Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
<1907>
       Ատաբազար
       Ազնի՛ւ Օֆէլիա,
       Մե՜ղք, որ չպիտի կարենամ գալ հոդ՝ օդափոխութեան համար, որովհետեւ «Նոր տաղեր»ս ալ հրատարակելու ձեռնարկով զբաղած եմ։
       …Վարդը հոտոտեցինք, վարդին հետ Վարդ բանաստեղծը՝ Պէյպին. մեռնիմ իր գեղեցկութեան ծարաւ աչքերուն՝ ուր ամէն ձեւ ու գոյն, ամէն տերեւ ու ծաղիկ իր լուսատիպ պատկերը կը գծէ, եւ իր լսելիքին՝ որ մայրիներու կատարներէն անցնող գետին՝ հովին ձայնովը կ’օրօրուի, եւ ռնգունքին, ուր բարկ բուրումները կը հանգչին վայրի անանուխներու, եւ քաղցրագին հոտը՝ ընտանի կարմիր վարդերուն. համբոյր իր բանաստեղծ հոգիին՝ որ շատ կանուխ գեղեցիկին ծարաւը ունի։
      
       Շաւասպ