Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
10. ԴԵՂԻՆ ՎԱՐԴԵՐ
       Փթթեցէ՛ք միշտ, դեղին վարդեր, լքուա՜ծ վարդեր,
Խորհրդանիշն առանձնացած հոգիներու.
Միշտ կը յուզէք դուք իմ հոգիս խռովքով մ'աղու,
Անյուսութեան դալուկն հագած տժգոյն վարդեր:
       Անյուսութեան դալուկն հագած տժգո՜յն վարդեր,
Զձեզ յաւէտ պիտի սիրեմ ես սրտագին.
Ու միշտ սիրել պիտի չուզէ իմ դառն հոգին,
Կարմիր ու ձիւն ճերմակ վարդերն ուրախաբեր:
       Կարմիր ու ձիւն ճերմակ վարդերն ուրախաբեր
եւ Սուր հեգնանք մը ցաւով ճմլած հոգիներու,
Ինծի երբեք անոյշ հրապոյր մը չեն ազդեր…
       եւ Կոյս ու զուարթ երանութեամբ օծուած վարդեր,
Երգեցէ՛ք միշտ ընկճըւածի երգերն աղու,
Լքուած հոգուոց դուք մըտերիմ, տժգո՜յն վարդեր:
       1902, Մայիս