Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
8. ԿԵԱՆՔԻ ԵՐԳԸ
       Ահաբեկիչ կնճիռներուն մէջ կեանքին
Լալահառաչ, սուր հծծիւններ ինձ ըսին.
“Ամէն յոյսեր մեծ պարապին կը յանգին,
Ունայնութիւն մը կը պրկէ կեանքը սին:
       Ամէն ծաղիկ խամրում մ'ունի իրեն մօտ,
Ու ամէն կեանք` մութ ստուեր մը իր ետին.
Ծաղիկներու բուրումին պէս խնկահոտ
Ամէն յոյսեր դեռ չըծլած կ'անհետին»:
       Բոյց մխացող խոհերուս մէջ ծիրանի
Լոյս մը յանկարծ սըպրդեցաւ շողալով,
Կեանքի փարփառ երգն ոսկեսար, գեղանի,
Որուն ցվերջ ունկնդրեցի դողալով:
       “Տխուր ողբեր թող չքանդեն քեզ, եւ ըսաւ, եւ
Թող չցնդին ոսկի յոյսերդ ցիրուցան.
Իր վերջն ունի ամէն կնճիռ, ամէն ցաւ`
Զինք մոռցնող ժպիտները լուսացան:
       Ահա ի՛նչպէս, տես, կապոյտն ալ կամարին
Մերթ ամպերու գորշութիւնով կ'աղարտի,
Անձրեւին տակ իր ժպիտներն կը մարին,
Անձրեւն, եւ այդ լաց, եւ սակայն երգն է աւարտի:
       Ամէն անձրեւ արեւ մ'ունի իրմէն վերջ,
Ինչպէս ամէն լաց իր ժպիտն արփենի.
Ու տեւական ուրախութիւն մը միշտ պերճ
Պիտ' յաջորդէ ժպիտներուն երբեմնի”:
       1903, Յունուար