամբ գուցէ անառարկելի կը կարծէ: Ենովք Արմէն սապէս տրամաբանեց անշուշտ (կ'ենթադրեմ, քանի որ ինք յայտնապէս տրամաբանելու քաջութիւնը չունեցաւ) յածում֊պտոյտ, դեգերում, աննիւթական, անտեսանելի բան մըն է` հետեւաբ ար կապոյտ չի կրնար ըլլալ: Չքնա՜ղ է տրամաբանութիւնը Ենովք Արմէնին` զոր իր քննախոյզի եւ ուրիշ գրական յաւակնութեանց մէջ բեւեռելու միտողներ ալ պիտի ըլլային՝ որպէսզի կատարեալ ըլլար մեր գրական ողբալի հիքութիւնը: Ենովք Արմէն թող ուզէ կարդալ ու հասկնալ պզտիկ արտագրումները, զոր պիտի ընեմ «Կապոյտ յածումներ» խորագրով ոտանաւորէս. նախ ըսեմ, թէ կապոյտ յածում ըսելով կը հասկնամ կապոյտներու մէջ յածում. ու յետոյ պէտք է գիտնայ, թէ այս պարագային յածումը կապոյտէ տարբեր չի կրնար ըլլալ, քանի որ օդը ինքնին կապոյտ է: Իսկ եթէ անբաւական կը թուի իրեն այս բացատրութիւնը, ինչպէս ըսի, թող ուզէ հասկնալ յիշուած ոտանաւորին հետեւեալ տողերը.
       Հապո՜ն, անցիր, ծծէ հեշտին համբոյրն անուշ «լելակներուն»
       ու թեւաբախ սուրա՛ հոն ուր զոյգ մը դաշտեր «բիլ» սմբուլի
       քեզ կը սպասեն…
       Խորասուզէ ծոպդ ոսկեզօծ ծովածիծաղ ու թրթըռուն
       քնարին «բիլ» նայուածքներուն ծփծփանքին մէջ յորդագեղ.
      
       Եւ որպէսզի չգայթի Ենովք Արմէն, հոս անմիջապէս պէտք պիտի ըլլար ըսել, թէ լելակը սովորական մանիշակագոյնէն զատ կրնար ըլլալ նաեւ ճերմակ, կարմրորակ, կապտորակ:
       Հոս տեղն է նկատելու, որ եթէ Ենովք Արմէն քիչ մը թափանցամիտ ըլլար ու պզտիկ հասկացողութիւն մը ունենար բանաստեղծութեան, փոխանակ կապոյտ յածումին ծուղակը իյնալու, պիտի կրնար որոշակի դիտել, թէ այս ոտանաւորը շատ ծանրաբեռնուած է, եւ յորդառատ բառերով կը քողածածկէ բնականին ու պարզին վճիտ զգացողութիւնը: Եւ այն ատեն մատնանիշ ըրած պիտի ըլլար իրական ու խոշոր թերութիւն մը` որ ընդհանրական է մեր բանաստեղծներուն համար: Բայց Ենովք Արմէն ան տեղերը չէ: Հետաքրքրական ու հոգեբանական պիտի ըլլար, եթէ ուզէր ամբողջական գրախօսութիւն մը ընել «Ծիածան»ին վրայ եւ այն ատեն անշուշտ դուրս կու գար բովանդակ խեղճութիւնը իր գրագէտ֊հասկացողութեան ե ւ անգեղագէտ մտքին: «Ծիածան» ը չնաշխարհիկ բան մը նկատելու չափ շլամիտ չեմ. ես իմ բոլոր գրախօսներէս աւելի յստակօրէն տեսնել կը կարծեմ անոր թերութիւնները, բայց թերութիւնները, որոնց հրապարակային մատնանշումին առիթը կ'ունենամ հարկաւ:
       Տակաւին պահեստի դիտողութիւն մըն ալ ունի Ենովք Արմէն. «Արեւին» բանաստեղծութեան մէջ սա երկտողը կայ.
       Թող հոգւոյս մէջէն անցնին կարգաւ
       մանուկներն ընդարմացած.
      
       Այս տողերն ալ հպելով իր խտրոցին, Ենովք Արմէն պիտի գոչէր. «Ի՞նչ, հոգիին մէջ մանուկ կրնա՞յ ըլլալ»։ Որովհետեւ Ենովք Արմէնի միտքը ընդհանրապէս գրականութեան ու մասնաւորապես բանաստեղծութեան անընդունակ միտք մըն է: Ու չի կրնար իմաստի պզտիկ կրճատումներ լայնել ու հասկնալ անմիջապէս, թէ, օրինակի համար, մանուկը ամփոփ փոխաբերութիւնն է հոս մանուկ զգացումներուն, տենչերուն, յոյսերուն, բաղձանքներուն` որոնք երկար ատեն ընդարմացած՝ արեւին կենսաբաշխ ճառագայթներուն պէտք ունին վերսթափուելու համար: Ի՞նչ դժբախտութիւն պիտի ըլլար, եթէ բոլոր հասկացողութիւնները Ենովք Արմէնին պէս անձկանային. այն ատեն հարկ պիտի ըլլար մեր գրական հսկային` Նարեկացիին փոխաբերութիւններուն ալ դատավճիռը կարդալ («Բուրվառ կենաց», «Մանգաղ կամաց» , «Անկողին կամաց»):
       Ենովք Արմէն կ՚ուզէ անպատճառ ismeի մտակոյր ու պանդոյր տարփող մը գտնել իմ մէջս, մա՛նաւանդ բառամոլ խորհրդանշական մը, ծիծաղելի կապկող մը: Եւ որովհետեւ սկիզբէն ի վեր գրեթէ բնազդաբար, եւ հիմակ բացորոշակի, իմ գրական մեծագոյն մտահոգութիւնս եղած է դպրոցի անճահ պիտակումներուն յիմարական հետավարող մը չըլլալ, եւ խուսափիլ արտաքին ազդեցութեանց նուաստացուցիչ դրոշմէն, մէկ խօսքով՝ կարելի եղածին չափ ինքզինքս ըլլալ՝ ուժգնօրէն կ՚ընդվզիմ Ենովք Արմէնի այդ անմտած վերոգրութեան դէմ: Ու բարբառուն ապացոյց մը տալու համար թէ սինպոլիսմը կրնայ ստացական չըլլալ՝ դարձեալ մէջ կը բերեմ պանծալի Նարեկացիին օրինակը:
       Պզտիկ հետախուզութիւն մըն ալ` որ երեւան պիտի բերէ Ենովք Արմէնին ըմբռնումը` արուեստագէտ բառին մասին: Մինչ մէկ կողմէն Ենովք Արմէն զիս կապկող մը կը կոչէ, միւս կողմէն՝ Պարսամեանը կը դաւանի «արուեստագէտ մը՝ որուն քնարը կորովի շեշտը ունի յուզիչ զգայութիւններու»: Պարսամեան նոր սեռ մը փորձած ըլլալ կը կարծէ, աստուածաշնչական կարգ մը անցքեր իր կաթոտ զգացումներով մակարդալով: Ունինք իր վերջին ոտանաւորը («Մասիս» , թիւ 28-29), «Դալիլա», որ չարափոխումն է Աստուածաշունչին մեծավայելուչ պարզութեամբ ու հանդարտ խաղացքով վիպերգութեան: Հետաքրքրական պիտի ըլլար բաղդատութիւնը՝ ուր երեւան պիտի գայ գրականէն զատ լեզուական պղծագործութիւնն ալ՝ զոր կ՚ընէ Պարսամեան իր կոշկոռ կապած հայերէնով:
       Աստուածաշունչինը.
       …«Եւ եղեւ յետ այսորիկ սիրեաց կին մի առ եզերք հեղեղատին Սովրիկայ, եւ անուն նորա Դալիլաե (Դատ. ԺԶ 4):
      , …Եւ ննջեցոյց զնա ի մէջ ծնկաց իւրոց, եւ կոչեաց վարսավիրայ, եւ եգերծ զեւթանեսին գիսակս գլխոյ նորա, եւ սկսաւ թօշնիլ, եւ մեկնեցաւ ի նմանէ զօրութիւն նորա…» (Դատ. ԺԶ 19):
       Պարսամեանինը.
       Դալիլայի գիրկին մէջ՝՝ իր գլուխը ընկլուզած`
       Սամսոն` կիրքին մեղապարտ արբշռութիւնովը մթին,
       կը փայփայուէր Սովրիկի հեղեղատի նայեադին
       թունաւորիչ, տռփանուտ գգուանքներէն հեշտախանձ:
       …………….
       Գլխուն վրայ մկրատն է, որ կը շարժի մեղմօրէն։
      
       * * *
       Այս բաղդատութենէն դուրս դիտելի կէտ մը կայ, որ ամբողջ ոտանաւորը ոչինչով կը տարբերէ ձանձրալի արձակէ մը: Երրորդ տունին մէջ ընթերցողը կը փոխադրուի վայր մը՝՝ որ դաբիրան է Պարսամեանի սովորական ծանօթ զգացումներուն.
       Զանկապանը յարդարեց` շարժումով մը պչրավար,
       լերդ շառայլը ցոյց տալով այդ կանացի երիզին.
       ուր ալիքի պէս վէտ֊վէտ ժանեակներու մէջ նրբին
       մարմնի ճերմակն աւելի շուշանաթոյր կ՚երեւար:
      
       Ի՞նչ է այդ երիզը. զանկապանը կանացի գուլպայի տարբեր նշանակութի՞ւն մըն ալ ունի արդեօք` ինծի անծանօթ: Ո՜ւֆ, սա ժանեակը` որուն մեծաքանակ վաճառողն է Պարսամեան` որ փութաց մասնաճիւղ մըն ալ բանալ վերջերս…։ Դերերը որքա՜ն կը շրջուին երբեմն. բանաստեղծը` որ ամէն գեղեցիկ բան սիրցնելու պաշտօն ունի, ատել կու տայ երբեմն իր երգած իրերը. այսպէս չէ՞ր, որ մեր նախորդ սերունդին բանաստեղծները սրբապղծեցին ու ատելի դարձուցին , սոխակեը, , առուակեը, եւն. եւ այսպէսով չէ՞, որ Պարսամեան ալ խեղդամահ ընել կը նկրտի ժանեակն ու իր նմանները…
       Ու մտածել, թէ արուեստագէտ կը կոչուի մէկը, որ ժողովրդային մէկ քանի զուլալ սիրերգներ իր աղաւաղ զգացումներով պղտորելէ վերջ` նոյն բանը կը փորձէ նաեւ աստուածաշնչական դէպքերու համար: Ո՜վ արուեստագիտութիւն… (հետաքրքիր է իմանալ, թէ Ենովք Արմէն արուեստագէտ ըսելով յանգի ու ոտքի սովորական ինքնաշարժ մեքենայէ տարբեր բան մը կ՚ըմբռնէ՞)։
       * , թէ ի՞նչ կ՚ըմբռնէ Ենովք Արմէն գեղարուեստ բառով: Երբ Ենովք Արմէնի փափաքով (այն ատեն երեւի մոլար կապկող մը չէի) յօժարեցայ «Մասիս» ի մատենադարանին մէջ հրատարակել «Ծիածան» ը` այս վերջինին կցուելու համար ազդ մը խմբագրեց «Մասիս»ի խմբագիրը. այս ազդէն մաս մը կ՚արտագրեմ, իբրեւ նմոյշ հեղինակին լեզուական գեղարուեստին.
       …Հիմնած ենք ««Մասիս»ի մատենադարանը», որուն լոյս կ՚ընծայենք Առաջին հատորը, «Ծիածան», իբր սկզբնաւորութիւն մատենադարանի շարքին:
       Ես չկրցայ հանդուրժել այս ճռղած հայերէնով ազդին` զոր Ենովք Արմէն կ՚ուզէր անպատճառ զետեղել գրքին ճակատը, յառաջաբանէն իսկ առաջ: Որուն լոյս կ՚ընծայենք առաջին հատորը (dont nous publions le premier volume). ահա՛ւասիկ, ո՛ւր պէտք է փնտռել մոլար կապկութիւնը. հայերէն մը` որ իսկ եւ իսկ ֆրանսերէնին վրայ ձեւուած ըլլայ: Գալով իբր սկզբնաւորութիւն, կամ անհարկի կրկնութիւնն է ան առաջինին արդէն բացատրած իմաստին, կամ կը նշանակէ, թէ «Ծիածան» ի միակ արժանիքն էր Մատենադարանին իբր սկզբնաւորութիւն ծառայելը. բայց քանի որ Ենովք Արմէն անձնապէս ժխտած է այս վերջին մեկնութիւնը, կը հաստատուի առաջին դիտողութիւնը: Եւ այս ազդն է, որ Ենովք Արմէնի գրչին տակ գեղարուեստական խնդիր դարձած է. ո՜վ գեղարուեստ:
       Ենովք Արմէնի լեզուին մէջ կը վխտան այս կարգի մոլար կապկութիւններ ու սխալներ` զորս ամէն հետաքրքիր կրնայ որսալ լիաբուռն: Ենովք Արմէն ուրիշ շատերու պէս լեզուին մտահոգութիւնը չունի, գրաբարը կ՚արհամարհէ անպայման: Գրաբարի մոլեռանդութեան, կամ գրաբար ու գրաբարախառն գրելու ցնորքին չափ յիմարական է կարծել, թէ աշխարհաբարը եղած֊ լմնցած, ինքնուրոյն, կազմուած նկարագրով լեզու մըն է: Ու մա՛նաւանդ, անգամ մըն ալ կրկնեմ. մոլար կապկութիւն է զայն եւրոպական լեզուներու վրայ ձեւելը. օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր ու թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռնանք գրաբարին յուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ: Ինչո՞ւ մեր հացը գետին ձգենք, ու մուրացիկ` ուրիշին ետեւէն վազենք…
       Կրնայ առարկուիլ, թէ ի՞նչ հարկ կար այս որակներով այսքա՜ն զբաղուելու: Բայց այս պղծագործութիւնները նուիրագործութիւն սեպուելու յաւակնութիւնը ունին. ու մեղապարտ ու ցասուցիչ այսքա՜ն լռութիւններէ վերջ, պէտք էր որ յանուն գրականութեան, եւ յանուն ցեղին լեզուական արժանապատուութեան ձայն մը բարձրանար գոնէ…
      
       * * *
       Իսկ Տիգրան Չէօկիւրեան պարզապէս յուսահատեցուցիչ է։ Անիկա ազդեցութիւններ նշմարել կ՚ուզէ իմ մէջս Պարսամեանէն, Յարութիւնեանէն, Մալէզեանէն, Չրաքեանէն: Ինչպէ՞ս կրնայի ազդուած ըլլալ ես Պարսամեանի կնատ ու ճակաճան ու սամսարող բանաստեղծութենէն. ես` որ նոյնինքն Չէօկիւրեանի բառերով «գաւառացիի կատարեալ աւիշը ունիմ» ու բնութեան սէրը. այս տեսակ ազդեցութեան մը տոկալէ աւելի պիտի ուզէի եօթը անգամ գրիչս կոտրտել: «Պարսամեանի երջանիկ բառերովը օծած է բանաստեղծը իր գործը», կ՚ըսէ Չէօկիւրեան. բայց երբէ՞ն ի վեր բառերը սեպհականութիւններ են կամ մենաշնորհ: Շնորհակալութեան պզտիկ պարտք մը ունինք անոնց՝ որոնք գործածութենէ ինկած գեղեցիկ բառեր կը վերակենդանացնեն. բայց Պարսամեան այդ շնորհակալիքին ալ իրաւունք չունի, քանի որ Սիպիլէն փոխ առած է իր յաճախակի գործածած բառերը, կարծելով, որ անոնք, կնոջական անունի մը միացած՝ պիտի կարենային հրապուրել արժանիքի առնացի աստուածութիւնը` որ աւա՜ղ… Իսկ եթէ վերնագիրներս Յարութիւնեանէն փոխ առած եմ, ծիծաղելիէ աւելի բան մըն է կարծեմ մա՛նաւանդ նոյն ինքն Յարութիւնեանի աչքին: Ենթադրենք նոյնի սկ, որ անմտադիր կերպով Յարութիւնեանէն փոխ առած ըլլամ վերնագիրներէս մէկ քանին (հաւանօրէն, չե՛մ գիտեր). ի՞նչ կշիռ ունի ասիկա: Բոլոր գրականութեանց մէջ ալ չկա՞ն միթէ նոյն մակագրութեամբ անհամար գրութիւններ ու գիրքեր ալ. ի՞նչ կը պակսեցնէ այս նոյնութիւնը ներքին իսկական արժանիքէն: Ի՜նչ ողբալի կերպով բառերու հետ խաղացողներ ենք: «Տապի նոպաներ» վերնագրութեան ծիծաղելի նկատուիլը բազմապատիկ ծիծաղելի, հաճոյական եւ զբօսեցուցիչ թուեցաւ ինծի: Ի՜նչ աւելի արտայայտիչ ու բնական ու բանաստեղծական, քան համագրաւ տապի մը պահուն` բնութեան նոպայէ բռնուած նկատուիլը: Բայց ի՞նչ հարկ ասանկ նուրբ դիտողութեանց, քանի որ Չէօկիւրեան կ՚ուզէ, որ «Տապի նոպաներ» ոտանաւորիս իբր վերնագիր փռէի «Յունիսի արեւը» մակագիրը` ծանրաբեռն ու վաստակաբեկ գրաստի մը պէս…։ Զանց կ'ընեմ միւս վերնագիրներուն համար եղած դիտողութիւնները` որոնք ինքնին կը չէզոքանան ուշադիր ընթերցումներէ վերջ: «Ցնորոտ անդորրութիւննե՜ր» , «Անդորրութիւն մը, որ ցնորոտ կ՚ըլլայ, տարօրինա՜կ բան», կը գոչէ Չէօկիւրեան: Այո՛, անդորրութիւն մը, որ ցնորական կ'ըլլայ, առանց տարօրինակ ըլլալու: Յայտնի կ՚երեւայ, թէ Չէօկիւրեան հանդիսատես չէ՛ եղած կամ չէ՛ անդրադարձած մեծ լռութիւններու ու անդորրութեանց, ծովափը սարաւանդի մը վրայ, կամ դաշտերուն մէջ՝ լեռներուն դրացի, գիշերուան լուսախաղաղ համանկարին վրայ իշխող անդորրութեանց ու լռութիւններու` որոնք գլխու պտոյտ կու տան: Զիւմրիւթը քանիցս գործածած եմ դալարիքի համար. Չէօկիւրեան ձանձրալի կը գտնէ այս վերադիրը, թէ ինչպէ՛ս, ինք միայն կրնայ գիտնալ: Ապրշումէ երազներուն համար եղած դիտողութեան չեմ պատասխաներ, իրմէ չկորզելու համար սրամտութիւն մը ըրած ըլլալու վայելքը: Դիտել կու տամ, թէ սատափին գոյնը ո՛չ թէ գորշ սպիտակ դեղնութիւնն է, այլ գորշ սպիտակ յատակի վրայ ծիրանի ու կապտերակ երանգներու ցոլք մը: Եւ ի՞նչ արտայայտիչ է, լուսնաժամին նախընթաց գորշ սպիտակ պայծառութեան մը վրայ վերջալուսային յետամնաց ծիրանի երանգներուն ու մշշական կապոյտ երակաւորումներուն համար` քան սատափի ծիածանումը:
       Չէօկիւրեան կը քերէ «Ծիածան» ի ճշմարիտ թերութեանց եզերքը, երբ կը հակադրէ իմ մէջս իրական աւիշով գաւառացին, ու քաղքենի ազդեցութեանց նշաւակ պոլսաբնակը` որ «Սոնադին»ը արտադրած է: Բայց կը քերէ մինակ եզերքը ու չի կրնար ցամաք նետել երկաթ ճապուռը՝ եւ հաստատուն գետնի վրայ գտնել ինքզինքը, որովհետեւ մակերեսային դիտողութեանց հոսանք մը դարձեալ կը վարէ իր մակոյկը:
       Չէօկիւրեան «Ծիածան» ի մէջ զգացումներուն բնագեղ տեսարաններով շրջանակուած ըլլալը ստգտանք մը սեպել կ՚ուզէ: Բայց ինչո՞ւ զգացումները երաշտ անապատներու մէջ տարագրել, ինչո՞ւ մոռնալ մարդուն ու բնութեան անմիջական հաղորդութիւնը, ինչո՞ւ խզել այդ կապերը` փոխանակ ամրապնդելու զանոնք: Զգացումներն ու տեսարանները զուգորդելը չէ թէ անկատարութիւն կամ անկապակցութիւն է, այլ ընդհակառակը` կատարելութեան ձգտում մըն է, իրերուն ու մարդուն յարաբերութեանց կապակից կցորդութեան համար եղած ջանք մըն է: Եւ «Ծիածան»ի միակ արժանիքը այս ձգտումն ու ջանքը կը ներկայացնեն:
       Իսկ Չրաքեանի հետեւած ըլլալու վերագրութիւնը անճահ լօդիկի մը պէս վրայէս կը նետեմ: Յղացման ընդօրինակութիւն ըսելով Չէօկիւրեան հաւանօրէն ակնարկել կ՚ուզէ կիրակմուտքը, որ «Ներաշխարհ» էն ամիսներ առաջ տպուած էր արդէն «Մասիս» ի մէջ: Եւ արմատաքին ու ի սպառ ջնջելու համար «Ներաշխարհ» ի ազդեցութեան անհեթեթ կասկածը, ըսեմ, թէ «Ծիածան» ի հրատարակութեան ձեռնարկը Ինտրայի հատորին հրապարակումէն վեց ամիս առաջ եղած էր արդէն: Եւ անկէ վերջ գրիչ դպած չէ «Ծիածան»ին, փորձի սրբագրութեան պահուն կարգ մը ոտանաւորներու արտահանումէն զատ:
       Անգամ մըն ալ շնորհապարտութիւնս կը յայտնեմ Ենովք Արմէնին: Գալով Չէօկիւրեանին, կը ցաւիմ, որ շատ թեթեւօրէն ըմբռնած է քննադատութիւնը: ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻ՜ՒՆԸ։