Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
6. ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՀԵՏ
       Խուցիս ճերմակ վարագոյրները կը սարսռան. գետընթաց հո՜վն է դարձեալ, որ ապակիները կ՚ալեկոծէ ու կը փռուի մինչեւ բաղձանքիս աւազներուն վրայ:
       Հո՜վն է դարձեալ. խուցիս աշունը` դեղին ու կարմրորակ տերեւի անդրադարձ խոշոր կայլակներով արցունքոտած՝ իղձի ու թախծութեան ամպոտ վայրկեանի մը մէջ` կը սպասէ աղօթքին: Նախնականութեան բաղձանք մը` երկիւղով մակարդուած, առհաւութեան հեռալուր ձայն մը` կարծես հովին արհաւրոտ ձայնին ընդխառնուած՝ յետոյ անկէ տարանջատ՝ կը կոթողուի մէկէն հոգիիս մէջ: Ու բոլոր ուրուագիրներուն ու պատկերներուն մէջէն, որոնք անոր շրջանը կ'ընեն հիմակ, բոցով շրջանակուած դիմագիծ մը, հայեցողի միստիք, մշուշոտ, աղօթաւոր կենդանագիր մը կ'որոշագծուի հոն մինչեւ ճակատին ակօսները` զորս Մեղքի գաղափարին արօրն է քաշած. մինչեւ աղերսարկու աչքերուն թախծոտ նայուածքը` աստուածեան հուրով մը տոգորուած. ու մինչեւ շուրթերուն աղօթկեր երերումն ալ: Նարեկացի՜ն է. սրբութեան իղձին կրակովը վառուած անշէջ մորենին, մեծ աղօթասաց բանաստեղծը` որ կը հառաչէ.
       «Մատուցեալ եդեալ ի հուր թախծութեան անձին տոչորման` զպտուղ ըղձից ճենճերոյ սասանեալ մտացս, բուրվառով կամացս առաքել առ քեզ…» (Բան Ա, գլ. Ա)։
       Հո՜վն է դարձեալ. եւ անոր հեւքին հետ, իրար բախող ձայներու մակընթացութեան մէջէն` անտես ու զգալի աստուածն է, որ կ'անցնի, եւ հոգին կը տարուի յորձանքներէն, երկիւղի խորանին առջեւ իր աղօթքը աղաղակելու.
       «Ընկա՛լ քաղցրութեամբ, Տէ՜ր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս, բացադրեա՛ վերնային, զմոլելոյն մառախուղ. պարփակեա՛ քո ձեռամբդ զառաստաղ տաճարիս. գծագրեա՛ քո արեամբդ զմուտ սեմոց սենեկիս. տո՛ւր հանգիստ բերկրութեան մահահանգոյնս նիրհման…» (Բան ԺԲ, գլ. Գ)։
       * սրահակներուն մէկ ծերպէն` եւ աղերսագին կանչե՛լ.
       «Պաղատիմ առ քեզ լուսոյ ճառագայթ…» (Բան ԺԴ, գլ. Ա)։
       Բայց, ահա՛ ճառագայթն է. «ամենափայլ ճառագայթը», «խոստովանեալ լոյսը», «արփիացնցուղ ցօղը», «տօնելի խոնարհութիւնը», «փրկական համբոյրն» է այդ ոսկեթել նուրբ շառայլը` որ կը սահի հոգիին խորը` քայքայուած երազներու տրցակը ժապաւինելու:
      
       * * *
       * շաչումները` անոնց իրարահալած խաղացքն ու անկումները ունին:
       Եւ այս ալեկոծութիւններուն մէջ, յորձանքներու ափը ինկած պզտիկ նաւակ մը կայ, զոր կոհակները ոչնչի մը պէս ձեռքէ ձեռք կը նետեն, մինչեւ խորտակում.
       «…Ուստի նաւն ի բախմանէ վայրենի ալեացն խորտակեցաւ» (Բան ԻԵ, գլ. Բ):
       Հոս պատկերի խիստ ու նկարչական ճշգրտութիւն մը կայ, իր մանրամասնութիւններուն ու ամբողջական ներկայացումին մէջ ալ` այնքան հուժկու ու իրախնդիր` որ նմանութիւնը հրաշալի կերպով կ՚անձնացնէ.
       «Թեւոցն ձեռնարկութիւն քայքայեցաւ, կայմն ամբարձման՝ ի կայից իւրոց խլեցաւ, առագաստին թռչարան յանկարկատելի ծուէնս պատառեցաւ, շինուածոյն շուք անզարդեցաւ, առասանք ձգողականացն խզեցաւ, տեսարան գլխոյն դիտակի խոնարհեցաւ, ապավանդակին պարան կտրեցաւ, ապաւինութիւն խարսխին լուծաւ, սամիք ուղղչացն յետոց գալարեցան, ղեկացն կառուցմունք անդրէն սուզան, գոգք ամփոփման ծոցոյն կազմածոյ անարգեցան, խելք շրթանցն եզերաց խախտեալ ոստեաւ…» (Բան ԻԵ, գլ. Բ):
       Բայց դեռ չէ՛ վերջացած նկարագրութիւնը այս նաւաբեկութեան. հապա նաւուղիղին անձկութի՜ւնը.
       «Նաւուղիղն հանդէպ նաւին դեգերեալ ողբայ. ձեռն ի ծնօտի եդեալ՝՝ արտասուաց գետս իջեցուցանէ» (Բան ԻԵ, գլ. Գ):
       Եւ հուսկ ապա խլեակներու թախծագին երերումը ջուրերուն վրայ…
       «Նշմարք սակաւ մնացուածոցն` ի ծայրից ծփմանց ազդելոյ ծովուն, իբր խողխողեալ բանաւոր, ողորմագին թախծանօք հեծէ» (Բան ԻԵ, գլ. Գ)։
       Նմանութիւնը հոս կը վերջանայ` բայց անդին հոգեկան վերա֊ կանգնումին յոյսը կայ՝ թէեւ քիչ մը երկուական՝ ինչպէս ճառագայթ մը մշուշի մէջ նշուլացած.
       «Իցէ՞ արդեօք տեսանել զփշրեալս՞՞ նաւ ողբալի հոգւոյս ողջացեալ. արդեօք մտի՞ց ի խրախճանութիւն խորանին լուսոյ՝ քեւ առաջնորդեալ…» (Բան ԻԵ, գլ. Դ)։
       Բայց վերջապէս մշուշը կը փարատի, ու ոսկի ճառագայթը կը փայլփլի յստակ.
       «Իսկ եթէ լոյս ողորմութեան բարերար կամաց քոց ցուցցի, գթութեան քո դուռն բացցի, ճառագայթ փառաց քոց ծաւալեսցի, առաւօտիդ ըղձալի տեսիլ մերկասցի, առատութիւն քաղցրութեան քո աղբերասցի…» (Բան ԻԵ, գլ. Ե)։
       Ու հոգիին ցանկալի ցոլարձակ Վաղորդայնը…
       Ահաւասիկ ուրիշ նմանութիւն մըն ալ` խղդուողին նմանութիւնը` ուր բառերը պատկերին տեսողական ու ձայնագրական ճշդութիւնները միայն կը ցոլացնեն.
       «Եւ քանզի ի ծուփս բազմավտանս ալետանջ հողմոյ սաստկապէս զզուեալ ուժգին լլկանօք իսպառ տագնապմամբ ի ծովին, փոխեալ ընկեցեալ ի վտակն վայրենական ողողիչ. առ որս զմատունս ձեռացս այսր անդր տարաբերեալ, իբր ի յուսանաց գետոց գարնանազայր գետոց, արտաձգեալ յակամայ ընթացս ողորմագին գլորման, ջրակուլ ոգեսպառ պղտորարբութեամբ, դաժանահոտ սկախառն մամռարմատ խառնախռիւ մահաբեր երկամբք վանեալ, ըստ որոց յուղխիցն հեղեղիցն հեղձուցեալ …» (Բան ԾԴ, գլ. Դ)։
       Եւ այս ալեկոծումներուն ու ծփծփանքներուն վերեւ միշտ կը փթթի` փրփուրներուն շուշան ծաղիկին պէս` «լոյսի հարս» Աստուածամարին` ցնծութեան ու կուսութեան ճերմակ գաղափարը.
       «…Անխառն իբրեւ զօդ, մաքուր որպէս լոյս, անշաղախ՝ ըստ նմանութեան պատկերի արուսեկին բարձրութեան, գերազանց քան զբնակութիւն անկոխելին սրբութեանց, երանաւոր խոստմանն տեղի, եդեմ շնչական, ծառ կենացն անմահից՝ բոցեղէն սրովն պարունակեալ…» (Բան Ձ, գլ. Ա)։
       Եւ ի՜նչ աւելի տօնելի ու ցանկալի է, քան այս խաւարամած հոգիին մէջ կայլակող կուսութեան ձիւնաթոյր շիթը.
       «Ահա՜ կաթիլ մի կաթին քումդ կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ` կենաց ինձ զօրէ…» (Բան Ձ, գլ. Գ)։
       Բայց պահեր կան, ուր վերստին կը բարձրանայ, կը շրջշրջի հոգիին մէջ Մեղքի գաղափարին միահեծան մրրիկը` խուռնամբոխ անթուելի տարրերով լեցուն.
      , Իսկ մեղանք իմոցս յանցանաց` անթիւք. ոմն եւ բիծք իւր. ոմն եւ փուլք իւր, ոմն եւ արմատք իւր, ոմն եւ ճիրանք իւր, ոմն եւ շանթք իւր, ոմն եւ հրդեհմունք իւր, ոմն եւ վիհք իւր…» (Բան Զ, գլ. Դ)։
       Եւ դեռ անհամա՜ր, անհամա՜ր…
       Ուրեմն պէտք է աղաղակե՜լ դարձեալ, իղձի կրակին մէջ աղօթքի խունկովը բուրվառանալ` եւ հառաչել թախծութեան երգը.
       «Ընդ աղաչուացն նեղելոյ մշտագիշերն խարխափանօք` մեծակական ձայնիւ հառաչեմ» (Բան Ժէ, գլ. Գ)։
       «Ահա կարկառեմ զկարկամեալ բազուկս հոգւոյս յանուն քո, հզօր…» (Բան ԺԸ, գլ. Գ)։
       «Լուր լռութեան սրտիս, Տէ՛ր Յիսուս, որ հնչումն է առ քեզ մեծութեան ձայնի երկար գոչելոյ» (Բան ԾԳ, գլ. Գ)։
       «Թշուառացեալ կիսամեռութեամբ, դիմօք այլայլութեան, տատանմամբ մատանցս, կարկամ հառաչմամբ, նուաղ հեծութեամբ, նրբական ձայնիւ, հոգի թախծութեան յոգնամասնեայ տարակուսանաց` ողբալով հառաչեմ» (Բան ՀԳ, գլ. Բ)։
       «Եւ արդ ջուր կամաց եւ կաթ արտասուաց` բեկութեամբ հոգւոյս մտացս լքմամբ՝՝ խորտակմամբ սրտիս հեղեալ առաջի…» (Բան ՁԸ, գլ. Ա)։
       Եւ սակայն այս աղջութիւններուն մէջէն նորէն պիտի ծագի արեւը. լուսաշող այն արեւը` որուն առջեւ աղերսագին կը հեծեծէ աղօթողը.
       «Միասցի կնիքդ լուսոյ ի գեղ տեսակիս, ամրութեանդ նշան հաստատեսցի ի տիպ դիտակիս, երեւակ կենացդ փայտի ձեւասցի ի պատկեր այտիս, արուեստդ հրաշից ի ճակատիս շուք նշանակեսցի: Մի՛ այլայլեսցէ յինէն դրոշմդ լուսապաճոյճ, մի՛ բարձցի ի տեսանելեացս բաց ճաճանչդ օրհնութեան…» (Բան ԿԵ, գլ. Բ)։
       Կամ սա լուսախնդիր աղաղա՜կը կ՚երկնէ.
       «Ընդ սկզբան բերմանս լուսոյ զողորմութիւն քո ծագեա՛, ընդ ելից արեւուն` արդարութեան արեգակնդ ի յանձկութիւն սրտիս մտցէ ճառագայթ քո փառացդ ի յիմաստիցս խորհրդանոց ջահեսցի» (Բան ՁԴ)։
       «Ամպով կամաց քոց հովանացիր հրաշապէս, հանդարտեցո՛ փայտիւդ կենաց զծովուս մրրիկ…» (Բան ՁԵ, գլ. Ա)։
       Եւ այդ արեգակը, «անբաւութեան այդ ձայնը», անմատչելի հեռաւոր եւ անընդմիջելի մերձաւորը այնքա՛ն պայծառ, այնքա՛ն բարի է որ…
       « Ոչ կիզեր զբերանս լցեալ նանրութեամբ, ոչ ստուերացուցեր զտեսիլ աչացս ի քումդ ակնարկութեան, ոչ խորտակեցեր զդաստակ բազկիս որ անմաքրապէս առ քեզ համբառնայր, ոչ մանրեցեր զոստս իմոց մատանցս ի շօշափելն զբանդ կենաց…» (Բան Ե, գլ. Գ)։
       Եւ իր ինքնութեանը մէջ լոկ որքա՜ն բաղձալի է այդ «անմուտ արեգակը», որուն կը վազէ մեծ աղօթողին հոգին` ինչպէս մարած մոլորակ մը իր մայր արեւին.
       «Ոչ փառք են ինձ անձկալի, այլ փառաւորեալն է համբուրելի. ոչ կենացն փափաքանօք, այլ կենարարին յիշատակաւն միշտ ճենճերիմ. ոչ հարսնարանին խնճոյիւք, այլ փեսային անձկութեամբ մաշիմ…» (Բան ԺԲ, գլ. Բ)։
      
       * * *
       Իր մեծ ու քայքայիչ տխրութիւններէն զատ Նարեկացին ունի նաեւ հիւանդագին մելամաղձութիւններ. աղերսարկու, միջանկեալ բացասականներու թախծութիւնը` որ հոս֊ հոն մանիշակի պէս կը նշուլէ.
       «Մի՛ լիցի ինձ երկնել եւ ոչ ծնանել, ընթանալ եւ ոչ հասանել, ինձ ձայնել եւ քեզ ոչ լսել, զոհել եւ ոչ ճենճերել…» (Բան Բ, գլ. Գ)։
       Եւ կամ` լուսեղէն վայրկեաններուն մէջ իսկ` մեղքի նախազգացման տրտմութիւնը.
       «Մի ընձիւղեր զծաղիկ մեղացս…» (Բան ՀԸ, գլ. Գ):
       Ու վերջապէս հետեւեալ աղաչանքը.
       «Մի՛ մատուցաներ բաժակ դառնութեան ի ժամ ծարաւումի իբր յանկարծադէպ յինից ասպատակ գիշեր մահուն ինձ պատահեսցէ. մի՛ տապ տօթոյն յանպատրաստ պահուն զարմատս հատեալ ցամաքեցուսցէ. մի՛ պահեսցի ինձ սառն մեղացս, եւ մի՛ հոսանք ուղխից կենցաղոյս զիս ողողեսցեն…» (Բան ՁԲ, գլ. Զ)։
       Բայց բոլոր այս խաւարներուն ու մշուշներուն, ծփծփումներուն ու յորձանքներուն ետին, յաւիտենական, երջանիկ, անշիջանելի գաղափարը կայ պահուած. եւ կու գայ կամքի ու գիտակցութեան արեւոտ այն վայրկեանն ալ` ուր երջանիկ ձայնարձակութիւնը կը լսուի.
       «Տօնեա՛ զկեալս կորուսելոյս վերնականացն պարերգութեամբ» (Բան ԽԸ գլ. Ա):
       Եւ այս վայրկեա՜նը…