7.
ՄԱՐՄՆԻ
ՎԷՐՔ,
ՍՐՏԻ
ՎԷՐՔ
Մարմնի
վէրքը`
արտաբացուած
դանակէ`
Ի՜նչ
արցունքներ
դառնակայլակ
կը
քամէ.
Ի՜նչ
յուզումով
ու
տխրութեամբ
համակէ,
Մարմնի
վէրքը`
արտաբացուած
դանակէ.
Սրտի
վէ՞րքը,
ո՜հ,
դառնագոյն
է,
Աստուա՜ծ,
Սեւով
անքակ,
խոցերով
ժանտ
է
պատած.
Խեղճ
ու
թշուառ
կամ
տարամերժ
ու
լքուած
Սրտի
վէ՞րքը,
ո՜հ,
դառնագոյն
է,
Աստուա՜ծ:
Մարմնի
վէրքը
սպեղանի
ունի
բոյժ,
Անցնելով
նա
մոռցուկ
կ'ըլլայ
շատ
կանուխ,
Զանգակ
չունի
նա
տխրահունչ,
մահագոյժ.
Սրտի
վէրքը
մինչ
գերեզմանն
երկարած
Ուղի
մ'ունի,
արցունքներու
զերթ
մէկ
ուղխ.
Սպեղանին
անոր
երկինքն
է
պահուած:
1901,
Յունիս