6.
ԵՐԱԶԻ
ՊԱՀԵՐ
Լոյսը
մարած
սենեակիս
մէջ,
Ուր
կը
հոսին
գալար
գալար
Յորդ
ալիքները
մութին,
Ու
կ'անհետին
Արծաթ
շողերն
երազի.
Ես
կը
փնտռեմ
մըտամոլար
Ըղձանոյշի
ձեռքն
այն
փափուկ,
երկնային`
Որ
պիտի
տար
ինծի
ծաղիկն
ըսփոփանքին:
Ես
կը
փնտռե՜մ,
Ըսպասումէն
հոգիս
համակ
պարտասած,
Ու
տենչանքով
մշտայած.
Ես
կը
փնտռեմ,
Հորիզոնին
վրայ
նըսեմ,
Լոյսի
շող
մը`
զոր
կը
մարեն
անդուլ
վարանքն
ու
կասկած:
Ու
տակաւ,
Կ'իջնէ
ձանձրոյթն
երազանքիս,
Հանդիսաւոր
ու
տրտում,
Ու
կը
պատէ
իր
մըշուշէ
պարուտակին
մէջ
հոգիս
Անձկութիւնով
անպատում:
Մըտածումը,
ինչպէս
ճամբորդ
ուղեկորոյս,
Կ'անցնի
փութով,
անձկագին,
Երկարաձիգ,
մերթ
լուսաւոր
ու
մերթ
անլոյս,
Ճամբաներէն
իմ
մտքին:
Ա՜հ,
կը
շտապեն,
կը
փախչի՜ն
Ճամբաներու
լոյսերն
ամէն,
Յանկարծական
խուճապի
մը
մատնըւած.
Ճառագայթի
հազիւ
վերջին
Բիծ
ու
խաղեր
կը
յամեն
Քովը
ճամբուն
մթամած`
Ուր
համագրաւ
կը
տարածուի
վեհունի
ցայգն
համօրէն:
Ես
կը
փնտռե՜մ,
Պատըշգամին
վրայ
կանգուն,
Զոյգ
մը
աչքեր`
մեղեսիկէ,
որոնց
ճըրագը
վառի
Հոգւոյս
մէգ
ու
խաւարի
Անդոհութեան
մէջ
դժխեմ:
Պատըշգամին
վրայ
կանգուն,
Ձեռքս
յոգնաբեկ
ճակատիս,
Մինչ
կը
հոսի
գիշերն
ինչպէս
ծով
անհուն
Դէպ
ի
ափունքն
երազիս`
Ես
կը
սպասեմ
յորդ
ու
վըճիտ
լոյսերուն`
Որոնց
բոցը
պիտի
ցոլայ
անծիր
ցայգուն
մէջ
հոգւոյս: